Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Եւ Հայ Ազգային Իրաւունքներու Վերականգնման Պայքարին Ուժական Շղթայազերծումը

$
0
0

Nazareth-BerberianՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22-ին, 41 տարի առաջ, մարտական յանդուգն գործողութիւն մը ցնցեց խիղճը քաղաքական աշխարհին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան` հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը ճեղքելով եւ հատու ազդանշանը տալով Հայ դատի պայքարին ուժական շղթայազերծումին:

Այդպէ՛ս, 22 հոկտեմբեր 1975-ին, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, օր-ցերեկով կատարուեցաւ ահաբեկումը աւստրիական պետութեան մէջ թրքական պետութիւնը ներկայացնող ատենի դեսպանին:

Ճշգրիտ` 22 հոկտեմբերի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին զէնքի դիմած շէնքի պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունելճիլի գրասենեակը: Յարձակման մանրամասնութիւնները տուող մերօրեայ թրքական կայքէջերուն համաձայն, ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան մակնիշի իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ:

Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ գործողութիւնը իրականացնող հայ մարտիկները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու ինքնաշարժ նստելով` անյայտացան…

Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւններով` գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով:

Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով` անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով ստանձնեցին Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը:

Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած 22 հոկտեմբեր 1975-ի գործողութեան պատճառած ցնցումը, երբ երկու օր ետք` 24 հոկտեմբեր 1975-ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած… թակարդին մէջ: Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ՛ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ մարտիկները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…

Թէեւ երկրորդ այդ գործողութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու մարտիկներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ, Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին` Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով եւս, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեց միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեց զոյգ գործողութեանց պատասխանատուութիւնը:

Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս տեսաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի` յատկապէս դաշնակցական թերթերու էջերուն:

«Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970-ականներու պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ:

Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներ»-ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կ՛ազդարարէր.

«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններուն պիտի յիշեցնէ, որ հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:

Արդարութեան մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, որ Հայ դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է, եւ թէ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով` լռութեան անարդար պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ «Մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:

Ահա այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ հոկտեմբերի այս օրերուն, 41 տարի առաջ, Հայ դատի ուժական պայքարին նորօրեայ զարթօնքը:

Թէեւ աննախընթաց չէին թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ 22 եւ 24 հոկտեմբեր 1975-ին կատարուած ուժական զոյգ գործողութիւնները, թէեւ 1973-ին Գուրգէն Եանիքեան Մ. Նահանգներու մէջ սպաննած էր Լոս Անճելըսի թուրք հիւպատոսը, նաեւ` Լիբանանի մէջ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուած էր, այսուհանդերձ, Վիեննայի եւ Փարիզի գործողութիւնները կանխած նախընթաց այդ քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներու միջազգային բեմ մուտք գործելով:

Մինչեւ 1980-ականներու առաջին կէսը Արդարութեան մարտիկները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը` յառաջացնելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ի խնդիր բարոյական, քաղաքական եւ քարոզչական անհրաժեշտ ճնշումը քաղաքակիրթ հանրութեան խղճմտանքին եւ հանրային կարծիքին վրայ:

Հայ դատի պայքարին ուժական շղթայազերծումը իր անմիջական եւ հեռահար արդիւնքը տուաւ միջազգային քաղաքական հարթութեան վրայ:

Մէկ կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններ ու ատեաններ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական լուծում որոնել Հայկական հարցին:

Իսկ միւս կողմէ`նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ սկսան աւելի բարձրաձայն հնչել հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կատարելու կոչեր:

Հայ դատի ուժական պայքարին յաղթարշաւը նաեւ ու մանաւա՛նդ ներշնչման աղբիւր դարձաւ հայրենի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս` Արցախի պահանջատէր հայութեան, որպէսզի ինքնավստահ եւ վճռական` 1980-ականներու վերջերուն մարտականօրէն իրաւատէ՛ր կանգնին Արցախի ազատ, անկախ եւ միացեալ ապրելու անբռնաբարելի իրաւունքին ու ազատագրական դատին:

Հայ դատի պայքարին ուժական շղթայազերծման 41-ամեակը արդէն կ՛ոգեկոչենք Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի յաղթական ու տօնական մթնոլորտին մէջ: Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի իրողական ազատագրումով` Հայ դատի պայքարը թեւակոխած է նոր փուլ, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումի համահայկական պահանջին կողքին` ահա՛ շեշտը դրած է Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին ամբողջական հատուցում կատարելու հրամայականին վրայ:

Այդ առումով աւելի քան այժմէական կը հնչէ հոկտեմբեր 1975-ին հրապարակուած Արդարութեան մարտիկներու յայտարարութեան այն ազդարարութիւնը` աշխարհի ճակատագրին հետ ըստ կամս վարուող մեծապետական ուժերուն, թէ պէտք չէ ծայրայեղ յուսալքութեան մատնել իրաւազրկեալները` արդար դատի տէր ժողովուրդները, մանաւանդ երբ փոքր է անոնց ածուն եւ տկար է իրաւունքն ու արդարութիւնը սուրով խլելու անոնց ուժը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17394

Trending Articles