Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հինգ Տարուան Տարագրութենէն Ետք, Ճեմարանականները Այցելեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան

$
0
0

jemaran15_123116

2012-ին, Հալէպի պատերազմական վիճակի վատթարացումով, Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի թաղամասը շարունակական հրթիռակոծումներու թիրախ դարձաւ:

Ճեմարանականները ստիպուած հեռացան իրենց վարժարանէն եւ ուսումնական իրենց կեանքը շարունակեցին համեմատաբար աւելի ապահով շրջանի` Սուլէյմանիէի մէջ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ:

Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատումով Ճեմարանի թաղամասը ապահով դարձաւ, եւ 5 տարի շարունակ Ճեմարանի կարօտով ապրող ճեմարանականները 31 դեկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. հաղորդութիւն ստանալէ ետք, այցելեցին Ճեմարան:

jemaran1_123116

Անոնք մաքրեցին պատերազմին թողած հետքերը, բարեկարգեցին իրենց ամրոցը ու կարօտակէզ իրենց հոգիները մխիթարուեցան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան վերադառնալու ուրախութեամբ:

Աշակերտութեան ընկերակցեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Ազգ. վարչութեան անդամները, Ճեմարանի Խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչ-դաստիարակները:

jemaran11_123116

Հինգ տարուան տարագրութենէն ետք, ճեմարանականները ցնծութեամբ շրջեցան իրենց վարժարանին մէջ, այցելեցին դասարանները ու մաքրեցին շրջափակը` մասնակցելու հայակերտ այս ամրոցի բարեկարգման աշխատանքներուն: Կարգ մը սերունդներ երկրորդականի իրենց ուսման անցնող հինգ տարիներու ընթացքին հնարաւորութիւն չէին ունեցած յաճախելու Ճեմարան: Անոնց երազը իրականութիւն դարձաւ:

Աշակերտները այցելեցին իրենց երկրորդ տունը` պատերազմի մրրիկներուն դէմ կանգուն մնացած Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան` ուսումնական յառաջիկայ կիսամեակը Ճեմարանի երդիքին տակ շարունակելու յոյսով:

jemaran4_123116

jemaran2_123116

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>