ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Զաքար Քէշիշեան անունը, աւելի ճիշդ` «Պարոն Զաքար» անունը, վերջին քառորդ դարուն ընթացքին կամաց-կամաց վերածուելով ձեւով մը կնիքի, իր ազդեցութիւնը ձգած է թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ իր ծննդավայր լիբանանահայ գաղութին մէջ` շնորհիւ Շուշիի մէջ ստեղծած իր «Վարանդա» եւ Պէյրութի մէջ ստեղծած իր «Կարկաչ» եւ ապա «Այգ» երգչախումբերուն, բայց ամէնէն շատ` հայրենիք-սփիւռք կամրջումին մէջ: Ան որ չէ ապրած պարոն Զաքարին երգչախմբային ընտանիքին մէջ, հաւանաբար չիմանայ, թէ այն նոյն ձեռքերը, որոնք կը ղեկավարէին երգչախումբերը, տարին նուազագոյնը մէկ անգամ Արցախէն Լիբանան եւ հակառակ ուղղութեամբ նամակներ եւ նուէրներ կը տանէին ու կը բերէին, այս քայլը դարձնելով, գոնէ ինծի համար (եւ վստահաբար ինծի պէս շատերուն համար) Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան ամէնէն շօշափելի փորձառութիւններէն մէկը:
«Շուշի երթալը դիւրին է,
վերադառնալն է դժուար»
Այս թեւաւոր խօսքը կը պատկանի պարոն Զաքարին: «Ազդակ»-ի հետ ունեցած մեր զրոյցին ընթացքին ան կը պատմէ, թէ առաջին անգամ Արցախ գացած է 1989 թուականին Երեւանի պետական Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի ուսանողներով` Արցախի շարժման առաջին տարեդարձին նուիրուած համերգներ տալու, նեցուկ կանգնելու արցախցիին եւ ոգեւորելու համար անոնց հայրենապահպանման պայքարը: «Այդ համերգները կը վերածուէին ցոյցերու: Մենք բեմէն կը պոռայինք «Արցա՛խ, Արցա՜խ», ժողովուրդը վարէն կը պոռար «Միացո՛ւմ, Հայաստա՛ն»: Մեր խումբին մէջ կային մարդիկ, որոնք այսօր նշանաւոր են, օրինակ` ազատամարտ Մակիչը, Արսէն Մրրօ Գրիգորեանը, երգիչ Ֆորշը, Ռոպերթ Մլքէեանը, Երեւանի պետական երաժշտանոցի ներկայիս փոխտնօրէն Մհեր Նաւոյեանը, Արժանթինէն տուտուկահար Ռուբէն Կնեազեանը եւ շատ ուրիշներ: Այս դասընկերներով օրական երեք-չորս համերգ կու տայինք` առտու դպրոց մը կ՛երթայինք, կէսօրին գործարան մը, երեկոյեան սրահ մը: Համերգներ տուած ենք Հադրութի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի մէջ, բայց այն ժամանակ Շուշի չէինք կրնար երթալ: Շուշին մեզի ցոյց կու տային հեռուէն»:
«Առաջին անգամ Շուշի գացի, երբ տակաւին նոր ազատագրուած էր քաղաքը: Հայաստանի Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը, որ տակաւին նոր հիմնուած էր այն ժամանակ, որոշած էր հոն հիմնել Արամ Մանուկեան վարժարանը, տրուած ըլլալով, որ Շուշի ծնած են անուանի բազմաթիւ հերոսներ, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, Վանայ Իշխան եւ այլն: Այս գաղափարներու ծիրին մէջ ինծի պարտականութիւն տրուեցաւ ստեղծել երգչախումբ մը: Այդպէս Շուշի գացի եւ շատ ուրախ եմ, որ կարողացայ հետեւողական ըլլալ իմ նուիրումիս մէջ»:
Հայրենիքի մէջ` 25-ամեակի
նուիրուած ելոյթներով
«Եւ ահաւասիկ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հիմնադրութեան 25-ամեակներու առիթով երջանկութիւն ունեցայ հայրենիքի մէջ համերգ տալու իմ ստեղծած երգչախումբերովս, ինչպէս նաեւ` կնոջս Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի հետ ներկայացնել մեր զուգանուագ «Հայկական խճանկար»-ը», յայտնեց Զաքար Քէշիշեան:
Վերադառնալով անցեալին` պարոն Զաքար պատմեց, թէ «Հարստութիւններուս մաս կը կազմէ 25 տարիներ առաջ Արցախի մէջ հրատարակուող թերթի մը մէջ լոյս տեսած Արսէն Մրրօ Գրիգորեանի, Ռուբէն Կնեազեանի եւ ինծի հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ նշուած այն նախադասութիւնը, որ կ՛ըսէր հետեւեալը. «Առաջին սփիւռքահայերուն ոտքը կպաւ Արցախի հողին»: Անգամ մը 2001-ին իրականացած երազանքը դարձեալ իրականացաւ 15 տարիներ ետք, երբ կրկին հանդիպեցան Շուշիի «Վարանդա» եւ Պէյրութի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերը եւ միացան Հայաստանի հողին վրայ, ծանօթացան, երգեցին, մասնակցեցան «Իմ Հայաստան» փառատօնին, հասան մինչեւ Գիւմրի, հայրենատեսութեան գեղեցիկ պահեր ապրեցան, մանաւանդ երբ Կոմիտասի անուան թանգարան- հիմնարկին մէջ տուին միացեալ ելոյթ, որուն ներկայ գտնուած էին շուրջ 250 ունկնդիրներ, մեծաւ մասամբ` երաժիշտներ, գրողներ, երաժշտահաններ եւ մտաւորականներ. այլ խօսքով, կիրթ ունկնդիրներու առջեւ առիթ ունեցանք երգելու եւ գնահատուելու»:
Համերգին երգեցին նաեւ «Վարանդա»-ի սաներէն
Ս. Գասպարեանին նահատակութեան յիշատակին
«25-ամեակի համերգը ունէր իր բնաբանական զարգացումը: Շեշտ մը դրուեցաւ հայրենասիրական երգերու վրայ, սակայն կային նաեւ մեր նահատակներուն նուիրուած երգեր, մանաւանդ որ «Վարանդա» երգչախումբը անցնող ապրիլեան պատերազմին դժբախտաբար տուաւ իր նահատակը` Սարգիս Գասպարեանը, որ երգչախումբի նախկին սաներէն էր: Ան իր ընկերոջ կեանքը փրկելու ժամանակ ինք եւս գնդակ մը ստանալով` վիրաւորուած էր եւ երկու օր վերջ նահատակուած. անոր յիշատակին երգեցին: Երգեցինք նաեւ զուարթ երգեր, ժողովրդական երգեր»:
«Իւրաքանչիւր համերգ ունի իր կառոյցը` սկիզբ, զարգացում եւ աւարտ: Այս տարի «Վարանդա»-ն երգեց իր բաժինը, յետոյ ես եւ կինս` Կամիլան նուագեցինք շուի, տուտուկ, դաշնամուր, ապա բեմ բարձրացաւ երիտասարդական երգչախումբը, որմէ ետք երգչախումբերը միանալով երգեցին քանի մը հայրենասիրական երգեր»:
Խօսելով երգչախումբը երիտասարդ պահելու գաղտնիքներէն մէկուն մասին` ան ըսաւ, որ երգացանկը կարեւորագոյն դերը կը խաղայ այս առումով: «Երգչախումբը իր ձեռագիրը կ՛ունենայ իր երգացանկով: Չեմ սիրեր երգերը կրկնել եւ ուրախ եմ, որ անցնող 25 ամեակին, «Վարանդա»-ին եւ «Կարկաչ»-ին համար, այնուհետեւ «Այգ»-ին համար նաեւ, Հայաստանի ականաւոր երաժշտահաններ եւ բանաստեղծներ ստեղծագործեցին հարիւրաւոր նոր երգեր, որոնց առաջին կատարումները մենք ըրինք Լիբանանի մէջ եւ «Վարանդա»-ի մէջ: Ուրախ եմ, որ այս երգերը նաեւ ներկայիս հրատարակուած են: Շատ յաճախ Հայաստան կեցութեանս կարճատեւ ընթացքին կամ Դիմատետրով կը տեսնեմ երգեր, որոնք կ՛երգուին այլ երգչախումբերու կողմէ եւ կը յիշեմ, թէ անոնց առաջին կատարումը «Կարկաչ»-ը կամ «Վարանդա»-ն ըրած է: Ինծի համար հաճելի զգացում է ասիկա: Անշուշտ նաեւ կ՛երգենք, այս բոլորին կողքին, մեր դասականները, ինչպէս` Կոմիտաս, ու օտարալեզու դասական եւ ժամանակակից երգեր: Ուրախ եմ ըսելու, որ մենք երբ այս անցնող 25 տարուան ընթացքին երգած ենք քանի մը հարիւր նոր երգեր, որոնք մեզ զատորոշած են այլ երգչախումբերէ»:
«Հայկական Խճանկար»-ը
Հայաստանի մէջ
Խօսելով իր կնոջ` Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանին եւ իր զուգահամերգին` «Հայկական խճանկար»-ին մասին, պարոն Զաքար յայտնեց, որ այս ծրագիրը սկսած են պատրաստել տարիներէ ի վեր եւ արդէն ներկայացուցած են տարբեր բեմերէ, ինչպէս` «Պէյրութ Չենթս» փառատօնին ծիրին մէջ ու տարբեր երկիրներ, ինչպէս` Կիպրոս եւ Եգիպտոս: «Տասը տարի առաջ միասին համերգ տուած էինք Արցախի մէջ, բայց գործի բերումով չէինք կրկնած այդ փորձառութիւնը: Բարեկամներու, ծնողներու եւ երաժիշտներու փափաքով վերադարձանք «Հայկական խճանկար»-ը ներկայացնելու միասին: Կամիլան նուագեց Յարութիւն Տելալեանի «Նուիրում Կոմիտասի» շատ բարդ ստեղծագործութիւնը, որ ո՛չ միայն նուագելը, այլ նաեւ ընկալելը դժուար է: Հոն անգամ մը եւս մեզի համար ի յայտ եկաւ, թէ որքան բարձր մակարդակի երաժշտութիւն կրնայ ընկալել արցախահայութիւնը: Քիչ մը կասկած կար մեր կողմէն, որովհետեւ ընդհանրապէս մարդը ինք պէտք է պատրաստուած ըլլայ բարդ գործեր լսելու, բայց այնքան ջերմ ոգեւորութեամբ եւ լրջօրէն ընդունեցին այս համերգը, որ զգացինք, թէ Արցախը նաեւ այն վայրն է, ուր բարձրարուեստ համերգներ կարելի է տալ»:
«Անկախութիւնը երկսայրի սուր է»
Պատկանելով այն սերունդին, որ ո՛չ միայն տեսած է Խորհրդային Հայաստանի օրերը, այլ նաեւ ապրած է այդ Հայաստանին մէջ որպէս ուսանող, պարոն Զաքար խօսեցաւ անկախութեան խորհուրդին մասին եւ յայտնեց, որ այն երկսայրի սուր է: «Եթէ տէր չըլլաս անկախութեանդ, այդ կրնայ վնասակար դառնալ քեզի համար,- ըսաւ ան ու շարունակեց,- անկախութիւնը քաղցր է, բայց պատասխանատուութիւնը շատ աւելի բարդ է, որովհետեւ մենք ենք մեր տանտէրը, ինչպէս նաեւ` մեր ծառան: Այսուհետեւ մեր յաջորդող սերունդներուն առջեւ պատասխանատու ենք: Պիտի ապաւինինք մեր բազուկի ուժին, մեր զէնքին, մեր խելքին, մեր միաբանութեան ու կազմակերպուածութեան: Այս բոլորը պէտք է արդէն ընենք նաեւ անձնապէս, մեր միջեւ, առանց ապաւինելու որեւէ մէկ հզօր ուժի, հետեւաբար առաւել եւս պատասխանատու ենք, քան երբեք: Այնքան ատեն, որ տակաւին մեր երկիրը շրջապատուած է թշնամիներով եւ մեր տան մէջ մեզ տանտէր չեն ճանչնար, պարտաւոր ենք մարտունակ եւ զգօն ըլլալու», եզրափակեց պարոն Զաքար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն տարբեր կրնայ ըլլալ անկախութեան ընկալումը, երբ արեան գնով է, եւ այն անկախութիւնը, որ տեղը ունեցած է հզօր պետութեան մը անկումին պատճառով, պարոն Զաքար ըսաւ, թէ այս մէկը տեղայնական չէ, այլ կախում ունի անհատին ազգային դաստիարակութենէն: «Երկու տեղերն ալ ամէն մարդ տարբեր կ՛ընկալէ անկախութիւնը: Ոմանք նոյնիսկ դժգոհ են, կ՛ըսեն, որ սովետի օրով ամէն ինչ կար եւ հիմա տնտեսական դժուարութիւններ ունին եւ այլն: Ի վերջոյ մարդ ենք, եւ ո՛չ միայն ազգային այլ մարդկային ապրումներով է, որ նաեւ կը մտածենք եւ այդ մէկը մեզի կը բերէ որոշ տարբերութիւններու»:
Սփիւռքի պարագան տարբեր կրնայ ըլլալ, ըսաւ ան` «քանի որ սփիւռքահայը ըստ էութեան դպրոցական օրերէն կ՛ապրի հայրենատեսութեան բաղձանքը եւ այդ կը հասնի մինչեւ իր ջիղերը: Մինչեւ որ այնտեղ չապրի, չի կրնար ամբողջովին ընկալել [անկախութիւնը]: Իրեն համար ատիկա երազային է: Թէեւ զբօսաշրջային այցելութիւնները կենսական են, բայց ամբողջական պատկերացում կազմելու համար` անբաւարար, իսկ տեղի հայութեան համար` անկախութիւնը իրականութիւն է` իր լաւ ու վատ կողմերով: Շատեր ապրեցան անկախութիւնը տեսնելու փափաքով ու իւրաքանչիւր մայիս 28-ին այդ մէկը տօնեցին երգելով, ոգեւորուելով, ծերացան ու մեռան շատ յաճախ առանց հայրենիքն իսկ տեսնելու. այս մէկը իր ողբերգութիւնը ունի ի հարկէ, ողբերգական բանի մը մասին կը խօսիմ, բայց նաեւ` քաղցր, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մենք կ՛ապրինք Հայաստանը միշտ անկախ տեսնելու եւ հզօր տեսնելու իղձով, եւ ատիկա մեզի համար մագնիս մըն է, որ կը հաւաքէ մեր բոլորին դէպի հայրենիք մեր նուիրումին մէջ: Բայց կը կրկնեմ, տեղայնական չէ անկախութեան ընկալումը»:
Սփիւռքի մէջ հայ արուեստագէտ
ըլլալու մասին
Խօսելով սփիւռքի մէջ հայ արուեստագէտ ըլլալու եւ թէ՛ արուեստը ու թէ՛ հայկական մշակոյթը զարգացնելու մասին` պարոն Զաքար նշեց, թէ Հայաստանի երգչախումբերուն մեծ մասը բաղկացած է արհեստավարժներէ, որոնք ունին երաժշտական կրթութիւն եւ անկախ ամսականի չափէն` անոնք կը ստանան իրենց գործին, արուեստին համեմատ վարձատրութիւն: Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, ան յայտնեց, որ քիչ են մասնագէտ խմբավարներ ունեցող երգչախումբերը. այդ խմբավարները բոլորն ալ նուիրեալ ու ինքնուս մարդիկ են, ըսաւ ան, բայց եւ այնպէս կրնան Հայաստանի երգչախումբերու մակարդակը չունենալ:
«Մեր երգողները սփիւռքի մէջ, ի տարբերութիւն հայրենիքի երգչախումբի անդամներուն, երաժիշտներ չեն, սակայն կը հաւատան երգի միջոցով ստեղծուած ազգային եւ ընկերային ոգիին, որուն շուրջ կը համախմբուին եւ իսկապէս ալ երբեմն կը հասնին նկատառելի մակարդակի: Սակայն այն նուիրումը, որ առանց նիւթական վարձատրութեան կ՛ըլլայ, երիտասարդներ, նոյնիսկ տարեցներ կամ մանուկներ երգչախումբ կը բերէ, կը ստեղծէ սփիւռքի մէջ հայապահպան գեղեցիկ մթնոլորտ մը, ինչպէս նաեւ` ընկերային կեանք մը, ուր հայ երիտասարդներ կը հանդիպին, զոյգեր կը կազմեն… ոչ միայն երգչախումբի յարկին տակ անշուշտ, այլ նաեւ` մեր գեղարուեստի միւս արտայայտութիւններուն տակ: Այս հիմքերու վրայ կը ստեղծուի սփիւռքի սիւնը, եւ դպրոցին, եկեղեցիին կողքին կը կազմէ մեր ազգային կեանքը»: Պարոն Զաքար ընդգծեց, թէ մասնագէտ խմբավար մը մասնագէտ երգչախումբով շատ շուտ արդիւնքի կը հասնի` բաղդատած սփիւռքի պայմաններուն:
Խօսելով Լիբանանի մէջ երգչախումբ պահելու իր մարտահրաւէրներուն մասին` պարոն Զաքար ըսաւ, որ այս դարուս պարտադրած տնտեսական դժուարութիւնները պատճառ կը դառնան, որ երիտասարդը իր ուսման շրջանին նաեւ աշխատի, բան մը, որ կը նուազեցնէ անձին ազատ ժամերը: Տնտեսական դժուարութիւնները նաեւ իրենց ազդեցութիւնը ունին երգչախումբը որակաւորելու եւ միջազգային բեմ տանելու խնդիրով, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շնորհիւ երգչախումբի անդամներուն ու վարչութեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան թափած ճիգերուն, կը շրջանցուին նիւթական դժուարութիւնները եւ կ՛ապահովուի երգչախումբին որակական աճը: «Ճիշդ է` քանի մը անգամ Կիպրոս գացինք եւ այս տարի` Հայաստան, բայց մեծ ջանք կը թափուի ասոր համար, որովհետեւ երգչախումբը պէտք չէ միշտ նոյն երկրին եւ նոյն ունկնդիրներուն առջեւ երգէ: Որակաւորուելու համար ան պէտք ունի նոր ունկնդիրներու ու շրջապատի. այդ բոլորն են, որ կը խրախուսեն երգչախումբը, որպէսզի կարենայ աւելի բարձր մակարդակի հասնիլ, եւ այս իմաստով նիւթական դժուարութիւնները շատ յաճախ կը խեղդեն մեզ», աւելցուց ան:
Պարոն Զաքարի ընտանիքէն
մինչեւ միջազգային բեմ
««Վարանդա» երգչախումբի պարագային, յատկապէս առաջին սերունդին պարագային շուրջ աւելի քան 600 սաներէն գէթ 25-30 հոգի երաժշտական տարբեր մարզերու մէջ զարգացուցին իրենց կեանքը: 3-4 անդամ խմբավարներ են, ուրիշներ սրինգ, դաշնակ կը նուագեն, ու մեծամասնութիւնն ալ իր երաժշտական ուսումը կատարելագործեց տեղւոյն Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ` հասնելով մինչեւ Երեւանի պետական Կոմիտասի անուան երաժշտանոց: Ասիկա ուրախալի է. իրենց կեանքին մէջ «Վարանդա» երգչախումբի առաջին տարիներու ոգեւորութիւնը, երաժշտութեան հետ իրենց առաջին հանդիպումը զիրենք մղեց երաժշտութիւնը ընտրել որպէս մասնագիտութիւն: Նոյնը չէ պարագան «Կարկաչ»-ին եւ «Այգ»-ին: Վստահաբար ունինք աշակերտներ, որոնք Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի աշակերտներն են, սակայն երաժշտութիւնը իբրեւ մասնագիտական ոլորտ կամ կեանքի ուղի ընտրած են միայն երեքը` դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեանը, որ Հայաստանէն ստացաւ իր աւարտական վկայականը, Թամար Իսկենեանը, որ երգչախումբի անդամ էր եւ սրնգահար ու ներկայիս միջազգային ասպարէզի մէջ կը գործէ եւ Րաֆֆի Միքայէլեանը, որ խմբավարութեան իր նախաքայլերը կատարած է «Կարկաչ»-ին հետ ու արդէն 4-5 երկիրներու մէջ ազգային մրցոյթներու դափնեկիր է Հայաստանի մէջ իր ստեղծած «Փարոս» եւ այլ երկու երգչախումբերով, որոնք մեծ յաջողութիւններ կ՛ունենան:
21-րդ դարու մէջ «Կարկաչ»-«Այգ»
յարաբերութիւնը
Պարոն Զաքարը կը հանդիսանայ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնը շօշափելի դարձնելու առաջնորդներէն մէկը` շնորհիւ այն բոլոր նամակներուն եւ նուէրներուն, որոնք «Կարկաչ»-էն կը տանէր «Վարանդա» ու «Վարանդա»-էն կը բերէր «Կարկաչ»: Իմ անձնական յիշատակներուս մաս կը կազմեն այն բոլոր առիթները, երբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի չորրորդ յարկը շուրջ 100 պատանիներ հաւաքուած` կը սպասէինք այն նուէրներուն, նամակներուն, որոնք պարոն Զաքարը հետը բերած կ՛ըլլար Արցախէն: Մինչեւ այսօր դարակներուս մէջ կը պահեմ Արցախէն եկած ափ մը հողը, անգլերէն գիրք մը, ներկերու տուփ մը եւ փազըլը: Հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ պարոն Զաքարի ստեղծած նամակցութեան այս մշակոյթը 21-րդ դարուն ինչպէ՞ս փոփոխութեան ենթարկած է երկու երգչախումբերու յարաբերութիւնները: Խօսելով ասոր մասին` ան կատակեց, որ արհեստագիտութիւնը զինք ազատած է ծանր ճամպրուկ շալկելու բեռէն, բայց աւելցուց նաեւ, որ շնորհիւ համացանցային տարբեր ծրագիրներու` երգչախումբի անդամները մշտական հաղորդակցութեան մէջ են: «Անշուշտ զգացական դաշտը կրնայ պակսիլ, երբ նամակներուն չեն ընկերանար նուէրներ կամ ձեռագիր նամակներ, բայց եւ այնպէս ինծի համար յատկանշական էր հետեւեալ դրուագը. երկու երգչախումբերը Հայաստանի մէջ նախ բեմի վրայ միասին երգեցին եւ ապա ծանօթացան, որովհետեւ «Վարանդա»-ն ելոյթէն միայն մէկ ժամ առաջ հասած էր Հայաստան: Երեկոյեան համերգէն ետք էր, որ միասին ճաշարան մը երթալով` առիթ ու ժամանակ ստեղծուեցաւ իրարու ծանօթանալու, սակայն հազիւ նստած ու գրեթէ բան չկերած, երբ տակաւին երկու խօսք մը ըսեր էի, յանկարծ առջեւս տեսարան մը ստեղծուեցաւ. անոնք իրար փաթթուեցան, նուագախումբին առաջին իսկ նուագին ելան միասին պարեցին, կարծես թէ տարիներու հարազատներ ըլլային. վիճակ մըն էր, որ չկարողացայ զսպել արցունքներս ու փախայ հոնկէ, քանի մը հոգի նոյնիսկ նկատեցին եւ իրենք ալ սկսան յուզուիլ: Հոն էր, որ ստեղծուեցաւ կապ մը, ու ես գիտեմ, որ ամէն օր անոնք ամէնօրեայ կապի մէջ էին: Երբ արդէն իրարու մօտէն ծանօթացան ու միասին պտոյտներու ելան, ինչպէս` Էջմիածին, Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ, բաժանումը շատ դժուար եղաւ Արարատին առջեւ Խոր Վիրապ այցելութեան ընթացքին: Արարատն ալ երեկոյեան մռայլ տեսք մը ունէր, կարծես գիտէր: Մէկ խումբը պիտի երթար Շուշի, միւսը պիտի վերադառնար Երեւան, որպէսզի յաջորդ օրը Պէյրութ գար: Իսկապէս դժուար բաժնուեցան իրարմէ եւ ստեղծեցին կապ մը, որ արդէն ձեւով մը ամէնօրեայ էր: Կը զգամ ատիկա դիմատետրին վրայ. իրարմէ աւելի լուր ունին, քան ես լուր ունիմ իրենցմէ», կէս կատակ, կէս ճիշդ յայտնեց պարոն Զաքար:
Պարոն Զաքարին հետ զրոյցը աւարտելը դժուար բան մըն է, քանի որ անոր ներդրումը հայկական արուեստի եւ «հայոց պատմութեան» մէջ, ինչպէս ինք կը սիրէ կատակով ըսել գաղութային կեանքին համար, շատ հարուստ ու կենսական մասնիկ մըն է: Անոր «ձեռքին տակէն» անցնող սերունդները կը վկայեն ատիկա, ինչպէս նաեւ պիտի վկայեն եկող սերունդները: