Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գործազրկութիւն, Ձրի Ճաշ Թշուառին, Մայթին Վրայ Գիշերող Եւ Միլիոն Եւրոյով Աշխատավարձեր

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Միշտ խորհած եմ, որ եթէ ամէն երկրի մէջ ֆրանսական «Քանար Անշենէ»-ի նման թերթ մը ըլլար, եթէ սխալներ եւ անարդարութիւններ չվերանային անգամ, ոչ ոք իրաւունք կ’ունենար ըսելու, որ տեղեակ չէր:

«Քանար Անշենէ»-էն ճշմարտասաց երգիծաթերթ է` իր հաղորդած լուրերով եւ երգիծանկարներով: Ինչ որ պիտի չիմանաք կողմնապաշտ, դրամատէրերու պատկանող եւ պաշտօնական համարուող լրատուամիջոցներէն, «Քանար Անշենէ»-ի էջերուն վրայ կրնաք գտնել:

16 նոյեմբեր 2016-ի համարով, ոչ գաղտնի տեղեկութիւն մը հաղորդած էր «Քանար Անշենէ»-ն, որ ընթերցողին գլխու պտոյտ կը պատճառէ: Սակարանային լուրերուն կը հետեւին դրամատէրեր եւ գործատէրեր, մասնաւորաբար այն լուրերուն, որոնք կը վերաբերին CAC 40-ին: Այդ անուան տակ կը գտնուին հարիւր մեծագոյն ընկերութիւններէն 40-ը, որոնց շահ-վնասի յաւելումը կամ նուազումը կ’ազդէ միջազգային շուկային վրայ:

Թերթը իր առաջին էջով կը գրէ, թէ CAC 40-ի մեծ տնօրէններու «աշխատավարձեր»-ը արտակարգ կերպով աճած են 18 տոկոսով: Կը հաղորդուի, որ այդ մեծ տնօրէններու աշխատավարձի միջինը 4.96 միլիոն եւրօ եղած է: Տասը տարի առաջ այդ միջինը եղած է 5.7 միլիոն եւրօ: Վերջին տագնապներու հանդարտեցումէն ետք այդ աշխատավարձերը կրկին սկսած են բարձրանալ, կը գրէ թերթը:

Այդ մեծ տնօրէններէն մին, «Ռընօ» եւ «Նիսան»  ինքնաշարժներու ընկերութեան տնօրէնն է, 2015-ին ստացած է 15.6 միլիոն եւրօ, ինչպէս` ուրիշ չորս մեծ տնօրէններ, որոնք ստացած են իւրաքանչիւրը 10 միլիոն եւրոյէ աւելի: Այդ ընկերութիւններուն մէջ հազարաւորներ կ’աշխատին` երբեմն նուազագոյն աշխատավարձով եւ անոնց աշխատավարձը աւելցած է 2,2 տոկոսով:

Ընդունելով հանդերձ, որ այդ մեծ տնօրէնները հասարակ մահկանացուներէն աւելի կարողութիւններ ունին, բայց հարց է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է անոնց իւրաքանչիւրի աշխատանքային արժէքը քանի մը հարիւր անգամ աւելի գնահատել բանուորի ներդրումէն, միաժամանակ մտածելով, որ մեծ տնօրէնը հոն է, քանի որ կան միւս աշխատաւորները, որոնք կը ստեղծեն յաւելեալ արժէքը:

Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան մասին, երբ աշխատավարձերու բաղդատութիւնը կ’ընենք, որ 800 անգամ է, կամ 300, մեծ տնօրէնին եւ բանուորին: Որքա՜ն լաւ պիտի լուսաբանուէին ժողովուրդները, եթէ նման հրապարակումներ կատարուէին բոլոր երկիրներուն մէջ` Ափրիկէ, Ասիա, Ամերիկաներ, Հնդկաստան, Չինաստան, արաբական երկիրներ, Ռուսիա եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններ, որոնց շարքին` Հայաստան:

Նաեւ` աւելի փոքրածաւալ հաստատութիւններու պարագային, որոնք մեր աչքին առջեւ կը գտնուին:

Նման հրապարակումէ ետք աւելի դիւրին կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ թշուառութիւն կայ մոլորակի վրայ, նաեւ` զարգացած համարուող երկիրներու մէջ, ինչո՞ւ ոմանք ըմպելի ջուր չունին, ինչո՞ւ մանուկներ կ’աշխատին քարահանքերու մէջ:

Բնապահպանութեան համար շռնդալից ժողովներ կը գումարուին, մարդիկ օր մը կը հաւաքուին Քիոթօ, ուրիշ օր մը` Քանքուն, Պերլին, Փարիզ, Մարաքեշ…

Եւ աշխարհի ժողովուրդները կը զբաղին եւ կը զուարճանան ընտրութիւններով, յաղթանակի գինովութեամբ եւ պարտութեան մաղձերով, փոխանակ հարցնելու եւ մտահոգուելու ընտրութեան մը համար լուցկիի պէս վառած միլիոններով, որպէսզի ժողովրդավարութիւն խաղցուի:

Թաղի վարժապետը կամ համալսարանի դասախօսը կրնա՞ն յանուն ժողովրդավարութեան եւ միլիոններ արժող ընտրական թատրոնի բեմը բարձրանալ:

Այդ գումարներով դպրոցներ կրնան կառուցուիլ, աներդիքներուն բնակարան, թշուառներուն աշխատանք եւ սնունդ կարելի է հայթայթել:

Առանց այս կամ այն կուսակցութեան տեսութիւններուն հետեւելու կամ քննադատելու, առանց իզմ-ի եւ իստ-ի աղմկարարութեան` ժողովուրդի քուէներուն ետեւէն վազողներուն պէտք է պարզապէս հարցնել, թէ տարրական մարդկային բարոյականութիւնը կրնա՞յ ընդունիլ, որ մէկ հոգի միլիոններով վարձատրուի, ստանայ քանի մը հարիւր անգամ աւելի աշխատավարձ, քան բանուորը: Ընտրուողը եւ չընտրուողը այսքան մեծ խայտառակութիւն մը սրբագրելու մասին չեն խօսիր:

Ճիշդ է, որ աշխատանքը պէտք է վարձատրել, կարողութիւնները պէտք է գնահատել, բայց վարձատրութիւն եւ գնահատանք երբ կը մոռնան Մարդը, գլխագրուած, ի՞նչ իմաստ կ’ունենայ ըսել, թէ մարդիկ հաւասար են օրէնքին առջեւ, երբ անհաւասարութիւնները յիշուած համեմատութիւններու կը հասնին: Այդ համեմատութիւնները ոչ թէ բնութեան ստեղծած անհաւասարութիւններով կը բացատրուին եւ կ’արդարանան, այլ` ընչաքաղցութեան ստեղծած անբարոյութեամբ:

Մէկ եւ ութ հարիւրի համեմատութիւնը մեր յառաջադէմ եւ տեսութիւններով յղփացող ընկերութիւններու անբարոյութիւնն է:

Կրկին յիշենք եւ յիշեցնենք Պիոս ԺԱ. սրբազան քահանայապետին խօսքը` «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» դէմ: Այդ կայսերապաշտութիւնն է, որ ծնունդ կու տայ պատերազմներու, անարդարութիւններու, չարաշահումներու, թշուառութեան, անհաւասարութիւններու, գողութեան եւ ոճիրներու:

Գրող մը կ’ըսէր (Անտրէ Ժիտ), որ` «այս երկրին մեծագոյն կարիքը վստահութիւնն է եւ սէրը:

Կարդալէ ետք վարձատրութիւններու այս բաղդատութիւնները, նաեւ` նուազ գայթակղեցնողները, կրնանք հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ վստահութեան եւ սիրոյ, որոնք կը ծաղկին ճառերու մէջ:

Հարցում էր: Մեծ եւ պզտիկ տնօրէններու: Մօտ եւ հեռու: Աստ եւ անդ:

Սրբազան քահանայապետը եւ գրողը կ’ըսեն: Այդ խօսքերը կ’ըլլան փուչիկ, երբ ականջները խցուած են: Ո՞վ է մեղաւոր խցուած ականջներու համար…

Մեղաւորը` ճիշդի եւ սխալի իրաւարարութիւն ինքնաշնորհած «էսթեպլիշմընթ»-ը… եւ անոր հանդիպելու համար հեռու պէտք չէ երթալ:

19 նոյեմբեր 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles