ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Յառաջադէմ երկիրներու մէջ` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ամէնէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը:
Միւս կողմէ, սակայն, զարմանալի է, որ այսքան սիրուած մսեղէնը հայթայթող անասունը` խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացումի:
«Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի արդէն, մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով.
– Խոզի պէս մարդ մըն է,- կ՛ըսենք յաճախ, եթէ ուզենք ակնարկել մէկու մը, որ կոշտ-կոպիտ վերաբերմունք ունի իր շուրջիններուն նկատմամբ ու անփափկանկատութեան դափնեկիր մըն է…
– Այնքա՜ն գիրցեր է, որ խոզի նմաներ է,- կ՛ըսենք երբեմն` ակնարկելով անոնց, որոնց վիզն ու մարմինը շատ հաստցեր է, եւ որոնք կորսնցուցեր են այլեւս իրենց ֆիզիքական նրբութիւնն ու վայելչութիւնը…
Ու այսպէս արտայայտուելով հանդերձ, մեր սեղաններուն վրայ մի՛շտ տեսնել կ՛ուզենք խոզի միսը` ընկերակցութեամբ… կարմիր գինիի:
Բայց գիտենք արդէն, որ խոզի միսը արգիլեալ ուտեստեղէն մըն է մահմետականներու եւ հրեաներու համար: Ղուրանը յստակօրէն կը թելադրէ իր հետեւորդներուն` չճաշակել խոզի միսը, այս անասունը նկատելով պիղծ ու գարշելի եւ այլազան հիւանդութեանց աղբիւր:
Աւետարանն ալ բազմաթիւ ակնարկներ ունի խոզի մասին: Ամէնէն նշանաւորը` «Ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ» խրատն է, որ առածի կարգ անցած է: Երբ մեր դիմաց կը գտնուի մէկը, որ ընդունակ չէ հասկնալու կամ գնահատելու մեր խօսքն ու գործը, այն ատեն կ՛ըսեն մեզի. «Խոզերուն առջեւ մարգարիտ մի՛ նետեր»:
Խոզը ընտանի անասուն մը կը նկատուի: Զայն կը բուծանեն ագարակներու մէջ, եւ անասնապահութեան այս տեսակը կը կոչուի «խոզաբուծութիւն»: Խոզեր արածող հովիւներն ալ կը կոչուին «խոզարած»:
Կան սակայն վայրի խոզեր ալ, որոնք անտառներու մէջ կ՛ապրին, եւ որոնք կը կոչուին «վարազ»: Որսորդներու ամէնէն նախընտրելի թիրախներն են վարազները, որոնց միսը եւս յարգի է ու համով:
Խոզը ԿՃՂԱԿԱՒՈՐ անասուն մըն է, այսինքն` ոտքին մատները ծածկուած են կարծր պատեանով` կճղակով, կովերու եւ ոչխարներու նման: Ան նաեւ ԿՆՃԻԹԱՒՈՐ է (կնճիթը խոզին ցցուն քիթն է): Խոզի ձագը կը կոչուի ԽՈՃԿՈՐ:
Շատ պիտի զարմանաք, եթէ ձեզի ըսուի, որ «խոզանակ» բառը կազմուած է «խոզ» արմատէն: Ի՞նչ առնչութիւն:
Ըստ Մալխասեան բառարանին, նկատի առնելով, որ խոշոր վրձինները շինուած կ՛ըլլային խոզի թաւ ու կարծր մազերէն, ուստի այդ վրձինները կոչուած են «խոզանակ»:
Կը մնայ սա «խոզակ» բառը: Ի՞նչ է խոզակը: Լսա՞ծ էք այս բառը երբեւիցէ:
Այս մէկը «խոզ»-ին հետ բնաւ կապ չունի:
Խոզակը շերամին ինքն իր մարմնին շուրջ հիւսած բոժոժն է, փաթոյթը, պատեանը, որմէ կը ստացուի մետաքսը, մետաքսաթելը:
Գիտենք, որ շերամը (այլ անունով` թրթուր), որդ մըն է, օրհնեա՜լ որդ մը, որ կը սնանի թութի տերեւներով: Շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին թրթուրը շինած կ՛ըլլայ խոզակ մը, որմէ կը ստացուի 1000-1500 մեթր երկարութեամբ մետաքսաթել: Իր այս շնորհակալ «գործ»-ը աւարտած թրթուրը յաջորդ օրերուն կը փոխակերպուի թիթեռնիկի, կը ծակէ խոզակը ու դէպի դաշտերն ու ծաղկաստանները կը թռչի…
Մայր բնութեան հրաշալի երեւոյթներէն մէկն է ասիկա:
Հալէպ