Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերամուտ: 2016-2017 տարեշրջանը սկսաւ: Լիբանանահայ բոլոր վարժարաններուն թիւը դարձեալ անկում արձանագրած է: Այն վարժարանները, որոնք թիւի խախտում չեն ունեցած, հոն սուրիահայ աշակերտներու թիւի համեմատութիւնը շատցած է: Փաստօրէն, հակառակ ամավերջի հանդէսներու կոչերուն, հակառակ պետական քննութիւններու մեր վարժարաններու ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքներուն, հակառակ տնտեսական տագնապին` դէպի օտար վարժարաններու հոսքը անընդհատ աւելնալու ընթացքի մէջ է:
Աւելի՛ն. օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու ծնողները հայեցի դաստիարակութիւնը կը վստահին սկաուտութեան, պատանեկան միութիւններու, պարի, երաժշտական, թատերական, կերպարուեստի արտադպրոցական դասընթացքներու:
Մեր ինքնութիւնն ու ապագան վտանգուած են: Պուրճ Համուտի մէջ կարգ մը վարժարաններ մանկապարտէզի դռները բացած են 15 աշակերտով:
Նահանջ կ՛արձանագրենք: Եթէ ժամանակին նահանջը առանց երգի էր, այսօր շեփորախումբով է, եւ կարծես անզօր ականատեսն ենք հանդիսատեսը` այլ հարցերու նման:
Նաքքաշի շրջանէն օտար վարժարանի մը տնօրէնը կը կապուի եւ կ՛առաջարկէ, որ շաբաթ օրերը հայկական նիւթերու ատենամարզանքներ կազմակերպելու համար խորհրդակցութիւն մը ունենայ հետս: Հարցուցի, որ հայ աշակերտութեան թիւը քանիի՞ հասած է: Պատասխանը հետեւեալն էր` 1265 աշակերտներէն 361-ը հայ են:
Օտար միջավայրի, օտար դաստիարակութեան, օտար ընկերային շրջանակով մեծնալու այս բարդոյթը աւերներ սկսած է գործել արդէն եւ պիտի գործէ ապագային:
Կ՛ուզէ՞ք 2015 տարուան Ազգային առաջնորդարանի մէջ օտար ամուսնութիւններու թիւերը գիտնալ: Աւելի՛ն. հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը ունի նոյն տարուան օտար ամուսնութիւններու թիւի պատկերը: Իրականութեան մէջ թիւերը սարսափելի են: Նոյնքան ալ սարսափելի թիւեր կը կազմեն ամուսնալուծումներու դիմումները: Մենք բոլորս լիբանանականացման վազքի մէջ ենք: Նկարուելու, առջեւ նստելու, օտարանալու, օտար բարքերը ընդօրինակելու զօրաւոր ճիգ մը կայ:
Կարծէք` բոլորս միասին հանրակառքի մը մէջ նստած ենք եւ զառիվայրի մը վրայ ենք` առանց վարիչի եւ առանց արգելակի…
Այս բոլորէն անդին` մէկ հիմնական բան պէտք է գիտնանք, այն, որ մեր կառոյցներու եւ դպրոցներու շարունակականութեամբ եւ հզօրացումով եկեղեցին ալ կը մնայ դպրոցն ալ, ակումբն ալ: Սակայն կարեւորը մեր հայ մնալն է: Ոչ թէ աւերակներու վրայ պիտի լանք: Ոչ թէ աւերակներու տէրը պիտի ըլլանք միայն:
Ուշ չէ: