Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Բանաստեղծութեան Եւ Բանաստեղծի Երեկոներ` «Լոսում»

$
0
0

p15-i-kaghia1

ՄԱԿԱՐ

Արմենակի գիրի ել-նամակով ստացման օրը

Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս հայոց մեծագոյն քաղաքը գացին կրկին: Ինչո՞ւ Նիւ Եորքը հրէական մեծագոյն քաղաքը ըլլայ, եւ Լոսը չըլլայ հայկականը, եւ հոն չապրինք ինչպէս Փարաքար կամ Պռօշեան:

Արմենակ Վեկաս կամ Լաֆլին չ’երթար, ձեռնարկներու կ’երթայ: Նստակեացներս անմասն չի ձգեր լսածէն եւ տեսածէն:

Մակարուհիին հետ երկարակեցութիւն` կանաչ թէյ կը վայելէինք: Ձմեռնամուտի երեկոյ էր: Աղմուկէն անջատուած, Փասքալի յիշած եղէգին պէս հովէն ծռող, բայց չկոտրուող Արմենակի նամակը կարդացինք:

«Սիրելինե՛ր,

«Ամերիկացիները կրճատել կը սիրեն, հայերը հետեւած են, եւ Լոս Անճելըսը հայաքաղաք Լոս է: Ձեռնարկներ` անպակաս, իվենթներ: Կիրակի եօթը իվենթներ կային, հիւրասիրութեամբ: Եթէ անօթեւանները գիտնան, ժամերը յարմար ըլլան, եօթը օր կուշտ կը մնան:

Տոլարի աշխարհին մէջ երկու իվենթներ` բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծի մասին: Ինչո՞ւ խօսիլ մշակոյթի նահանջի մասին, երբ մեր կարճ կեցութեան օրերուն նման  իվենթներ կան:

Նոյն սրահին մէջ իմացած էի, որ հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ: Յուսացի, որ երեկոն հայերէնով կ’ըլլայ: Շնորհալի դասախօսուհին, հերոսամարտ կերտածներու արմատով, խօսեցաւ անգլերէն: Զուգահեռներ գծեց հայ, ֆրանսացի, ամերիկացի եւ անգլիացի բանաստեղծներու միջեւ, յիշեցուց, որ ինք հայ ամերիկացի էր: Շուրջս կը դիտէի, հակառակ Էլպիսի աջ եւ ահեակ չնայելու կսմիթներուն: 12 հոգի էինք մեծ սրահին մէջ, ծանօթներ, հայերէն գիտցող հայ ամերիկացիներ: Գրող եւ մամուլ` բացակայ: Ափսոս: Հիւրասիրութիւն չկար: Ա՞յդ էր պատճառը, որ միայն կոկիկ հասարակութիւն մը կար: Խօսքը բարձրորակ էր: Լսեցինք ֆութուրիզմի մասին:

Չըսին, որ գիր-գրականութեան անցագիրը լեզուն էր:

Թերթեր, դպրոցներ եւ գրողներու միութիւն ունեցող Լոսի հայ ամերիկացի միայն 10 անձեր եկած էին, եթէ չհաշուենք կազմակերպողը, խօսողը եւ մեզ:

Երկրորդ իվենթին բանաստեղծի գիրք պիտի ներկայացուի: Ըսին, որ բանաստեղծը լաւ հիւրասիրութիւն կ’ընէ: Գիրի սպասարկու հայ աղջիկը անոր գիրքը տուաւ: Յիշեցի Անդրանիկ Ծառուկեանի խօսքը ոտանաւոր գրողներու մասին, բառ եւ յանգ կպցնողներու, որոնք կ’ըսեն` երկու կանգուն կտաւ / արեւը մարը մտաւ: Պրծաւ. ոտք եւ յանգ, բանաստեղծ:

Երթա՞լ, թէ՞ չերթալ իվենթին: Էլպիս կը սիրէ ներկայ ըլլալ եւ կարծիք կազմել: Պնդեց, համոզեց: Խայծ է ճոխ հիւրասիրութիւնը:

Գացինք: Եկանք:

Ամավերջի հանդէս էր, 200-է աւելի գրասէր, գրող, քահանայ, եկեղեցական: Պարային եւ ասմունքի ելոյթներ, երաժշտական կտորներ` երեքական: Գիրքի ներկայացումը` գովք: Եկեղեցականի քարոզ` գիրքին չառնչուող, հասցէն սխալած, Տէր Զօրի ուխտաւորներուն համար: Ցեղասպանութիւնը միշտ լաւ կը ծախուի, երբ ըսելիքի սով կայ: Քարոզիչ եւ հռետոր կը խեղդեն հայրենասիրութիւն, քաղաքականութիւն, գրականութիւն եւ բանաստեղծութիւն` ճչացող բառերով:

Ըսին, որ «բանաստեղծ»-ը հայերէն եւ ազգ կը սիրէ: Այդ սէրը հայերէն գիտնա՞լ է: Բաւարա՞ր է նախագահ կամ բանաստեղծ ըլլալու: Ինքնահիացումով ինքզինք կարդաց եւ խօսեցաւ: Արեւմտահայերէն չգիտցողներու արեւելահայերէն թարանթէլլան ինք ալ կը պարէ մէկէն միւսը ոստոստելով…

Գիտէ՞ք, թէ ով էր Քիփլինկի կինը, դուստրը, հայրը, մայրը, Մեծարենցի, Շուշանեանի, Աւետիք Իսահակեանի: «Բանաստեղծ»-ին տոհմածառը գիտցանք, եկեղեցականներու երկնառաք օրհնութեամբ:

Բանաստեղծութեան բարձրամակարդակ իվենթին 10 անձեր եկան: Այս շնորհահանդէսին, Հայաստան կ’ըսեն` շոուին, եկած էին 200-է աւելի գրասէրներ, որոնք շուտով չմեկնեցան, պատիւ ըրին հիւրասիրութեան:

Բանն ասանկ, Մակա՛ր: Ի քաղցր տեսութիւն:

Քոյդ` Արմենակ

Ի Լոս, յամի Տեառն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի, 23 նոյեմբեր»:

Որպէսզի հայ գրասէրը անմասն չմնայ Արմենակի տեսած-լսածէն, առանց իր արտօնութեան, թերթերուն կը ղրկեմ իր նամակը:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>