ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ պատկերասփռուած նիստի մը ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, այո՛, հիմա եկած է այն ժամանակը, երբ մենք ի վիճակի ենք մեր քաղաքացիներուն օգնութեամբ բարելաւելու կացութիւնը»:
Այս խօսքը կը վերաբերի այն առաջարկին, զոր պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած էր զոհուած կամ վիրաւոր զինուորներուն տրուելիք ապահովագրութեան վճարումներու կտրուկ յաւելումի օրէնքին վերաբերող հիմնադրամ մը ստեղծելու համար:
Այլ խօսքով, ապրիլի դէպքերէն ետք, երբ ամէն մարդ ամէն տեղէ զգացական կամ ցուցադրական նուիրատուութիւններու արշաւի մը ձեռնարկեց, բաւական վիրաւորական երեւոյթներու ականատես եղանք: Հիմնադրամը միջոց մըն է նման երեւոյթներ սանձելու, օգնութիւնը մէկ յստակ տեղ ղրկելու եւ այդ հիմնադրամին ճամբով բաժնելու:
Ազգ-բանակ հասկացողութիւնը մանաւանդ լիբանանահայերու համար կրկնակի նշանակութիւն ունի: Բարոյական, քաղաքական եւ քաղաքակրթական նշանակութիւն ունի: Հայաստանի մէջ նմանօրինակ հիմնադրամի մը ստեղծումը թէ՛ կարեւոր է եւ թէ՛ ուշացած: Կարեւոր է այն իմաստով, որ ազգ-բանակ կապը աւելի սերտանայ, իսկ ուշացած, որովհետեւ նման քայլ մը քաղաքական նշանակութիւն ունի այս օրերուն: Գործադրելը որոշ հարցականներ կը ստեղծէ: Փետրուար 2017-էն սկսեալ իւրաքանչիւր քաղաքացի ամսական 1000 դրամով պիտի մասնակցի այս հիմնադրամին:
Այս բոլորին լոյսին տակ մտքէս անցան երկու հիմնական մտածումներ.
Ա.- Եթէ այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնը գտնէ հեղինակաւոր, մաքուր անցեալ ունեցող, հիմնադրամի «ճակատագիր»-ը ապահով ձեռքերու մէջ զգացնող հիմնադիր մարմին մը, անպայման որ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն «ԿԱՄԱՒՈՐ» մասնակցողներ կը գտնէ` առանց հարկայինի բարդոյթի:
Բ.- Եթէ այսօր Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներէն ամիսը 1000 դրամ պիտի գանձուի, ասիկա որքա՞ն արդար է` բարձր եւ ցած ամսականաւորներուն համար: Քիչ գանձողին համար շատ է, շատ գանձողին համար… Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ունեցուածքներու հիմամբ հարկեր ճշդել, եկամուտներու համեմատութիւնները ստուգել:
Մէկ խօսքով, առաջարկը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուցած է: Մենք բոլորս անխտիր պարտաւոր ենք մասնակցելու, սակայն ձեւի եւ վստահութեան հարցը կայ, որ այսօրուան չի վերաբերիր անպայման, այլ տարիներու վրայ փտածութեան եւ շահագործումի հետեւանք է:
Եզրափակելով` պէտք է շեշտել, որ հիմնադրամի օրէնքի նախագիծին մէջ պէտք է անպայման նկատի առնուին Հայաստանի մէջ հարստացածներու գործերն ու ունեցուածքները եւ ոչ միայն անձերուն, այլ նաեւ` անոնց կիներուն եւ զաւակներուն, որպէսզի արդար ձեւով ըլլայ նիւթական մասնակցութիւնը:
Ազգի գոյատեւման եւ զօրացման աշխատանքէն աղքատին 1000 դրամը աւելի արժէք ունի, քան` հարուստինը, որովհետեւ աղքատը իր չունեցածէն կու տայ, հարուստը իր…
Հասկցողին շա՛տ բարեւ: