Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Էրտողանեան Անդունդ

$
0
0

hayrenik_110716

Արդարութեան ու ժողովրդավարութեան դէմ կատարուած էրտողանեան սպանդը կը շարունակէ աւերներ գործել Թուրքիոյ մէջ:

Անցեալ յուլիս 15-ի ձախողած պետական հարուածը թեւեր տուած էր բռնատէր Էրտողանին, որ ամենայն համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ հակաժողովրդավարական որոշումներ կու տայ:

Այդ ձախողած պետական հարուածի օրէն իսկ, աւելի քան հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, իսկ ասոր կողքին, երեսունհինգ հազար այլ պաշտօնեաներ անբաղձալի եւ վտանգաւոր տարր նկատուելով` բանտարկուած են:

Զուգահեռաբար, կատարուեցան բազմաթիւ սեղմումներ քարոզչական բնագաւառէն ներս, ուր տասնեակ մը լրատուական եւ մամլոյ սպասարկութեան հիմնարկներ փակուեցան` նկատուելով որպէս Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ գործող, դաւադիր գործակալութիւններ:

Էրտողանի եւ իր հլու կամակատար ղեկավարութեան վերջին բռնատիրական զգայացունց արարքը, ահաւասիկ գրեթէ շաբաթ մը առաջ, նոյեմբեր 4-ի վաղ առաւօտեան, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11 անդամներու ձերբակալութիւնն էր, որոնց կարգին յատկապէս համանախագահներ` Սալահէտին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եուքսեքտաղ:

Այսպէս, երբ ոչ ոք հաշիւ կը պահանջէ, սպանդն ու ջարդը (ճերմակ թէ արեան գոյնով) կը շարունակուին: Ամենայն յոխորտանքով Էրտողան կը շարունակէ բեմահարթակներէն ահազանգ հնչեցնել, թէ դաւադիր ուժեր կը փորձեն գործել Թուրքիոյ փլուզման նպատակով:

Էրտողան պաշտօնապէս կը քննադատէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները, որոնք, ըստ իրեն հասած ստոյգ տեղեկութիւններուն, անձեռնմխելիութենէն օգտուելով, անդորրութիւնը կը խախտեն եւ Թուրքիան կը մղեն դէպի ներքին քաղաքացիական պատերազմ:

Ըստ Էրտողանի եւ իր հովանիին տակ գործող քանդիչ մեքենային, խուզարկութիւններն ու ձերբակալութիւնները կատարուած են հաստատ եւ ստոյգ փաստերու վրայ, եւ ոչ թէ` պարզ կասկածներու: Աւելի՛ն. Տեմիրթաշ եւ իր պատկանած կուսակցութեան անդամները կ՛ամբաստանուին անդամակցած ըլլալու համար ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան մը եւ այդ գծով, կատարած գործունէութեան:

Տեմիրթաշ եւ իր ձերբակալուած գործընկերները չընկրկեցան եւ տեղի չտուին:

Անոնք նախքան իրենց ձերբակալուիլը` հարցաքննութեան տարուեցան, սակայն շարունակ մերժեցին պատասխանել իրենց յղուած անհիմն եւ անհեթեթ հարցումներուն` շարունակ նշելով, թէ իրենք ժողովուրդին ընտրեալ ներկայացուցիչներն են եւ կը ներկայացնեն այդ ժողովրդային զանգուածը:

Բնականաբար, այս պղտոր կացութեան մէջ, կատարուեցաւ անխուսափելին` Տիգրանակերտի մէջ պայթում մը, որ խլեց քանի մը զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ:

Այս վերջին Էրտողանեան սխրանքը կատարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Արեւմուտքը իր աչքերը յառած էր դէպի Նոր Աշխարհի` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն:

Արդեօք ի՞նչ պիտի պատահի ապագային: Մինչ այդ, արդէն իսկ «դանակը հասած ու անցած է ոսկորը»… եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քաշուած է Թուրքիոյ «Մեճլիս»-էն:

Էրտողան իր ղեկավարած երկիրը կ՛ուղղէ դէպի անդունդ:

7 նոյեմբեր  2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>