Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ըստ Հայկ Դեմոյեանի Տարբեր Երկիրներու Կրթական Ծրագիրներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասանիւթը Ներառելը Կարեւոր Քայլ Մըն Է
Տարբեր երկիրներու կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառելը կարեւոր քայլ է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը` անդրադառնալով Հայ դատի յանձնախումբերուն կողմէ եւրոպական տարբեր երկիրներու ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառելու աշխատանքներուն:
«Այս հարցին հետ կապուած առաջին լուրջ շեշտադրումը եղած է 3-4 տարի առաջ, քանի մը անգամ ես այդ հարցը բարձրաձայնած եմ նաեւ պետական յանձնախումբի ընթացքին: Անշուշտ, լոպիինկի աշխատանքը, որեւէ փաստաթուղթի ընդունումը նոյնպէս շատ կարեւոր են, բայց եթէ մենք կ՛ուզենք որեւէ երկրի հաստատութիւն տեղեկութիւն ունենայ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, հետեւաբար պէտք է այդ նիւթը դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել: Թող չգայ այդպիսի օր մը, որ ըսեն` ի՞նչ է հայը, ի՞նչ է Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Հայկ Դեմոյեան:
Անոր համաձայն, այդ ուղղութեամբ որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին դրական տեղաշարժ արձանագրուեցաւ, սակայն այդ հոլովոյթը պէտք է անընդհատութեան սկզբունքով կատարուի: «Օրինակ, մենք կրթական հանգամանքը կարեւոր նկատելով` Ողջակիզումին վերաբերող դասագիրք թարգմանեցինք, նաեւ ուսուցիչներու համար ուղեցոյց պատրաստեցինք: Կրթական բաղադրիչը նաեւ մեր թանգարանի կարեւոր սիւներէն մէկը պիտի ըլլայ: Հիմա ուրախալի է, որ կայ այն գիտակցութիւնը, որ մարտավարական առումով կրթական ծրագիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառելը կարեւոր է: Պէտք է հասկնալ, որ ամէնէն կարեւորը ապագայ սերունդներուն ճշգրիտ տեղեկութիւն տալն է, ներկայացնելը, որ 1915 թուականին իրագործուածը ցեղասպանութիւն է: Դժբախտաբար այս հանգամանքը տարիներ շարունակ անտեսուած է, սակայն ուրախալի է, որ յառաջընթաց կայ», ըսաւ ան:
Հայկ Դեմոյեան նաեւ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը կը շօշափուի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ տարբեր հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ: Ըստ Դեմոյեանի, զարմանալի է, որ որեւէ ռուսական դասագիրքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթ չկայ:
Երեւանի Մէջ Հրատարակուած Է Հայկ Մարտիրոսեանի «Գերմանական Միսիոներական Գործունէութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում. Մարաշի Կայանը (1896-1919 Թուականներ)» Մենագրութիւնը
«Ակունք» կայքը կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Հայկ Մարտիրոսեանի «Գերմանական միսիոներական գործունէութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում. Մարաշի կայանը (1896-1919 թուականներ)» մենագրութիւնը:
Գիրքը հրատարակուած է «Գիտութեան եւ կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամի (ԱՆՍԵՖ)» դրամաշնորհի ծիրին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտական օգնութեան միութեան` Մարաշի միսիոնարական կայանի պատմութիւնը 1896-1919 թուականներուն:
Ներկայացուած են միսիոնարական աշխատանքներու բոլոր մարզերը` որբախնամութիւնը, այրիներու խնամքը, երեխաներու կրթութիւնը, արհեստներու ուսուցումը, բժշկական-հիւանդախնամ եւ աղքատախնամ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` աւետարանականութեան քարոզչութեան ուղղուած գործունէութիւնը:
Աշխատանքի երկրորդ մասին մէջ հանրագիտարանային ձեւաչափով ներկայացուած են կեանքն ու գործունէութիւնը Մարաշի մէջ գերազանց գործունէութիւն տարած եւ անյայտ մնացած 40 աշխատակիցներ, որոնցմէ շատերը Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներն են:
Գերազանցապէս աղբիւրագիտական շրջանակներու մէջ ստեղծուած այս մենագրութիւնը առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ բազմաթիւ արժէքաւոր սկզբնաղբիւրներ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամը 60 Տարեկան Է
Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը, որ, ըստ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, գնահատականն է մեծ հայուն, ազգասէր անձնաւորութեան կատարած աշխատանքին:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ գիտաժողովը լուսարձակի տակ կը բերէ Կիւլպէնկեանի կեանքին, գործունէութեան վերաբերող հարցեր, որոնք տակաւին յայտնի չեն մեր հասարակութեան: «Ան իր կեանքի ընթացքին այնպիսի գործի մը սկսաւ եւ այնպիսի աշխատանք մը տարաւ, որ մահէն ետք անգամ կը շարունակուի Կիւլպէնկեանի գործը, եւ ընդամէնը 2 տարի ետք մենք ձեզի հետ միասին պիտի նշենք մեծ հայրենասէրին ծննդեան 150-ամեակը», ըսած է նախարարը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան անդրադարձած է Կիւլպէնկեանի կատարած աշխատանքին, որ անցումի կարեւոր դեր ունեցաւ: «90-ականներուն, երբ կրթութեան, գիտութեան, տնտեսութեան բնագաւառներու մէջ հսկայական դժուարութիւններ կային, եւ մեր ունեցածը զարգացնելու համար աղբիւրներ չկային, օգնութեան ձեռք երկարեց մեզի «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը», նշած է ակադեմիկոսը` աւելցնելով, որ մեծ է հիմնադրամին ներդրած աւանդը նաեւ խորհրդային տարիներուն:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հիմնադրման 60-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկած են Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող Վահրամ Ղարախանեան, ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Էդուարդ Մելքոնեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի նախագահ Էդիկ Մինասեան:
Նկարչուհի Սեւան Նագգաշեանը Ոչ Եւս Է
48 տարեկանին Երեւանի մէջ մահացած է լիբանանահայ նկարչուհի Սեւան Նագգաշեանը:
Սեւանը կը սերէր Յովնաթաններու տոհմէն: Ան ուսանած է Երեւանի թատերական հիմնարկին մէջ: Արուեստագէտը ունեցած է ցուցահանդէսներ` Քանատայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ մէջ: Նկարները կը գտնուին տարբեր երկիրներու սեփական եւ պետական հաւաքածոներու մէջ:
Սլաւոնական համալսարանի կայքին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսած է. «Հայրս ապրած է Եթովպիա, ուր շատ ժամանակ անցուցած է բնութեան մէջ, լաւ յուշեր ունեցած է Շալա կոչուող լիճի շրջանին մէջ, որուն հմայքով տարուած` ուզած է զիս անուանել Շալա, բայց մայրս ուզած է, որ հայկական անուն ունենամ, մանաւանդ որ Սեւանն ալ գեղեցիկ լիճ է, այնպէս որ, ես երկու անուն ունիմ` Սեւան-Շալա»:
Նկարչուհիին Դիմատետրի էջին վրայ անոր ընկերները կը գրեն` յայտնելով իրենց ցաւն ու ափսոսանքը, որ արդէն իրենց հետ չէ ազնիւ մարդ ու արուեստագէտ Սեւան Նագգաշեանը:
Գինիի Ամենահին Հնձանը Աշխարհի Մէջ Ունի 6100 Տարուան Պատմութիւն Եւ Կը Գտնուի Հայաստանի Մէջ
Անյիշելի ժամանակներէ գինին եղած է մարդկային կեանքի եւ մշակոյթի մէկ մասը: Հին Յունաստանի մէջ գինին գովերգած են պատմիչները, բանաստեղծները եւ ուրիշներ: Գինիի մասին իրենց աշխատութիւններուն մէջ անդրադարձած են նաեւ Եզովբոսն ու Հոմերոսը:
Գինիի յունական աստուած Դիոնիսոսը ներկայացուցած է ոչ միայն գինիի ոգելից ուժը, այլեւ` անոր առողջարար ազդեցութիւնը:
Գինին շատ աւելի հին է, քան` անոր մասին գրառուած պատմութիւնները: Մարդիկ հաւանաբար սկսած են աճեցնել խաղողը ցորեն աճեցնելէ քիչ անց` Քրիստոսէն մօտաւորապէս 8000 տարի առաջ: Հին ժամանակ գինին նոյնիսկ համարուած է բնութեան կախարդական պարգեւ: Աշխարհի ամէնէն հին հնձանը գտնուած է Հայաստանի լեռներէն մէկուն մէջ գտնուող քարայրի մը մէջ: Հետազօտողներու միջազգային խումբը յայտնաբերած է 6100 տարուան պատմութիւն ունեցող կարաս, մամլիչ, գաւաթ եւ խմորման համար նախատեսուած կարասներ` Հայաստանի Արենի-1 կոչուող տարածքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Արենի-1 քարանձաւային համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ: 7 ամիս անց նոյն քարանձաւին մէջ յայտնաբերուեցաւ նաեւ աշխարհի ամէնէն հին կաշիէ կօշիկը` Արենի-1 կօշիկը: Արենի գիւղը յայտնի է գինիի արտադրութեամբ:
Պեղումներու համանախագահ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի հնէաբանութեան Քոթսեն հիմնարկի նախագահ Կրեկորի Արեշեանը կը կարծէ, որ այդ գինին կրնայ համեմատուիլ ժամանակակից չզտուած գինիին հետ եւ ունի այն նոյն համը, ինչ որ «Մերլոթ»-ը: Արեշեանի խօսքով, այս հնձանի յայտնաբերումէն առաջ ամէնէն հին հնձանը կը գտնուէր Իսրայէլի մէջ` ՔԱ 1650 թուականին: Հնագէտներու խօսքով, այն մարդիկ, որոնք խմած են այդ գինին, հաւանաբար օգտագործած են զայն արարողակարգային նպատակներով:
Հայաստան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն 23 Առ Հարիւրը Կու Գայ Եւրոպական Երկիրներէ, 22 Առ Հարիւրը` Ռուսիայէն, 10 Առ Հարիւրը` Միացեալ Նահանգներէն
Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած է 501,118 զբօսաշրջիկ, որոնց 26,3 առ հարիւրը եկած են ԱՊՀ-էն, 23,4 առ հարիւրը` եւրոպական երկիրներէ եւ 50,3 առ հարիւրը` այլ երկիրներէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, յունուարէն յունիս Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 22,3 առ հարիւրը եկած է Ռուսիայէն, 17,8 առ հարիւրը` Իրանէն, իսկ 10,1 առ հարիւրը` Միացեալ Նահանգներէն: 2015 թուականի յունուարէն յունիսին հետ բաղդատելով` այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 2,4 տոկոսով: Հայաստան այցելողներուն 31,6 առ հարիւրը` այցելած է գործնական նպատակով, 47 առ հարիւրը` հանգիստի եւ ժամանցի, 0,4 առ հարիւրը` բուժման, իսկ 20,9 առ հարիւրը` այլ նպատակներու համար:
2016 թուականի յունուարէն յունիսի զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 470.693 մարդ, այսինքն 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` ցուցանիշը աճած է 1,2 տոկոսով: Ներկայացուած ցուցանիշներէն կը յստականայ, որ 2016 թուականի յունուարէն յունիս Հայաստանէն ինքնակամ մեկնած է 466.444 մարդ եւ միայն 4249 հոգի` զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով: Վերջին ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` աւելցած է 83,9 առ հարիւր: Մեկնողներու 6,7 առ հարիւրը մեկնած է գործնական, 86,6 առ հարիւրը հանգիստի եւ ժամանցի, իսկ 6,7 առ հարիւրը այլ նպատակներով:
Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Ուելքամ Թու Արմինիա» Խորագիրով Զբօսաշրջային Համաժողովը
Երեւանի մէջ 28 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Ուելքամ թու Արմինիա» խորագիրով զբօսաշրջային համաժողովը` կազմակերպութեամբ «Պիզնըս փարթնըրզ աֆ Արմինիա (Պի. Փի. Էյ.)» ընկերութեան: Ինչպէս «Արմենփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին նշեց «Ուելքամ թու Արմինիա» ծրագիրի համակարգող Վրոյր Փենեսեան, համաժողովը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասէ: Առաջին մասին մէջ պետական կառոյցները պիտի ներկայացնեն իրենց տեսլականը զբօսաշրջային տարբեր ուղղութիւններու զարգացման վերաբերեալ, մասնաւորապէս` մարզական, բնապահպանական, առողջապահական, մշակութային զբօսաշրջութիւն:
«Իւրաքանչիւր ուղղութեամբ ալ մենք ունինք ներուժ, որ տակաւին կատարելապէս չենք օգտագործած: Այդ համաժողովին պիտի խօսինք Հայաստանի մէջ տարածում չգտած զբօսաշրջութեան տեսակներու մասին: Առաջին անգամ պիտի խօսուի կրօնական զբօսաշրջութեան մասին: Իմ կողմէս առաջարկ մը պիտի ներկայացուի, որ կազմակերպուի ուխտագնացութիւն դէպի Հայաստան: Ուխտագնացութիւնը զբօսաշրջութեան տարածուած տեսակ է: Օրինակ, Սպանիոյ մէջ գտնուող Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ ամէն տարի կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն, որ կ՛ապահովէ 100 հազարաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը: Ահա այդպիսի նախագիծ ալ կը նախատեսենք Հայաստանի մէջ իրականացնել», ըսաւ Վրոյր Փենեսեան:
Խօսելով զբօսաշրջութեան զարգացման այլ կարելիութիւններու մասին` Վրոյր Փենեսեան նշեց, որ շրջանին մէջ Հայաստան ունի մեծագոյն աղի հանքը: Անիկա պիտի ներկայացուի զբօսաշրջական ծրարներու մէջ: Աղի հանքը բուժական վայր է, ունի 325 մեթր խորութիւն: Զբօսաշրջիկները կրնան 200-է աւելի մեթր խորութեամբ իջնել, այնտեղ անցընել 3-4 ժամ եւ բժշկուիլ:
Յաջորդ առաջարկը կը վերաբերի գինեբուժութեան: Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը մեծ թափ կը ստանայ: Յայտնի է, որ գինի արտադրող ընկերութիւնները կ՛ունենան անորակ գինի, որ չի համապատասխաներ շիշերու մէջ լեցուելու պահանջներուն, բայց անիկա կրնայ գործածուիլ գինեբուժութեան մէջ: Զբօսաշրջիկները կրնան գինիով լոգանք ստանալ: Համաժողովին պիտի ներկայացուի այդ նախագիծը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ըսաւ Վրոյր Փենեսեան:
Համաժողովի երկրորդ մասին մէջ զբօսաշրջական քաղաքներու քաղաքապետները պիտի ներկայացնեն իրենց քաղաքներու զբօսաշրջութեան շարժումն ու ներուժը:
Վրոյր Փենեսեան տեղեկացուց, որ համաժողովին պիտի ներկայացուին նաեւ «Սմիթոնեան» հիմնադրամին ծրագիրները:
Այդ հիմնադրամը կը զբաղի պատմամշակութային զբօսաշրջութեան զարգացումով: Բացի ատկէ, ներկայ պիտի ըլլան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք ունին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արդիւնաւէտ աշխատելու անցեալ:
Վրոյր Փենեսեանի համաձայն, համաժողովին պիտի ներկայացուի նախագիծ մը, ըստ որուն, կը նախատեսուի ստեղծել Զբօսաշրջութեան աջակցութեան խորհուրդ: Խորհուրդին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան տարբեր մարզերու գործարարներ, որոնք պիտի փորձեն օգտակար ըլլալ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Համաժողովին պիտի խօսուի 2017 թուականին սպասուող մեծ փառատօնի մը, որուն վերաբերեալ առայժմ յաւելեալ տեղեկութիւններ չտրուեցան: