Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Լիբանանի Թեմի Դպրաց Դասերու Համագումար

$
0
0

s-haroutioun1_112116

Երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր  2016-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմին մէջ եկեղեցիներուն  դպրաց դասերու համագումարը, Ժիւնիէի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ մէջ: Համագումարին մասնակցեցան թեմի ինը եկեղեցիներէն 60 անդամներ:

Համագումարին աշխատանքը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն բոլոր ներկաները մասնակից դարձան շարականներու     երգեցողութեամբ: Ապա, նախաճաշի կարճ դադարէ ետք, համագումարին մասնակցողները ամփոփուեցան եկեղեցւոյ սրահը` սկսելու օրուան ծրագիրը: Բացման եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց դպրաց դասերու վարիչ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ գնահատեց ներկաներուն  անխոնջ ծառայութիւնը, որ կը կատարեն նուիրումով ու հաւատքով, որմէ ետք քահանայ հայրը համագումարի ներկաներուն ներկայացուց Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեանը, որ խօսեցաւ «Ծառայութիւնը Աւետարանին ընդմէջէն» դասախօսական նիւթին մասին: Հայր սուրբին կատարած հոգեշունչ աւետարանական մեկնաբանութիւնը լաւապէս ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

s-haroutioun2_112116

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին ներկաները արժանացան սիրոյ ճաշի սեղանին: Ժամը 2:30-ին կիսասարկաւագ Կարէն Եօսուքանեան ներկայացուց «Տիպար դպիրի եւ դպրուհիի ծառայելու ուղեգիծը» նիւթը, որ կատարուեցաւ սալիկներու ցուցադրութեամբ:

Ժամը 3:00-ին ներկաները բաժնուեցան վեց խումբերու` եզրափակելու օրուան համագումարին աշխատանքները եւ ներկայացնելու իւրաքանչիւր խումբի ծրագիր-առաջարկները, որ դպրաց դասերու յանձնախումբը նկատի պիտի առնէ առ ի գործադրութիւն: Տեղին է յիշել, որ խմբակներու աշխատանքը գնահատելի էր, իւրաքանչիւր մասնակից իր դիտանկիւնը ներկայացուց, եւ շինիչ առաջարկներ ի յայտ եկան եկեղեցւոյ սպասաւորներու յառաջդիմութեան ի խնդիր:

Համագումարին ինը ժամ տեւողութիւնը ձանձրացուցիչ չթուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որովհետեւ ժամանակացոյցը յարգուեցաւ խիստ  հետապնդումով:

Յիշելով, որ այս տարի կը զուգադիպի Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին, համագումարի աւարտին բոլորը միասնաբար երգեցին հայրապետական մաղթերգը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>