Սփիւռքի Ինքնութեան Պահպանման Հարցերուն Մէջ Առաջին Հերթին Պէտք Է Յենիլ Մտաւորականներու Ներուժին
«Ազդակ»-ին Ըսաւ Յարութիւն Մարութեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջին տարիներուն հայ ինքնութեան կորստեան վտանգի եւ ինքնութեան պահպանման խնդիրի ուղղութեամբ ամէնուր քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, յօդուածներ կը հրապարակուին եւ մտավախութիւններ կ՛արտայայտուին: Շատեր լուծումներու յանգելու նպատակով առաջարկներ կը կատարեն, իսկ ուրիշներ իրենց փափաքներն ու ցանկութիւնները կը յայտնեն:
Այս ծիրին մէջ հայ ինքնութեան դրսեւորումները եւ պահպանման խնդիրները մօտէն շօշափելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանին հետ, որ դուրս գալով զուտ ցանկութիւններու եւ փափաքներու դաշտէն` ինքնութեան պահպանման հարցերու վերաբերեալ որոշակի գործընթացներ կ՛առաջարկէ:
Յարութիւն Մարութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի արդիականութեան ազգաբանութեան բաժինի առաջատար գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր է: Հեղինակ եւ համահեղինակ է ինը գիրքերու, ստորագրած է աւելի քան հարիւր գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ: 1982-էն ի վեր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներուն մասնակցած է եւ հանդէս եկած է բազմաթիւ զեկուցումներով` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2011 թուականին «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ներդրած անձանց շնորհուող մրցանակ»-ի դափնեկիր է:
«ԱԶԴԱԿ».- Իբրեւ ազգագրագէտ` ինչպէ՞ս կը սահմանէք «Ազգային ինքնութիւն» հասկացողութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ.- «Ազգային ինքնութիւն» հասկացողութիւնը վերջին տասնամեակներուն դարձած է ամենաշատ քննարկուող եւ նորօրեայ հարցերէն մէկը: Անիկա սկսած է այնքան լայն ընկալուիլ ու մեկնաբանուիլ, որ որոշ հետազօտողներ, ինչպէս` Պրուպէյքըր եւ Քուփըր, կ՛առաջարկեն հրաժարիլ այդ եզրոյթի օգտագործումէն: Ներկայիս ընկերային գիտութեան մէջ այս հարցին շուրջ առաջնութիւնը կը տրուի ինքնագիտակցութեան, թէ` անձը ինքզինք ինչպէ՛ս կը բնութագրէ, այսինքն ուրիշները չեն որոշեր, թէ ո՛վ իրաւունք ունի ինքզինք «հայ» կոչելու: Օրինակ, եթէ Հայաստանի մէջ ընտանիքն ու ընկերային շրջապատը կը պայմանաւորեն անձի մը ազգային ինքնութիւնը, ապա սփիւռքի պարագային որոշիչը ի վերջոյ կը դառնայ անհատին կողմնորոշումը: Եթէ Հայաստանի մէջ «ո՞վ է հայը» հարցադրումը կը յուզէ գլխաւորապէս գիտնականը կամ ծայրայեղ ազգայնականը, ապա սփիւռքի մէջ այդ հարցը կարեւոր կը նկատուի բոլորին կողմէ:
«Ո՞վ է հայը» հարցադրումը շատ խիստ եւ սկզբունքային դնելու պարագային, կորուստներու կը տանի, օրինակ` հայ-քաղկեդոնականներու վրացացումը կամ հայ-կաթոլիկներու լեհացումը անցեալին:
Որոշ դէպքերու պարագային, միայն մէկ իրադարձութիւն հայկական ինքնութենէն գրեթէ ամբողջովին հեռացած անձերու մէջ կրնայ յանգեցնել այդ ինքնութեան «թռիչքային» վերարթնացման, ինչպէս եղաւ ղարաբաղեան շարժման կամ Սպիտակի երկրաշարժի ժամանակ: Նման հնարաւորութիւն պահպանուած է նաեւ իսլամացած հայերու մէջ իրենց տատիկներու հայկական ծագման մասին տեղեկանալու պարագային: Այսինքն ինքնութիւնը շատ աւելի ճկուն համակարգ է, քան թէ նոյնիսկ ընկերաբանական հարցումէն ձեւաւորուած պատկերը կրնայ տալ:
Վերջին տասնամեակներուն սփիւռքեան իրողութեան բնութագրական գիծերէն է կեթոյական կարգավիճակէն անցումը անուանապէս համայնքային կառոյցներու, որոնց մէկ զգալի մասին համար ազգային ինքնագիտակցութիւնը առաւելապէս անհատական, այլ ոչ համայնքային դրսեւորում է:
Վերոնշեալ իրողութիւններէն մեկնելով` կարելի է եզրակացնել, որ սփիւռքի ինքնութեան պահպանման հարցերուն մէջ առաջին հերթին պէտք է յենիլ մտաւորականներու ներուժին: Ըսուածը անշուշտ չի միտիր սփիւռքահայութեան լոկ վերնախաւային շերտին առաջնութիւն տալ: Այս պարագային ոչ թէ կը մերժուի պատմական այն իրողութիւնը, որ համայնքները եղած են այն միջավայրը, ուր ձեւաւորուած են ազգային մտաւորականները, այլ փորձ կը կատարուի հաշուի նստելու մերօրեայ իրավիճակին հետ, երբ առանձին անհատներու ձեռնարկումներն են, որոնք որոշիչ կը դառնան համայնքային զարգացումներուն մէջ: Ահա այս պարագային մեծապէս կը շեշտուի հայութեան հնարաւորինս ամբողջական եւ որակեալ շտեմարանի ձեւաւորումն ու օգտագործման կերպը:
Այստեղ մեծապէս օգտակար դեր կրնան խաղալ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող տարբեր ասպարէզներու հայ մասնագէտներու պարբերական հաւաքները: Տուեալ շտեմարաններու հետեւողականօրէն «աշխատեցնելը» ի զօրու է լուծելու հայութեան առջեւ կանգնած բազմաթիւ խնդիրներ, ինչպէս, օրինակ, ինքնութեան պահպանութեան հարցեր եւ այլն: Այստեղ կրնանք առանձնացնել առնուազն երկու մօտեցում. առաջինը` արեւմտեան առաջատար, նորարական գումակային ներդրումը Հայաստան, երկրորդը` տարբեր ձեւաչափի (նոյնիսկ շատ փոքր) հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով որոշակի ձեռնարկումներու իրագործում` սփիւռքի մէջ:
Որքան ալ ինքնութեան ձեւակերպումներու հարցին մէջ տարակարծութիւններ ըլլան իրենց դրսեւորման հիմնական բնութագրիչներուն մէջ, այնուամենայնիւ, կ՛առանձնացնեմ` լեզուն, կրօնը, հաւաքական յիշողութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ անոնց դրսեւորման ոլորտները` դպրոց, եկեղեցի, թանգարան, ազգային-պետական, մշակութային ձեռնարկումներ եւ այլն:
Նախ նկատենք, որ լեզուի իմացութեան մակարդակը չէ, որ խիստ որոշիչ է հայկական ինքնութիւն կրելու պարագային: Ոչ կեթոյական սկզբունքով գոյատեւող այլ սփիւռքներու պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ երրորդ-չորրորդ սերունդին քով մայրենի լեզուի իմացութիւնը արմատապէս կը նուազի, լաւագոյն պարագային` կը գտնուի «կենցաղային» իմացութեան մակարդակով: Այնուամենայնիւ, այսօր ականատես ենք այն իրականութեան, որ հայերէնը տարբեր յաճախականութեամբ կը շարունակէ օգտագործուիլ սփիւռքահայութան տարբեր շերտերու մէջ: Սակայն այս չի նշանակեր, որ հայերէնի տիրապետման եւ կիրարկման հարցի մէջ մերօրեայ սփիւռքի մէջ սպասելի չեն նման զարգացումներ: Պէտք է ընդունինք, որ յատկապէս Արեւմուտքի սփիւռքի պարագային, նեղցած են արդէն եւ կը շարունակեն նեղնալ հայերէնի գործածութեան ոլորտները, իսկ գործածուելու պարագային, կը գերիշխէ «կենցաղային-խոհանոցային» հայերէնը: Ասոր պատճառներու շարքին են լեզուական շփումներու սահմանափակումը կենցաղային մակարդակով, հասարակական վայրերու մէջ ելոյթներու ժամանակ գերապատուութիւն կը տրուի տուեալ երկրի պետական լեզուին, գիտական հայերէնը գրեթէ ի սպառ կը բացակայի, հայալեզու գիտական պարբերականներ չկան, մամուլի հայերէնը` գերազանցապէս տեղեկատուական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու լեզուն է: Համացանցային հայերէնը չի փոխարիներ գիտական պարբերականները, իսկ համեմատաբար բարդ միտքեր արտայայտելու համար անցում կը կատարուի մայրենի դարձած օտար լեզուին: Ուստի կարելի է եզրակացնել, որ շատ մը պարագաներու, լեզուամտածողութիւնը հայերէն չէ, իսկ այս ազգային ինքնութեան բաղադրիչներէն է: Կարելի է ըսել, որ հայերէնը սփիւռքեան վերնախաւի լեզուն չէ:
«Ա.».- Ի՞նչ քայլեր կարելի է ձեռնարկել հայերէնի կարգավիճակը բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Յ. Մ.- Այս հարցի պարագային, մեր մօտեցումները յենած են ընկերային գիտութիւններու յայտնի այն դրոյթին, ըստ որուն, առաւել արդիւնաւէտ կ՛ըլլան այն ձեռնարկումները, որոնք կը գտնուին ոչ թէ կամաւոր-պարտադիրի տիրոյթին, նոյնիսկ եթէ դրդուած են ազնիւ, հայրենասիրական մղումներով` ի մասնաւորի լեզուի բնագաւառին մէջ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան վերջերս հռչակուած ռազմավարութեան, այլ անոնց, որոնց շարժիչ ուժը հեղինակութիւնն է: Այս մօտեցումը առաջին հերթին կրկին ուղղուած է մտաւորականութեան: Սփիւռքի վերնախաւը, խնդիրի գիտակցման պարագային, որ կարծես թէ առաւել ակնյայտ կ՛երեւի վերջին տարիներուն զանազան հաւաքներու եւ գիտաժողովներու մէջ բարձրացուցած հարցերու քննարկումներուն, կրնայ նպաստել հայերէնի հեղինակութեան բարձրացման` դիմելով մասնաւորապէս հետեւեալ բնոյթի քայլերուն.
– Յայտարարելով հայերէնի տիրապետման հեղինակութեան ուղղուած նպատակադրութեան մասին` առնուազն յառաջիկայ տասը-քսան տարուան համար,
– Հայերէնի տիրապետման մակարդակի բարձրացման ուղղուած մրցոյթներու կազմակերպումով ու յաղթողներուն դրամական կամ այլ պարգեւներով խրախուսելու քաղաքականութիւն վարելով: Որոշ պարագաներու նաեւ վճարելով հեղինակութիւն վայելող սուղ համալսարաններու մէջ ուսման վարձքը կամ անոր զգալի մասը, կազմակերպելով անվճար կամ էական զեղչերով ուղեւորութիւններ Հայաստան կամ Արեւմտեան Հայաստան, անընդհատ ուշադրութեան կեդրոնը պահելով այդ երիտասարդներու գործունէութիւնը, ձեռքբերումները, պարբերաբար հարցազրոյցներ վերցնելով եւ այլն,
– ԹՈՖԸԼ-ին (TOEFL) համարժէք համացանցային քննական ծրագիր ստեղծելով ու ատոր յաջողութեամբ յաղթահարումը առաջարկելով որպէս միակ պայման վերը նշուած արտօնութիւններուն: Յայտնի է, որ ԹՈՖԸԼ-ը ունի տարբեր աստիճաններ: Սփիւռքահայերու համար կարելի է համեմատաբար աւելի ցած գնահատականները համարել ընդունելի,
– ԹՈՖԸԼ-ին համարժէք համացանցային քննական ծրագիրը կրնայ ըլլալ արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն` սփիւռքի որոշ երկիրներու ու Հայաստանի համար: Երկուքն ալ բարձր գնահատականներով յանձնած երիտասարդներուն տրամադրել մեծ արտօնութիւններ ուսման եւ աշխատանքի բնագաւառին մէջ,
– ԹՈՖԸԼ-ի հայերէն տարբերակը իր մէջ կրնայ ներառել հարցեր ոչ միայն հայոց լեզուէն ու գրականութենէն, այլեւ` հայոց պատմութենէն եւ աշխարհագրութենէն,
– ԹՈՖԸԼ-ի յանձնած-չյանձնած ըլլալը դարձնելով պարտադիր պայման գաղութային կեանքին, կուսակցական-քաղաքական ասպարէզին մէջ յառաջընթաց ունենալու, համայնքի աջակցութիւնը ստանալու համար: Այսինքն հայերէնին տիրապետող մարդոց թիւի բարձրացման, հայերէնի վերստին կենդանի լեզու դառնալու առաջնահերթ պայմանը անոր տիրապետումը հեղինակաւոր դարձնելն է:
Գրական լեզուի երկու ճիւղերը` արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը, այնուամենայնիւ, տարբեր կարգավիճակներ ունին եւ հետեւաբար կը պահանջեն անոնց պահպանութեանն ուղղուած տարբեր ռազմավարութիւններ: Սփիւռքի մէջ երկուքն ալ վտանգուած են իւրովի: Եթէ այսօր արեւմտահայերէնի պարագային անոնց տիրապետողներուն թիւը տարուէ տարի կը նուազի, որուն յաղթահարմանն ուղղուած են «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան ձեռնարկումները, ապա արեւելահայերէնի կրողները շատ արագ կը դադրին օգտագործելէ զայն: Այս պարագային ալ կամաւոր-պարտադիր կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներու թիւի աւելացումը հազիւ թէ նպաստէ հարցի լուծման: Ահա ա՛յս հանգամանքով պայմանաւորուած է, որ հայերէնի տիրապետման հեղինակութեան բարձրացման վերը նշուած ձեւը վերաբերի երկու լեզուներուն ալ:
ԹՈՖԸԼ-ի հիմամբ բերուած առաջարկը գերազանցապէս ուղղուած է երիտասարդներուն, այսինքն` սփիւռքի ապագայ մտաւորականներուն: Այդ առումով, ՀԲԸՄ-ի խողովակներով ֆինանսաւորուող հայերէնի առցանց ուսուցման ծրագիրը` «Հայկական առցանց համալսարանը» ուղղուած է առաւելապէս միջին ու բարձր տարիքի մարդոց: Յամենայն դէպս ա՛յդ մարդիկն են ծրագիրի հիմնական շահառուները: Մինչդեռ ուսուցման մեթոտաբանութիւնը փոխելու գծով, երբ սորվողը համակարգիչի պաստառէն կը տեսնէ ուսուցիչը, այլ ոչ թէ միայն ինքն ու «մկնիկն» են գործող անձերը, ուրեմն կարելի է ընդունիլ, որ առցանց ծրագիրով հայերէն սորվին նաեւ դպրոցահասակ երեխաները, որոնք չունին հնարաւորութիւն յաճախելու հայկական տարբեր ձեւի դպրոցներ: Այսինքն դասերը եւ յանձնարարութիւնները պէտք է ըլլան մօտաւորապէս այնպէս ու այն ժամաքանակով ու յաճախականութեամբ, ինչպէս` ամէնօրեայ դպրոցին մէջ: Կը կրկնենք, սորվողը համակարգիչի պաստառին վրայ պէտք է տեսնէ ուսուցիչը, որ թերեւս սկզբնական շրջանին աշակերտին հետ կը հաղորդակցի անոր համար առաւել հարազատ լեզուով` անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ այլն ու ժամանակ անց միայն, համապատասխան միջանկեալ քննութիւնը յանձնելէն ետք, արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն: Այս մօտեցումը օգտակար կրնայ ըլլալ նաեւ միջին եւ բարձր տարիքի հայերէն սորվիլ փափաքողներուն համար:
Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն կարելի է առաջարկել հայագիտութեան այս կամ այն հարցերուն նուիրուած գիտաժողովներու լեզուն աստիճանաբար փոխել հայերէնի: Միայն ա՛յդ կերպ կարելի է դաստիարակել հայերէն լեզուամտածողութիւն ունեցող նոր վերնախաւ: Սկզբնական շրջանին նման գիտաժողովներուն կրնան ուղեկցիլ անգլերէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ` հիւրերու եւ համայնքի օտարալեզու անդամներուն համար: Ասոր ուղիղ արդիւնքներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ հայաստանեան եւ հայալեզու գիտական պարբերականներու վարկանիշը բնականօրէն կը բարձրանայ, իսկ ատոր ալ արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ այդ կերպ կը բաւարարուի Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի որոշումներու այն հատուածը, համաձայն որուն կը պահանջուի ատենախօսութեան պաշտպանութեան համար պարտադիր հրապարակումներ ունենալ բարձր գիտական վարկանիշ ունեցող պարբերականներուն մէջ, որոնք ներկայիս գերազանցապէս անգլիալեզու են:
