Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Գամիշլիահայութիւնը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 126-Ամեակը

$
0
0

kamishli-126-9

«Յաւերժական երթ` նորանոր յաղթանակներ նուաճելու հեռանկարով» կարգախօսով շաբաթ, 24 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 126-ամեակի տօնակատարութինը, ներկայութեամբ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի, պատկան մարմինին, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:

Հանդիսավարներ` բժշկհ. Մարի Մելքոնեան եւ Յակոբ Մանուկեան ձեռնարկին բացումը յայտարարեցին` ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն: Ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց եւ օրուան խորհուրդը ներկայացուց Խաչիկ Մելքոնեան:

Ան նախ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն, ապա լուսարձակի տակ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդի դրդապատճառները` ըսելով. «Հայ ժողովուրդը իր կորսուած իրաւունքներուն վերատիրանալու յոյսով, իր վիրաւորուած արժանապատուութիւնը դարմանելու հաւատքով փարեցաւ այն մարգարէաշունչ ձայնին…իր արիւնը…զաւակը նուիրելով առաքելութեան մը, որ աւելի քան մէկ դար ու քառորդ կը շարունակուի հայ ժողովուրդին հետ եւ հայ ժողովուրդին համար®»:

Անդրադառնալով Արցախի ազատագրական պայքարին ան շեշտեց. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը արցախեան ազատագրական պայքարի ճանապարհին իր կամաւոր ջոկատներով առաջատար դիրքերու վրայ կանգնեցաւ, ու այդ պայքարի արդիւնքն է արդէն 25-ամեայ Արցախի անկախ հանրապետութեան գոյութիւնը»:

Մելքոնեան, լուսարձակի տակ առնելով Սուրիոյ վեցամեայ տագնապալի տարիները, ըսաւ. «Դիմագրաւեցինք եւ կը շարունակենք դիմագրաւել զանազան տեսակի մարտահրաւէրներ, կրցանք կանգուն պահել մեր կրօնական, կրթական եւ ազգային բոլոր կառոյցները, միաժամանակ ի կատար ածելով սուրիական հայրենիքին նկատմամբ մեր քաղաքացիական բոլոր պարտաւորութիւնները»:

Իր խօսքի աւարտին ան ողջունեց ՀՅԴ 126-ամեակը, մեր զոյգ հայրենիքները` Սուրիան ու Հայաստանը եւ վերջապէս համայն հայութիւնը:

Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Դարբինեան, որ կեդրոնացաւ Դաշնակցութեան վսեմ գաղափարախօսութեան վրայ` նշելով, որ ան ըլլալով ծառայութեան եւ նուիրումի կուսակցութիւն, միշտ պատնէշի վրայ կանգնեցաւ եւ պատրաստ եղաւ ամէն տեսակի զոհողութեան` յանուն ազգին ու հայրենիքին: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ բանակին արձանագրած վերջին նուաճումներուն, շեշտելով սուրիահայութեան պատուաբեր նուիրումն ու հաւատարիմ կեցուածքը հանդէպ իր երկրորդ հայրենիքին:

Գեղարուեստական յայտագիրով ՍԵՄ-ականներ` Անդրանիկ Արսէնեան, Սէրլի Մելքոնեան եւ Ժիրայր Յովհաննէսեան տպաւորիչ ներկայացումով եւ իւրայատուկ առոգանութեամբ ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Գովք Դաշնակցութեան» քերթուածը: Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Գամիշլիի երաժշտական խումբը` մեկնաբանելով յեղափոխական եւ ազգային երգերու փունջ մը, մենակատարութեամբ` Ատուր Ադամեանի, Սէրլի Սիմոնեանի եւ Շիրակ Օհանեանի, նուագակցութեամբ` Նուպար Մելքոնեանի, Յարութ Մատարճեանի, Էլի Համուիի եւ Քրիստափոր Միքայէլեանի:

Ապա երէց ազգային Գրիգոր Թովմասեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` լուսարձակի տակ առնելով Դաշնակցութեան յաւերժական երթին ու յաղթանակին հիմքը:

Այնուհետեւ բժիշկ Սերոբ Բագրատեան ասմունքեց բժիշկ Ղազար Պօղոսեանի «Ձօն Դաշնակցութեան» քերթուածը:

kamishli-126-8

Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակի հատում, որուն ընթացքին աւանդոյթ դարձած է նշել նախորդ տարուան ընթացքին մեզմէ առյաւէտ հեռացած ընկերներուն յիշատակը: Կարկանդակի հատումին երկու հոգեւոր հայրերուն եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչին ընկերակցեցաւ 2016-ին մահացած Մովսէս Դարբինեանի որդին` բժիշկ Ղուկաս Դարբինեան:

Հուսկ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան իր հայրական խօսքը արտասանեց` բոլորին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, բարձր գնահատելով հանդիսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:

Նշենք, որ ներկաներուն բաժնուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յատուկ երգարաններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>