Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարդ արարածի յիշողութիւնը տարօրինակ «գործիք» մըն է. կը կարծես, որ տասնամեակներ առաջ հոն արձանագրուած դէպք մը, ծանօթութիւն մը անդարձ կորսուած են, սակայն առօրեայիդ մէջ պատահար մը պատճառ կ՛ըլլայ, որ քանի մը ակնթարթի մէջ անտեսանելի փոշիի խաւը վերնայ, եւ ահա կեանքէդ շարք մը մանրամասնութիւններ կը շարուին մտապատկերիդ մէջ, իսկ եթէ հարցը վերաբերի անձի մը հետ ծանօթութեանդ, ուղեղիդ ոսպնեակը կրնայ քեզ վերադարձնել մինչեւ այն օրը, երբ առաջին անգամ հանդիպած ես այդ անձին, ստացած ես տպաւորութիւն մը, զոր տարիները չեն կրցած ջնջել, փոփոխութեան ենթարկել…
Նման պատառիկներ շարուեցան յիշողութեանս պաստառիս վրայ, երբ «Ազդակ»-ի էջերուն կարդացի Տիրան Աղազարեանի մահուան գոյժը: Ու առաջին մտածումս գնաց Լա Փալիս անուն հերոս զինուորին մասին այն երգին, զոր հիւսած են անոր զինակիցները, թէ` մահէն կարճ ատեն առաջ կենդանի էր ու կը կռուէր քաջաբար: Իսկապէս ալ, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ էր, երբ հոկտեմբերի վերջերուն, Պէյրութ կարճատեւ այցելութեանս օրերուն, բարեկամի մը մօտ անակնկալօրէն հանդիպեցանք իրարու, տաք զրոյց մը ունեցանք մշտնջենական մտահոգութիւններու մասին. իր խօսելաձեւը, կրքոտ արտայայտութիւնները ոչ մէկ ձեւով նախատեսել տուին, թէ այսպէս, յանկարծ, քանի մը շաբաթ ետք հրաժեշտ պիտի տայ աշխարհին, որմէ անցաւ ընդհանրապէս անաղմուկ, սակայն գործը ցոյց տուաւ, որ յարատեւ ու բծախնդիր աշխատող մըն էր:
… 60-ականներու վերջերն էին. աւարտական կարգի աշակերտ էինք Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկրդ. վարժարանին մէջ: Այդ օրերուն, Հայկազեան քոլեճը (այժմ` համալսարան) ունէր ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը. որոշ ճիւղ մը ընտրած ուսանողը, ուսուցչական վկայական ստանալու համար, պէտք էր հետեւէր իր մասնագիտութեան կապուած կարգ մը դասանիւթերու, որոնց շարքին կար նաեւ գործնական ուսուցումի դաս մը. ուսանողը պէտք էր դպրոցի մը մէջ գոնէ երկու ամիս մը դասաւանդէր իր մասնագիտութեան նիւթը: Եւ ահա, օր մըն ալ մեր դպրոցին մէջ երեւցաւ կարմիր ու բաւական լեցուն դէմքով երիտասարդ մը, որ ունէր մութ մոխրագոյն ապակիով ակնոց, քառակուսի շրջանակով (այս տեսակ ակնոցներ անոր դէմքին գիծերուն մաս կազմեցին ցկեանս): Հաւանաբար ինքզինք աւելի ուսանող կը զգար, քան թէ` ուսուցիչ, որովհետեւ զբօսանքի պահերուն, փոխանակ մնալու ուսուցչարանին մէջ, դուրս կու գար բակ եւ զրոյցի կը բռնուէր մեզի հետ: Այսպէս ծանօթացանք Տիրան Աղազարեանին (որ, ի դէպ, նման առաքելութեամբ միակ համալսարանական ուսանողը չէր մեր դպրոցի յարկին տակ). մեր կարգին, մեծի հովեր առնելով` կը նախընտրէինք իրեն հետ զրուցել ազատ պահերուն. չէ՞ որ բախտը մեզ ալ կրնար յաջորդ տարի Հայկազեան հասցնել…
Շուտով հասկցանք, որ պատմութիւնն ու մշակոյթը իր նախասիրած կալուածներն են: Բացատրութիւններ կու տար համալսարանական ուսման դրութեան մասին` պատմելով, որ հոն, դասապահերդ դուն կ՛ընտրես, համաձայն որդեգրելիք մասնագիտութեանդ, բաղդատմամբ նախակրթարանի ու երկրորդականի դասապահերու դրութեան` պիտի ունենաս ահագին ազատ ժամեր, սակայն ատիկա խաբուսիկ բան է, որովհետեւ համալսարանին մէջ, դասապահերէն աւելի, ժամանակ խլողն է կատարելիք ընթերցումներդ, ուսումնասիրութիւններդ: Բնականաբար այս բոլորը միայն տարտամ ուրուագիծերը կը կազմէին այն կեանքին, որ մեզի վիճակուեցաւ յաջորդ տարիներուն, երբ դարձանք Հայկազեանի ուսանող եւ սկզբնապէս սուղ վճարեցինք նոր դրութեան ընտելանալու գինը, որովհետեւ Տիրանին ու հասակակիցներուն բացատրութիւնները շատ տեղ չէին ըրած մեր ուղեղներուն մէջ. անոր համար իրենք յանցանք չունէին. արաբական առածը կ՛ըսէ` «Իւրաքանչիւր անհատ իր գրպանէն կը սորվի»:
Տիրան շրջանաւարտ ըլլալու կը պատրաստուէր, երբ մենք մուտք գործեցինք Հայկազեան. նախորդ տարուան բարեկամութիւնը նոր ճիւղեր արձակեց այդ ու յաջորդ տարիներուն, երբ ինք արդէն ուսուցիչ էր, իսկ աւելի ուշ ընտրեց գործի այլ ասպարէզ: Լիբանանի տագնապի տարիներուն Պէյրութի երկու գօտիներու դրութիւնը պատճառ եղաւ, որ շատերու նման` Տիրանին հետ ալ հաղորդակցութիւններս մտնեն հազուադէպի ցանկին մէջ: Մեր կեանքի թարմ տարիները սահեցան մեր կամքէն անկախ (այս ալ` ուրիշ լափալիսեան ճշմարտութիւն մը). երբ «Արեւելեան Պէյրութ» ըլլայի, հազուադէպօրէն առիթ կ՛ունենայի հանդիպելու Տիրանին, սակայն այդ հազուադէպ պահերէն միշտ ալ մնացին իր բարի ժպիտն ու առօրեայ հարցերը սեփական պրիսմակէ քննական մօտեցումով դիտելու իր ոճին յիշատակները:
80-ականներու երկրորդ կէսը կը սահէր արագօրէն: Պատերազմական վիճակը չէր վերջացած: Օր մը բարեկամի մը վաճառատան մէջ դարձեալ պատահմամբ հանդիպեցայ Տիրանին: Հարց ու փորձ ըրաւ, թէ «Ազդակ»-ի խաչբառները ո՞վ կը պատրաստէր, եւ արդեօք խմբագրութիւնը կրնա՞ր առիթ տալ, որ ինք ըլլայ պատրաստողը. եղածը գոհացուցիչ կը գտնէր, սակայն կը խոստանար աւելի լայն բառամթերքով խաչբառներ պատրաստել:
Ծանօթ ըլլալով իր հմտութեան, բծախնդրութեան ու հետաքրքրութիւններու լայն ծիրին` զինք ծանօթացուցի պատասխանատու խմբագիրին. ու շուտով «Ազդակ»-ի էջերուն սկսան լոյս տեսնել «Պատրաստեց Տիրան Աղազարեան» ստորագրութեամբ խաչբառներ, որոնք կը շարունակուին նաեւ իր անժամանակ մեկնումէն ետք ալ: Յետոյ այդ խաղերը տարածուեցան հայկական այլ թերթերու էջերուն Տիրանը դարձնելով «ամենայն սփիւռքի խաչբառ կազմողը», նոր տեսակի «աշխարհակալ» մը, որմէ բարիք կը տարածուէր: Ընթացիկ խաչբառներուն կողքին, ան պատրաստեց տօնական օրերու կամ տարեդարձներու յատուկ խաչբառներ` գործածելով տուալ դէպքին յատուկ բառամթերք: Աւելի ուշ մամուլին իր աշխատակցութիւնը զարգացուց` մտքի մարզանք ու խթան ստեղծող այլ խաղերու պատրաստութեամբ, մերթ` նաեւ գրութիւններով: Ընթերցողներէ յաճախ լսած եմ, որ երբ թերթը ձեռք առնեն, լուրերէն կամ յօդուածներէն առաջ կը բանան խաչբառի եւ նման խաղերու էջը (մահազդ-հոգեհանգիստի կողքին), նաեւ… գանգատներ, թէ Տիրանին խաչբառները երբեմն դժուար լուծելի են: Ընթերցողը ի՜նչ գիտնար, որ այդ աշխատանքը ընելու համար Տիրանի գրադարանին մէկ բաժինը յատկացուած է բառարաններու: Առիթով մը խոստովանեցաւ, որ ունեցած բառարանները անբաւարար նկատելով` գնած էր նոր բառարաններ, որոնք այլապէս կրնային երկար ատեն փոշի կուտակել գրավաճառին դարակներուն մէջ… Տակաւին, քիչեր կ՛անդրադառնային, որ խաչբառ լուծելը շատ աւելի դիւրին գործ է, քան պատրաստելը, մանաւանդ երբ պատրաստողը ունի շաբաթական վեց խաչբառ հասցնելու հեւք: Ոեւէ մէկը երբեւիցէ մտածա՞ծ է, թէ արդեօք յօդուած մը գրե՞լը աւելի ժամանակ ու քրտինք կը պահանջէ, թէ՞ խաչբառ մը պատրաստելը…
Վերի պատառիկներով պէտք չէ ստեղծեմ այն տպաւորութիւնը, որ Տիրանին օրը կը սկսէր խաչբառով ու վերջ կը գտնէր մտային մարզանք ընծայող այլ խաղերով: Ունէր իր առօրեայ աշխատանքը: Ապահովագրութեան գործակատար էր ու լրիկ-մնջիկ ծառայութիւններ մատուցած` ծանօթին ու անծանօթին, որ շուտով կ՛անցնէր «ծանօթներ»-ու ցանկին: Մամուլին հետ իր գործակցութենէն առաջ ալ յարատեւ հաղորդակցութեան մէջ էր ապրող-արարուող պատմութեան հետ, իսկ մայրենիի կալուածին մէջ արձանագրուող նահանջները զինք մղած էին ինքակոչ պահակի մը դերին, նման` այլ նախանձախնդիրներու: Այդ գիծն էր, որ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ պէյրութեան մեր վերջին հանդիպումին, երբ արդար գանգատներ ու տեղին նկատողութիւններ ըրաւ մամուլին մէջ «օրէնքի կարգ անցած» լեզուական սայթաքումներու եւ անոնց դարմանումին ի խնդիր իր ունեցած խօսակցութիւններուն մասին, շեշտելով, որ խմբագիրներ պէտք է աւելի բծախնդիր եւ խստապահանջ ըլլան գրութիւն մը հրատարակութեան յանձնելէ առաջ: Զինք հանդարտեցնելու եւ քիչ մըն ալ մխիթարելու համար ըսի, թէ տագնապը միայն այս կամ այն թերթինը չէ, այլ մեր մամուլը ընդհանրապէս կ՛ապրի այս տագնապին ոլորապտոյտին մէջ: Զինք փորձեցի մխիթարել` աւելցնելով, որ միակ տագնապողը չէ, ուրիշ տագնապողներու կոչերն ալ կարճ ժամանակի վրայ կը մնան անպատասխան, սակայն վստահաբա՛ր այս ընթացքը վերջ պիտի գտնէ, եւ լեզուի տիրութեան նախանձախնդրութիւնը պիտի դառնայ համակող:
Վաղը Տիրանին պատրաստած խաչբառները կրնան սպառիլ ու այլ ստորագրութիւններ կրնան երեւիլ նման խաղերու տակ, սակայն անոր շուրջ 30 տարիներու վաստակը պիտի մնայ մեր մամուլի էջերուն, ինչպէս` վաստակաւոր խմբագիրներու ժառանգութիւնը, իսկ լուռ ու բծախնդիր աշխատանքի ոճը` մնայուն յիշատակ:
27 դեկտեմբեր 2016