Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Գուսան» Երգչախումբը Մուսա Լեռ Այնճարի Մէջ

$
0
0

img_4526

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ համերգ մը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Այս համերգով արդէն իր տարեկան աւանդութիւնը կը շարունակէր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` այցելելով փոքր Հայաստան` Այնճար:

Ներկայ էին Այնճարի տարբեր մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետը, «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ,  եկեղեցականներ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ գիւղի բնակիչներ, որոնք միշտ սէր տածած են հայ երգին եւ մշակոյթին նկատմամբ: Հիւրաբար ներկայ էր Պսակ աբղ. Թեփիրճեանը: Բացման խօսքով գիւղի հոգեւոր հովիւը` Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը ներկաները հրաւիրեց լսելու հայ խմբերգներու գողտրիկ փունջ մը: Համերգը սկսաւ հայ հոգեւոր խմբերգներով, Կոմիտաս վարդապետի եւ Մ. Եկմալեանի պատարագներէն հատուածներ, որոնց ընթացքին մեներգեցին`  Շողիկ Թորոսեան, Աւետիս Ագրապեան,  Համազասպ Մաթոյեան եւ Յարութիւն Գալօղլեան: Երգչախումբը այս հոգեւոր երաժշտական բաժինը նուիրեց գիւղի նախկին հոգեւոր հօր` Աշոտ Ա. քհն. Գարագաշեանին` անոր երկար տարիներու ծառայութեան համար: Հոգեւոր երգերուն յաջորդեցին հայրենասիրական, պարերգային եւ թատերական խմբերգներու կատարումներ: Երգչախումբը երգեց ժողովուրդին սրտին խօսող Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն հատուածներ` կատարողութեամբ` Մարալ Շաննագեանի, Սիրան Արծրունիի, Շողիկ Տիլիկոսեանի, Քարեն Անդրանիկեանի, իսկ Անուշի դերով ներկայացաւ Շողիկ Թորոսեանը: Անոր յաջորդեց Եկմալեանի «Զարթի՛ր, որդեա՛կ»-ը, Բ. Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ»-ը, Կոմիտասի աշխատանքային երգերէն` «Գութաներգ»-ը, պարերգերէն` «Վարդ ա եար», «Երեւան բաղ եմ արել», «Արեւը կայնէ կէսօր», Մարտին Մազմանեանի «Կարմիր վարդ»-ը եւ «Չաղջի»-ն, Գրիգոր Սիւնիի «Այ եայլի»-ն: Երգչախումբը աւարտեց մուսալեռցիներու հանրածանօթ պարերգով «Հելէ-հելէ»-ն` Բ. Կանաչեանի մշակումով, մեներգեց Կարօ Քելեշեանը: Խմբերգներու բացատրութիւնները ներկայացուեցան արդի աշխարհաբարով եւ Մուսալեռի «քիսթինըք»-ով (բարբառ), որով շատ ազդեց ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ իր բարբառով կը լսէ երգերուն մանրամասնութիւնները: Բացատրութիւնը ներկայացուցին Ճորճ Նաճարեանը եւ Կարէն Եօսուլքանեանը:

Երգահանդէսի աւարտին խօսք առաւ Պսակ աբղ. Թեփիրճեանը եւ ըսաւ, որ  «Գուսան» երգչախումբը երաժշտութիւնն ու հայ խմբերգը  տարածելու  առաքելութիւնը իր ուսերուն առած է  եւ այդ կը կատարէ բծախնդրութեամբ եւ բարձր մակարդակով: Ան շարունակեց` ըսելով, որ  Այնճարի համերգը կը հանդիսանայ լաւագոյն նմուշը այս բարձրորակ աշխատանքին: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ յատկապէս յիշեց շղթայական կապին մասին` մեր եւ մեր նախնիներուն հետ, որով  համերգի կատարումով ուրախութիւն տիրեց  Մուսալերան հերոսամարտի 18  նահատակներուն հոգիներուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գուսան» երգչախումբին, որ իր երկար տարիներու ծառայութեան նուիրած էր  հոգեւոր բաժինը:

Միւռոն քհն. Աւետիսեանը «Գուսան» երգչախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, եկեղեցւոյ թաղականութեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Տիկնանց միութեան,  որոնք աշխատեցան ելոյթի յաջողութեան:

Հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ համերգը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>