Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17472

Բեմերէն Խօսիլ Եւ Օրէնքներ Ընդունիլ Չեն Կանխեր Եւ Չեն Սրբագրեր Ցեղասպանութիւնը

$
0
0

Hagop-Balian-Ed1Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Թուղթ առ Երեւան» հրապարակագրական ժողովուրդի սրտին խօսած բանաստեղծութեան (1945) մէջ, իր ընդդիմախօսած անձին համար կ’ըսէ թէ ան «իր թղթէ կապարճն է պարպեր»:

Տասնամեակներէ ի վեր թղթէ կապարճ կը պարպենք, եւ ան չի պարպուիր:

Տասնամեակներէ ի վեր մենք կը խօսինք, ուրիշներ ալ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութեան մասին, թուական մըն ալ կը տրուի, 1915, կարկինը բանալով` 1915-1922: Հատորներ գրուած են եւ կը գրուին: Աղմկայարոյց որոշումներ եւ յայտարարութիւններ` բոլոր հասարակածներու եւ զուգահեռականներու տակ:

Ճառեր` ճշմարտութեան հաստատման համար: Պատահա՞ծ է, որ խօսուի յափշտակուած իրաւունքի վերականգնումի մասին:

Եթերի աղմուկ: Էջեր սեւցնելու առատ նիւթ:

Յետո՞յ…

Քարանձաւային լռութիւն: Խօսքեր` կարծէք գրուած անյիշատակ ժամանակներուն քարայրներու պատերուն գծուած պատկերներուն պէս: Մասնագէտներ կը խօսին անոնց մասին, եւ զբօսաշրջիկներ իրենց հետաքրքրութիւնը բաւարարելու համար կ’այցելեն այդ քարայրները: Ինչպէս որ կը կարդանք եւ կը լսենք փաստարկներ Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին:

Այդ քարայրները կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ուսումնասիրութիւններ, գիրքեր, բանաստեղծութիւն, թատրոն, երգ, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, քանդակ, օրէնքներ, յայտարարութիւններ: Անդրանիկ Ծառուկեան կը խօսէր մի ոմն բանաստեղծի մասին, որ` «իր թղթէ կապարճն է պարպեր»: Տասնամեակներու ընթացքին գումարուած էջերը, մխիթարութիւն բաշխող եւ յոյս ներշնչող խօսքերը մազաչափ աւելի՞ն են «թղթէ կապարճ»-ի պարունակութենէն:

Ո՞վ զո՞վ կը խաբէ քաղաքականութիւն կոչուած ստուերներու թատրոնի բեմին վրայ, որուն խորքի պաստառը «մարդկային իրաւանց» հոգեզմայլ եւ տեւաբար կրկնուող խօսքերն են:

Խիղճերը հանդարտեցնող սահմանումներ կան, որոնք կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին: Կ’ըսեն թէ` ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած եւ կազմակերպուած ոչնչացումն է մարդոց խմբաւորման մը, անոր ցեղային, ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով, նպատակ ունենալով անոր ամբողջական անհետացումը` յանուն ցեղապաշտ սկզբունքի մը կամ այդ խմբաւորման գաղափարախօսական ըմբռնումին:

Ընդունուած սահմանումներուն մէջ չէ արձանագրուած անհանգստացնող կէտ մը, ցեղասպանութիւններու խորքի պատճառին մասին, որ նիւթն է. նիւթը` հողը, նիւթը` ինչք եւ դրամ: Այդ կէտը մենք ալ զանց կ’ընենք, որպէսզի մենք ալ չանհանգստանանք: Բարոյախօսական ճառը չ’անհանգստացներ` ո՛չ ըսող, ո՛չ ալ լսողը:

Ի՞նչ պատահած է հայ ժողովուրդին ամբողջ ԺԹ. դարու ընթացքին եւ Ի. դարու սկիզբը, ի՞նչ կը պատահի մինչեւ այսօր: Պատմական թիւրիմացիւթիւն է Հայոց ցեղասպանութիւնը օղակել 1915-1922 տարիներուն մէջ` եզրակացնելու համար, որ ան պատմութեան կը պատկանի: Մոռցա՞նք, որ հայածնունդ մարդ եղաւ, որ ըսաւ, թէ` «պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել»:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութեան սահմանման հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի բանաձեւի ընթերցումը կիսկատար ձեւով պէտք չէ կատարել: Ան աւելի մեծ պատմական ըմբռնում ունի, քանի որ կ’ըսէ, թէ` «ընդհանուր առմամբ ցեղասպանութիւն չի նշանակեր ազգի մը անմիջական աւերումը»: Արդարեւ, ազգի մը անհետացումը ծրագրուած կերպով կրնայ իրականացուիլ ժամանակին մէջ, անհետացման ազդակներու գործադրութեամբ, որոնք կրնան երեւութապէս բիրտ եւ ցնցող չըլլալ: Ռաֆայէլ Լեմքինի մտածումը աւելի բարոյական խորք եւ պատմական հայեացք ունի, բաղդատած` աղմկարար եւ յաճախ ալ շահախնդրուած գործիչներու վերաբերումին: Ինչպէս ինք կ’ըսէ, «Ցեղասպանութիւնը կ’առաջադրէ մանաւանդ համակարգուած ծրագիր մը տարբեր գործողութիւններու` նպատակադրելով քանդումը ազգային խմբաւորումներու կեանքի էական հիմերուն (քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներ, մշակոյթ, լեզու, զգացումներ, ապահովութիւն, արժանապատուութիւն եւ այլն), նպատակ ունենալով քանդել նոյն այդ խմբաւորումները»:

Ռաֆայէլ Լեմքինի նշումները կարելի է ամբողջացնել ցեղասպանութեան կողքին արձանագրելով հայրենահանումը, որուն հետեւանքները կը շարունակուին հայ ազգի աւելի քան կէսին համար, նոյնիսկ եթէ այդ աւելի քան կէսը քաղքենիական պատշաճեցման իր կացութիւնը չ’ընդունիր որպէս հայրենահանուածի:

Ռաֆայէլ Լեմքին կը խօսի քաղաքական եւ ընկերային կառոյցներու մասին, այսինքն` հողի եւ հայրենիքի: Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր «ճանաչում»-ները, որոնք տասնամեակներու ընթացքին մեզի տրուած մխիթարական պարգեւներ են, էականը չեն փոխարիներ, նաեւ` վերապրող խմբաւորումներու մշակութային եւ լեզուական կորուստը, չեն բացատրեր վասն ապահովութեան մայր երկրէն հեռացումը, եւ հուսկ ազգային արժանապատութեան աստիճանական չքացումը` ապաստանելով «ծագումով հայ»-ու բան չնշանակող խեղկատակութեան մէջ:

Այս բոլորը` որովհետեւ չ’ըսուիր, թէ իրապէս ինչո՞ւ գործուեցաւ Ցեղասպանութիւնը:

Ֆրանսան կամ Ռուսիան կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` առանց յիշելու պատճառը: Յիշել պատճառը` իսկական պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, որ կ’ենթադրէ քաղաքական վերաբերում, գերանցելով բարոյախօսութիւնները, խրատականները եւ մխիթարական բան չնշանակող շատախօսութիւնները:

Անցնող հարիւր տարիներուն ոչ իսկ մէկ անգամ այդ քաղաքական վերաբերումը ցուցաբերուեցաւ: Մենք ալ բարոյախօսական ճառը դիմաւորեցինք որպէս քաղաքականութիւն: Անող փքուողներ եղան եւ կան:

Երբ ճանաչումներուն եւ դատապարտութիւններուն չ’ընկերանար քաղաքական վերաբերումը, որ պիտի առաջնորդէ սրբագրութեան, կը մնանք սրճարանային զրոյցներու անվաղորդայն աղմուկին մէջ:

Պարզ պէտք է ըլլայ, որ քաղաքական վերաբերումը Հայկական հարցին միջազգայնացումն է, որուն առանցքին կը գտնուի հայկական հողերու վերադարձը հայ ժողովուրդին: Այդ կ’ըլլայ Ցեղասպանութեան իրա՛ւ ճանաչում` հեռանալով խօսքի աճպարարութիւններէ եւ ճապկումներէ, որոնք տկարացածներու եւ քաղքենիացածներու եսերը կրնան շոյել:

Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայկական հարցի քաղաքանացման միւսը երեսը ներազգային է եւ կը վերաբերի մեզի: Այդ զոյգը կը կենսագործուի հայրենատիրութեամբ: Ժամանակի գիծին վրայ մինչեւ ե՞րբ հայասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն կարելի է խաղալ` առանց հայրենատիրութեան մէջ ընդգրկուելու, գիտնալով, որ այդ ժամանակը իր աւերը պիտի գործէ, երբ ֆիզիքապէս հեռու ենք հողէն եւ հոգեպէս կը հեռանանք մշակոյթէն եւ լեզուէն:

Հայկական հարցի քաղաքականացման դարպասն է  հայրենադարձութիւնը, որ զբօսաշրջութիւն չէ: Հայրենադարձութիւնը նախապայմանն է հայրենատիրութեան եւ հայկական համրանքի պաշտպանութեան: Այս իսկական հայ ազգային քաղաքականութիւնը ինքզինք չի կրնար խաբել ճանաչումներով կամ բարեսիրութեամբ:

Ազգային-քաղաքական վերաբերումի խնդիր կայ: Ինչո՞ւ պատկերազարդ եւ պատկառելի խորհրդաժողովները չեն քններ այս խնդիրը` առանց ընելու այնպէս, ինչպէս կ’ըսէ առածը, որ` «խօսքը տրուած է մարդուն իր մտածումները թաքցնելու»:

Էական հարցերը թաքցնելը ո՛չ քաղաքականութիւն է եւ ոչ դիւանագիտութիւն, այլ` վատութիւն:

Օր մը տարտղնուած հայերը պիտի ըսե՞ն, թէ ինչպէ՞ս, Հոնոլուլու, Լոս, Պահամաս, կամ Մոնաքօ նստած հայրենատէր պիտի ըլլան, նոյնիսկ եթէ Երեւանի մէջ պատիւներով կ’ընդունուին:

Հայ զբօսաշրջիկը հայրենատէր չէ: Թերեւս հայասէր է:

Այսօր աւելի քան երբեք պիտի հասկնանք, որ հայրենահանումը ցեղասպանութիւն է, այսինքն սփիւռքը կը շարունակէ ցեղասպանութեամբ պարտադրուած ընթացքը: Ճանաչումները դեղ-դարման չեն:

Մեր հասողութեան մէջ է կայ դեղ-դարման, որ կը կոչուի հայրենադարձութիւն:

Որ ճառերէ անդին ոչ մէկ տեղ աշխատանքի օրակարգ է:

23 սեպտեմբեր 2016, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17472

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>