Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով:
«Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթը` իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներով: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ Հելվաճեան բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին հայկական մամուլը գովասանքով մօտեցաւ թատերական այս երեւոյթին` վեր առնելով Հելվաճեանի խիզախ եւ նուիրեալ, լուրջ մօտեցումը թատրոնին հանդէպ:
Երթը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հելվաճեան 40 տարուան մէջ լիբանանահայ հանրութեան եւ դպրոցներու աշակերտութեան հրամցուց հայկական ընտիր նիւթեր եւ հեքիաթներ: Հելվաճեանի բեմադրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունեցան հայկական նիւթերը: Հելվաճեան Պարոնեանի գրեթէ բոլոր թատերախաղերը բեմադրած է. «Արեւելեան ատամնաբուժը», «Շողոքորթը», «Ալաֆրանկան», «Երկու տիրոջ մէկ ծառայ», «Քաղաքավարութեան վնասները», «Սիրոյ միջնորդները»: Հելվաճեան Երուանդ Օտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն բեմադրած է հետեւեալ թատերախաղերը` «Թաղականին կնիկը» եւ «Թատրոն կամ թշուառներ»:
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով ան բեմադրած է «Գիգորը»: Յաջորդաբար հայկական դպրոցներու բեմերուն վրայ բեմադրած է «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Մի կաթիլ մեղր»-ը: Հելվաճեան նաեւ բեմադրած է իր հեղինակած 17 թատերախաղերը, Սեդրակ Էսմէրեանի հեղինակութեամբ երեք թատերախաղ, հայրենի հեքիաթագիր` Մուշեղ Յակոբեանէն մէկ հեքիաթ`«Ոսկի խրատը»: Գաղութի հայ աշակերտութիւնը վայելած է Հելվաճեանի այս բեմադրութիւնը:
Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբին 15-ամեակը յիշատակած է, բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի` 1993-ին Հելվաճեան «Օթելլօ»-ն բեմադրած է նաեւ արաբերէնով: 1989-ին Հելվաճեան բացառիկ բեմադրութեամբ եւ խաղարկութեամբ բեմադրած է Մոլիէրի «Ագահը», այնքան յաջող, որ բեմադրութիւնը մնացած է բեմին վրայ երեք ամիս: Հելվաճեան իր «Ագահը» 42 ելոյթներով ներկայացուցած է: Մոլիէրէն բեմադրած է նաեւ «Լէօ Պարպուլիէն»:
Մուշեղ Իշխանի մահուան 20-ամեակին առիթով Հելվաճեան բեմադրած է «Կիլիկիոյ արքան», իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով բեմ բարձրացուց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը:
Իսկ այս տարի ան իր թատերական 40-ամեակը կը տօնակատարէ դարձեալ բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ն:
Բարի երթ Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան: Վարձքը կատար հայ դերասանին, քանզի մշակը արժանի է իր վարձքին:
«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