Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ազերիական Յարձակումներ Լաչինի, Մարտունիի Եւ Հատրութի Շրջաններուն Վրայ

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Մարտակերտի Շրջանի
Բռնագրաւեալ Հողերու Ազատագրում

 

Արցախի հայ ազատամարտիկներուն կողմէ հայկական հողերու ազատագրումը կը շարունակուէր, մինչ ազերիական ուժերը իրենց զէնքերը գործի լծած էին հայկական շրջաններու դէմ, յատկապէս` սահմանային գօտիներուն մէջ:

Ազերիական ուժերը 1993-ի տարեսկիզբին զգալի կերպով վերաշխուժացուցին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իրենց յարձակումներն ու զինուորական շարժումները:

Լաչինի անցքին վրայ ազերիական զինուորական ճնշումը բարձրացած էր: Անցքին հարաւը գտնուող Մազուտլու եւ Սաֆեան շրջաններէն, ազերիները յարձակման անցան դէպի անցքը, զայն խափանելու դիտաւորութեամբ: Հայ ազատամարտիկները յաջողեցան ձախողութեան մատնել յարձակումները:

Աղտամէն եւ Ֆիզուլիի շրջանէն, յարձակումներ եւ ռմբակոծում կը կատարուէր Ասկերանի, Մարտունիի եւ Հատրութի շրջաններուն, ինչպէս նաեւ` Մարտակերտի գրաւեալ շրջանի սահմանագիծի գրեթէ ամբողջ երկայնքին:

Ազերիական օդուժը եւս գործի լծուած էր Արցախի օդային տարածքէն ներս: Օդանաւերը թռիչք կը կատարէին Ստեփանակերտի, Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններուն վերեւ:

Ամէնէն վտանգաւոր յարձակումները գործուեցան Մարտունիի սահմանային Ուրեան բարձունքներուն եւ Գէորգաւան գիւղի շրջաններուն վրայ: Ազերիները յաջողեցան գրաւել կարգ մը դիրքեր, սակայն Արցախի ազատամարտիկները, հակայարձակումի անցնելով, ազատագրեցին գրաւեալ կէտերուն մէկ մասը:

%d5%a3%d5%a1%d5%a3%d5%ab%d5%af_%d5%a3%d5%ab%d5%b6%d5%b8%d5%bd%d5%b5%d5%a1%d5%b6%d5%a8_%d5%ab%d6%80_%d5%a6%d5%a5%d5%b6%d6%84%d5%ab%d5%9d_%d5%b0%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d5%b6%d5%af%d5%a1%d5%b5

Հայկական ուժերու հակաօդային հրթիռները վար առին ազերիական չորս օդանաւեր. անոնց օդաչուները սպաննուեցան:

Ազերի ուժերը Մարտակերտի Կիչան գիւղին մօտ յարձակումի անցան, բայց անոնցմէ խումբ մը պաշարուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ: Ազերի ուժերը կը փորձէին հայկական ուժերու պաշտպանութեան գիծերէն անցք մը բանալ: Միւս կողմէ, Շահումեանի բռնագրաւեալ շրջանին մէջ ֆետայական կռիւները կը շարունակուէին Շահէն Մեղրեանի հրամանատարութեան տակ: Հայ ազատամարտիկները հոն կայուն ճակատ ունենալու կարելիութիւն չունէին, կը շրջագայէին եւ անոնց հիմնական նպատակն էր արգելք հանդիսանալ, որ Շահումեանը թուրքերով բնակեցուի: Հայ ֆետայիներուն հարուածները կայծակնային էին եւ կը նպատակադրէին թոյլ չտալ թշնամիին հաստատուիլ հոն կամ ալ ազատօրէն շրջագայիլ:

Յաջորդող օրերուն Արցախի պաշտպան ուժերը ազերիական երեք օդանաւ եւս վար առին:

Քանի մը օրուան ընթացքին Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան ամբողջութեամբ ազատագրել Ուրեան լերան եւ Գէորգաւանի այն դիրքերը, որոնք գրաւուած էին ազերիներուն կողմէ:

Ազերիական օդանաւեր 20 յունուար 1993-ին յարձակում գործեցին Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի հիւանդանոցին վրայ. ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ: Նոյն օրը թնդանօթներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը: Օդանաւային յարձակումներու ընթացքին, հայկական ուժերը ազերիական օդանաւ մը եւս վար առին:

***

«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 25 յունուար 1993-ի թիւով եւ «Իսկ ո՞վ պիտի պատժէ Ազրպէյճանը» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ ո՞վ պիտի պատժէ Ազրպէյճանը, որ օր-ցերեկով կը ռմբակոծէ Արցախն ու Հայաստանի սահմանային գօտիները, տնտեսական պաշարումի տակ կը պահէ Արցախն ու Հայաստանը եւ կը խափանէ դէպի Հայաստան վառելանիւթի ու կազի մղումը: Միջազգային ընտանիքն ու անոր անդամները աննկատ կ՛անցնին այս բոլորին վրայէն:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. ո՞վ պիտի պահանջէ ՄԱԿ-էն, որ պատժամիջոցներ սահմանէ Ազրպէյճանի դէմ, որովհետեւ ան կը բռնաբարէ միջազգային օրէնքի ամէնէն տարրական տրամադրութիւններն ու սկզբունքները:

Մահսէրէճեան կը նշէր ըսելով, որ նոյն այդ միջազգային օրէնքը կ՛ըսէ, թէ ճանչցուած երկիրներէ եւ կազմակերպութիւններէ պէտք է գան նման պահանջներ, որպէսզի ՄԱԿ-ը ինքն իրեն արտօնութիւն տայ քննարկելու տագնապը:

Մահսէրէճեան կը հաստատէր ըսելով, որ նման պահանջներ դնելու համար, պէտք է վերջ տալ  մինչեւ երէկ ի զօրու եղող` հաշիւներով եւ մրցակցութիւններով հաշուարկելու մօտեցումին, որովհետեւ աշխարհի նոր համակարգը չի կրնար կերտուիլ հին վերաբերմունքին շարունակումով, այլ` իրականութիւնները տեսնելով եւ անոնց անաչառ մօտեցումով:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. Հայաստանի ու զայն իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցող պետութիւններուն իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն է Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու պահանջը: Ազերիական ոճիրներու դատապարտումը բաւարար չէ:

***

Ազրպէյճանի բանակը 25 յունուարին մեծ յարձակում մը գործեց Արցախի վրայ ու փորձեց յառաջանալ երկու գիծերով. Մարտակերտի շրջանին մէջ` դէպի Ղազանչի, իսկ Ասկերանի շրջանին մէջ` դէպի Փարուին եւ Խանաբադ:

Յարձակումին մասնակցեցան մեծ թիւով զինուորներ եւ զինական կազմածներ. օգտագործուեցան նաեւ հրասայլեր:

Միւս կողմէ, Վրաստանի վրայով դէպի Հայաստան բնական կազ փոխադրող խողովակը, որ ականահարուած էր ազերիներու կողմէ եւ Հայաստան գրեթէ ամբողջութեամբ զրկուած էր ուժանիւթէ, առժամեայ կերպով նորոգուեցաւ եւ Հայաստան սկսաւ կազ ստանալ:

***

4 փետրուար 1993-ի թիւով եւ «Երեւանի վարիչները հաւատարիմ` թրքական օրիանտացիային» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Արցախը իւրացնելու, Հայաստանը «կրճատելու» եւ զայն պատանդ պահելու նպատակով, Թուրքիա-Ազրպէյճան դաւադրութիւնը լուռ գործակցութենէ շատ աւելի հեռուն գացած է եւ բացայայտուած` իր զինուորական եւ քաղաքական-դիւանագիտական ծալքերով:

artsakh2_1993_101916

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ Հայաստան առնուած է տնտեսական սեղմ պաշարումի մէջ. Արցախ կը մնայ հետեւողական եւ մաշեցնող յարձակումներու ու ռմբակոծումներու թիրախ: Ձմրան խստաշունչ ցուրտը աւեր կը գործէ վառելանիւթի եւ սննդանիւթերու ահաւոր տագնապներու մատնուած Հայաստանի մէջ, այնքան մը որ Հայաստանի նախագահը հանրապետութեան մէջ կը յայտարարէ ստիպողական վիճակ եւ միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան կոչ կ՛ընէ:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ ահա կը սկսի թուրք-ազերիական սենարիոյին մէկ նոր երեսը. Ֆրանսա-Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական երկիրներ կ՛ընդառաջեն Հայաստանի կոչին եւ ցորեն եւ այլ  անմիջական օժանդակութիւններ կը ղրկեն պաշարուած Հայաստանի: Թուրքիա այդ օժանդակութիւնները «պահ կը դնէ» իր նաւահանգիստներուն մէջ, որպէսզի (Թուրքիոյ վարչապետին «խոստովանութեամբ») ընդդիմադիրները բողոքի ձայն չբարձրացնեն: Յետոյ, Թուրքիա կը սկսի մաս առ մաս Հայաստան ղրկել այդ օժանդակութիւնները, յայտարարելով որ անոնց դէմ արգելք դնելու պատճառ չունի, որովհետեւ անոնք չեն աւելցներ Հայաստանի զինուորական կարողութիւնները…: Յանկարծ, բողոքի ձայներ կը բարձրանան… Պաքուէն, որ իբրեւ թէ զայրացած է Թուրքիոյ առատաձեռնութենէն: Թուրքիա կ՛արհամարհէ ներքին եւ ազերիական բողոքները եւ կը խոստանայ օժանդակութեանց տարանցումի արտօնութիւն տալ, արեւմուտքցի իր դաշնակիցներուն ցոյց տալու համար թէ ինք որքա՜ն վեհանձն է եւ մարդասէր:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով. երանի՜ թէ սենարիոն հոն վերջ գտնէր: Սակայն ո՛չ հոն վերջ չի գտներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, «թրքական օրիանտացիա»-ն հետապնդելու նախանձախնդրութեամբ, Անգարա կը ղրկէ երկու յատուկ պատուիրակներ, որոնք Տեմիրէլէն անձամբ խոստում կը ստանան, թէ Թուրքիա «բարի նպատակներ» ունի. Հայաստանի ժողովուրդը այլեւս ինչո՞ւ մտահոգուի թուրք  դրացիէն…

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. Անգարա չի մոռնար մատը թափահարելու Հայաստանի դէմ ու անոր հասկցնելու, որ անոր զինական կարողութիւնները պէտք չէ աւելնան, որպէսզի… այս գեղեցիկ խոստումներուն եւ սիրազեղ յարաբերութեանց ետին, Հայաստանի ու Արցախի վրայ ճնշումները շարունակուին անխափան:

***

Երեւան 5 փետրուարին բեմ դարձաւ բողոքի ծովածաւալ ցոյցերու եւ աւելի քան հարիւր հազար ցուցարարներ փողոց իջան, պահանջելու համար նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականը:

«Լեւոն, դո՛ւրս» բացագանչութիւններով անոնք պահանջեցին նախագահին եւ անոր «սարքած» խորհրդարանին հրաժարականը, որպէսզի կազմուի սահմանադրական խորհուրդ մը եւ նորանկախ երկիրը սկսի կառավարուիլ օրէնքներով ու սահմանադրական կանոններով, եւ ոչ թէ անձի մը կամքին ելեւէջներով:

***

artsakh1_1993_101916

Արցախի հայ ազատամարտիկները 1993-ի փետրուարի առաջին օրերուն մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին արցախեան հողեր բռնագրաւող ազերիական ուժերուն դէմ եւ յաջողեցան ազատագրել տասնմէկ գիւղ եւ աւան:

Ազատագրական այս կռիւներուն գլխաւոր դաշտը Ասկերանէն Մարտակերտ տարածուող գօտիին մէջ գտնուող Սրխաւէնդ եւ Ջլդրան աւաններու շրջանն էր:

Նոյն օրերուն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ բազմաթիւ գիւղեր փոխադարձ ռմբակոծումներու ենթարկուեցան:

Հայ ազատամարտիկներու խիզախումներուն իբրեւ արդիւնք, Մեհմանա-Դրմբոն գիծէն հարաւ տարածուող գօտին ազատագրուեցաւ: Հայ ազատամարտիկները սկսան յառաջանալ դէպի Սարսանգի ամբարտակը, որ կը նկատուէր հիւսիսային Արցախի ռազմագիտական կարեւոր կէտերէն մէկը:

Ազերիները սուղ վճարեցին իրենց նախկին գրաւումներուն գինը. ազերի հարիւրաւոր զինեալներ սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան:

Միւս կողմէ, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարեց Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջանին վրայ, Արմաւիրի շրջանին մէջ, «կանխարգիլելու համար ապօրինի եւ հակա-ընկերային զինեալ խմբակներու գործունէութիւնը եւ խուսափելու վտանգաւոր միջադէպերէ, որոնք կրնան վտանգել հանրապետութեան ապահովութիւնը»:

***

shahen-meghryan_101916

«Ազդակ»-ի 9 փետրուար 1993-ի թիւով եւ «Տագնապին արմատը» խորագիրով ակնարկով Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Հայաստանի բազմաչարչար հանրապետութեան դիմագրաւած տագնապներուն վրայ աւելցաւ տագնապ մը եւս. կառավարական տագնապը:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, կարճ ու կտրուկ հրամանագիրով մը պաշտօնազրկեց վարչապետ Խոսրով Յարութիւնեանը, որովհետեւ տնտեսական բարեկարգումներու կառավարական ծրագիրներուն շուրջ, տարակարծութիւն ծագած էր անոնց միջեւ: Վարչապետին պաշտօնազրկումը նոր գագաթնակէտի մը հասցուցին Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական կեանքը յուզող զարգացումները. արդարեւ, նախագահին այդ քայլը կանխած էին այլ նախարարներու պաշտօնազրկումները, մի՛շտ նախագահին քաղաքականութեան անյարիր ընթացքին ամբաստանութեամբ:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ նախընթաց հանգրուաններուն, նախագահի ինքնագլուխ որոշումները անցան գրեթէ աննկատ. հոգ չէ թէ նախագահը պաշտօնազրկուողներուն հետ վարուած էր իբրեւ պաշտօնեաներու եւ ոչ թէ իբրեւ նախարարներու: Վերջին քայլը սակայն արթնութեան կոչի ազդեցութիւն ունեցաւ ժողովուրդին վրայ, որ «Լեւոն, դո՛ւրս» բացագանչութիւններով պահանջեց նախագահին եւ անոր կամակատար խորհրդարանին հրաժարումը:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ քաղաքական այս տագնապին արմատները պէտք է փնտռել աւելի խորը, պէտք է հարց տալ, թէ ո՞ւր է հարցին էութիւնը, ո՞ւր թաղուած է «շան գլուխը»:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով. պատասխանը պարզ է: Նորութիւն ալ չէ: Պատասխանը` նորանկախ մեր հանրապետութեան (ինչպէս որեւէ արդի պետութեան) ողնասիւնը նկատուող հիմնական օրէնքներու բացակայութիւնն էր. Հայաստան իր անկախութեան տարեդարձը տօնեց… առանց սահմանադրութեան եւ զրկուած` սահմանադրութենէ բխող օրէնքներէ եւ կանոններէ, որոնք կը սահմանեն իշխանութիւններուն հեղինակութիւնները, կը ճշդեն անոնց սահմանները եւ ծնունդ կու տան, օրինակի համար, խորհրդարանի, կառավարութեան եւ պետական այլ հաստատութեանց ներքին օրէնքներուն ու կանոնագիրներուն, մէկ խօսքով, կը ճշդեն իշխողին, ենթակային եւ անոնց միջեւ գտնուող կամուրջ-վարչամեքենային իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները, կը հաւասարակշռեն զանոնք: Մեր հայրենիքի պարագային, այդ բոլորը փոխարինուած էին մէկ անունով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, կարծէք թէ Հայաստան երբեք չէ ունեցած անցեալ, ոչ ալ պիտի ունենայ… ապագայ:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. հրամայականը` երկրին մայր-օրէնքներուն անյետաձգելիութիւնն էր, որ նախագահը ըլլար նախագահ, նախարարը` նախարար, երեսփոխանը` երեսփոխան, պաշտօնատարը` պաշտօնատար, իսկ քաղաքացին գիտնայ, թէ որմէ՞ ի՛նչ պիտի պահանջէ ու ընդդիմադիրը խաղին յստակ օրէնքներով վարէ իր շինիչ ընդդիմադրութիւնը:

***

Մարտակերտի շրջանին մէջ իր կրած հարուածները եւ արձանագրած նահանջները հակակշռելու համար Ազրպէյճան դիմեց իր սովորական հակամիջոցներուն` զինուորական հակայարձակում եւ քարոզչական արշաւ:

Արդարեւ, փետրուար 8-էն սկսեալ սաստիկ բախումներ ծայր տուին Արցախի մէջ, հայ եւ ազերի ուժերուն միջեւ:

Հայկական ուժերը հրասայլերով յարձակում մը գործեցին Աղտամի մօտակայ ճակատին վրայ եւ երկու կողմերն ալ ծանր վնասներ կրեցին:

Արցախի ազատամարտիկները շարունակեցին յառաջխաղացքը եւ ազերի ուժերը լեղապատառ փախուստ տուին պատերազմի դաշտէն, իրենց ետին ձգելով մեծ թիւով դիակներ եւ զէնք ու զինամթերք:

Իրենց կարգին ազերիական ուժերը մեծ յարձակումներ գործեցին Մարտունիի եւ Հատրութի ուղղութեամբ, բայց հայկական պաշտպանական ուժերու հակահարուածին վրայ նահանջեցին իրենց նախկին դիրքերը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>