Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ » օրաթերթի, Ընթերցելով «Ազդակ» օրաթերթի 15 դեկտեմբերի համարին մէջ մեր դէմ ուղղուած նամակ մը, ստորագրուած` հայրենի յայտնի հինգ գեղանկարիչներու կողմէ եւ տրուած ըլլալով, որ անոնք «թիւրիմացաբար» բոլորովին անհիմն «զրպարտանքներ» արձանագրած են «Նոազ Արք»-ի հասցէին, պարտք կը զգանք լուսաբանելու զանոնք հերթականօրէն:
ա.- … մենք երբեք որեւէ իրաւունք կամ լիազօրութիւն չենք տուել յիշեալ ցուցասրահին` ներկայացնելու կամ վաճառելու մեր աշխատանքները:
Մեր «Զեղչ վաճառք» ծանուցման մէջ չենք յայտարարած, որ կը ներկայացնենք յիշեալ գեղանկարիչները: Շատ յստակ է ու մէկին, արուեստագէտի մը գործը վաճառել չի նշանակեր արուեստագէտը ներկայացնել: Իսկ ինչ կը վերաբերի վաճառելուն, որեւէ ցուցասրահ կամ արուեստասէր հաւաքորդ իրաւունք ունի իր հաւաքածոյի ստեղծագործութիւնները վաճառելու որեւէ գինով:
բ.- Մենք չենք համագործակցել այդ ցուցասրահի հետ:
Ստիպուած ենք պաշտօնապէս տեղեկացնելու, թէ ձեր ստեղծագործութիւնները եւ ձեզ (բացի Ռոպերթ Էլիբէկեանէն) առաջին անգամ Լիբանանի մէջ ցուցադրեց եւ ծանօթացուց «Նոազ Արք»-ը: Ս. Համալպաշեանի, Ա. Գէորգեանի եւ Ռ. Գրիգորեանի գործերը, նախ 1995-ին ցուցադրեցինք «Էմմակոս» ցուցասրահին մէջ, ապա 1996-ին` «Նոազ Արք»-ի մէջ: Մատուլեանի անհատական ցուցահանդէսը կազմակերպած ենք 2001-ին «Նոազ Արք»-ի մէջ, ի՛ր ներկայութեան: Իսկ Ռ. եւ Ա. Էլիբէկեաններու ցուցահանդէսը կազմակերպեցինք 1998-ին, «Նոազ Արք»-ի մէջ, իրե՛նց ներկայութեան: Փաստօրէն բոլորդ ալ գործակցած էք «Նոազ Արք»-ի հետ:
գ.- Իրականում «Նոազ Արք»-ը զբաղուած է ոչ թէ գովազդով, այլ հակաքարոզչութեամբ:
Ապացուցելու համար, թէ «Նոազ Արք»-ը մինչեւ օրս կը շարունակէ զբաղուիլ նաեւ ձեր բոլորին գովազդով, ստորեւ կը ներկայացնենք մեր առաջին եւ վերջին հրատարակութիւնները միայն:
1995-ին «Նոազ Արք»-ը հրատարակեց 140 էջերէ բաղկացած պատկերագիրք մը` «Gallery Noah’s Ark» խորագիրով, որ մեծապէս նպաստեց ձեր սերունդի եւ ձեր երեքի ծանուցման եւ ծանօթացման:
Անցնող մայիս ամսուան ընթացքին, գործակցութեամբ Լիբանանի Եղեռնի հարիւրամեակի կեդրոնական մարմինին, «Նոազ Արք» կազմակերպեց ցուցահանդէս մը, Beirut Exhibition Center-ի մէջ ու այս առիթով հրատարակեց նաեւ պատկերագիրք մը (Rebirth Of A Nation), ուր «հայոց մեծերի» շարքին տպած ենք յիշեալ հինգէն, իւրաքանչիւրէն ստեղծագործութիւն մը, որոնք ցուցադրուեցան նաեւ ցուցահանդէսի ընթացքին:
Չէ՞ք կարծեր, որ մեր այս նամակը ինքնին բացայայտ ապացոյց մըն է ծանուցման, իսկ ձեր գրածը յերիւրանքներով յագեցած տգեղ նմուշ մը հակաքարոզչութեան:
«Հակաքարոզչութեամբ զբաղուիլ» կը նշանակէ դիտմամբ բնովել, վարկաբեկել ու փճացման ենթարկել հակառակորդ մը: «Նոազ Արք»-ը սխալ կը գտնէ նման արարքները եւ զերծ մնացած է ու կը մնայ հակաքարոզչութենէ, նամանաւա՛նդ հայ գեղանկարիչներու պարագային. վկա՛յ վերը նշուած փաստարկները: Առաւել եւս, հակաքարոզչութեամբ կը զբաղին անոնք, որոնք իրենց ասպարէզին մէջ ձախողելու հետեւանքով, կը քարկոծեն «պտղատու ծառերը»: Փառք Աստուծոյ` «Նոազ Արք»-ի մօտ նման խնդիր չէ եղած, չկայ եւ չի ալ կրնար ըլլալ:
դ.- Այդ ցուցասրահը պէտք է որ սովորի ազնուօրէն աշխատել…:
Դարձեալ ձեր նամակը վկա՛յ (ուր կը փորձէք արգիլել ցուցասրահի մը իր սեփական հաւաքածոյի արուեստի գործերը ծանուցելն ու վաճառելը) ցուցասրահներու ազատութիւնը անազնուաբար կաշկանդողը դու՛ք էք եւ ոչ թէ մենք: Ինչ կը վերաբերի «ազնուութեամբ աշխատել»-ուն, այդ մէկը լաւ կ՛ըլլայ, որ սորվեցնէք ձեր նամակը շարադրողին: Իսկ մրցակցութեան հարցի պարագային, մեր մրցակցութեան դաշտը կը տարածուի միջազգային բեմերու վրայ, ուր արդէն իսկ արձանագրած ենք շօշափելի նուաճումներ: Այս պատճառով հայ ցուցասրահները մրցակից չենք համարեր, այլ` գործակից:
ե.- «Նոազ Արք»-ը… «մոռացել» է նշել միայն երեք անուն…
«Նոազ Արք»-ը այո՛, դիտմամբ չէ յիշատակած այդ անունները (որոնք երեքէ աւելի են): Անոնք արդէն իսկ միջազգայնօրէն գնահատուած ստեղծագործողներ են եւ ունին իրենց մնայուն շուկան: Ձեր ենթադրած երեքի (Վահրամի, Սուրէնի եւ Դաւիթ Դաւթեանի) բոլոր գործերը «Նոազ Արք» կը գնէ, ի սկզբանէ վճարելով անոնց կանխիկ: Բնականաբար այս տեսակի յաջողած գեղանկարիչները պէտքը չեն զգար զեղչ վաճառքի:
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի որոշ անուններ չյիշելու հետեւանքով «խնդիր ստեղծելուն», դուք «հայոց մեծերէն» յիշած էք միայն հայրենի գեղանկարիչները եւ «յանդգնած» էք անտեսել Ժանսէմի, Գառզուի կամ Փոլ Կիրակոսեանի նման «հայոց մեծերը»: Եթէ հետեւինք ձեր տրամաբանութեան, կը նշանակէ, որ դուք «խնդիր կը ստեղծէք» սփիւռքի եւ հայրենիքի «յարաբերութիւններում», եւ իբրեւ «մերժելի վարքագիծ» պէտք է որ մտահոգէ ոչ միայն «Հայաստանի համապատասխան կառոյցները». այլեւ` սփիւռքի:
Հիմա գանք բուն խնդիրին` զեղչ վաճառքը, երբ տրամաբանական սահմաններու մէջ է (15 -30%), երբեք չի նսեմացներ ո՛չ «հայոց մեծերին» եւ ո՛չ ալ… «փոքրերին»: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ ցուցասրահը իր շահոյթի բաժինէն կը հրաժարի:
Բոլոր պարագաներուն, պէտք չունիք քուն փախցնել եւ «Հայաստանի գեղանկարիչների շրջանում խոր վրդովմունք» յառաջացնել, որովհետեւ ի վերջոյ արուեստի գեղարուեստական արժէքն ու արուեստագէտի վարկը կախեալ չեն նիւթական արժէքէն:
Քանի որ իրաւունքներու խօսք կայ,
Կարելի է հաւաքուիլ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան շուրջ եւ կազմակերպել հրապարակային «կլոր սեղան»-ներ կամ խորհրդաժողովներ` քննարկելու եւ յստակացնելու համար արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի դուք եւ ձեր նմանները գիտնան, թէ ձեր իրաւունքները ո՞ւր կը սկսին եւ ո՛ւր կը վերջանան:
ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Տէր եւ Տնօրէն` «Նոազ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի
(Արուեստաբանութեան Դոկտոր)
(Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան Արուեստի Խորհրդատու)
(Անդամ` Լիբանանեան Լրագրողներու Համադաշնակցութեան)