Վարչապետի նշանակման իրաւական ընթացակարգը արագօրէն իր լրումին հասաւ եւ Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ: Պարզ էր, որ նախապէս կայացած համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ոչ միայն նախագահի ընտրութեան, այլ նաեւ վարչապետի նշանակման:
Շրջանային եւ լիբանանեան քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով բնականաբար նախագահի ընտրութիւնը չէր կայանար, եթէ ընդհանուր համաձայնութիւնը գոյացած չըլլար: Վարչապետի նշանակման այս ընթացքը, որոշ վերապահ մօտեցումներով եւ այդ մօտեցումներու գործնական դրսեւորումով հանդերձ` անուն չառաջադրելու կամ հանրապետութեան նախագահին փոխանցելու տեսակէտ յայտնելու իրաւունքը, խորքին մէջ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւնը չխանգարել կ՛ենթադրէ:
Շրջանային մակարդակի վրայ յամեցող հրդեհներու ընդհանուր իրավիճակին մէջ Լիբանան կը յաջողի ոմանց համոզումով զուտ ներլիբանանեան, այլոց վերլուծումով շրջանային մակարդակի վրայ կայացած համաձայնութիւններու իբրեւ հետեւանք նախագահ ընտրել եւ վարչապետ նշանակել:
Սահմանադրական իրաւադրոյթներ յարգելու ընդհանուր մօտեցումը ակներեւ է: Նախագահի ընտրութեան փուլեր, պարտադիր խորհրդակցութիւններ եւ նոյնքան արագ կշռոյթով վարչապետի նշանակում: Շուտով կը ձեռնարկուին նաեւ կառավարութեան նշանակման ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները:
Ահա կանգնած ենք արդէն կարեւոր եւ նուրբ հանգրուանի սեմին: Համաձայնական մթնոլորտի նախադրեալները կը յուշեն, որ առանց հիմնական արգելքներու, նորընտիր նախագահն ու նոր նշանակուած վարչապետը պիտի յաջողին կազմել գուցէ ըստ էութեան համաձայնական կառավարութիւնը:
Եւ եթէ ժողովրդավար հասկացողութեամբ քաղաքագիտական ընկալումով այլ երկիրներու մէջ միակուսակցական, երկու ուժերու միջեւ համախոհական, կամ հազուագիւտ պայմաններու լոյսին տակ ազգային համաձայնական կառավարութիւններ կը կազմուին, այստեղ, ուր երկիրը կը ղեկավարուի միջհամայնքային համակեցութեան հիման վրայ գործող համակարգով, որեւէ կառավարութիւն չի կրնար շնչել, եթէ բոլոր համայնքներու համաձայնութեամբ գոյացած չըլլայ: Ըստ էութեան ուրեմն, Լիբանանի մէջ կազմուող հերթական կառավարութիւնը միջհամայնքային (իմա՛ ազգային) համաձայնական բնոյթ կ՛ունենայ:
Այս երրորդ փորձաքարը կարեւոր է: Այստեղ արդէն բոլոր համայնքներու իրողական ներկայացուածութեան ապահովումը նախապայման է արդիւնաւէտ կառավարութիւն ունենալու համար: Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը ոչ միայն թերի կը նկատուի, այլեւ կը վիժի, եթէ մեկնարկային ու նախապայմանային այս մօտեցումը լիարժէքօրէն աշխատած չըլլայ:
Ընթացքը յուսադրիչ նախադրեալներ կը պարունակէ. Ճիշդ է միաժամանակ նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքացին բազմաթիւ անգամներ դրական սկիզբներու ականատես ըլլալէ անմիջապէս ետք, ապրած է հերթական հիասթափութիւն եւ կորսնցուցած վստահութիւնը ընդհանրապէս պետական համակարգին նկատմամբ:
Հիմնական տարբերութիւն մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս հանգրուանին: Տարածաշրջանը կ՛եռայ, կը տուայտի հրդեհներու մէջ, միջդաւանաբանական լարուածութիւնը կը հասնի գագաթնակէտին մինչ Լիբանանի համայնքներն ու քաղաքական հոսանքները կը յաջողին համախմբուիլ նախագահի եւ վարչապետի անուններուն շուրջ:
Բոլորը նոյն համախմբուածութեամբ պարտին յաղթահարել այս երրորդ փորձաքարը եւս: