Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Կայան»` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Ձօնուած Էրհան Արըքի Ծրագիրը Կը Ներկայացուի Պոլսոյ Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Կայան» գիրքին կողքը, որ կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտի թաղերէն մէկը

«Կայան» գիրքին կողքը, որ կը ներկայացնէ Պուրճ Համուտի թաղերէն մէկը

Արտահանի հայկական յուշակոթողներուն մնացորդացէն ներշնչուած ու ատոր պատճառով իր լուսանկարչական գործիքին ոսպնեակը Հայ դատի պահանջատէրներու ժառանգաւորներուն ուղղած թրքահպատակ էրհան Արըք սեպտեմբեր 22-ին Պոլսոյ «Տեփօ» մշակութային կեդրոնին մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած լուսանկարչական իր ցուցահանդէսը ու լուսանկարները ամփոփած գիրքը` «Կայան»-ը:

 

Ծրագիրին Մասին

«Կայան»-ը ամփոփումն է Էրհան Արըքին Միջին Արեւելք կատարած ճանապարհորդութեան, որ սկիզբ առած էր 2014 թուականին: Այն կը պարունակէ Միջին Արեւելքի զանազան գաղութներէն լուսանկարներ, ինչպէս` Թեհրանէն, Սպահանէն, Զախոյէն, Տահոքէն, Պէյրութէն, Ժիպէյլէն, Անթիլիասէն, Ամմանէն, Երուսաղէմէն, Բեթղեհեմէն, Բեթանիայէն, ինչպէս նաեւ` Երեւանէն, Աշտարակէն, Անտիոքէն եւ Պոլիսէն, որոնք կը ներկայացնեն ո՛չ միայն հայկական գաղութային կեանք ու կենցաղի զանազանութիւններ, այլ խօսուն կերպով կը փաստարկեն Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն կամքը` հայօրէն վերապրելու եւ վերակենդանացնելու բռնագրաւուած հողին տակ թաղուած հայկական ինքնութեան արմատները: «Կայան»-ը կը ներկայացնէ անոնց յիշողութիւնները, կորոստը եւ վերապրելու կամքը:

Էրհան Արըքին Զրոյցը` «Ազդակ»-ին Հետ

Պոլսոյ «Տեփօ» մշակութային կեդրոնին պատերը այս անգամ հիւսուած էին այն պատկերներով, որոնք կը ներկայացնէին Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգորդներու վերապրումի զանազան դրսեւորումներ` մշակութային, կրօնական, ընկերային, քաղաքական, ընտանեկան: Այս մասին «Ազդակ»-ին հետ զրուցելով Էրհան Արըք յայտնեց. որ «Ե՛ս եմ խնդրոյ առարկան» եւ բացատրեց, թէ ծրագիրը սկիզբ առած էր իր ծննդավայր Արտահանէն, այն ժամանակէն, երբ Արտահանի հայկական յուշակոթողները սկսած էին մերթ ընդ մերթ երեւան գալ իրենց թաքնուած վայրերէն, եւ ինք սկսած էր հասկնալ, թէ լռութեան դատապարտուած դէպքեր կային այդ կոթողներուն քարերուն մէջ:

Խօսելով «Կայան»-ին մասին, Արըք յայտնեց. «Կայան բառը կը պարփակէ Ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայերուն` մշակոյթը վերստեղծելու եւ անոր շուրջ հաւաքուելու իմաստը: Այսինքն վերապրող հայերուն իրարու քով գալու ու եկեղեցիներ եւ դպրոցներ կառուցելով անոնց շուրջ հանգրուանելու իրողութիւնը»:

Երկու տարուան տեւողութեամբ, Արըք շրջելով հայկական գաղութներու կայաններուն մէջ, լուսանկարած է կեանքը ինչպէս որ է եւ արձանագրած է վերապրողներուն յիշողութիւնները` իրենց պատմական իրողութիւններով եւ զգացական աշխարհով: «Այս ծրագիրին ընթացքին միշտ ուզեցի խորանալ պատմութիւններուն մէջ, բայց չէին կրնար վերապրողի կամ վերապրողի զաւակին կողմէ փոխանցուած յիշողութիւնները լոկ ժամանակագրուած դէպքեր ըլլալ: Հոն կար զգացական դաշտը, որ շատ ազդեցիկ էր եւ այնքան ատեն որ կը խօսուի բանի մը մասին, որ մինչեւ ծուծդ կը մտնէ, դիւրին չ՛ըլլար աւելի խորանալը: Իւրաքանչիւր պատմութիւն այլ նիւթի դռներ կը բանար, եւ ելք մը գտնելը աւելի կը բարդանար», ըսաւ Արըք, երբ կը խօսէինք ծրագիրին մեթոտին մասին, իսկ ինչ կը վերաբերի եզրափակման, ան նշեց «Չեմ կրնար ըսել, որ ծրագիրս աւարտած է, քանի որ ինչպէս իր անունը կը վկայէ, ասիկա միայն կայան մըն է. տակաւին շատ գործեր կան ընելիք այս ուղղութեամբ: Ճամբու վրայ եմ: Արդարեւ, արուեստագէտ Արըքի համար լուսանկարչութիւնը միջոց մըն է եւ ոչ բացարձակ նպատակ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին: Այդ պատճառով նախքան ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը, Արըք անգամ մը այցելած է իր ծննդավայր Արտահանը: «Այս մէկը այս անգամ շատ խորհրդանշական այցելութիւն մըն էր ինծի համար: Բացի անկէ, որ այս բոլոր ծրագիրը հոն մտայղացած էի, շատ սպառած էի երկու տարի Միջին Արեւելք ճամբորդելով, մարդոց հետ անդադար խօսելով, մտիկ ընելով ու աշխատելով. այլ խօսքով, երկու տարի երկունքի մէջ էի: Աւարտին մէկ շաբաթով այցելեցի Արտահան, ուր ամբողջ տեւողութեան ուղեղս անդադար կը վերյիշէր Ցեղասպանութեան պատմութիւնները: Եթէ ես Միջին Արեւելք ճամբորդած ու մարդոց հետ զրուցած չըլլայի, ուղեղս պիտի չկարենար ըմբռնել այս ամէնը: Արտահանի մէջ քիչ մը գոյութենապաշտ հանդիպումներ ունեցայ անձիս հետ: Ատիկա կարեւոր էր նախքան «Կայան»-ը հանրութեան ներկայացնելս: Հիմա ալ Հայաստան կը գտնուիմ, եւ այդ ալ իր խորհրդանշական իմաստը ունի ու անոր համար քիչ առաջ ըսի, որ ծրագիրս աւարտած չեմ, պարզապէս կայան մըն էր, որ պէտք էր ունենայի անցնելու համար յաջորդին», ընդգծեց լուսանկարիչը:

«Կայան»-ը Եւ Ներկայ Թուրքիան

Ցուցահանդէսի բացումէն տեսարան մը

Ցուցահանդէսի բացումէն տեսարան մը

Խօսելով «Կայան»-ին Թուրքիոյ մէջ ներկայացուելուն մասին, Արըք ըսաւ. «Ուրախալի երեւոյթ էր բացման հանդիսութեան տեսնել բոլորովին օտար մարդիկ, որոնք եկած էին ոչ թէ որովհետեւ հովանաւոր հաստատութիւններուն շրջանակին կը պատկանէին, այլ քանի որ ծանուցումը տեսած ու հետաքրքրուելով եկած էին: Անշուշտ պէտք է նշեմ, որ Թուրքիոյ ներկայ վիճակէն մեկնելով տեւոյն աւանդական մամուլը շատ քիչ անդրադարձաւ «Կայան»-ին, բայց ընկերային ցանցերուն եւ այլընտրանքային մամուլին մէջ արձագանգը բաւական մեծ էր: Ինծի համար յատկանշական էին մամուլին մէջ լոյս տեսած   արուեստի կարգ մը քննադատներու գնահատանքները: Ուրախ էի, որ հոն նշուած էր, թէ աղէտը ներկայացուած է բոլորովին առարկայական դիտանկիւնէ, այսինքն արուեստագէտին ներկայութիւնը գլխաւորողը չէր, այլ ենթական ունի իր ամբողջական ներկայութիւնը: Այլ քննադատ մը արժեւորած էր անձնական պատմութիւններուն, յիշատակներուն եւ կենցաղին ընդմէջէն աղէտին մասին խօսիլը: Ուրիշ մըն ալ ըսած էր, որ պէտք է առերեսուիլ իրականութիւններուն հետ եւ անոնց պատմութիւնները լսել: Ասոնք կարեւոր են Թուրքիոյ պէս միջավայրի մը համար»:

Արուեստագէտին Տպաւորութիւնները`
Լիբանանի Հայ Գաղութին Մասին

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտները

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտները

Խօսելով Լիբանանի մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ տպաւորութիւններուն մասին, Արըք յայտնեց.  «Ինծի հարց տրուեցաւ, թէ այս երկար ճամբորդութենէս ետք ո՛ր գաղութին հետ կարելի է սեղանակից ըլլալ ու զրուցել, իմ պատասխանս եղաւ` Պուրճ Համուտ: Նախքան Պուրճ Համուտ այցելութիւնս զիս զգուշացուցած էին Պուրճ Համուտի հայ գաղութէն ըսելով, որ անոնք կրնան խիստ եւ բացասական վարուիլ հետս, բայց փաստօրէն լիբանանահայ գաղութը եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտի բնակիչները լայնախոհ ձեւով ընդունեցին զիս: Այս չի նշանակեր, որ անոնք հակազդեցութիւն չունէին, այլ այն անձերը, որոնց հետ ընկերացայ, հասկցան, թէ ե՛ս եմ ծրագիրիս խնդրոյ առարկան եւ իրենց ընտանեկան պատմութիւններն ու յոյզերը հետս բաժնեկցեցան այդ ուղղութեամբ. գիտցան ներթափանցել ներաշխարհիս մէջ: Յուզիչ էր իւրաքանչիւրին հետ զրուցելը, այդ ալ ո՛չ միայն ծրագիրին ծիրին մէջ: Երիտասարդներուն հետ ձեւով մը յուզիչ էր, աւագ սերունդին հետ` այլ ձեւով: Օրինակ ինծի համար զարմանալի բան մըն էր, Պուրճ Համուտի մէջ լսել Մարաշի բարբառը, դրական իմաստով անշուշտ: Այդ կատակները, զորս կ՛ընէին, խօսակցական ոճը, նոյնիսկ հայհոյանքները ինծի 1960-ական թուականներու Թուրքիան կը յիշեցնէին: Տարօրինակ բան մըն էր: Նաեւ անշուշտ տարեցներուն իմաստուն խօսքերը ազդեցիկ էին: Հոն ծանօթացայ Ժիրայր անունով հայու մը, որ ինծի համար անկիւնադարձային նշում մը ըրաւ. ըսաւ, թէ թէեւ ես ծրագիրիս ընդմէջէն կը փորձեմ հասկնալ իրենց կեանքը, բայց իրականութեան մէջ այն վայրերը, ուր մենք [Թուրքիոյ ժողովուրդը] կ՛ապրինք, այն նոյն տեղերն են, որոնց իրենք [հայերը] կը կարօտնան եւ կը պահանջեն: Ժիրայրին խօսքերը ծանր էին ինծի համար մանաւանդ երբ ըսաւ. որ «Դուք վատութիւն ըրիք մեզի, եւ երբ մենք կը խօսինք անցեալին մասին, անշուշտ կու լանք, եւ հիմա դուն եկած ես ո՛չ միայն վերյիշեցնելու, այլ ըսելու, որ դուն հոն կ՛ապրիս»: Հոս էր, որ ես աւելի հասկցայ վերապրողներուն յիշողութեան ծանրութիւնը: Անշուշտ ես արմատներով վրացի եմ եւ իմ ընտանիքս Արտահան գաղթած է 1930-ականներուն, բայց եւ այնպէս կ՛ապրիմ հայկական յուղակոթողներու մէջ: Այս եւ նման արտայայտութիւններ ինծի մտածել տուին, որ այս խօսքերը եւ յիշողութիւնները ատելութիւն չէին, այլ զայրոյթ: Անոնց մէջ ջղայնութիւն մը կար իրողութեան հանդէպ: Անոնք ջղային էին խնդրոյ առարկաներէն [Թուրքիոյ ժողովուրդէն]», ըսաւ Արըք եւ շարունակեց «Պուրճ Համուտը ինծի համար Քուրթուլուշ էր ձեւով մը [Քուրթուլուշը այն մասն է, ուր մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին]:

«Կայան» Գիրքը

Էրհան Արըք կը ստորագրէ «Կայան» գիրքը

Էրհան Արըք կը ստորագրէ «Կայան» գիրքը

Եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով, Էրհան Արըք իր գիրքին կողքի նկարը ընտրած է Պուրճ Համուտի թաղամասերէն պատկեր մը: Նկարին մէջ կ՛երեւի պատշգամէն լուսանկարչական գործիքին ժպտացող միջին տարիքի կին մը. վարը` շէնքին մուտքին, ձախ պատին վրայ կը տեսնենք «ՀՅԴ ԼԵՄ»-ի ապրիլ 24-ի նուիրուած կրաֆիթներէն մէկը, իսկ աջ կողմէն կ՛երեւի հայկական ճաշկերոյթ-պարահանդէսի մը ծանուցումի որմնանկարը: Նկարին սահմաններուն մէջ կ՛երեւի նաեւ խանութի մը առջեւ նստած ծերունի մը, որուն խանութին ցուցափեղկին վրայ կը տեսնենք «ՀՅԴ 124-ամեակ»-ին նուիրուած եւ լիբանանեան բանակին նուիրուած որմնանկարներ: Այս բոլորին կողքին, նկարին մէջէն կ՛անցնի սեւ հագուստով լաչակաւոր կին մը: Այլ խօսքով, Պուրճ Համուտը ներկայացնող ամէնէն խօսուն օրինակը:

Այս գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Կայան» ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան  ընթացքին: Գիրքը լոյս տեսած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքին ներածականը ըրած է Բագրատ Էսթուքեան, որ կը յայտնէ, թէ Էրհան Արըք օգտագործած է իր գիտցած լաւագոյն միջոցը փոխանցելու համար իր ապրած միջավայրերէն վկայութիւններ: Էսթուքեան կը գրէ, թէ գաղթականի ցուպը ձեռքին դատապարտուած հայը ո՛ւր ալ ըլլայ կարողացած է հիմնել նոր Հայաստան մը, սակայն նաեւ անդրադարձած է այն իրողութեան, որ մինչեւ այսօր տակաւին այս գաղթօճախներէն ի՛սկ տեղի կ՛ունենան արտագաղթեր, մանաւանդ պատերազմի պատճառով, որուն իբրեւ հետեւանք Արըք չէ կրցած անցնիլ Կազա, Մուսուլ, Գամիշլի եւ այլ կարեւոր վայրեր: «Կայան, կայարան կամ գաղթակայան: Բառեր, որոնք իրենց նշանակութեան վրայ նորանոր իմաստներ ստացան յետեղեռնեան տարիներուն: Բովանդակ ժողովուրդի մը արիւնաքամ մնացորդացը այս բառերով բնութագրուած ճամբարներէն վերընձիւղուեցաւ եւ կազմեց մերօրեայ սփիւռքահայութիւնը: Թիւով, ուժով եւ կարողութիւններով նուազածներուն մօտ միայն երկու յատկութիւն գոյատեւեց` յոյս ու կորով: Ահա Էրհան Արըք պատմութեան այս շերտին վկայութիւն կը բերէ իր այս վերջին աշխատութեամբ», եզրափակած է Էսթուքեան իր բնաբանը:

Գիրքին մէջ իր խօսքը գրած է նաեւ Էրհան Արըք «Արմատներու ցաւը, արմատներու կանչը» վերնագիրով: Ան կը նշէ. «Արտահանի տունը, ուր ծնած ու մեծցած եմ, անցեալին պատկանած է հայերուն: Այդ տան վերաբերող երազէ մը վերջ ձեռնարկած էի այս ճամբորդութեան, որուն ընթացքին պտըտեցայ անհատելի գիծի մը, խոր յիշողութեան շուրջ: Մնացի յիշելու եւ մոռնալու այդ գիծին վրայ: Քանի մը տարի վերջ նկատեցի, որ վիշտերը իրապէս չեն կրնար թաղուիլ: Անարդար էր,  հայերէն ակնկալել, որ անցնին այդ գետը: Պէտք էր, որ ես անցնէի այդ ափը` ոգեկոչելու համար մեկնածները, իրենց զաւակներով ու թոռներով»:  Արըք իր խօսքին մէջ արձանագրած է քանի մը յատկանշական յիշողութիւններ: «Կայան» գիրքը ձօնած է Տիգրանուհի Ասատրեանին, որուն վերապրումի պատմութիւնը Էրհան Արըք ներկայացուցած էր իր առաջին ծրագիրին` «Հորովել»-ին մէջ, 2011 թուականին:

———————————————————

*Նկարները յատուկ տրամադրուած են
ԷՐՀԱՆ ԱՐԸՔի կողմէ «Ազդակ»-ին համար

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>