«Ա.».- Ձեր խօսքին սկիզբը ինքնութեան ձեւակերպումներու ծիրէն ներս առանձնացուցիք նաեւ եկեղեցին:
Յ. Մ.- Այո՛, աւանդաբար սփիւռքի հայկական գաղութներու ինքնութեան պահպանութեան խնդիրներուն անդրադառնալով` եկեղեցին պարտադիր կը նշուի, երբեմն եկեղեցին լեզուէն առաջ կը նշուի, քանի որ եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին այլ լեզուներով նոյնպէս: Եւ այդ պատահական չէ` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ եկեղեցին յաճախ երկար ժամանակ, նոյնիսկ դարեր շարունակ իր վրայ կրած է ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ պետական յատուկ աշխարհիկ գործառոյթներ: Ներկայիս, երբ Հայաստանն արդէն քառորդդարեան անկախ պետութիւն է, եկեղեցւոյ դերը հանրապետութեան մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ առարկայօրէն կը տեղափոխուի խորհրդանշական դաշտ, ինչ որ երբեմն խանդով կ՛ընկալուի եկեղեցւոյ կողմէ եւ կը դրսեւորուի անոր` ազգայինը կրօնականով փոխարինելուն ուղղուած ձեռնարկումներուն մէջ` դասագիրքեր, եկեղեցաշինութիւն, գաղափարախօսութիւն եւ այլն: Միեւնոյն ժամանակ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող որոշ ա՛յլ ձեռնարկումներ, օրինակ` Տեառնընդառաջին նորապսակներու օրհնութեան կարգի կատարումը, «օտար» Ս. Վալընթայնի օրուան փոխարինումը «ազգային» Տրնտեզով, Ս. Սարգիսի եւ վերջերս ալ Բարեկենդանի նշումը կը նպաստեն ազգային ինքնութեան ժողովրդական հանգուցային կերպարներու եւ օրերու թարմացման ու ամրապնդման:
Սփիւռքի պարագային, եկեղեցին այսօր իր կրօնական գործառոյթները աւանդաբար աւելի շատ կը պահպանէ աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն համար, մինչդեռ երիտասարդներուն համար անիկա յաճախ ընդամէնը խորհրդանշային ոլորտի մէջ է, եւ ինքնութեան մէկ տարրը միայն կրնայ ըլլալ: Այսինքն ապագային եկեղեցւոյ դերը ինքնութեան պահպանման մէջ հաւանաբար աւելի արտայայտուած կ՛ըլլայ իր աշխարհիկ, այլ ոչ կրօնական երանգներով, ինչը կարելի է որդեգրել որպէս ռազմավարական ուղղութիւններէն մէկը: Ասիկա համեմատելի է այն իրողութեան հետ, որ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հայրերու ձգած ժառանգութենէն հայկական ազգային ինքնութեան համար այսօր կարեւոր կը նկատուին միայն հայագիտական, այլ ոչ թէ կաթոլիկ-աստուածաբանական գործերը:
«Ա.».- Վերջին երկու տասնամեակներուն «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսը լայն տարածում գտած է եւ կը յաւակնի դառնալ հայ ինքնութեան բաղադրիչներէն մէկը. ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը:
Յ. Մ.- Եթէ ազգասիրական հռետորաբանութեան մէջ «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսը կրնայ տեղին թուիլ, ապա գիտական, ազգաբանական տեսանկիւնէն նման կարգախօս բնորոշ է միայն ամբողջատիրական հասարակութիւններուն: Իսկ եթէ այս կարգախօսը բովանդակային առումով կիրարկութիւն գտնէ որպէս ինքնութեան պահպանմանն ուղղուած ռազմավարութիւն, ան կրնայ բերել հայկական մշակոյթի բազմազան դրսեւորումներու արագ վերացման, մինչդեռ բազմազանութիւնը մշակոյթին հարստութիւնն է: Գիտութեան այսօրուան խօսքին համապատասխանող կարգախօսը կրնայ ըլլալ «մէկ ազգ, բազմաթիւ մշակոյթներ», այսինքն ռազմավարութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ առկայ բազմազանութեան պահպանման եւ խրախուսման, ուր յիշեալ կարգախօսի «ազգ» բաղադրիչը արդէն սովորական «ազգ» չի նշանակեր: Յատկապէս` հայերու պարագային, որոնք բնորոշ տարազգի (թրանսազգի) օրինակ են, քանի որ հայերը կ՛ապրին ոչ միայն իրենց պետութեան սահմաններուն մէջ, այլեւ անոնց գերակշիռ մասը` ազգային պետութեան սահմաններէն դուրս:
Կարելի է աւելցնել, որ տարազգայինին մէջ կը նկատուին նոր միտումներ` ուղղուած ենթաազգերու ձեւաւորման. այսպէս` հայկական ինքնութիւնը հայաշատ համայնքներուն մէջ շատոնց արդէն ցեղային ոլորտէն տեղափոխուած է ազգային աւելի շատ ենթաազգային ոլորտ, որուն դրսեւորումներէն մէկն ալ այն է, որ, օրինակ, ամերիկաբնակ հայերը իրենք զիրենք կը համարեն ամերիկացի, ֆրանսաբնակները` ֆրանսացի եւ այլն: Այսինքն ինքնութեան ոլորտին մէջ առաջին ծրագիրը կու գայ քաղաքացիական ազգութեան նշումը, որ օրինաչափ գործընթաց է, եւ անկէ պէտք չէ ողբերգութիւն սարքել: Այսօր կարելի է ըսել, որ ձեւաւորուած է, օրինակ, «ամերիկահայ ազգութիւն», որ սակայն բազմաշերտ է:
«Ա.».- Ձեր կարծիքով, ընդհանրապէս ի՞նչն է հիմնական միջոցը սփիւռքահայ ինքնութեան դրսեւորման:
Յ. Մ.- Սփիւռքահայ ինքնութեան դրսեւորման հիմնական միջոցը կը շարունակէ մնալ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ իւրօրինակ պայքարը ժխտողականութեան դէմ` ի դէմս ապրիլքսանչորսեան ու անկէ արտածուող ձեռնարկներու: Այս ալ օրինաչափ գործընթաց է: Եթէ առաջ նման ձեռնարկները առաւելապէս կեթոյական, այսինքն զուտ հայկական ընդգրկում ունեցող բնոյթ ունէին, ապա վերջին տասնամեակներուն, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, անոնց մէջ կը ներգրաւուին ամերիկեան քաղաքական հաստատութեան տարամակարդակ ներկայացուցիչներ: Բայց եւ այնպէս, ամերիկեան ժողովուրդը եւ անոր մշակութային վերնախաւին ճնշող մեծամասնութիւնը անհաղորդ է հայկական պահանջներուն: Պատճառը մէկ է` Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը չէ դարձած ամերիկեան ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան, հաւաքական ինքնութեան, վերջապէս` պաշտօնական օրացոյցի մաս, ինչպէս, օրինակ, Ողջակիզման յիշողութիւնն է:
Պատճառներէն մէկը այն է, որ ամերիկեան հայկական լոպին իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ գերազանցապէս ամերիկեան քաղաքական գործիչներու շրջանակին մէջ` ակնկալելով անոնցմէ քաղաքական աջակցութիւն, քաղաքական որոշումներ: Ամերիկեան ժողովուրդին մէջ անիկա կ՛ընկալուի առաւելապէս որպէս երկու հակամարտող ցեղային հանրոյթներու` հայերու եւ թուրքերու խնդիրներու դրսեւորում: Մինչդեռ Ողջակիզման պարագային առնուազն երեք-չորս տասնամեակէ ի վեր խնդիրը կը ներկայացուի եւ կ՛ընկալուի գաղափարախօսական հարթութեան վրայ, այսինքն գերմանացի ցեղային միաւորէն անցում կատարուած է մարդատեաց գաղափարախօսութեան` նացիականութեան եւ ցեղապաշտական գաղափարներով առաջնորդուող պետական մեքենայի գործունէութեան հետեւանքի ոլորտ:
Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ մատուցման հայոց կողմէ ազգային բնոյթի ընկալումը եւ ներկայացումը իր իւրօրինակ դրսեւորումը կը ստանայ նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարային-յուշարձանային գործունէութեան մէջ: Մինչդեռ հրեաներուն պարագային, կը գործեն տասնեակ թանգարաններ: Եթէ յուշարձանը, խաչքարը առաւելապէս ուղղուած են գաղութին, որ տարին մէկ-երկու անգամ անոր շուրջ կրօնական արարողութիւններով համեմուած յիշատակի ձեռնարկներ կ՛իրականացնէ, ապա տարին առնուազն 300 օր գործող թանգարանը ի զօրու է ծանօթացնել հայոց մշակոյթը եւ պատմութեան ելեւէջները տասնեակ հազարաւոր հայ եւ օտարազգի այցելուներու` այդ կերպ ճանապարհ հարթելով դէպի հայկական իրողութիւնները տուեալ երկրի բնակչութեան համար աւելի ճանաչելի ու ժամանակ անց` նաեւ ինքնութեան մաս դառնալու: Բնութագրական է, որ 2015-ի շեմին այս հանգամանքի գիտակցումը տեղ գտաւ եւ ձեռնարկուեցան որոշ, տակաւին ոչ այնքան բաւարար քայլեր: Նաեւ` թանգարանները պէտք է ունենան ոչ միայն ցուցադրութիւններ, այլեւ` գիտահետազօտական բաժին, որ հնարաւորութիւն կու տայ ժխտողականութեան դէմ պայքարը դարձնել արդիւնաւէտ: Թանգարանները միջազգային չափանիշներով կառուցելու եւ աշխատցնելու պարագային, ուժեղ կը դառնան այն միաւորները, որոնք իրենց շուրջը կը համախմբեն տուեալ երկրի հայկական հասարակութեան ոչ միայն աւանդաբար գործուն հատուածը, այլեւ` չկուսակցականացուած ու եկեղեցիէն հեռու մնացող հայկական շրջանակները:
Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան մէջ հասունցած է եւս մէկ որակական անցում. շուրջ մէկ դար շարունակ հայերը կը նշեն «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը»: Մինչդեռ Ցեղասպանութեան տարիներուն առկայ եղած են նաեւ այլ իրողութիւններ. հայ բնակչութիւնը 10-12 մեծ բնակավայրերու, նաեւ գաւառներու մէջ թշնամիին դէմ մղած է ինքնապաշտպանական անհաւասար մարտեր, որոնցմէ միայն մէկը` Վանի ինքնապաշտպանութիւնն է, որ աւարտած է յաղթանակով, սակայն նշուած կռիւները, ինչպէս նաեւ հազարաւոր այլ դրուագներու մէջ հայ մարդոց դիմադրութիւնները ցոյց տուած են, որ շատ յաճախ հայերը առանց իրենց ու իրենց հարազատներու կեանքի ու արժանապատուութեան փրկութեանն ուղղուած պայքարի չեն զոհուած: Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եւս հայերը ցոյց տուին, որ իրենք լաւ կռուողներ են: Նոյնը դրսեւորուեցաւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն: Մինչդեռ շուրջ մէկ դար մենք մեզի եւ աշխարհին կը ներկայանանք որպէս լոկ զոհեր: Այս մէկը կը տանի նաեւ հոգեբանական բարդոյթներու, մանաւանդ` ոչ քիչ թիւով հայ երիտասարդներու մէջ, որոնք չեն ցանկար զգալ լոկ որպէս զոհերու ժառանգներ: Վիճակը կրնայ նշանակալի չափով շտկել շեշտադրումներու փոփոխութիւնը, ի մասնաւորի` ապրիլի 24-ի պաշտօնական յայտարարումը որպէս «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ ինքնապաշտպանական մարտերու հերոսներու յիշատակի օր», այս կերպ էականացնելով պայքարի, մարտնչելու գաղափարը, որ հայոց յիշողութեան մշակոյթի եւ հայոց ինքնութեան մէջ ժամանակ անց կը հասցնէ որոշակի հաւասարակշռութեան:
«Ա.».- Խօսինք նաեւ Հայաստան-սփիւռք եւ սփիւռք- Հայաստան կապի մասին ինքնութեան պահպանման անկիւնէն դիտած:
Յ. Մ.- Մեր խօսքին մէջ նշուած տարազգի (թրանսազգի) գաղափարը առաջին նայուածքով տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ հայրենիքի դերը առաջնային չէ նման իսկական կառոյցի մէջ: Մինչդեռ ազգային փոքրամասնութենէն սփիւռք դառնալու համար պարտադիր կ՛ենթադրուի հայրենիքի առկայութիւն` իրական կամ խորհրդանշական: Այս առումով բնութագրական են Հայաստան-սփիւռք առաջին հաւաքներու Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներու ելոյթներուն մէջ հնչեցուած մօտեցումները. այսպէս, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը նկատեց, թէ քանի որ կը բացակայի սփիւռքի հաւաքականութիւնը ներկայացնող կառոյց, ինք իրաւասու չէ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, սփիւռքի տարաբնոյթ կազմակերպութիւններուն հետ քննարկումներ եւ բանակցութիւններ վարելու: Մէկ այլ հաւաքի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը յայտարարեց, որ երբ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարող սփիւռքահայ գործարարները հանդիպին որեւէ դժուարութեան, անձամբ իրեն դիմեն: Այս երկու մօտեցումներն ալ գործող ձեւակերպումներ չեն: Առաջինը` սփիւռքը ներկայացնող մէկ կառոյց թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական առումով չի կրնար ըլլալ: Սփիւռքը բազմաշերտ է, բազմադէմ եւ բազմակարծիք: Ահա ա՛յս առումով է, որ սփիւռք-հայրենիք եւ հայրենիք-սփիւռք կապերուն մէջ նշանակալի դեր կրնան խաղալ տարբեր ձեւի կազմակերպութիւններ` մեծ կուսակցութիւններէն եւ գաղութներէն մինչեւ մասնագիտական եւ այլ տեսակի հասարակական, միջին եւ փոքր կառոյցներ, որոնք կը կազմեն քաղաքացիական հասարակութիւնը: Երկրորդ մօտեցումը ընդհանրապէս չ՛ենթադրեր որեւէ օրինական գործող կառոյց: Նման համակարգում ընելու համար, ռազմավարական առումով, անհրաժեշտ է հայրենիքի մէջ որոշակի կառոյցի առկայութիւն: Այդպիսի գործառոյթներ իրականացնելու ներուժ ունի սփիւռքի նախարարութիւնը:
Սփիւռքահայ գործարարներուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ներդրումներ ընելու խանգարող գործօններէն է հաւատի եւ վստահութեան պակասը հայաստանեան գործարար միջավայրին, նաեւ` պետական օղակներուն, հարկային օրէնսդրութեան, պաշտօնեաներու փտածութեան եւ շուկայի մենաշնորհուած ըլլալու վերաբերեալ: Վստահութեան ձեռքբերման միջոցներէն կրնայ ըլլալ ներդրողներու ներկայացուցիչներու ուսումնարանի կամ կեդրոնի ստեղծումը, անոնց մեծ արտօնութիւններու տրամադրումը:
Մեր համոզումով, սահմաններու գոյութեամբ պայմանաւորուած չըլլալու համար պարտադիր պայմաններէն է առնուազն անցեալին ազգի առկայութիւնը որոշակի պետական սահմաններու մէջ: Այստեղէն արդէն երեւան կու գայ, որ սփիւռք-հայրենիք եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները միայն հորիզոնական հարթութեան վրայ չեն, այլ նաեւ` «ուղղահայեաց», կեդրոնաձիգ: Այլ խօսքով, բազմակեդրոնութիւնը կ՛ենթադրէ յատուկ կեդրոնի` Հայաստան-հայրենիքի առկայութիւնը, քանի դեռ աշխարհի վրայ կան պետական կազմաւորումներ:
Ի դէպ, յայտնեմ, որ մեր գաղափարներով չենք յաւակնիր սփիւռք-հայրենիք եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր դասակարգում մը ստեղծելու եւ կամ սփիւռքի մէջ մեծ համայնքային կազմաւորումներու ձեւաւորում կատարելու, այլ մեր խօսքը կը վերաբերի լուսարձակի տակ առնելու ընդհանուր ցանցին մէջ գործունէութիւնը համակարգելու, հաւասարը համարժէքի հետ արդիւնաւէտ համագործակցելու: