Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպի Մէջ Կ՛այցելէ Ազգային Եւ Հոգեւոր Կառոյցներ

$
0
0

aram-i_10517

Հինգշաբթի, 5 յունուար 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. իր շքախումբի անդամներով հասաւ Հալէպ, շնորհաւորեց Հալէպի ազատագրումը եւ ոգեւորեց հալէպահայութիւնը:

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, Ազգային երեսփոխանական ժողովին, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէին, Հալէպի մէջ Հայաստանի փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանին, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանին, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի եւ Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան արի-արենուշներուն եւ փողերախումբերուն, հալէպահայ միութիւններու պատասխանատուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Վեհափառին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնիկեան, Յովակիմ աբղ. Բանճարճեան, Նորայր եպս. Աշըգեան:

Քահանաներուն կողմէ մատուցուած աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հայրապետը «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Կանոնական աղօթքին:

Եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Հոգեւորականաց դասուն, Ազգային իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը:

Այնուհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս իր անդրանիկ պատգամին մէջ ըսաւ. «Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին տագնապեցաք, տառապեցաք եւ ահաւոր դժուարութիւններու դիմաց կանգուն մնացիք որպէս Սուրիոյ հայութիւն եւ յատկապէս որպէս Հալէպի հայ համայնք: Ճիշդ է, որ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին այս դժուար պայմաններուն մէջ ես ձեզի հետ չեղայ, սակայն կը վստահեցնեմ ձեզի, որ աղօթքիս ճամբով, աշխատանքիս ճամբով դուք իմ կեանքիս մէջ մնացիք մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն:

«Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին շրջապատուեցաք ահաւոր դժուարութիւններով: Յաճախ մահն ու սարսափը շրջապատեցին ձեր կեանքը, սակայն շնորհիւ ձեր քրիստոնէական հաւատքին, ամուր կամքին ու վառ յոյսին Հալէպի հայութիւնը մնաց կանգո՛ւն, մնաց ներկա՛յ, եւ այսօր եկած եմ ձեզի ըսելու, որ մենք միասնաբար ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութիւնը ու յատկապէս հալէպահայութիւնը պիտի առաջնորդենք դէպի վերականգնում, դէպի մեր համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում:

«Ճիշդ է, անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին պայմաններու բերումով մեր սիրելի զաւակներէն ոմանք հեռացան, սակայն ինչպէս կը լսէի Շահան սրբազանէն ու այսօր կը տեսնեմ ու կը վկայեմ, հալէպահայութիւնը ներկա՛յ է ու կը շեշտեմ` հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վերանորոգ հաւատքով ու ոգիով պիտի շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական կեանքը:

«Երէկ պատեհութիւնը ունեցանք հանդիպելու Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին հետ: Նախագահը մեծ գնահատանքով, սիրով խօսեցաւ ձեր մասին` Սուրիոյ հայութեան մասին: Նախագահի մը կողմէ նման մօտեցում եզակի երեւոյթ է, իսկ Սուրիոյ հայութիւնը արժանի է նման գնահատանքի, որովհետեւ դուք այս երկրին ձեր հաւատարմութեամբ, անոր իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդին նկատմամբ ձեր հաւատարմութեամբ արժանի եղաք նախագահին, երկրի պետական պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ իսլամ ու քրիստոնեայ ժողովուրդին գնահատանքին` հաստատելով, որ Սուրիան դարեր շարունակ եղած է կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան երկիր»:

Ապա վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Բերիոյ թեմի առաջնորդը, որ պատերազմի տարիներուն ժողովուրդին կողքին մնաց` հաւատարիմ իր ծառայողական առաքելութեան: Կաթողիկոսը գնահատեց նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ յատկապէս հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղաքը, որոնք իրենց պատուաբեր մօտեցումով, կեանքին գնով տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդին, մեր ընտանիքներուն:

Եզրափակելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ ձեզ, ժողովո՛ւրդ հայոց, որ մեր ամբողջ ժողովուրդը ձեզի հետ եղաւ, ձեզի հետ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ձեզի հետ եղան նուիրապետական մեր զոյգ աթոռները, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որովհետեւ մեզի համար սուրիահայ գաղութը պատմական գաղութ է: Սուրիահայ գաղութին վերականգնումը համահայկական մտահոգութիւն է, համահայկական յանձնառութիւն: Այստեղ եկանք ձեզի յայտնելու, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ամբողջական նուիրումով յանձնառու կը մնայ սուրիահայութեան վերականգնումի անյետաձգելի առաքելութեան»:

Այցելութիւն «Ռատիօ Երազ»-ի նորակառոյց կեդրոն

radio6_10517

Նոյն օրը երեկոյեան, նախքան խթման պաշտօնական ընթրիքը, Արամ Ա. վեհափառը, Բերիոյ Թեմի առաջնորդին ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան մէջ գտնուող «Ռատիօ Երազ»-ի կեդրոն, որուն բացման առիթով շնորհաւորեց անձնակազմը:

Վեհափառ հայրապետը «Ռատիօ Երազ»-ի ուղիղ սփռումով իր հայրական պատգամը փոխանցեց հայաշխարհի ունկնդիրներուն:

Հանդիպում` Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ մարմիններու, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Ուրբաթ, 6 յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ հալէպահայ երեք համայնքապետներն ու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Բացման իր խօսքով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան նշեց, որ վեհափառ հայրապետը այս տարի «Վերակագնումի տարի» հռչակեց, ու մենք վերականգնումը կը սկսինք սուրիահայութեան պատմական մայրաքաղաքէն, սփիւռքահայութեան մայրաքաղաք Հալէպէն` վեհափառ հօր պատգամով:

Ապա վեհափառ հայրապետը` իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովականներուն, նշեց, որ տեղի ունեցած արարողութիւններուն ու խուռներամ բազմութեան ներկայութեան ի տես վկայեց, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է ու միասնակամ` իր երեք համայնքապետներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով:

Անդրադառնալով «Վերականգնումի տարուան», կաթողիկոսը ըսաւ, որ, թէեւ սուրիական պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, սակայն Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի, այնուհետեւ ան ազգային մարմինները յորդորեց նուիրուիլ Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն` նշելով, որ վերականգնումը սոսկ շինարարական աշխատանքի չի կարօտիր, այլ հոգեփոխութեան ու վերակազմակերպման: Ան ըսաւ, որ սուրիահայ բոլոր կողմերը ձեռք-ձեռքի, միասնականութեան նոյն ոգիով պէտք է լծուին վերականգնումի աշխատանքին` քաջ գիտնալով, որ ողջ հայութիւնն ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իրենց կողքին պիտի ըլլան` նեցուկ կանգնելով ու զօրավիգ հանդիսանալով իրենց բոլոր ծրագիրներուն:

Ապա սրբազան հայրը տագնապահար Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ընթերցեց  սուրիահայութեան վերականգնումին ուղղուած կաթողիկոսին կոչը:

Ապա սրբազան հայրը նշեց, որ վեհափառին հովուապետական այցելութիւնը ինքնին կը վկայէ, որ սուրիահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը եզակի սէր ու յարգանք կը վայելեն նորին սրբութեան մօտ: Այնուամենայնիւ, վեհափառ հօր սրտին մէջ սուրիահայութեան ներկայութիւնը ամրագրելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայտելու համար, սրբազան հայրը, Ազգ. երեսփոխանական ժողովին եւ մարմիններուն անունով, Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան շքանշան»-ով պարգեւատրեց Արամ Ա. վեհափառը:

ring_10617

Իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին եպիսկոպոսական ոսկեայ մատանիով պարգեւատրեց առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը` սուրիահայութեան տագնապի ողջ ընթացքին անոր նուիրեալ ու անձնուրաց ծառայութեան համար:

Բախումնային շրջաններու մէջ գտնուող Հալէպի եկեղեցիներու
զանգերը 5 տարուան լռութենէն ետք ղօղանջեցին
Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը աւետելով

Շաբաթ, 7 յունուար 2017-ը նշանակալից եւ պատմական թուական մը պիտի մնայ հալէպահայութեան յիշողութեան ու պատմութեան մէջ:

karasoun-manoug-4_10717

karasoun-manoug-3_10717

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իրեն ընկերակցող շքախումբին ու պետական, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ մինչեւ կէսօր իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ նախ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ ականատեսը եղաւ ահաբեկչական հրթիռակոծումներուն պատճառած աւերներուն: Շքախումբին մաս կազմող Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կաթողիկոսը իրազեկ դարձուց եկեղեցւոյ կառոյցի մասնակի վնասներուն: Վեհափառ հայրապետը Տէրունական աղօթքէն ետք շրջեցաւ եկեղեցւոյ ու շրջափակին մէջ:

mzgit-5_10717

Այցելութեան յաջորդ վայրը Հալէպի Օմայատ պատմական մզկիթն էր, որ ունի 1300 տարուան պատմութիւն: Մզկիթի մուտքին վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը դիմաւորուեցան իսլամ կրօնաւորներու կողմէ:

Մզկիթին մէջ Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնը տեղեկացուց, թէ ինչպէ՛ս զինեալ ահաբեկիչներ քանդեցին մզկիթը ու 2 հանգրուանով թալանեցին անոր պատմական գանձերը` մաս մը փախցնելով դէպի Թուրքիա, մաս մը դէպի Հալէպի հիւսիսային արուարձաններ: Մզկիթին մէջ վեհափառն ու անոր ընկերակցող հայ կրօնաւորները Սուրիոյ նահատակներու հոգիներուն համար «Հոգւոց»-ը աղօթեցին:

pert-4_10717

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին Հալէպի պատմական բերդ, ականատեսը դառնալով բերդին շուրջ եղած աւերին ու համատարած քանդումներուն, տեղական եւ հայկական լրատուամիջոցներուն դիմաց խօսք առնելով կաթողիկոսը ըսաւ. «Այս պահուս կը յիշեմ ֆրանսացի մտաւորական Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը. «Այստեղէն թուրքերը անցան»` աւելցնելով, որ ցեղասպան թուրքը այնպէս, ինչպէս 100 տարի առաջ պատմական մեր հայրենիքին մէջ, այժմ եւս Սուրիոյ մէջ մահ ու աւեր կը սփռէ: Սակայն այս բարբարոսութիւններուն դիմաց Սուրիոյ քրիստոնեայ եւ իսլամ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները պիտի յաղթեն ու անկոտրում կամքով վերակառուցեն Սուրիան ու մանաւանդ Հալէպը: «Հալէպը խորհրդանիշն է սիրոյ եւ խաղաղութեան, ու ես վստահ եմ, որ ան պիտի վերականգնի», հաստատեց կաթողիկոսը:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ Հալէպի նահանգապետը եւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը` յայտնելով, որ թրքական բարբարոսութիւններուն դիմաց Սուրիոյ ժողովուրդը պիտի չընկրկի, այլ` ձեռք-ձեռքի տալով Սուրիան պիտի վերաշինէ ու դարձնէ աւելի գեղեցիկ:

sourp-kevork-2_jemaran_10717

Ապա վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը ուղղուեցան Նոր Գիւղ: Անոնք նախ այցելեցին ահաբեկիչներուն կողմէ հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցի: Նոր Գիւղի հայ տղաքը կաթողիկոսը իրազեկ դարձուցին եկեղեցւոյ հրկիզման դէպքի (2013) մանրամասնութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը շրջելով եկեղեցւոյ մէջ, «Տէրունական» եւ «Հոգւոց» աղօթքները բարձրացուց առ Աստուած ու ըսաւ. «Կը գտնուիմ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, հրկիզուած, քանդուած եւ կողոպտուած եկեղեցւոյ մէջ, նոյն Ցեղասպան թուրքին հետքը կը տեսնեմ այստեղ: Քիչ առաջ շրջեցայ Հալէպի զանազան թաղամասերը եւ տեսայ ահաւոր քանդում, աւեր, սարսափ ու մահ: Կը կրկնեմ, որքան ճիշդ է ֆրանսացի մտաւորական Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը, թէ. «Այստեղէն թուրքը անցած է, հետեւաբար ամէն տեղ մահ է, քանդում ու սարսափ»: Մեր ժողովուրդը կրնայ վկայել այս մասին: Արեւմտեան Հայաստանէն, Կիլիկիայէն դարձեալ թուրքը անցաւ եւ քանդեց, աւերեց ու մէկուկէս միլիոն հայ ջարդեց: Եւ այսօր այս տագնապահար Հալէպի մեր սիրելի ժողովուրդին դիմաց, մենք հաւաքական հաւատքով, յոյսով եւ կամքով պէտք է դիմագրաւենք ու մանաւանդ վերակերտենք Հալէպի հայութեան կեանքը, մեր կառոյցները: Վերաշինենք ո՛չ միայն ֆիզիքական իմաստով, այլ նաեւ մեր համայնքը վերակազմակերպելով: Ես այս յոյսով ու յանձնառութեամբ կ՛ողջունեմ Հալէպի մեր սիրելի ժողովուրդը եւ վստահ եմ, որ հայութիւնը ամէն տեղ զօրակից, լծակից ու մասնակից պիտի դառնայ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Հալէպի հայութեան վերականգնումի ու վերածաղկումի աշխատանքներուն»:

badsbaran_10717

Ապա վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր դիմաւորուեցան ՍՕԽ-ի պատասխանատու մարմիններուն հետ: Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան յայտնեց, թէ միութեան անդամները նոյն թափով ու ոգիով կը շարունակեն իրենց կամաւոր ծառայութիւնը` հակառակ կեդրոնին կրած վնասներուն եւ քաղաքի ծանր պայմաններուն: Վեհափառը ականատեսը եղաւ նաեւ ընկերաբժշկական կեդրոնի աւերներուն ու խրախուսեց խաչուհիները իրենց անկոտրում կամքին ու հալէպահայ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած գնահատելի աշխատանքին համար:

Այցելութեան յաջորդ կայանն էր մարդակերտման ամրոց` Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանն ու խնամակալութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հօր բարի գալուստ մաղթելով հաստատեցին, որ յառաջիկայ տարի աշակերտութիւնը վերստին պիտի յաճախէ Ճեմարան ու շէնցնէ 70-ամեայ այս կրթօճախը: Ապա վեհափառն ու շքախումբը մոմ վառեցին հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի յիշատակին նուիրուած մատուռին դիմաց եւ ուղղուեցան «Տիգրանեան» սրահ, ուր զրուցեցին նուիրեալ հայ տղոց հետ` բարձրօրէն գնահատելով պատերազմի տարիներուն անոնց ազգանուէր ծառայութիւնն ու խիզախութիւնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կաթողիկոսը գոհաբանական աղօթք մատուցեց առ Աստուած, ապա տեսակցեցաւ ՍՕԽ-Ազգային պատսպարանի պատասխանատու կազմին ու սաներուն հետ: Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Է. Ռէիսեան վեհափառ հայրապետը իրազեկ դարձուց պատսպարանի իրավիճակին:

5 տարի շարունակ Հալէպի բախումնային շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն զանգերը այդ օրը կրկին ղօղանջեցին` աւետելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելութիւնն ու Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատումը:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը իր այցելութիւններուն ընթացքին նուէրներ բաշխեց սուրիական բանակի զինուորներուն` շնորհաւորելով Հալէպի յաղթանակը:

Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքը իր հովիւով
եւ հօտով  դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը

gatoghige_10717

Շաբաթ, 7 յունուար 2017-ի երեկոյեան Հայ կաթողիկէ համայնքը Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ ցնծութեամբ եւ խուռներամ բազմութեամբ դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Եկեղեցւոյ մուտքին Հայ կաթողիկէ միութեան շեփորախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի  քայլերգները: Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, Ալեմշահ երգչախումբի «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով եւ Արհի. Տէր Պետրոս Միրիաթեանին ընկերակցութեամբ, թափօրով ուղղուեցաւ խորան:

Գերապայծառ տէրը փառք տալով Աստուծոյ` ըսաւ.  «Վեհափառ տէ՛ր, ձեր շնորհաբաշխ այցելութեամբ ոգեւորեցիք մեզ: Դուք Աստուծոյ տունը եկաք, դուք ձեր տունը եկաք: Դուք մեր ազգապետն էք, դուք մեր հովուապետն էք: Հինգ տարիներու տագնապը, հրթիռները քանդեցին մեր եկեղեցիներն ու կրթօճախները եւ պատճառ դարձան բազմաթիւ հայ զոհերու: Հակառակ այս բոլորին հայ համայնքապետներս ձեռք-ձեռքի տալով շարունակեցինք ու պիտի շարունակենք ծառայել մեր ժողովուրդին»:

Այնուհետեւ գերապայծառը Արամ Ա. վեհափառին նուիրեց Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մանրակերտը` ի յիշատակ պատմական այս այցելութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ կաթողիկէ համայնքին հետ այս աննախընթաց հանդիպումին համար ու ըսաւ. «Երկու օրէ ի վեր Հալէպի հոգեւոր պետերէն կը լսեմ հետեւեալը. «Մենք այստեղ ենք ու պիտի մնանք»: Ասիկա պարզ խօսք մը չէ, այլ` հաւատքի, կամքի եւ տեսիլքի արտայայտութիւն է: Ուստի մենք յանձնառու ենք զօրակից կանգնելու ձեզի եւ Հալէպի վերակերտումին»:

Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց տագնապի ընթացքին հալէպահայ համայնքապետներուն միասնակամութիւնն ու ժողովուրդին ծառայելու նուիրական աշխատանքը:

Այնուհետեւ վեհափառը լանջախաչով մը պարգեւատրեց Տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանը:

Հաւատացեալ ժողովուրդը ցնծութեամբ հետեւեցաւ արարողութեան, որ իր աւարտին հասաւ Ալեմշահ երգչախումբին «Պահպանիչ»-ով եւ Տէրունական աղօթքով:

Պատմական այցելութիւն Հայ աւետարանական
Բեթէլ եկեղեցի

petel2_10717

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին կաթողիկոսը  այցելեց Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն ժողովուրդին հետ: Ան  եկեղեցւոյ շրջափակ մտաւ ՀՄՄ-ի փողերախումբին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագակցութեամբ:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը ծաղկեպսակ զետեղեց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ու մուտք գործեց եկեղեցի:

Ընդունելութեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ նախ Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ երգչախումբը, ապա Արամ Խաչատուրեան մեներգեց «Կիլիկիա» երգը, իսկ երաժշտական զանազան ստեղծագործութիւններով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ լարային քառեակը:

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետը բարի գալուստի իր խօսքով Հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ յարակից կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու անունով ջերմապէս ողջունեց վեհափառը: Վերապատուելին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան կրած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ տեղացի իսլամ ժողովուրդը եւս անմասն չմնաց այլազան դժուարութիւններէ:

Վերապատուելին իր խօսքի աւարտին մատնանշեց, որ պատերազմի ճգնաժամային տարիները յաղթահարեցինք միասնականութեամբ ու համագործակցութեամբ: Ապա ան խորհրդանշական յուշանուէրով մը պատուեց վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելով հաւատացեալ բազմութեան, լուսարձակի տակ առաւ հալէպահայութեան հաւատքի զօրութիւնն ու կամքը, որոնք խթան հանդիսացան պատնէշի վրայ մնալու եւ վերականգնումի տեսիլքով գօտեպնդուելու: Այս իմաստով կաթողիկոսը բարձրօրէն գնահատեց հալէպահայ երեք համայնքապետներու ժրաջան աշխատանքը Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինին մէջ: Ապա վեհափառ հայրապետը վերապատուելին պարգեւատրեց ոսկեզօծ խաչով, որպէս գնահատանք տառապեալ մեր ժողովուրդին ծառայելու անոր նուիրումին:

Ընդունելութիւնը իր աւարտին հասաւ վեհափառ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>