10 նոյեմբերին ՀՅ դաշնակցութեան Արցախի Երիտասարդական միութեան (ԱԵՄ) շարքերը համալրուեցան նոր անդամներով: Փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ` Նիկոլ Դումանի յուշարձանին մօտ: Նախապատրաստական շրջանը բոլորած երիտասարդները խոստացան իրենց կեանքով ու գործով ազգասէր հայու տիպար ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ դաշնակցական երիտասարդի կոչման:
Երդման արարողութեան ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, որ ԱԵՄ-ի նորագիրները շնորհաւորելով` նշեց, որ անոնք շատ պատասխանատու քայլ մը կատարեցին` վստահութիւն յայտնելով այն մասին, որ իրենք բարձր պիտի պահեն դաշնակցական երիտասարդի պատուաբեր կոչումը:
ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Բենօ Միրզոյեան նշեց, որ երդման օրը խորհրդանշական է, որովհետեւ 10 նոյեմբերը կը խորհրդանշէ երիտասարդութեան համախմբութեան ու համերաշխութեան, իսկ միանալով Դաշնակցութեան շարքերուն` երիտասարդները կարելիութիւն կ՛ունենան առկայ խնդիրները միասնական ուժերով լուծելու ուղիներ որոնելու:
Ձեռնարկը շարունակուած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ազգային երգ ու պարերով յագեցած երեկոյով, որուն ընթացքին հրամցուեցան ՀՅԴ ԱԵՄ-ի խումբերուն կողմէ պատրաստուած ազգային ուտելիքներ: