ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, թրքական օդուժը հարուածեց ռուսական օդուժին պատկանող օդանաւ մը: Ռուս օդաչուները անկարգելով դուրս ցատկեցին, սակայն անոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար` «ընդդիմադիր» կոչուած գօտիէն անոնց դէմ արձակուած կրակոցներուն պատճառով: Մամուլը հեղեղուած է օդային միջադէպին մասին լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով:
Անկախ այն հարցադրումներէն, որ արդեօք ռուսական օդանաւը խախտա՞ծ էր Թուրքիոյ օդային տարածքը, թէ՞ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ այս դէպքը յաւելեալ փաստն է Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին տրամադրուող գործնական զօրակցութեան:
Անվիճելի փաստ է, որ ՏԱՀԵՇ կը վայելէ ամէն ձեւի թրքական զօրակցութիւն` զինում, մարզում, ազատ երթեւեկ, դրամ: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ քարիւղահանքերէն կողոպտուած քարիւղը կը գնուի Թուրքիոյ կողմէ, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի զաւակին` Պիլալ Էրտողանի անունը կը նշուի իբրեւ այս «ալիշ-վերիշ»-ին գլխաւոր գնորդ կողմ:
Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով նշած էինք, ՏԱՀԵՇ այսօր վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող զինեալ խմբաւորումի: ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ ձեռքը խաղաքարտ մըն է, զոր Անգարա պատրաստ է գործածելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հակադրուին իր շահերուն: Հետեւաբար տրամաբանական է հետեւցնելը, որ Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չդիտէ այս զինեալ խմբաւորումին դէմ առնուած որեւէ քայլ: Մանաւանդ` զինուորական: Իսկ Ռուսիա մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր իր օդուժը գործի լծած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` համադրաբար իր տեղական դաշնակիցներուն, առաջին հերթին` սուրիական բանակի ցամաքային ուժերուն:
Շաբաթ մը առաջ Անթալիոյ մէջ կայացած G-20-ի ժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլ. Փութին յայտարարեց, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով, ՏԱՀԵՇ 40 պետութիւններէ օժանդակութիւն կը ստանայ, «որոնցմէ ոմանք ալ հոս ներկայ են»: Ռուսիա նաեւ աշխարհին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ է սուրիական քարիւղի կողոպուտին միջոցով ՏԱՀԵՇ-ը դրամով պարենաւորելու փաստէն: Այս յայտարարութեան յաջորդեց ռուսական օդուժին կողմէ Թուրքիա ուղղուող քարիւղատար բեռնակառքերու ռմբակոծումը: Փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ ամերիկեան հանրային հեռատեսիլը (PBS) հաղորդեց, թէ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է նոյն այս շարասիւները եւ ցուցադրեց… ռուսական օդուժին ռմբակոծումէն պատկերներ, իբրեւ «փաստ» ամերիկեան այս քայլին…
Մէկ խօսքով,
Թուրքիա գոհ ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունի Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին կողմէ` զինեալ խմբաւորումներուն դէմ առած ազդու եւ գործնական քայլերէն: Որովհետեւ, պարզ է, ռուսական այս հարուածը ուղղուած է Թուրքիոյ խաղաքարտերուն դէմ եւ կը միտի, զանոնք չէզոքացնելու ճամբով, (ի մէջ այլոց) իր ռազմավարական շահերը ապահովելու տարածաշրջանէն ներս:
Սուրիա վերածուած է մէկ կողմէ Ռուսիոյ (եւ իր տեղական դաշնակիցներուն) եւ միւս կողմէ` Արեւմուտքի (ներառեալ` Թուրքիոյ) ռազմավարական շահերու բախումի թատերաբեմի: Շահերու այս բախումին մէջ
շահագործման ենթակայ խաղաքարտեր են կրօնական մոլեռանդութիւնը, համայնքային այլազանութիւնը (իսլամ-քրիստոնեայ, սիւննի-ալեւի, սիւննի-շիա եւ մինչեւ իսկ դասական սիւննիզմ եւ ուահապականութիւն): Արեւմուտքի քարոզչութիւնը երկար ատեն շահագործեց սիւննի-ալեւի համայնքային խաղաքարտը` պնդելով, որ Սուրիան կը կառավարուի ալեւի փոքրամասնութեան կողմէ, մինչ բնակչութեան 70 տոկոսը սիւննի իսլամ է: Նոյն այս քարոզչական միջոցները (բնականաբար) չէին խօսեր այն փաստին մասին, որ Սուրիոյ բանակին 70
տոկոսը եւս սիւննի է, եւ թէ` երկրին վարչակարգը ամբողջութեամբ լայիք է` ի հակադրութիւն Ծոցի արաբական շատ մը երկիրներուն, որոնք Արեւմուտքին դաշնակից են:
Այս դրութեան մէջ, մինչ Արեւմուտքը Փարիզի դէպքերէն ետք իրարանցումի մէջ է ՏԱՀԵՇ-ի կապակցութեամբ եւ տրամադրուած` ատոր դէմ, անդին, սակայն, Թուրքիա ջղագար վիճակի մատնուած է ի տես նոյն այդ խմբաւորումին կրած զինուորական հարուածներուն: Ի տես այս փաստին, Արեւմուտքը անելի մատնուած է, թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է որդեգրէ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ, որ փաստօրէն կրակի հետ կը խաղայ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ը հովանաւորելով եւ թէ՛ ռուսական օդուժին դէմ իր առած զինուորական մագլցողական քայլով:
Մեր այս տեսակէտներուն մէջ այս կամ այն կողմին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի ոչ մէկ ենթաթեքսթ պէտք է փնտռել, որովհետեւ կը փորձենք միայն չոր իրականութիւնները ցոյց տալ:
Հայ ժողովուրդը, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է, որ հաշուի առնէ միայն չոր իրականութիւնները, որպէսզի կարենայ յստակօրէն կշռադատել, թէ ո՛ւր կը կայանան Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Մանաւանդ որպէսզի ճիշդ գնահատէ թրքական վտանգը, որ ուղղուած է մեր դէմ: