Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Երկու Խօսք

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընկերային ցանցերը խճողած են մեր առօրեան: Այսօր բոլոր մակարդակներու վրայ նիւթի մը, դէպքի մը, յիշատակի մը, ուրախ կամ տխուր առիթի մը ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւնները հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան:

Չմոռնանք, որ «Արաբական գարուն»-ին նպաստած էին երկու ազդակներ` ընկերային ցանցերը եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO):

Այսօր փաստօրէն գաղտնի սպասարկութիւններու եւ մեծապետական ծրագրի մը յաջողութեան համար երեւոյթով անմեղ, բայց ճարպիկ ձեւ մըն է ընկերային ցանցերու օգտագործումը:

Ամէն բան թափանցիկ, արագ, աղաւաղուած կամ չափազանցուած ձեւով հանրային կարծիքի միտքը պղտորող եւ շարժող միջոց մը եղած են ընկերային ցանցերը:

Դաշնակցութիւնն ալ իր պատմութեան ընթացքին զանազան մակարդակներով հակադաշնակցական հալածանքներ տեսած է:

Սկիզբը ֆիզիքական, աւելի ուշ` գաղափարական, մամուլով, գրականութեամբ գաղտնի կազմակերպութիւններով, պետական եւ ոչ պետական, տեղական եւ միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու միջոցով:

Այսօր, վերջին երկու-երեք տարիներու համացանցի վրայ հակադաշնակցական արշաւը նաեւ այս նպատակին կը ծառայէ: Կասկածի, ուժերու ջլատման, միտքեր պղտորելու, կարողականութիւնը կասկածի տակ առնելու, սուտը իրականութեան պէս ներկայացնելու ճիգը անպայման որ տեղ մը պիտի սպառի եւ սնանկանայ, որովհետեւ ընդհանրապէս Դաշնակցութիւնը իր հակադաշնակցական պայքարին դէմ ոչ մէկ ձեւով փորձած է պատասխանել կամ պատասխանելու ձեւեր գտնել, ոչ մէկ ձեւով փորձած է ինքզինք արդարացնել Դաշնակցութիւնը իր գործով պատասխանած է միայն:

Դաշնակցութիւնը ինքզինք հաշուետուութեան ենթարկող կուսակցութիւն է:

Պատմութիւնը վկան է: Մենք մեր կանոնագրով մենք մեզ կը յարգենք եւ նոյնիսկ պատժուած դաշնակցականներ մինչեւ մահ իրենց երդումին հաւատարիմ կը մնան ու կը մեռնին:

Ներքին թէ արտաքին թշնամիները միշտ ալ գրաւը դրած են Դաշնակցութեան մէջ պառակտման որոմ ցանելու վրայ, որոնք սակայն միշտ ալ ապարդիւն եղած են: Դաշնակցութեան ուժը իր միասնականութեան մէջ եղած է ու պիտի մնայ:

Ճիշդ չէ երկար գրել այս երեւոյթին մասին, որովհետեւ ինքնին անոնց նպատակներուն ծառայած կ՛ըլլանք: Սակայն կրնանք ըսել, որ բոլորս կը դատապարտենք եւ դէմ ենք այս եւ նման բոլոր կասկածելի նախաձեռնութիւններուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>