ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ներկայ «Վերջաբան»-ը ուսումնասիրական ծաւալուն ակնարկ մըն է` նուիրուած Կարօ Սասունիի կեանքին եւ քաղաքական-հասարակական ու գրական վաստակին: Լոյս տեսած է ֆրանսական-ֆրանսահայ «Էտիսիոն Փարանթէզ» հրատարակչատան թարգմանովի հրատարակած մէկ հատորին մէջ:
Այս հրատարակչատան մասին սփիւռքահայ մամուլը մօտ անցեալին անդրադարձած է քանիցս: 80-ական թուականներէն արդէն կազմաւորուած ու թափ առած, 90-ականներուն եւ 2000-էն ասդին` առաւելաբար ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան մարզի երկու հարիւրը անցնող (մեծ մասամբ ֆրանսալեզու) հեղինակաւոր հրատարակութիւններու կողքին, անիկա զարգացուցած է հայանիւթ զոյգ մատենաշարեր. նախ` «Քոլլեքսիոն Արմենիէն»-ն, ապա` «Քոլլեքսիոն Տիասփորալ»-ը: Ասոնք գրեթէ լրիւ հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւններ են, երբեմն եւ` հայերէն բաժիններով:
Ուրեմն, այս երկրորդ շարքի նորագոյն հրատարակութիւններէն Կարօ Սասունիի «Որսորդը» («Լէօ Շասսէօր») պատմուածքի վերջաբանն է, վաստակաւոր պատմագէտ, դասախօս եւ հեղինակ Անահիտ Տէր Մինասեանի գրիչէն` ֆրանսալեզու ընթերցող հասարակութեան ուղղուած, որ ստորեւ թարգմանովի կը ներկայացուի հայ ընթերցողին:
Խմբագրութիւն
Ա. Մաս
Ներկայ նորավէպը` «Որսորդը» լոյս տեսած է 1934-ին, «Լեռներու խորհուրդը»(1) ժողովածուին մէջ, Վիգէն Գլակ հեղինակային գրչանունով. բեղմնաւոր գրագէտ Կարօ Սասունիի զուտ ստեղծագործական սակաւաթիւ գործերէն(2) մէկը: Գործի խորագիրին ներքեւ արձանագրուած է երկտող գրութիւն մը, որ կը խտացնէ ամբողջ դաւանանք մը.
«Լեռներու գագաթները մօտ են երկնքին,
Իսկ լեռնական մարդիկ` Աստուծոյ»:
Բնագիրը խմբագրուած է Փարիզի եւ Հալէպի միջեւ եւ հրատարակուած` Պէյրութ. տարագիր հեղինակը, աւելի քան քսանամեայ թափառումէ ետք, այս քաղաքին մէջ խարիսխ պիտի նետէ. վերջնական խարիսխ, բան մը, որ ինք չի գիտեր տակաւին(3): Երկը պատմուածքներու ժողովածու մըն է, ներշնչուած` Համաստեղի(4) բնորդէն. գրականութիւն, որ կ՛ոգեկոչէ անցեալը, բնաշխարհի` Երկիրի կեանքը, մինչ երիտասարդ գրագէտներ կը ձգտին հասկնալու տարագրութեան նոր աշխարհը(5): Սերունդի խնդիր, քաղաքական յանձնառութեան խնդիր, զգայնութեան խնդիր` մարդու մը մօտ, որ հպարտ է բնաշխարհիկ իր ծագումով(6):
«Լեռներու խորհուրդը» ժողովածուի եօթը նորավէպերը(7) իբրեւ շրջանկար ունին Սասունը(8)` Վիգէն Գլակի ծննդավայր գաւառը: Միակ բացառութիւն` «Առաջին զեփիւռը», ուր գրագէտը, փարիզեան արուարձանի պարտէզի մը մէջ, կը դիտէ իր երկու փոքր որդիները (եւ քովի պարտէզի նոյնքան դեռատի Փոլեթը, եւ անոր տածած հետաքրքրութիւնը` կրտսեր մանչուկին հանդէպ): Եթէ բոլոր պատումներուն մէջ` հեղինակ գրագէտը կը նոյնանայ պատմողին հետ, մանաւանդ «Որսորդը» ինքնակենսագրական նորավէպ է, փառաբանումը` բացարձակ երջանկութեան մը: Պատմութիւն մը` պարզ, բայց փառաւորեալ, հայկական լեռնաշխարհի գիւղերու տօներու եւ եղանակներու տոմարային կշռոյթով թաւալող: Անսաստելով չափահասներն ու անոնց դրած արգելքները, հակառակ անողոք տփոցներու, մանուկը բռնուած է ազատ ու վայրի կեանքի մը տենդով, Սասունի կոյս բնութեան ծոցին, յափշտակուած` գլխապտոյտ բարձունքներու եւ խոր կիրճերու իր գինովցնող արշաւներով: Որսորդական գինովութեամբ մը` ժառանգուած շատ հեռաւոր նախնիքներէ: Եւ եթէ ան հրաշքով կը վերապրի գրեթէ մահացու անկումէ մը, ատիկա կ՛ըլլայ` ամբողջ կեանքի ընթացքին իրեն վիճակուած կաղութեան մը գնով: Այս անկումը միանգամայն կ՛ըլլայ դէպքը, որ զինք կը խլէ գիւղացիի մը սահմանուած կեանքի ընթածիրէն, կը հարկադրէ լքել «որսորդի կեանքը»` յօգուտ դպրոցին, կրթութեան, գիրին ու դպրութեան: Կեանքի նոր ընթացքի մը եւ անոր կանոններուն:
