Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Նշմար. Կարեւոր Ձեռքբերում Եւ Նոր Հանգրուան

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_120715

6 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէ, որուն ընթացքին քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը «Այո՛» ըսաւ առաջարկուած բարեփոխումներուն: Արձանագրուեցաւ կարեւոր ձեռքբերում մը, սակայն աշխատանքը տակաւին չէ հասած իր աւարտին:

Այժմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մուտք գործած է քաղաքական նոր հանգրուան, որուն ընթացքին պէտք է ամբողջացնել առնուած այս կարեւոր քայլը: Այժմ հերթը ընտրական ներկայ վատ համակարգի բարեփոխումինն է: Նոր գինին նոր տիկին մէջ դնելն է, որ ի վերջոյ մեր երկիրն ու ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ դէպի այն փայլուն ապագան, որուն արժանի են անոնք: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ այդ ատեն կեանքը պիտի դառնայ վարդագոյն. դժուարութիւններ պիտի ըլլան անշուշտ, ճիշդ ինչպէս անոնք գոյութիւն ունին որեւէ քաղաքակիրթ եւ յառաջադէմ երկրի մէջ: Ճշմարտութիւն մը, որուն քաջածանօթ են անոնք, որոնք արտագաղթած են իրենց հայրենիքէն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի յառաջադէմ երկիրներու շարքին ըլլալու կարողականութիւնը, եւ 6 դեկտեմբերի հանրաքուէի դրական արդիւնքին լոյսին տակ այդ հեռանկարը կը դառնայ շատ աւելի տեսանելի: Իրականութեան մէջ արձանագրուած յաջողութիւնը բոլորինն է` թէ՛ «Այո՛»-ի կողմնակիցներունը, թէ՛ «Ո՛չ»-ի կողմնակիցներունը, թէ՛ ալ սահմանադրական բարեփոխման նման կարեւոր հարցի մը նկատմամբ ինչ-ինչ պատճառներով կրաւորական կեցուածք որդեգրելով թերացողներունը: Արձանագրուածը ազգային մակարդակի վրայ յաջողութիւն մըն է. այստեղ չկան պարտուողներ, իսկ եթէ կան յաղթողներ, ապա բոլորս ենք, որովհետեւ 6 դեկտեմբերի ձեռքբերումէն բխելիք բարիքը մեր բոլորինն է:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>