Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջաւախք…Երա՞զ, Թէ՞ Մղձաւանջ

$
0
0

hayrenik_110516

javakhk-new-logoԶարմանալի անակնկալ մը չէր, որ քանի մը շաբաթ առաջ, Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը որոշեց այս ընտրութիւններուն չսատարել որեւէ քաղաքական ուժի:

Պատճառը յստակ էր: Արդարեւ 2012-ին, նախագահ Սահակաշվիլին տապալած եւ երկրին ղեկը ստանձնած «Վրացական երազանք» դաշինքը, հակառակ նախընտրական օրերուն տուած իր խոստումներուն, ոչ մէկ շօշափելի յառաջդիմութիւն կրցած է արձանագրել շրջանին մէջ:

Միայն ընկերային-տնտեսական, ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ է, որ կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ:

Աննախադէպ երեւոյթ մը պատահեցաւ «Վրացական երազանք»-ի ղեկավարութեան օրերուն, բան մը, որ համահաւասար է ճերմակ ջարդի: Արդարեւ, Ջաւախքի բոլոր շրջաններուն մէջ արգիլուեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչ այդ ուղարկուող այբբենարաններու, մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան դասագիրքերու մուտքը: Քանի մը տարիէ ի վեր այդ տարածաշրջաններու հայ աշակերտները զրկուած են այդ տարրական դասագիրքերէն: Ահազանգային է կացութիւնը, եւ կրկին տեղին է հաստատել, որ պատահածը համահաւասար է ջարդի, շատ աւելի վտանգաւոր` ճերմակ ջարդի:

Կայ նաեւ այն, որ ջաւախքահայութեան կրթական կեանքի պատմութեան մէջ ասիկա աննախադէպ երեւոյթ էր:

Որո՞նք են ջաւախեցիին հիմնական պահանջները, որոնք Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ արձանագրուածներն են` ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս այդ շրջանի իրաւունքներուն պաշտպանութեան վերաբերող: Արդարեւ, 1999-ին Վրաստանը ստորագրած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան Եւրոպական շրջանակային ծաւալուն նախապայման մը, որ պարզապէս ստորագրուած է, եւ բազմաթիւ կէտեր դեռ չեն վաւերացուած: Այս կէտերէն առաջինը ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, իսկ երկրորդը` տարածաշրջանային լեզուներուն կարգավիճակը: Այսպէս, Ջաւախքի բնակչութիւնը ազգագրական ժողովուրդ մըն է, որ պատմականօրէն կ՛ապրի իր հողերուն վրայ, բայց չի տիրապետեր երկրի պետական լեզուին, միջազգայնօրէն սահմանուած իրաւունքը ունի խօսելու իր մայրենի լեզուն, այսինքն` հայերէն:

Այս գծով անցեալ քառամեակին տիրապետող «Վրացական երազանք»-ի խոստումները մնացին «Ջաւախքեան մղձաւանջ», այսինքն սպասումներով, եւ գէթ նոյնիսկ, այլ պարագաներու` յուսախաբութիւններով եւ հակասական ապրումներով լեցուն շրջան մը:

Տեղին է անգամ մը եւս ահազանգել: Ջաւախքի հարցին լուծումը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւններու կարգին, մանաւանդ որ թէ՛ աշխարհագրականօրէն, եւ թէ տնտեսական բնագաւառին մէջ, Ջաւախքը Հայաստանի համար կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ, ի տարբերութիւն Արեւմտահայաստանին, կը հանդիսանայ հայկական այնպիսի հող, ուր մինչեւ օրս կ՛ապրի հայկական կազմակերպուած հասարակութիւն` շնչող բնակչութիւն:

Միայն հիմնահարցի ներկայացում չէ, որ պէտք է կատարել, այլ քայլ մըն ալ առջեւ երթալով` իբրեւ հայորդի, պարտաւոր ենք գործնականապէս օժանդակել Ջաւախքին, դէպի ինքնավարութիւն ձգտող ուղիի բազմատեսակ հարցերու լուծման:

25 հոկտեմբեր 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>