ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ
Վերջերս Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կայքէջով յայտարարեց, եւ «Արմէնփրէս» մամլոյ գործակալութիւնն ալ առանց մեկնաբանութիւններու տարածեց, որ 12 փետրուար 2017-ին Հայաստանի եւ Ուզպեքիստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները բարեկամական մրցում մը պիտի խաղան իրարու դէմ, «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆԹԱԼԻԱ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ…» (գլխագրումը իմ կողմէն):
Զիս բնա՛ւ չի հետաքրքրեր, թէ Ուզպեքիստանի մարզական ու քաղաքական ղեկավարութիւնը այս խաղով ի՞նչ կը հետապնդէ. չե՛ն ալ զարմացներ Թուրքիոյ համապատասխան իշխանութիւններուն հայավնաս նպատակները: Ուղեղային պտոյտ պատճառողը որոշումն է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որուն ղեկավարութիւնը մարզականէն վեր-վեր սաւառնելով` բաւական քաղաքական «հասունութիւն» պէտք է զարգացուցած ըլլայ, որ կարողութիւնը ունենայ համատեղելու տնտեսական, ռազմավարական, ընկերային ու մարզական ազդակները եւ համարձակութիւնը ցուցաբերէ ոտնակոխելու այդ բոլորը` վերակենդանացնելու Հայաստանի Ազգային ժողովին ու Սահմանադրական դատարանին փակուած էջ կարծած հայ-թրքական փրոթոգոլները եւ անոնց սկիզբ դրած «ֆութպոլային քաղաքականութիւնը»:
Առաջին հայեացքով, իրենք զիրենք քաղաքական գործիչներ յաւակնողներ կամ մարդասիրական լոզունգներ արձակողներ կրնան գովաբանել քայլը` որպէս հաշտութեան նախաձեռնութիւն:
Միանգամ ընդմիշտ հասկնանք, որ ծնրադիր կողմը յաղթանակի չի՛ հասնիր, հաւասարութեան կամ համակեցութեան իսկ չի՛ մօտենար, եթէ հակառակորդը նոյն բարեացակամ կեցուածքը չէ որդեգրած եւ միշտ կ՛աշխատի աւելի ու աւելի, հարուածի տակ, վար պահել առաջինը, մինչեւ այլեւս ան չկարողանայ վերականգնիլ: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ՞ Օսմանեան կայսրութեամբ սկսած ու թրքական յաջորդական կառավարութիւններով շարունակուած հայութեան հանդէպ կեցուածքը:
Որեւէ ֆութպոլի, պաշտօնական թէ բարեկամական խաղի մը համար, հայրենի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նիւթական յատկացում կը կատարէ, որ մեր մարզիկներն ու խումբին անձնակազմը` մարզիչներ, բժիշկներ, մարձողներ եւ երբեմն ալ` անոնց ապահովութեան հսկիչներ, ճամբորդեն տուեալ երկիրը, քանի մը օր իջեւանին որոշ մակարդակի պանդոկ մը, մրցումի ժամերէն դուրս ունենան յատուկ փորձեր ու երբեմն ալ ժամանցի պահեր` յաջողութեամբ աւարտելու համար որոշուած մարզական հանդիպումը:
Այս յատկացումները պէտք է կատարուին, ինչպէս նշեցինք, նաեւ բարեկամական մրցումներու համար` մեր խումբերը լաւագոյնս պատրաստելու համար ախոյեանութիւններուն: Բայց ա՛յս գումարը` Հայաստանի տառապող տնտեսական իրավիճակին մէջ մեծ զոհողութիւններով հաւաքուած, տանիլ եւ յանձնել թուրքերուն, ծախսել Թուրքիոյ մէջ, մրցումի մը համար, որ Թուրքիոյ իսկ չի վերաբերիր, երբ այդ երկրին զբօսաշրջութիւնը սկսած է որոշ չափով կաղալու` նոյն ինքն երկրին իշխանութեան բռնատիրական քայլերուն պատճառով, մեր ֆութպոլի ֆետերասիոնի՞ն մնաց անոր նպաստել:
Մենք ունինք հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներ, որոնք կը մերժեն Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայապատկան իրենց պապենական հողերը այցելել, պարզապէս նիւթական նպաստ չբերելու համար հայկական հողերը բռնագրաւած Թուրքիոյ ու անոր տնտեսութեան: Այցելող հայորդիները թող չընդվզին, զիրենք այպանողը չեմ. մեր հողերն են, մեր կալուածներն են, լաւագոյնս պէտք է ծանօթանանք անոնց ու շրջապատին, կենդանի թէ անշունչ, որպէսզի յարմար պայմաններու պարագային, կարելի նուազագոյն զոհողութեամբ զանոնք «տուն բերենք»: Ունինք միլիոնաւոր հայորդիներ ալ, որոնք մերժողական կեցուածք ունին թրքական արտադրութեան ապրանքներուն դէմ, նոյն` հակառակորդին չնպաստելու մտայնութեամբ:
Մարզական պաշտօնական մրցաշարքերուն համար ցամաքամասի կամ համաշխարհային ֆետերասիոններու օրէնքներով մեր խումբերը պարտաւոր են Թուրքիա կամ Ազրպէյճան մեկնիլ ու մասնակցիլ, այլապէս կ՛ենթարկուին խիստ պատիժներու, մինչեւ իսկ` վտարման: Բայց ծրագրել Թուրքիոյ մէջ կատարել բարեկամական խաղ մը, որուն կայացումը միայն մեր եւ ուզպեքներուն տնօրինումի սահմաններուն մէջ է, հայ միտքի չորութիւն է:
Մենք պէտք է յիշենք, որ թուրք եւ ազերի ժողովուրդները ինչպիսի նախատական ընդունելութիւն ցուցաբերած են հայ մարզիկներուն` իրենց երկիրներուն մէջ կայացած բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին:
Քաղաքական գետնի վրայ, հիմնուելով, նուազագոյնը հրապարակաւ, Եւրոպայի, Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան ղեկավարներու յայտարարութիւններուն վրայ, ներկայի Թուրքիան, մանաւանդ Ռ. Թ. Էրտողանի նախագահ ընտրուելէն ետք, վարկաբեկուած է իր թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քայլերուն պատճառով:
Ներքին ճակատի վրայ փոքրամասնութիւններու (ներառեալ` հայերը) դէմ սանձարձակ բռնութիւնները, սպանութիւններն ու այլախոհներու ձերբակալութիւնները, տպագիր ու եթերային մամուլի դէմ ճնշումները, խմբագիրներու արգելափակումներն ու կարգ մը թերթերու եւ համացանցի կայքերու ամբողջական փակումները, յուլիսին պետական հարուածի փորձին մասնակցած կամ ոչ, ընդդիմադիր բանակայիններուն չէզոքացումը, տասնեակ հազարաւոր ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու բանտարկութիւնները, Թուրքիոյ միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններու վերջին միայն քանի մը ոտնակոխումներն են:
Արտաքին ճակատի վրայ, Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ զինուորական ծրագրուած ներխուժումները, այդ երկիրներու քիւրտ ժողովուրդներուն դէմ մահացու մաքրագործումները, «Իսլամական պետութիւն»-ը բացայայտօրէն նիւթապէս երաշխաւորելը, զինելը, ռազմական գումակային նեցուկ տրամադրելը, Իրաքի ու Սուրիոյ գողցուած քարիւղը մեծ շահոյթով համաշխարհային շուկայ բերելը, դէպի Եւրոպայի քրիստոնեայ երկիրներ գաղթականներու հոսքը կազմակերպելը եւ օգտագործելը նիւթական անհամաչափ նպաստ ստանալու համար, Միացեալ Նահանգներու հետ լարուիլը Ֆ. Կիւլենի հարցով եւ Ռուսիոյ հետ տագնապը Սուրիոյ մէջ զգետնուած ռուսական ռազմական օդանաւին պատճառով, անհանդուրժողական Թուրքիոյ քանի մը իրականացումներն են միայն:
Այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բարենի՞շ կ՛ուզէ պարգեւել Թուրքիոյ:
Արցախեան գոյամարտի 1994-ի զինադադարէն անցած է 22 տարի. թերեւս մեր յիշողութիւնը քիչ մը մշուշուած է, բայց Արցախի դէմ ապրիլի քառօրեայ պատերազմը տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ: Հայութիւնը միասնական ու մարտունակ` յաջողութեամբ դիմակայեց Ազրպէյճանի իբր թէ Ստեփանակերտ հասնելու եւ հոն տեղաւորուելու ծրագիրներուն: Թուրքիան, համաթուրանականութիւնը ի մտի ունենալով, անվերապահօրէն, բոլոր միջոցներով, առաջին, բացայայտ եւ գլխաւոր զօրակցողն էր Ազրպէյճանին:
Բոլորս գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ իրագործած է Թուրքիան, սկսած` Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եւ շարունակուած` քեմալական Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարիներուն: Ո՛չ մէկ զղջումի, ճանաչումի եւ հատուցումի նախանշան կ՛երեւի անոր ներկայ քաղաքական իշխանութեան մօտ. ընդհակառա՛կը, աւելի կարծրացում թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի նկատմամբ, պահանջելով, որ հայութիւնը ի՛նք զիջի, մոռնայ, հողերէն հրաժարի եւ ընդունի սեղանին դրուած ստրկացնող ամէն պայման:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Թուրքիոյ այս դերն ու կեցուածքը կ՛ուզէ՞ վերացնել հայութեան միտքէն, օր ցերեկով:
* * *
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը վերջին քանի մը տարիներուն անցուց տագնապալի շրջան մը: Մարզիկներուն խաղարկութիւնը համադրելու եւ յանձնառութիւնը բարելաւելու համար բարեկամական մրցումները անհրաժեշտ են, աշխարհի չորս կողմը ցրուած լաւագոյն խաղացողները հաւաքականին մաս կազմելու անաչառօրէն հրաւիրելը` հիմնական, առաջնակարգ հաւաքականներու դէմ մրցումներ ունենալը` առաւել օգտակար ու հայկական ֆութպոլը արժեւորող հանդիսատեսներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ համակիրներու ներկայութիւնն ու քաջալերանքը` անժխտելի առաւելութիւն: Այս բոլորը իրականացնելու վայրը Թուրքիան չէ՛: Տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունին ուրիշ երկիրներ, ուր գոնէ քանի մը հայեր կ՛ապրին եւ եռագոյնը կ՛ուզեն պարզել մրցումի ընթացքին:
* * *
Անմիջապէս տեղափոխե՛լ վայրը: Վստահաբար յանցաւոր ալ կայ այս գաղափարին ետին. գտնե՛լ եւ զայն յարմար տե՛ղը գամել: Մեր մարզիկները, համայն ժողովուրդով, պէտք չունին այս անպատուութեան:
Պէտք չէ արտօնել, որ հայ ժողովուրդի մարդկային եւ ազգային արժանապատուութիւնը արհամարհուի կարգ մը գործակալ հոտող ամբարտաւան անձերու կողմէ: Մեր զանազան մարզիկները Հայաստանի դրօշով փաթթուած են յաղթանակներու պարագային եւ իրենց կերտած նուաճումը նուիրած` Արցախի սահմանագիծի մեր նահատակ թէ սխրագործութիւն կատարած մարտիկներուն. կարելի չէ այդ վեհութիւնը ջարդուփշուր ընել Թուրքիոյ արհամարհական քմծիծաղին դիմաց:
14 դեկտեմբեր 2016