ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, գործակցութեամբ Շրջանային խմբապետութեան հետ, 2014-2015 տարեշրջանին կազմակերպեց վկայեալ կարգի դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Այնճար, Անթիլիաս, Ժտէյտէի մասնաճիւղերուն խմբապետերը: Սոյն կարգը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով:
Ա. հանգրուանը (տեսական հանգրուան) ընթացք առաւ 26/11/2014-ին եւ աւարտեցաւ 10 մարտ 2015-ին: Վկայեալ կարգի թեկնածու անդամները շաբաթական դրութեամբ հետեւեցան եւ զարգացուցին իրենց գիտելիքները զանազան նիւթերու շուրջ` սկաուտական, կրօնական, ազգային եւ տեղական:
Բ. հանգրուանը (գործնական հանգրուան) տեղի ունեցաւ 11-12 ապրիլ 2015-ին երկօրեայ սեմինարով մը, եւ հետագային 2-րդ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ 27 սեպտեմբեր 2015-ին, ՀՄԸՄ-ի Ժիւնի մասնաճիւղի ակումբէն ներս, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայութեամբ եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ: Այս սեմինարին նպատակն էր մասնակցողներուն փոխանցել վկայեալ կարգի մնացած նիւթերը եւ մասնակցողներէն պահանջուած էր ներկայացնել իրենց տրուած նիւթերը` տեսնելու համար իրենց նիւթ պատրաստելու եւ ներկայացնելու կարողութիւնը:
Գ. հանգրուանին մասնակցողները պիտի պատրաստէին իրենց փոխանցուած մեծ թեզերը եւ ամբողջացնելէ ետք պայմանագրական բոլոր պայմանները, տեղի ունեցաւ վկայեալ կարգի տուչութեան արարողութիւն: Առաջինը` 1 նոյեմբեր 2015-ին, ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, իսկ 2-րդ առիթով` 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ՀՄԸՄ Աղբալեան մարզամշակութային համալիրէն ներս: Այս արարողութիւններուն ընթացքին խօսք առին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քէչէպաշեան, որ շնորհաւորեց բոլոր քոյր-եղբայրները եւ մաղթեց անոնց յարատեւ վերելք սկաուտական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անոնց ուսերուն դրաւ յաջորդ սերունդներ կերտելու ծանր բեռը, ապա խօսք առաւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քէչէճեան, որ մաղթեց անոնց գործել որպէս տիպար խմբապետներ եւ պատրաստել տիպար սկաուտներ` միշտ ի մտի ունենալով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր»:
Երեք հանգրուաններու աւարտին հետեւեալ 28 եղբայրներն ու քոյրերը ստացան իրենց վկայեալ կարգը. Վարանդա Եագուպեան, Փաթիլ Գէորգեան, Վանիկ Գասարճեան, Ալիք Գանտահարեան, Անի Անտոնեան, Լուսի Պէրքուպէուքեան, Շաղիկ Տէր Պետրոսեան, Սեպուհ Տօնիկեան, Վիգէն Տաղլեան, Րաֆֆի Մալճեան, Տաթեւ Ադամեան, Նարինէ Պօղոսեան, Անի Սարեան, Գառնի Տիլապազեան, Նարօտ Տեմիրճեան , Անժելա Տաղլեան, Մայք Արապաղեան, Ռիթա Վարդան, Կասիա Էճիտեան, Դալար Կէօքճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Լոռի Պիլալեան, Գէորգ Յովսէփեան, Սեւակ Տօնիկեան, Լոռի Սնապեան, Սերժ Ղարիպեան, Քրիստ Յովսէփեան եւ Նանար Ղարիպեան: