Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ` Ս. Ծննդեան Պատարագը

$
0
0

christmasbzommar_122516

Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը սիրոյ ծնունդն է, փրկութեան ծնունդն է, եւ ի վերջոյ անիկա այն բոլորին ծնունդն է, որ կ՛ազատագրէ մարդս սատանայի ստրկական կապանքներէն եւ հաշտութեան հող կը պատրաստէ մարդուն եւ Արարիչին միջեւ` զայն ուղղելու դէպի աստուածային փրկարար շնորհ:

Քրիստոսի ծնունդով մարդը վերստին ծնաւ եւ անոր առջեւ ադամական մեղքին իբրեւ հետեւանք փակուած դրախտի դռները կրկին անգամ բացուեցան:

25 դեկտեմբերին Տիրամայր Զմմառու վանքը մեծ շուքով կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնը:

christmasbzommar1_122516

Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30-ին մայրավանքի վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց վանքին մեծաւոր հայր` Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան:

Խորանին սպասաւորութիւնը կատարեցին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները:

Հանդիսաւոր արարողութեան քարոզին մէջ Մեծաւոր հայրը ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազննին ձեւով ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդը եւ այսօրուան համայն մարդկութեան ուղղուած պատգամը` որպէս սիրոյ եւ համերաշխութեան կոչ:

Յաւարտ Ս. պատարագին հաւատացեալները մեծաւոր հօր եւ ժառանգաւորներուն ուղեկցութեամբ յառաջացան դէպի մայրավանքի դահլիճը. նախ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն. ապա մեծաւոր հայրը, վանքի վարչութեան հետ, ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս

Զմմառեան ուխտէն ժառանգաւոր`
ԿԱՐՕ ՔԼԸՆՃԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>