«Լեռներու խորհուրդը» փակող «Լէյլան»-ը(9) առաջին այս վիպակին ժամանակագրական շարունակութիւնն է: Պատմութիւնն է գրեթէ միստիք մտերմութեան մը` նոյն տղուն եւ հրաշալի, անսանձելի մտրուկի մը` Լէյլանի միջեւ: Այս հիանալի, հրաբաշ անասունին` հեղինակը կը վերագրէ նրբին հասկացողութիւն մը շրջապատին, մարդերուն եւ անապահովութեամբ ու բրտութեամբ յագեցած միջավայրին: Գիւղ ներխուժած աւազակ քիւրտերու վոհմակէ մը գերեվարուելէ խուսափելու համար Լէյլանը պիտի նետուի անդունդը: Վարք, որուն խորհրդանշական իմաստն ու օրինակային արժէքը կ՛ընդգծուի սասունցի հայուհի Շաքէի անձնասպանութեան ոգեկոչումով(10):
Ծագումէ թելադրուած երկու այս պատումները բացայայտ կը դարձնեն կապը` հեղինակի ապրումին եւ «Սասունցի Դաւիթ» ժողովրդական դիւցազնավէպին միջեւ(11): Մանուկը կ՛որակուի «ծուռ», ինչպէս` դիւցազնավէպին հերոսը: Կը ձգտի դառնալու մեծ որսորդ մը, ինչպէս էին Առիւծ Մհերն ու Դաւիթը` ինք, անպարտելի ուժով օժտուած այս գերմարդկային տիպարները: Լէյլան կը յիշեցնէ Քուռկիկ Ջալալին` հրաշալիօրէն օժտուած խօսելու կարողութեամբ, եւ որ պիտի արգելափակուի Վանի քարաժայռին մէջ` Փոքր Մհերի հետ միասին դատապարտուած անմահութեան: Վերջապէս, «Որսորդը», ուր տղան հրապարակաւ կը զգետնէ քիւրտ բեկին որդին, կը նախանշէ իր ապագայ ըմբոստութիւններն ու յանձնառութիւնները: Դիւցազնավէպի ազատատենչ Դաւիթին նման, որ կը պայքարի չարիքի ուժերուն դէմ, իր ժողովուրդը ազատագրելու համար հարստահարիչներու լուծէն:
Անշիջելի Կարօտ Մը
«Որսորդը» ակնարկն է` նետուած անցեալին, չափահասի մը, տարագրեալի մը կողմէ, որ բռնուած է անշիջելի կարօտէ: Մարդու մը, որ կը վերյիշէ իր մանկութիւնը` կրկնակի կորսուած բնաշխարհի մը մէջ: Կորսուած նախ` որովհետեւ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճարակած է նաեւ Սասունի մէջ: Հողազրկումն ու վերապրողներու ցրւումը լրացուցած են պատմական Հայաստանի այս ամրոցին ջնջումը քարտէսէն(12): Կորսուած նաեւ` ժամանակի անողոք անդարձութեան բերումով […]: Այսպէս, վիպակը կրնայ կարդացուիլ նաեւ իբրեւ կորուսեալ մանկութեան մէկ այլաբանութիւնը […]: Անգտանելի դարձած երկիրը` ա՛լ երեւակայութեամբ յաճախուած մանկութեան մը, նահապետական ընտանիքի ծոցին: Մոռացութեան դէմ պայքարի վճիռով եւ տեսողական յիշողութեան ճշգրտութեամբ պատմուած դրախտային մանկութեան մը:
«Մեր գիւղը կը կոչուէր Ահարոնք, կամ Ահրոնք: Քիւրտերը զայն կը կոչէին Հընզէ, որուն աւելի հին անունն էր Հանձէ: (…) Ահարոնքը կարեւոր գիւղ մըն էր` ինկած Հանտոք լերան հարաւ-արեւմուտքը, Տալվորիկի արեւմտեան սահմանին վրայ, Սպիտակ Խազակ լերան ստորոտը, Տիգրիսի ճիւղին (որ կու գայ Դարկօշ եւ Հանտոք լեռներէն) ձախ կողին վրայ, երեք քիլոմեթր գետէն հեռու, դէպի լեռն ի վեր:
«Գիւղը այգիներու, պարտէզներու, պտղատու ծառերու ընդհանուր ցանց մը կը կազմէր, ու իր աղբիւրներով, պզտիկ ջրվէժներով եւ անհամար առուակներով դրախտային պատկեր մը ունէր: Գիւղին ետեւը կը ցցուէր լեռը` մօտ 1000 մեթր գիւղէն բարձր եւ կը կոչուէր Սարբանակ: Անկէ վեր կու գար Սպիտակ Խազակը, Հասամտինի բարձր սարահարթը` Դրուկ Սարուկը, եւ այդ ընդարձակ 15-20 քիլոմեթր տարածութիւնը գիւղին լեռնամասերն էն` կաղնիի անտառներով ծածկուած, մարգագետիններու լայն տարածութիւններով եւ գետակներով, որոնք վար կ՛իջնէին գիւղին աջ ու ձախ կողմերէն եւ Տիգրիսին միանալու համար: (…)
«Գիւղի թէ՛ գետային, թէ՛ լեռնային մասերու մէջ որսի անհամար կենդանիներ կային: Անհաշիւ էր կաքաւը` իր տեսակներով, կային վայրի բադեր: Վայրի այծի երամները կը մօտենային գիւղին, երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Վայրի գազաններէն առատ էին արջեր, գայլեր ու աղուէս, եւ գետին մէջ` ջրշուն, բնական է` նաեւ առատ ձուկ: Ընտանի կենդանիներու բոլոր տեսակները կային, բայց ամէնէն առատը այծն էր»(13):
(Շար. 1)