Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ**

Երբ Մարդ Սիրոյ Խորհուրդին Մէջ Է

… Ինչպէս կ՛ըսեն` իրադարձութիւնները չեն կրնար չպատահիլ, թերեւս ճակատագիր ըսուածին կը վերաբերի սա հանգամանքը, իսկ եթէ հայու ճակատագրին, ապա ճակատագրուած է մեր ժողովուրդի կեանքը, անոր ոգորումները` երկու հատուածներու պատմութեան ու պատմական զարգացումներու ընդմէջ:

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան վէպ գրած է` «Անդրդուելին» ու վստահաբար կը հաւատայ, որ ինքն ալ իբրեւ պարզ հայ մը` ներքաշուած է ազգային շրջադարձալից փորձութեանց մէջ: Անցեալ ժամանակաշրջանի մը իրականութիւնը դիտած է այնպիսի խորաչափութիւններով, որ իր «մասնակցութիւնը» ներկայացուցած է անսքօղ իրապատում զգայնութեամբ մը: Ան խորհրդային ու արտերկրային (սփիւռքեան) «կիրքի թատերաբեմ» հանած է հոգեբանօրէն այլազան տիպարներ, որոնք ժամանակաշրջաններու պատմութիւնը կը ներկայացնեն իր տղայութենէն մինչեւ որոշակի հասուն կամ հասունցած ըլլալու ճամբան հատած տարիք մը, ուր կ՛ուրուագծուին անոր հետաքրքրութեանց ընդլայնումները, առանց գրողական յաւելեալ միջամտութեան: Ամէնքն ալ կը թուին հաւաստի, կեանքի տեսիլքներով թեւառած` բոլոր դառնութիւններով կամ ուրախութիւններով կ՛իմաստաւորուին: Այն ատեն հայութիւնը կ՛ապրէր երկփեղկուածութեան իր «պերճանքն ու թշուառութիւնը»*:

«Անդրդուելին» գեղարուեստապատում իրողութիւն մըն է հետեւեալ առումներով. վէպին «ստեղծումին գետինը» ճշմարտահաւատ է, վաւերականօրէն «գծուած», բայց տիպարներու (թերեւս նախատիպարներու) յուզախառն գեղարուեստականացումը (ապրումներու անխառն թրթռացումով) կը հարկադրէ ընթերցողը մոռնալ վաւերական ամէն նշմար` ըլլայ գաղափարական, յոյժ անձնական կամ ժամանակներուն բնորոշ իրավիճակային որեւէ ընդհանրապատկեր: Ըսել կ՛ուզեմ` ինքնակենսագրական վէպերուն բնորոշ բոլոր այն յատկանիշերը, որոնցմէ զերծ չեն այն գրողները, որոնք «կը պատմեն» ոչ միայն քաղաքակրթութիւններու ու մարդոց յարաբերութեանց մասին, այլեւ կը բացայայտեն Մարդու (հայու) խորհուրդի տառապալից ընթացքի հանգրուանները (Հայ սփիւռքի) ինքնահաստատումի ու Խորհրդային Հայաստանի լճացումի անդորրաւէտ ժամանակները): Ասկէ զատ` երկփեղկ հայութեան ոգորումները ժամանակաշրջանի մը առանցքին շուրջ. այս ամէնը յոյզի, տագնապի ու անձնականութեան շեշտ հոգեբանութեամբ, նկարչագեղ ներկայացուցած է վէպի էջերուն մէջ` իրապէս գերագոյն վայելք մը պատճառելով այն ընթերցողներուն, որոնք ի սպառ անիրազեկ են սփիւռքեան յիրաւի վիպային տրամային: Այս գիտակցումով մտայղացուած ըլլալու հանգամանքովը վէպը միայն անընդմէջ տրտմութեանց քողով չի պատեր կեդրոնական գործող անձի` Յովսէփի եռաշրջան կենսապատումը, որքան ալ սիրային տրաման` զմայլելի բնականութեամբ մը պաշարած ըլլայ հեղինակը: Ըսել է, թէ Ժ.-Վ. Մալճեան ինքզինքը հոգեհարազատօրէն գծած է: Անոր (Յովսէփի) ամէնէն ազնուական սրտաբխումները, զտարիւն հայ պատանիի հաւաքական կերպարի բնութագրումը կը հաւաստեն ինքնին, ու ընթերցողը կը զգայ գրողի ինքնապատմումի (շարունակաբար էջէ էջ նորոգուող) ատեն: Յատկապէս երբ ներկայի որոգայթներու մէջ կը յիշէ իր անցեալը` իր ծնողքին ու անոնց շուրջիններուն` աւանդական նկարագրով: Եւ պատահական չէ, որ երիտասարդի մը համար իրականութեան ճանաչողական ճամբուն վրայ ազգայինը զգալապէս գերակշռէ: Ան անմիջապէս հասու կ՛ըլլայ Մարդու կեցութեան իրողութիւններուն, ու կը ներսուզուի կեանքային (կեանքաստեղծ) անհրապոյր մթնոլորտին մէջ, ու կ՛ապրի տեսակ մը արհամարհելի տժգունութեամբ: Եւ միայն հայրենիքի անվախճանայնութեան գաղափարը, հոն ստեղծագործ ապրելու անտեղիտալի մտածումները զինք կը գօտեպնդեն, ու ընչազուրկ-հայրենակարօտ ներկայի տագնապեցնող հեռանկարէն կը զօրի փախչիլ: Եւ ուսումնառութեան ընթացքին Յովսէփ որքան ալ ականատես ըլլայ անհաւանական (անձնային) մարտահրաւէրներու, այնուամենայնիւ, նուազագոյն յուսախաբութիւն չ՛ապրիր: Մէկ խօսքով, դժուար չէ հետեւիլ անոր հոգեկան բարեշրջումին: Տարբեր անձնաւորութիւններէ ստացած տպաւորութեանց «ազդեցութեամբ», ան առաւել սթափ կ՛արժեւորէ ինքզինքը` իր գիտցածէն տարբեր իրականութեան մը մէջ: Յատկապէս միջանձնային-միջավայրային բարքերու նկատմամբ անդրդուելիութիւն կը ցուցաբերէ:

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան գրած է վէպ մը խանդաղատալից բնականութեամբ: Ասիկա սոսկական կարծիք-համոզում մը չէ բնաւ, այլ` ճշմարտորոշ վկայութինը սոյն վէպի խմբագրին: Եւ ճիշդ այս պահուն, ինծի կը թուի, որ վէպին կառոյցը շարունակելիութիւն կ՛ենթադրէ: Ան (Ժ.-Վ. Մալճեան), վստահ ենք, խորհած է այս մասին:

Երեւան, 20-27 յունուար 2015

 

* Ժիրայր-Վահէ Մալճեան գրած է վէպ մը` խանդաղատալից բնականութեամբ: Ասիկա սոսկական կարծիք-համոզում մը չէ բնաւ, այլ` ճշմարտորոշ վկայութիւնը այս յառաջաբանը գրողին: Եւ ճիշդ այս պահուն ինծի կը թուի, որ վէպին կառոյցը շարունակելիութիւն կ՛ենթադրէ: Ան (Ժ. Վ. Մալճեան) վստահ ենք խորհած է այս մասին:
** Վէպին առաջին խմբագրութիւնը կատարած է հայրենի գրող Արթուր Անդրանիկեան: Դատական կազմին կողմէ նշանակուած Ժիրայր Դանիէլեան կատարած է հատորին վերջնական խմբագրութիւնը:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>