Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սուրիահայ Լուրեր

$
0
0

srpazani-aytselutyune15_101216

Շահան Արք. Սարգիսեան Այցելեց Հալէպի Ազգային Վարժարաններ

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան 12 հոկտեմբերին, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Հալէպի Ազգային վարժարաններ, շնորհաւորեց աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմերը եւ բարի վերամուտ մաղթեց անոնց:

srpazani-aytselutyune18_101216

Սրբազան հայրը տեսակցեցաւ նաեւ տնօրէններուն հետ եւ զրուցեց 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի կրթական, դաստիարակչական ու կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ:

Լաթաքիոյ Ազգային Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Աշակերտութիւնը Նշեց Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

latakia-1_101016

Երկուշաբթի , 10 հոկտեմբեր 2016-ին, Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի աշակերտութիւնը համախմբուելով «Արարատ» սրահին մէջ, նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան: Այնուհետեւ, գեղարուեստական ճոխ յայտագրով հանդէս եկան նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտները:

Օրուան պատգամը տուաւ Արտակ վարդապետ, որ նաեւ «Պահպանիչ»-ով» փակեց հանդիսութիւնը:

Գամիշլիի Ազգային Վարժարաններու 2016-2017 Տարեշրջանի Վերամուտ

kamishli_91916

Գամիշլիի Ազգային երեք վարժարանները (մանկապարտէզ-նախակրթարան-միջնակարգ), ինչպէս` Սուրիոյ բոլոր վարժարաները, իրենց առաջին զանգը հնչեցուցին երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2016-ին: Աշակերտները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին վերամուտը:

Հակառակ երկրի ապահովական, տնտեսական ծանր պայմաններուն` կրթական հաստատութիւնները մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Ներկայիս հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը կը շարունակուի դպրոցներէն ներս` հայոց դաստիարակութեամբ սերուդներ կերտելու հեռանկարով: Ցաւօք հայ աշակերտութեան թիւի նուազումը, որ հետեւանք է մեծ թիւով հայ ընտանիքներու գաղթին, իր ժխտական անդրադարձը ունեցած է Գամիշլիի վարժարաններուն վրայ եւս:

Քաղաքիս դպրոցներ քրտական լեզուին մեծամասնութիւն ներխուժումը, որուն կողքին` հայերէն դասագիրքեր ապահովելու դժոարութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլեւայլ հարցերու դիմագրաւումը խոչընդոտներ հանդիսացան, որոնց մեծ մասին դիմագրաւումով մեր դպրոցները այս տարի եւս պահեցին իրենց ազգային դիմագիծը:

kamishli2_91916

Նշենք, որ Գամիշլիի մանկապարտէզը իր իւրայատուկ կառոյցով, կիսաբաց բակով, կոկիկ դասարաններով, բոլոր այցելուներու վկայութեամբ, կը նկատուի Սուրիոյ լաւագոյն վարժարաններէն մէկը. ունի յատուկ ճաշասենեակ, ուր ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս նախաճաշ կը մատակարարուի աշակերտութեան` տրամադրուած «Հաուըրտ Գարակէօզեան» դարմանատան կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 25-Ամեակը Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ներս

Հայոց պատմութեան նորագոյն էջերուն մէջ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականը կը մնայ իր խորհուրդով ու նշանակութեամբ պանծալի տօներէն մին, որ կը ներշնչէ ազատ ապրելու տենչը, սերունդներու երազանքը ու արդար պահանջը` գոյատեւելու հրամայականով:

perio-tem_92116

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, 25 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս` Տիգրան Գէորգեանի եւ Ազգային վարչութեան ժողովի անդամներուն եւ հոծ հաւատացեալ բազմութեան, կատարուեցաւ «Հանրապետական մաղթանք» Հայաստանի Հանրապետութեան եւ «Գոհաբանական աղօթք» վերանկախութեան 25-ամեակի առիթով:

Առաջնորդ սրբազան հայրը հանգամանօրէն խօսեցաւ օրուան խորհուրդին թելադրականութեամբ` վեր առնելով վերանկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին հրամայականը եւ ըսաւ. «Ազատ ապրելու ցանկութեամբ ապրած ենք հաւատքով ու լաւատեսութեամբ. 1991 թուականով հայ ժողովուրդը վերահաստատեց հայոց անկախպետականութիւնը: Այս առիթով գոհութիւն եւ փառք կու տանք ամենակալ Աստուծոյ եւ վերստին կ՛ուխտենք արժեւորել մեր կատարած սխրանքները: Անկախութեան օրուան սրբազան խորհուրդով կը հաստատենք մեր կամքը` հաւատարմօրէն զօրակցելու հայրենի պետականութեան ու միաբանական սիրով մեր եռանդը ու ջանքը կը վերանորոգենք, որպէսզի մեր հայրենիքը դառնայ հզօր եւ Արցախը` ինքիշխան ու անկախ»:

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրուան խորհուրդը տեղադրեց աւետարանական պատգամին ներքեւ, քաղուած` Ղուկաս 16.10, որուն մէջ մեր Տէրը «փոքր ծառայութեան», թէ «մեծ ծառայութեան» միջեւ տարբերութիւնը կը դնէ «հաւատարմութեան» հիմնական խնդրին վրայ: Սրբազան հայրը յատուկ կերպով ընդգծեց  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի 21 սեպտեմբերի պատգամով արտայայտուած «Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման» հաւաքական մեր պարտականութեան վրայ: Սրբազան հայրը հայրենիքին «աստուածատուր ժառանգութիւն» բացատրութիւնը տուաւ եւ հայրենասիրութեան նախապայման նկատեց «հայրենիքը ճանչնալ» եւ «հայրենիքը ընդունիլ, այնպէս ինչպէս որ է»: Ապա ըսաւ. «Մեր հաւաքական պարտքն է հաւատարմօրէն ապրիլ, գործել եւ ծառայել վերանկախացեալ Հայաստանի հզօրացման համար»:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն հայրենիքի անկախութեան կերտումին, յառաջդիմութեան, զարգացման, բարգաւաճման եւ անսասանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերած մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Յետմիջօրէին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան  կողմէ կազմակերպուած 25-ամեակի ընդունելութեան, մասնակցութիւն բերին, թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր կողքին, հիւրաբար թեմս գտնուող միաբան հայրեր, քահանայից դասը եւ Ազգային վարչութիւնն ու մարմինները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>