Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17397

Գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի` «Գալէմքեարեաններ. Այնթէպ, Դամասկոս. Հալէպ» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

$
0
0

tokmadjian8_101916

19 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ, ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաճեանի` «Գալէմքեարեաններ. Այնթէպ, Դամասկոս, Հալէպ» պատկերագիրքի շնորհահանդէսը:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են տոհմիկ պղնձագործ եւ արծաթագործ Գալէմքեարեաններու ստեղծագործութիւններուն օրինակները եւ ընտանիքի երկու դարերու վրայ երկարող պատմութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

tokmadjian2_101916

Ողջունելով ձեռնարկին ներկաները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Հրազդան Թոքմաճեանի` Գալէմքեարեաններու ձգած ժառանգութիւնը համապարփակ պատկերագիրի վերածելու միջոցով սերունդներուն փոխանցելու ջանքերը:

Նախարար Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ Սուրիոյ մէջ գործող բոլոր եկեղեցիներուն, թանգարաններուն, մշակութային եւ կրթական օճախներուն դռները միշտ բաց եղած են Հրազդան Թոքմաճեանի առջեւ` Գալէմքեարեաններու ստեղծագործութիւնները տեսնելու եւ ուսումնասիրելու համար:

«Շնորհակալ ենք Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն, որոնց մեկենասութեամբ լոյս տեսաւ այս հիանալի պատկերագիրքը», նշեց նախարար Յակոբեան` աւելցնելով, որ հայ վարպետներու հռչակը յաճախ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ելած է: Դարեր շարունակ պետականութիւն չունեցող հայերը արուեստի վերածուած արհեստագործական հազարաւոր աշխատանքներ ստեղծած են: Հայ արհեստաւորները յաջողած են զարգացնել իրենց գործը բարենպաստ պայմաններու մէջ. ստեղծած են համքարութիւններ եւ ձեւաւորած են արհեստաւոր ընտանիքներ, որոնցմէ մէկը եղած է պղինձի եւ արծաթի մշակումի մեծ վարպետ Գալէմքեարեաններու ընտանիքը: Այս ընտանիքին գործունէութիւնը ծաւալած է շուրջ 200 տարի: 1915-ի տեղահանութենէն ետք Գալէմքեարեանները գաղթած են Դամասկոս, ապա` տեղափոխուած Հալէպ: Այսպիսի գաղթի ճամբայ մը անցած է Գալէմքեարեաններու ընտանիքը: Մեր սիրելի Հրազդան Թոքմաճեանը անոնց պատմութիւնը գիրքի վերածած է եւ իր աշխատութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած է:

tokmadjian4_101916

Նախարարը նշեց, որ մենք պարտաւոր ենք Հայաստան հրաւիրել  յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող պղնձագործները եւ արծաթագործները, որպէսզի անոնց տաղանդը փոխանցուի նորահաս սերունդին: «Այդ աշխատանքին մեծապէս պիտի ծառայէ նաեւ մեր սիրելի Հրազդան Թոքմաճեանի հրատարակած գիրքին վերջաւորութեան ամբողջացուած 986 հայ պղնձագործներու անուանացանկը», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Հրազդան Թոքմաճեանի հայրենանուէր գործունէութեան` նախարարը լուսարձակի տակ առաւ վերջինս` Հալէպի մէջ ստեղծուած «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիային դերը նորահաս սերունդները կրթելու աշխատանքին մէջ եւ նշեց. «Նոյնիսկ այսօրուան ռումբերու պայթումներուն տակ տակաւին կը շարունակուի շնչել եւ սերունդներ կրթել մեր մեծ գծագրիչի անունը կրող ակադեմիան: Լիայոյս ենք որ վերջ կը գտնէ պատերազմը եւ Հալէպի մէջ մեր երբեմնի ծաղկուն գաղութը կը վերականգնի»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: «Հակառակ հայրենազրկումին եւ սպառնացող ֆիզիքական բնաջնջումին` հայերը ոչ միայն չեն անհետացած պատմութեան հոլովոյթէն, այլեւ պահպանած են իրենց ազգային արժէքները», նշեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով. «Այս պատկերագիրքը մեր թեմի լաւագոյն աշխատութիւններէն մէկը պիտի նկատուի»:

tokmadjian5_101916tokmadjian6_101916Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկան հալէպահայ բժիշկ, գրող եւ մտաւորական Թորոս Թորանեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան:

tokmadjian7_101916tokmadjian3_101916Գալէմքեարեան ընտանիքի ժառանգորդ Բալիկ Գալէմքեարեան-Փոփովան ելոյթ ունեցաւ կոմիտասեան կատարումներով, իսկ Դալար Գալէմքեարեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի ստեղծման, հրատարակումին եւ շնորհահանդէսի բոլոր կազմակերպիչներուն:

Հանդիպումին աւարտին խօսք առաւ Հրազդան Թոքմաճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան` իր գործերը Հայաստանի հասարակութեան ներկայացնելու գործին մէջ ցուցաբերած ջանքերուն համար: Թոքմաճեան աշխատութիւնը ներկայացնելով նշեց, որ ինք եւ վարպետ Յովհաննէս Գալէմքեարեան Հալէպի մէջ դրացիներ եղած են: «Պատերազմական վերջին տարիներուն չէինք կրնար յաճախ բակ ելլել, կը խուսափէինք պատահական ռումբերու բեկորներէն, բայց կը տեսնէի վարպետ Յովհաննէսը իր պատշգամէն փողոցը դիտելու ընթացքին: Վերջին խանութն ու արհեստանոցը, որ մինչ օրս կը գործեն, կը գտնուին Սալիպէ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերուն մէջ: Այո՛, նախարար Հրանուշ Յակոբեան շատ ճիշդ նշեց, որ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն մէջ ապրող հայ արհեստաւորները իրենց տաղանդը պէտք է փոխանցեն յատկապէս Հայաստանի նորահաս սերունդին: Համայն հայութեան ապագան Հայաստանի մէջ է: Ես կ՛առաջարկեմ հայ գիտնականներուն եւ արուեստաբաններուն` ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել պատկերագիրքի վերջին էջերուն մէջ հրապարակուած հայ հռչակաւոր արհեստաւոր գերդաստաններու կեանքը եւ գործերը», նշեց Թոքմաճեան:

tokmadjian9_101916


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17397

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>