![isis-turkey_121515]()
Ներածական
Արդեօք Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի գործակի՞ցն է: Ենթադրութիւնները կը տարուբերին` ռազմական համագործակցութենէ մինչեւ զէնքի փոխադրում, մինչեւ պարէնաւորում, ֆինանսաւորում եւ բժշկական օժանդակութիւն: Նաեւ ենթադրուած է այն, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի` Արաբ Բունարի դէմ յարձակումին աչք խփեց:
Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու վճռականապէս կը հերքեն ՏԱՀԵՇ-ի հետ մեղսակցութիւնը: Էրտողան Արտաքին գործերու խորհուրդ այցելեց 22 սեպտեմբեր 2014-ին: Ան քննադատեց «զրպարտիչ արշաւները եւ մեզի նկատմամբ ընկալումը խեղաթիւրելու փորձերը»: Էրտողան վատաբանեց «Թուրքիոյ միջազգային համբաւին դէմ կանոնաւոր յարձակումը», դժգոհելով, թէ` «Թուրքիոյ մասին թիւր եւ անիրաւ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին լրատուական միջոցներու կողմէ»: Էրտողան թելադրեց. «Կ՛առաջարկեմ Ամերիկայի մեր ընկերներուն` Թուրքիոյ ձեր տուած գնահատականը թող ըլլայ առարկայական աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած»:
Քոլումպիայի համալսարանի խաղաղութիւն կերտելու եւ իրաւանց ծրագիրը Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Թուրքիայէն հետազօտողներու խումբ մը կազմեց` քննելու համար Թուրքիոյ եւ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ եւ Թուրքիոյ մասին շրջանառուող պնդումներուն հաւաստիութիւնը արժեւորելու համար: Այս տեղեկագրութիւնը յղում կը կատարէ շարք մը միջազգային լրատուական աղբիւրներու` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ», «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ», «Տը Կարտիըն», «Տը Տէյլի Մէյլ», «Պի. Պի. Սի.», «Սքայ Նիուզ», ինչպէս նաեւ թրքական աղբիւրներու` «Սի. Էն. Էն. Թուրք», «Հիւրրիյէթ», «Թարաֆ», «Ճիւմհիրիէթ» եւ «Ռատիքալ»:
Վկայութիւնները (Պնդումները)
Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ին զինամթերք կը հայթայթէ
– 12 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի հրամանատարներէն մէկը «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին ըսաւ. «Զինեալներուն մեծ մասը, որ մեզի միացած էր պատերազմի սկիզբը, եկած էր Թուրքիոյ տարածքով, այդ նոյն ճանապարհով կու գային նաեւ սարքերն ու զինամթերքը»:
– Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն 14 հոկտեմբեր 2014-ին Ատանայի դատախազութենէն ձեռք ձգեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտէին, որ Թուրքիան զէնք մատակարարած է ահաբեկչական խումբերուն: Ան նաեւ ներկայացուց հարցազրոյցներու արձանագրութիւնները` բեռնատարներու վարորդներու հետ, որոնք զէնք հասցուցած էին ահաբեկիչներուն: Համաձայն Քըլըճտարօղլուի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ բեռնատարները թիւրքմէններուն ուղղուած մարդասիրական օժանդակութիւն էին: Սակայն թիւրքմէնները յայտնեցին, թէ ոչ մէկ մարդասիրական օգնութիւն հասած է:
– Ըստ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Պիւլենթ Թեզճանի, 19 յունուար 2014-ին թուրք գործակալները հրթիռներով, զէնք ու զինամթերքով բեռնաւորուած երեք բեռնատար հասցուցած էին ՏԱՀԵՇ-ին, Սուրիոյ մէջ: Վարորդները բեռնատարները քշեցին մինչեւ սահման, ուր Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի գործակալ մը պէտք էր ստանձնէր գործը եւ բեռնատարները Սուրիա տանէր` ՏԱՀԵՇ-ին եւ միւս խմբակներուն առաքելու: Ասիկա բազմաթիւ անգամներ պատահեցաւ: Երբ բեռնատարները կասեցուած էին, ՄԻԹ-ի գործակալները փորձեցին խուզարկողները սնտուկներէն հեռու պահել: Խուզարկողները հրթիռներ, գնդացիրներ եւ փամփուշտներ գտան:
– «Ճումհիւրիյէթ» թերթը մէջբերած է Ֆուաթ Աւնին` յայտարարելով, որ Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները ձայնագրութիւններ ունէին, որոնք կը հաստատէին, որ Թուրքիան նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Քայիտայի հետ կապուած ահաբեկչական խումբերուն, 12 հոկտեմբեր 2014-ին: Ձայնագրութիւններուն մէջ Էրտողան ճնշած է Թուրքիոյ զինուած ուժերը, որպէսզի պատերազմի երթան Սուրիոյ դէմ: Էրտողան պահանջած է, որ Հաքան Ֆիտան` ՄԻԹ-ի գլխաւոր պետը, պատճառաբանութիւն մը գտնէ Սուրիոյ վրայ յարձակելու համար: Հաքան Ֆիտան վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին, Եաշար Կիւլերին` ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատարին, եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին ըսած է. «Եթէ պէտք է, չորս հոգի կ՛ուղարկեմ Սուրիա: Կը ստեղծեմ պատճառաբանութիւն մը պատերազմի երթալու համար` Թուրքիոյ վրայ ութ հրթիռներ արձակել տալով: Անոնց յարձակիլ կու տամ Սիւլէյման շահի գերեզմանին վրայ»:
– 27 սեպտեմբեր 2014-ին հրապարակուած փաստաթուղթերէն պարզուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պանտար պըն Սուլթանը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է ՏԱՀԵՇ-ի համար զէնքի տեղափոխման` Թուրքիոյ տարածքով: Գերմանիայէն մեկնած թռիչք մը Թուրքիոյ Էթիմեսկիւթ օդակայան հասցուցած է զինամթերք, որ երեք բեռնարկղներու մէջ բաշխուած է. երկուքը ՏԱՀԵՇ-ին տրուած են, մէկը Կազա ուղարկուած է:
Թուրքիա Նիւթական Եւ Փոխադրական
Օժանդակութիւն Ցուցաբերած Է
ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն
– Ըստ «Ռատիքալ» թերթի 13 յունիս 2014-ի յօդուածին, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամար Կիւլեր հրապարակած է հետեւեալ հրահանգը. «Հաթայը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայր է մուժահետներու համար, որոնք հատելով մեր սահմանը` կ՛անցնին Սուրիա: Կ’աւելացուի նիւթական եւ արհեստագիտական աջակցութիւնը իսլամական խմբաւորումներուն, իսկ անոնց մարզումը, հիւանդանոցային խնամքը ու անվտանգ անցումը յատկապէս տեղի կ’ունենայ Հաթայի մէջ»: ՄԻԹ-ը եւ Կրօնական հարցերու տեսչութիւնը պիտի համադրեն զինեալներուն տեղաւորումը ժողովրդային բնակարաններու մէջ»:
– «Տէյլի Մէյլ»-ը 25 օգոստոս 2014-ին հաղորդած է, որ բազմաթիւ օտար զինեալներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացած էին ՏԱՀԵՇ-ին` անցնելով Թուրքիոյ տարածքէն: Թուրքիան չփորձեց անոնց արգելք ըլլալ: Այս յօդուածը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս օտար զինեալներ, յատկապէս` Միացեալ Թագաւորութենէն, Սուրիա եւ Իրաք կը մեկնին` Թուրքիոյ սահմանը հատելով: «Դէպի ժիհատ տանող դուռ» կը կոչեն այս սահմանը: Կա՛մ թուրք զինուորները աչք կը խփեն եւ կը ձգեն, որ զինեալները անցնին եւ կա՛մ ժիհատականները կը վճարեն սահմանապահներուն 10 տոլարի չափ փոքր գումար մը, որպէսզի դիւրացուի անոնց անցումը:
– Բրիտանական «Սքայ Նիւզ»-ը ձեռք բերաւ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կնքած է օտարերկրեայ զինեալներու անցագիրները, որոնք կը փափաքէին թրքական սահմանով անցնիլ Սուրիա` միանալու ՏԱՀԵՇ-ին:
– «Պի.Պի.Սի.»-ն հարցազրոյց կատարած է գիւղացիներու հետ, որոնց վկայութեամբ, հանրակառքերը գիշերով կը մեկնին եւ կը փոխադրեն ժիհատականներ` ոչ թէ սուրիական զինեալ ուժերուն դէմ կռուելու, այլ` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն դէմ:
– 9 հոկտեմբեր 2014-ին Եգիպտոսի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին փոխանցած է արբանեակային պատկերներ եւ այլ տուեալներ:
Թուրքիան Կը Մարզէ
ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները
– 29 յուլիս 2014-ին «Սի. Էն. Էն. Թուրք»-ը հաղորդեց, որ Պոլսոյ սրտին մէջ գտնուող Տուզչէ եւ Ատապազարի բնակավայրերը դարձած են ահաբեկիչներու հաւաքավայր: Որոշ կրօնական միութիւններու մօտ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ կը մարզուին: Այս մարզումներէն տեսահոլովակներ տեղադրուած են ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութիւն կատարող թրքական www.takvahaber.net կայքին մէջ: «Սի.Էն.Էն. Թուրք»-ին համաձայն, թրքական ապահովական ուժերը կրնային վերջ դնել այս անցուդարձերուն, եթէ կամենային:
– 28 յուլիս 2014-ին Պոլսոյ մէջ տեսագրուած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ մասնաճիւղին անդամակցած թուրքերու հանրային հաւաքոյթ մը:
– Տեսահոլովակներէն մէկուն մէջ ցուցադրած էին ՏԱՀԵՇ-ի մասնաճիւղին կատարած աղօթք-հաւաքը Պոլսոյ Օմերլի թաղամասին մէջ: Ի պատասխան այս տեսահոլովակին` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Թանրիքուլու խորհրդարանին մէջ հարցուց ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալային. «Ճի՞շդ է, որ Պոլսոյ մէջ բանակավայր մը կամ բանակավայրեր յատկացուած են ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող խմբակի մը: Ի՞նչ է այս խմբակը, որոնցմէ՞ բաղկացած է: Ճի՞շդ է այն տարաձայնութիւնը, թէ բանակավայրին (ճամբարին) յատկացուած նոյն վայրը բանակին կողմէ զինավարժութիւններու համար կ՛օգտագործուի»:
– Քեմալ Քըլըճտարօղլու 14 հոկտեմբեր 2014-ին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը զգուշացուցած էր, որ դրամով եւ մարզումով չօժանդակէ ահաբեկչական խմբակներուն: Ան ըսած է. «Ճիշդ չէ Թուրքիոյ հողերուն վրայ զինուած խմբակներ մարզելը: Դուրսէն կռուողներ Թուրքիա կը բերէք, անոնց գրպանները դրամ կը լեցնէք, ձեռքերնին զէնք կու տաք եւ անոնցմէ կը խնդրէք Սուրիոյ մէջ իսլամներ սպաննել: Անոնց ըսինք, որ դադրեցնեն ՏԱՀԵՇ-ի օգնութիւնը: Ահմեթ Տաւութօղլուն մեր պնդումները ապացուցող փաստեր ուզեց մեզմէ: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ին կ՛օգնեն»:
– Ըստ Յորդանանի հետախուզութեան, Թուրքիան կը մարզէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները յատուկ գործողութիւններու համար:
Թուրքիան Բժշկական Օժանդակութիւն
Կը Տրամադրէ ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն
– 12 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի հրամանատարներէն մէկը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Սովորաբար որոշ զինեալներ, նոյնիսկ` ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն բարձրաստիճան անդամները, բուժում կը ստանան Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ»:
– 12 հոկտեմբեր 2014-ին «Թարաֆ» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) հիմնադիր Տենկիր Միր Մեհմեթ Ֆիրաթը հրապարակեց, որ Թուրքիան աջակցած է ահաբեկչական խումբերուն եւ կը շարունակէ աջակցիլ ու բուժել զանոնք իր հիւանդանոցներուն մէջ: «Ռոճաւայի (սուրիական Քիւրտիստանի) նուաճումները կասեցնելու համար կառավարութիւնը ծայրայեղական կրօնամոլ խմբակներու թոյլտուութիւն եւ զէնք տուած է: Կառավարութիւնը վիրաւորներուն ձեռք կ՛երկարէր: Առողջապահութեան նախարարը այնպէս մը ըսաւ, թէ մարդկային պարտաւորութիւն է ՏԱՀԵՇ-ի վիրաւորներուն խնամք տանիլը»:
– Համաձայն «Թարաֆ»-ի, Ահմեթ Հ.` ՏԱՀԵՇ-ի բարձրաստիճան պետերէն մէկը եւ միաժամանակ Պաղտատիի աջ բազուկը, Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) աւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ բուժուած էր ուրիշ ՏԱՀԵՇ-ականներու հետ: Թրքական պետութիւնը վճարած է անոնց բուժման համար: Ըստ «Թարաֆ»-ի աղբիւրներուն, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ամբողջ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ տարածքին գործող հիւանդանոցներուն մէջ կը բժշկուին: Հետզհետէ աւելի մեծաթիւ զինեալներ եկած են բուժուելու, օգոստոսի օդային հարուածներու սկիզբէն ի վեր: Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` ութ ՏԱՀԵՇ-ականներ Շանլըուրֆայի սահմանէն փոխադրուած են. անոնց անուններն են` Մուսթաֆա Ա., Եուսուֆ Ռ., Մուսթաֆա Հ., Հալիլ Մ., Մոհամետ Հ., Ահմետ Ս., Հասան Հ. եւ Սալիմ Տ.:
Թուրքիան Նիւթապէս Աջակցած Է
ՏԱՀԵՇ-ին` Քարիւղ Գնելու Միջոցով
– 13 սեպտեմբեր 2014-ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հաղորդեց, որ Օպամայի վարչամեքենան ջանքեր ի գործ դրած է ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ` վերացնելու ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քարիւղի վաճառքի լայնածաւալ ցանցը: «Հերիթըճ Ֆաունտէյշըն»-ի երէց գիտաշխատող Ճէյմզ Ֆիլիփս կը կարծէ, թէ Թուրքիան ամբողջականօրէն չէ պայքարած ՏԱՀԵՇ-ի վաճառքի ցանցին դէմ, որովհետեւ ինք քարիւղի աւելի ցած սակերով շահագրգռուած է, նոյնիսկ եթէ հաւանական է թուրքերու եւ (թուրք) պետական պաշտօնատարներու մասնակցութիւնը այս առեւտուրին մէջ:
– 13 սեպտեմբեր 2014-ին Ֆեհիմ Թաշթեքինը «Ռատիքալ»-ի մէջ գրեց Սուրիայէն Թուրքիա քարիւղ տեղափոխող ապօրինի խողովակաշարերու մասին: Քարիւղին լիթրը մինչեւ իսկ 1,25 լիրայով կը ծախուի: Թաշթեքին ընդգծած է` այս ապօրինի խողովակաշարերէն շատերը քանդուած են երեք տարի գործելէ ետք, երբ իր յօդուածը հրատարակուեցաւ:
– Ըստ «Տիքեն»-ի եւ «Օտա Թի.Վի»-ի, (Միացեալ Նահանգներու) արդարադատութեան նախարարութեան մէկ բաժանմունքի պաշտօնատար Տէյվիտ Քոհեն յայտնած է, թէ որոշ թուրք անհատներ առեւտրական միջնորդութիւն կը կատարեն` ՏԱՀԵՇ-ին քարիւղը Թուրքիոյ ճամբով ծախելով:
– 14 հոկտեմբեր 2014-ին գերմանական Կանաչ կուսակցութենէն խորհրդարանական անդամ մը ամբաստանած է Թուրքիան` անոր տարածքով ՏԱՀԵՇ-ի զէնք մատակարարելու եւ քարիւղ վաճառելու յանցանքներով:
Թուրքիան Կ՛օգնէ
ՏԱՀԵՇ-ի Զինուորագրման
– 14 հոկտեմբեր 2014-ին Քըլըճտարօղլուն յայտարարեց, որ Պոլսոյ եւ Կազիանթեփի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գրասենեակները կը հաւաքագրեն զինեալներ: 10 հոկտեմբեր 2014-ին Գոնիայի միւֆթին յայտարարեց, որ չորս օր առաջ իր քաղաքէն 100 տղամարդ միացած է ՏԱՀԵՇ-ին:
– «Օտա Թի.Վի»-ն հաղորդած է, թէ «Թաքուա Հապեր»-ը կը ծառայէ իբրեւ քարոզչական միջոց ՏԱՀԵՇ-ի համար` Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ թրքախօս տղամարդիկը հաւաքագրելու համար: «Թաքուա Հապեր»-ին համացանցային գրանցման հասցէն կը համապատասխանէ «Իրֆան քոլեճի» անունով դպրոցի հասցէին. այս «Իրֆան քոլեճ»-ը հաստատուած է Էրտողանի, Տաւութօղլուի եւ ուրիշներու հիմնած «Իլիմ եայմա վաքըֆը» կառոյցին կողմէ: Հետեւաբար կ՛եզրակացուի, թէ (ՏԱՀԵՇ-ի) քարոզչական կայքը կ՛աշխատի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն հիմնած դպրոցին կողմէ:
– Թուրքիոյ մարմնակրթութեան նախարար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Սուաթ Քըլըճը Գերմանիոյ մէջ այցելեց սալաֆի ժիհատականներուն, որոնք կ՛աջակցին ՏԱՀԵՇ-ին: Այս ժիհատականները կողմնակիցներ կը հաւաքագրեն Ղուրանի անվճար օրինակներ բաժնելով եւ դրամահաւաք կազմակերպելով` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անձնասպանութեամբ ահաբեկչութիւններ հովանաւորելու համար:
– «ՕտաԹի.Վի.»-ի հեռարձակած տեսանիւթին մէջ ցուցադրած են Պոլսոյ մէջ հանրակառքով երթեւեկող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Թրքական Ուժերը Կը Կռուին
ՏԱՀԵՇ-ի Կողքին
7 հոկտեմբեր 2014-ին «Մեծ արեւելքի իսլամական ասպատակիչներու ճակատ»-ը (IBDA-C), որ Թուրքիոյ մէջ գործող իսլամական զինեալ կազմակերպութիւն է, ՏԱՀԵՇ-ին զօրակցութեան ուխտ կատարեց: Թուրք բարեկամ մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի մէջ հրամանատար է, կը խորհի, թէ` «Թուրքիան մասնակից է այս բոլորին մէջ» եւ, թէ` «10 հազար ՏԱՀԵՇ-ականներ Թուրքիա պիտի գան»: Արմատական իսլամական «Հուտա փար»-ի (Ազատ դատ կուսակցութիւն, նաեւ ճանչցուած` որպէս թրքական-քրտական Հըզպալլահ) անդամ մը հանդիպումի ժամանակ կը վկայէ, որ պետական մարդիկ կը քննադատեն ՏԱՀԵՇ-ը, սակայն խորքին մէջ իրենք անոր կը համակրին: Մեծ միասնութիւն կուսակցութեան (BBP) անդամի մը կարծիքով, թուրք ազգայնական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատասխանատուները ՏԱՀԵՇ-ին փարելու մօտ են: Հանդիպումին ընթացքին պնդուած է, թէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները յաճախ Թուրքիա կու գան հանգստանալու համար, կարծես` զինուորական ծառայութենէն դադար կ՛առնեն: Անոնք (իսլամական կուսակցութիւններու վերոնշեալ անդամները) աւելցուցած են, թէ Թուրքիան իսլամական յեղափոխութիւն պիտի ապրի, եւ թէ` թուրքերը ժիհատի պատրաստ պէտք է ըլլան:
– Սիմոր Հըրշ «Լանտըն ռիվիու օֆ պուքս»-ին մէջ կը հաւաստէ, թէ ՏԱՀԵՇ սարինով յարձակումներ իրագործած է Թուրքիոյ գիտութեամբ: «Չորս ամիս խիստ մտահոգութիւն կար բարձրաստիճան զինուորականներու եւ գաղտնի սպասարկութեան շրջանակներէն ներս` Սուրիոյ պատերազմին մէջ Սուրիոյ դրացիներուն ու յատկապէս Թուրքիոյ դերակատարութեան նկատմամբ: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ժիհատական «Նուսրա»-ի եւ այլ իսլամական ըմբոստ հատուածներու զօրակցութիւնը ակնյայտ էր»: Ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատու մը, որ իրազեկ է գաղտնի սպասարկութեան մակարդակի նորութիւններուն, Սիմոր Հըրշին փոխանցած է. «Գիտէինք, որ Թուրքիոյ պետութենէն ոմանք կը կարծէին, թէ Ասատին փորձանքի կրնային մատնել սարինի յարձակումի սադրանքով` Օպաման մղելով շահարկելու իր «կարմիր գիծի սպառնալիք» նշանաւոր խօսքը :
– 20 սեպտեմբեր 2014-ին խորհրդարանի մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող երեսփոխան Տեմիր Չելիքը յայտարարեց, որ թրքական յատուկ ուժերը ռազմի դաշտի մէջ միացած էին ՏԱՀԵՇ-ին:
Թուրքիան Օգնած Է ՏԱՀԵՇ-ին`
Արաբ Բունարի Համար
Մղուող Մարտերու Ժամանակ
– Արաբ Բունարի քաղաքապետ Անուար Մուսլիմ 19 սեպտեմբեր 2014-ին ըսած է. «Ընթացիկ պատերազմի բռնկումէն երկու օր առաջ, մեր քաղած տեղեկութիւններուն հիմամբ, ռազմամթերքով եւ զօրքերով բեռնաւորուած շոգեկառքեր, որոնք Արաբ Բունարի հիւսիսէն կ՛անցնէին, մէկ ժամ եւ տասը վայրկեանէն քսան վայրկեանի միջեւ կանգառներ կատարեցին հետեւեալ գիւղերուն մէջ` Սալիպ Քարան, Կիրէ Սոր, Մոշրեֆաթ Էզզօ: Փաստեր, ականատեսներ եւ տեսանիւթեր կան այս մասին: Ինչո՞ւ ՏԱՀԵՇ-ը ուժեղ է միայն Արաբ Բունարի արեւելքը: Ինչո՞ւ անիկա ուժեղ չէ Արաբ Բունարի հարաւն ու արեւմուտքը: Տրուած ըլլալով, որ այս շոգեկառքերը Արաբ Բունարի արեւելքը գտնուող գիւղեր կանգ առին, կ՛ենթադրենք, թէ ասոնք ռազմամթերք եւ զօրքեր բերին ՏԱՀԵՇ-ին»: Երկրորդ յօդուածին մէջ` 30 սեպտեմբեր 2014-ին լոյս տեսած, թուրք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը Արաբ Բունար այցելած է: Հոն տեղացիները ըսած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի հագուստեղէնէն մինչեւ զէնքերը, ամէն ինչ Թուրքիայէն կու գայ:
– 25 սեպտեմբեր 2014-ին «Նուհապեր»-ի տեսահոլովակը ցուցադրեց հրասայլեր եւ զինամթերք փոխադրող թրքական զինուորական ուղեկցորդները` ՏԱՀԵՇ-ի դրօշի ներքոյ Սուրիոյ Ճարապլուս շրջանին մէջ ազատ տեղաշարժուելու ժամանակ եւ Գարգամիշի սահմանը անցնելու ընթացքին: (25 սեպտեմբեր 2014) բեռնատարներուն վրայ թրքերէնով գրութիւններ կան:
– Սուրիոյ քիւրտերու ժողովրդավարական միութեան քիւրտ զինեալներու առաջնորդ Սալիհ Մուսլիմը հաղորդեց, որ 20-24 հոկտեմբեր 2014-ին 120 զինեալներ Թուրքիայէն անցած էին Սուրիա:
– Թրքական «Տիքեն» կայքը հաղորդած է. «ՏԱՀԵՇ-ի կռուողներ Թուրքիոյ սահմանը կտրելով` մտան Սուրիա` սահմանը ուրուագծող թրքական շոգեկառքի ընթացքով, թուրք զինուորներու աչքերուն առջեւ: Հոն անոնք հանդիպեցան քրտական պաշտպանութեան միաւորներու մարտիկներուն ու վերջիններս խափանեցին անոնց յառաջխաղացքը»:
– Արաբ Բունարի մէջ քիւրտ հրամանատար մը կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն անցագիրներուն վրայ թրքական մուտքի կնիք կայ:
– Արաբ Բունարի ճակատամարտին մասնակցիլ փորձող քիւրտերուն երես դարձուցած է թուրք ոստիկանութիւնը Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ:
– «Օտա Թի.Վի» կը հրապարակէ նկար մը, ուր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ մը եւ թուրք զինուոր մը բարեկամացած են:
– Թուրքիան եւ ՏԱՀԵՇ-ը նոյն աշխարհայեացքը ունին «Ռաշա Թուտէյ» կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ մանրամասնուած է Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին:
– 26 սեպտեմբեր 2014-ին լոյս տեսած «Հիւրրիէթ»-ի թիւին մէջ կը կարդանք քրտական կողմէն մէջբերում մը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ անհատներու թշնամական կարծիքներուն. Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան պարագլուխներուն զգացումները Անգարայով չեն սահմանափակուած: Շշմած էի, երբ լսեցի ՏԱՀԵՇ-ի մասին հիացմունքի խօսքեր կարգ մը պետական պաշտօնեաներու կողմէ, նոյնիսկ` Շանլըուրֆայի մէջ: «Անոնք մեզի նման են. կը պայքարին եօթը հսկայ ուժերու դէմ` յանուն անկախութեան պատերազմին», ըսաւ մէկը: Ուրիշ մը աւելցուց. «Կը նախընտրեմ ունենալ ՏԱՀԵՇ-ը` իբրեւ դրացի, քան ՔԱԿ-ը` միւս կողմը»:
– Թուրք յայտնի լրագրող Ճենկիզ Ճանտար հաւաստած է, թէ ՄԻԹ-ը ՏԱՀԵՇ-էն եւ այլ ժիհատական խմբակներ գրկող դայեակը հանդիսացաւ:
– Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհուրդի անդամ մը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած է. «Բարեբախտաբար ՏԱՀԵՇ-ը կայ… թող երբեք քու զինամթերքդ չսպառի»:
– Թրքական ընկերային ապահովութեան հիմնարկի մը վերահսկիչը ՏԱՀԵՇ-ի պատկերանիշը կը գործածէ ներքին գրութիւններու մէջ:
– Պիլալ Էրտողան եւ թուրք պաշտօնատարներ ՏԱՀԵՇ-ի ենթադրեալ անդամներու հետ կը հանդիպին:
Պարոն Ֆիլիփսը Քոլումպիա համալսարանի մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան հիմնարկի, միաժամանակ խաղաղութիւն կերտելու եւ իրաւունքներու վարիչն է: Ան ծառայած է որպէս գլխաւոր խորհրդական եւ արտաքին գործոց փորձագէտ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: