ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Ուաշինկթըն» Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան հիմնարկը, յունուար 2017-ին «Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերու հետապնդման համար նոր վարչակազմերուն առողջ վերլուծում, շինիչ գաղափարներ եւ պիտանի յանձնարարութիւններ» ներկայացնելու իր աւանդութեան համաձայն, հրապարակեց «Թուրքիոյ վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան» մասին առաջարկներ բովանդակող զեկուցում մը, որուն հեղինակները` Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի եւ թուրք գիտնական Սոներ Չաղափթայ, ի միջի այլոց կ՛առաջարկեն. «Միացեալ Նահանգներ կրնան լուռ կերպով երաշխիք տալ Թուրքիոյ, որ Քոնկրեսին մէջ պիտի չորդեգրուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը: Այս հարցը միշտ չափազանց կարեւոր եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ խորապէս կը մտահոգէ թուրքերուն մեծ մասը»: Անոնք նաեւ կոչ կ՛ուղղեն` վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը եւ աւելի ուշադրութիւն դարձնելու փոխադարձ կարեւորութիւն ներկայացնող շահերուն:
Յանձնարարականը կարելի է նկատել քիչ մը ուշացած, եթէ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը արդէն 1975-ին եւ 1984-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր որդեգրած է, իսկ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն 1981-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահական հռչակագիր ստորագրած է: Խորհրդային Միութեան թունդ թշնամի հանրապետական Ռիկըն, Պաղ պատերազմի գագաթնակէտին` անտեսելով «Չարիքի կայսրութեան» դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքն ու կարեւորութիւնը, բաւարար քաջութիւնն ու բարոյական ուժը ունեցաւ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու: Նորընտիր նախագահը պէտք է օրինակ առնէ իր կուսակից նախորդէն եւ ականջ չտայ այն յորդորներուն, որոնք համահունչ չեն իր երկրին հիմնադիր հայրերուն ճշդած արժէքներուն եւ արժեչափերուն:
Սակայն յանձնարարականի հեղինակներուն գրածէն աւելի հետաքրքրականը անոնց չգրածն է: Յանձնարարականին մէջ տարեկան ապրիլքսանչորսեան նախագահական ուղերձի աւանդութեան ակնարկ չկայ: Արձանագրուած բացթողումը դիտաւորեա՞լ է, թէ՞ ակամայ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս 4 մարտ 2010-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրման թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ ունենալիք ազդեցութենէն մտահոգուած` Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթացքին վերոնշեալ յանձնարարականին համահունչ կեցուածք մը արտայայտելով մերժած էր բանաձեւին զօրակցիլ: «Թէեւ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք այս ցեղասպանութիւնը եւ կորսուած կեանքերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր տակաւին դառնացած կեանքերը, ցաւօք սակայն, ես չեմ կրնար աջակցիլ այս բանաձեւին… Հիմա ժամանակը չէ այս յանձնախումբին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին համար այս հարցով զբաղելու… Թուրքիա ռազմավարական գործընկեր է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ մեր շարունակական ջանքերուն: Անոնք կը կիսեն մեր շահերը` միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ®», նշած էր ան:
Այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ փոխնախագահները չեն, որ կ՛որոշեն քաղաքականութիւնը, այլ` նախագահները, թերեւս բարեբախտութիւն մըն է, սակայն Թրամփի` այդ առնչութեամբ երբեւէ որեւէ հետաքրքրութիւն չցուցաբերած ըլլալու իրողութիւնը, անոր խառնուածքն ու անկանխատեսելիութիւնը Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման եւ ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման եւ ինքնին ուղերձի յղման հաւանականութեան շուրջ, կը ստեղծեն մեծ հարցականներ: Պէտք է մատնացոյց ընել Ռիկընի օրինակը եւ յուսալ, որ Թրամփ չի հետեւիր «Ուաշինկթըն» հիմնարկի եւ փոխնախագահին յորդորին, այլ` իր նախորդին օրինակին: