Ապու Տապի կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն, երեսփոխանական եւ ազգային վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահը «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեանը, Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան վարժարանի բարերար Յարութ Օհաննէսեանը եւ բարերար Արա Խանոյեանը` Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ ունեցած կարեւոր աւանդին, երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան եւ ազգային ծրագիրներու զօրավիգ կանգնելնուն համար: