Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Աշխարհը Չփլեցաւ

$
0
0

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վերնագիրը կրնայ մատնել կեցուածքս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի հանդէպ: Այո՛, կը մտածէի, որ Թրամփի ընտրութեամբ աշխարհը կրնայ կործանիլ: Ի վերջոյ,  «երկրագունդի ամէնէն հզօր մարդը» կոչումին տէր դարձած եւ քաղաքական փորձառութիւն չունեցող ընտրեալ նախագահը իր նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ ցուցաբերած էր ցեղապաշտական, հաշմանդամներու ու կիներու հանդէպ վիրաւորական տրամադրութիւններ, որոնք վտանգաւոր չափերով կրնան սրել ամերիկեան հասարակութեան ներքին մթնոլորտը:

Նախընտրական պայքարը անպայման չափազանցութիւններով շեշտուած կ՛ըլլայ, այդ մէկը հասկնալի է, եւ ընդհանրապէս յաղթանակի ճառը` մեղմացման, միասնականութեան յորդորներով կը յատկանշուի: Այդպէս ալ եղաւ` ահաբեկուած միջազգային շուկային ու քաղաքական շրջանակներուն հանգստութիւն ներշնչելով (արժեթուղթերու շուկան լաւագոյն ապացոյցն է այդ հանգստութեան):

Յամենայն դէպս, իբրեւ երկրագունդի բնակիչներ, մտահոգ պիտի մնանք մոլորակի ջերմացման հետեւանքներուն ու միջավայրի մաքրութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան պակասի, ինչպէս նաեւ առողջապահական ապահովագրութեան ձեռքբերումներու կորուստի հաւանականութիւններով:

Մտահոգ պիտի մնանք ապակայունացման վտանգներով, որոնք հետեւանք կրնան ըլլալ անկանխատեսելի հակազդեցութիւններու, տեղական թէ միջազգային տագնապներ դիմակայելու յստակ տրամաբանութեան մը պակասին: Պետական առկայ համակարգը վստահաբար պիտի փորձէ իր հաստատած աւանդոյթներով ու գործելակերպով ուղղորդել նորընտիր նախագահը` հաւասարակշռուած գործելու եւ նոյնիսկ արտայայտուելու ճամբով, ինչ որ կրնայ յուսախաբ ընել զինք ընտրող զանգուածները, որոնք էապէս հակադրուած են նոյն այդ պետական համակարգին ու անոր գործելու տրամաբանութեան: Արդարեւ, Թրամփի հմայքը Ուաշինկթընի կառավարող շրջանակներու կարծրացած գործելաոճն ու մտայնութիւնը քանդելու առաջադրանքն է, որ շարժած էր այդ շրջանակներու տեսողութենէն հեռու` աշխատաւոր զանգուածները, խուռներամ տանելով զանոնք դէպի քուէատուփ:

Փաստ է, որ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը կենսունակ կը մնայ, եւ յառաջիկայ քառամեակին նորընտիր նախագահի իւրաքանչիւր քայլի ի տես գաղափարական կամ քաղաքական ընդդիմութիւնը իր վճռական խօսքը ըսելու պիտի չխրտչի:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>