Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սիրելի՛ եւ մեծագոյն հայ` Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, վարդապե՛տ,
Ներէ,՛ որ այսպէս` մտերմաբար, եզակիով հաղորդակցիմ հետդ, որովհետեւ դուն վիթխարիութեանդ ու մեծութեանդ մէջ ոեւէ հայու համար մտերիմ մարդ ես, պարզ ու անպաճոյճ, քեզի հետ կարելի է առանց ձեռնոցներու խօսիլ ու չսեպուիլ անյարգալիր:
Հաւանաբար զգացած ես, որ ինծի պէս շատ մը ժառանգորդներդ, անցեալին ու այսօր, քեզի հետ մտովի զրուցելու առիթներ ունեցած են օր աւուր, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը. երբ 1 հոկտեմբերին ինծի վիճակուեցաւ անունդ կրող շքանշան մը կրելու պատիւը, ահա մղուեցայ այսպէս` հրապարակաւ ու քու ստեղծած գիրովդ հաղորդակցելու հետդ:
Դուն ինձմէ ու շա՜տ շատերէ աւելի՛ լաւ գիտես, թէ որքանո՛վ արժանի եմ այս շքանշանին. չեմ գրեր այդ հարցը դնելու նպատակով: Այդ օրէն ասդին, սակայն, երկար խորհրդածելու առիթ ունեցայ, նախ` կշռադատելու համար, թէ իբրեւ քու անպարագիծ վաստակիդ ու ժամանակի սահմանները խորտակող ժառանգութեանդ մէկ փոքր աւանդապահը` որո՞նց կը պարտիմ այս պատիւը, իսկ աւելի կարեւորը` սա ինչպիսի՞ յանձնառութիւններու դէմ յանդիման կը դնէ զիս ու նոյն խրամատին բաժնեկիցները:
Հայ մշակոյթի էջը բանալու օրէդ ասդին, շատեր քալած են ցոյց տուած ուղիէդ. ես պարզապէս յետին ճանապարհորդ մըն եմ այդ ճամբուն վրայ: Երբ շքանշանով տուն վերադարձայ ու յաջորդ առաւօտուն զայն քննարկեցի մանրամասնօրէն, երեւակայութեան աչքերով տեսայ, որ անիկա կազմուած է մանր, միայն հոգիի աչքերով տեսանելի մասնիկներէ, որոնք քով քովի եկած են շնորհիւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են կեանքիս կերտումին: Այսինքն անոնց, որոնց կը պարտիմ այս պատիւը:
Եւ որքա՜ն շատ են անոնք… Ծնողներս ու ընտանեկան հարազատներս եղած են առաջինները, որոնք քու վառած անմար փարոսդ հայելացուցած են մատղաշ կեանքիս մէջ` զիս մղելով սիրելու հայ գիրքն ու գիրը. անոնք մեր տան յարկին տակ ստեղծած էին համեստ «գրադարան» մը` հազիւ տասնեակ մը գիրքերով: (Հարազատներս մինչեւ այսօր ալ կը կանգնին կողքիս ու անմասն չեն ուղեւորութենէս): Հալէպի մանկապարտէզիս ցածլիկ գրասեղանէս մինչեւ ուսումնառութեանս հետագայ` պէյրութեան հանգրուանները, դաստիարակ ուսուցիչներս բնական գործակիցներն են եղած ծնողներուս, իրենց ընթացիկ առաքելութեան զուգահեռ` մերթ դասարանին մէջ հաճելի պատմութիւններ կարդալով, երբեմն ալ նուիրելով գիրքեր, որոնցմէ մէկ քանին մինչեւ օրս իբրեւ անգին հարստութիւն կը պահեմ գրադարանիս մէջ: Անոնք գործած են ու շունչ սպառած` առանց պատիւի ու շքանշանի ակնկալութեան, թէեւ ոմանք արժանացած են նման պատիւի: Անոնց զուգահեռ, նոյնքան կարեւոր գործ ըրած են յետ-Ցեղասպանութեան առաջին սերունդի վաստակաւորները, որոնք լեզուի, պատմութեան, իրագիտութեան, աշխարհագրութեան ու կրօնի հայերէ՛ն դասագիրքեր դրած են սերնդակիցներուս ձեռքերուն մէջ` իբրեւ աննիւթական բանալիները մեր բազմադարեան գանձարաններուն: Զիս ու հասակակիցներս կոփողները նաե՛ւ հայ երգի ու մշակոյթի այլ կալուածներու սերմերը ցանած են մեր հոգիներուն ու էութեան մէջ, այն յոյսով, որ ծիլերը բողբոջին, ծաղկին եւ ծառանան մեր մէջ, ու իրենք սերմնացանի այդ աշխատանքին արդիւնքը վայելեն իբրեւ պերճախօս շքանշան…
Կեանքի ճամբուս կերտումին մէջ բաժին ունեցած են ուսուցիչ-պաշտօնակիցներ, որոնց կողքին առաջին քայլերս առած եմ հայոց լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասատուի առաքելութեանս ճամբուն: Մինչեւ իսկ աշակերտներս իրենց բաժինը ունին շքանշանին մասնիկներուն շարքին… Այդ ուղին յետոյ զիս տարած է մամուլի աշխարհը, ուր նմանապէս ունեցած եմ երէց վաստակաւորներու հոգածու ուղեցոյցը, տպարանի լուռ ու համեստ աշխատաւորներու` գրաշարին ու էջադրողին լծակցութիւնը: Աշխատանքի դաշտի ու երկրի փոփոխութենէն ետք ալ, գործակից-պաշտօնակիցներս քալած են կողքիս` իրենց անփոխարինելի ներդրումները ունենալով տարուէ տարի գումարուող մասնիկներուն: Ժամանակի սահանքին հետ, ու տարիներու կուտակումով, օր մըն ալ անդրադարձեր եմ, որ սկսեր եմ դասուիլ «երէց»-ներու շարքին, սակայն միշտ ալ մնացած եմ համեստ աշակերտդ ու նախանձախնդիր աւանդապահներէդ:
Կրնամ երկարել ու մանրամասնել ցանկը բոլոր անոնց, որոնք իրաւունք ունին բաժնեկցելու ինծի ընծայուած պատիւը (բնականաբար ես ո՛չ առաջինն եմ, ո՛չ ալ վերջինը` արժանացողներէն). ցանկը շատ երկար է, եւ լա՛ւ որ այդպէս է, որովհետեւ ուսերս տկար են առանձինն կրելու փոխանցուած ազնիւ բեռը:
Իբրեւ մէկ հետեւորդդ` միշտ ալ փորձած եմ սորվիլ անցեալէն ու սեւեռել ապագան. դուն շա՜տ հեռատես էիր. հինգերորդ դարու արարատադիր պատուանդանէդ տեսար մեր ժողովուրդի յաւերժութեան հորիզոնները, եւ այսօր ու մի՛շտ, Օշականի բարձունքէդ պիտի ապրիս մեզի հետ, մեր մէջ: Իմ տեսողութիւնս նոյնչափ հեռահաս չէ, սակայն կը փորձեմ տեսնել ներկան ու հայիլ ապագային, բարձր բռնել փարոսէդ վառուած բարակիկ մոմս, որպէսզի քու լոյսովդ պայծառանայ դիմացս երկարող ու այլապէս մթագնող ճամբան:
Սիրելի՛ վարդապետ, մեծագո՛յն ուսուցիչ եւ հայ մշակոյթի ռահվիրա՛,
Եթէ ուղիիս կերտումին մէջ պարտական եմ շա՜տ շատերու, աւելի՛ մեծ պարտք ունիմ քեզի: Բախտակիցներս, նոյն խրամատը բաժնեկցողներս ամէն օր կը յիշենք մեր պարտապանութիւնը, երբ ականատես ենք այն ալիքներուն, որոնք մերթ ընդ մերթ կը սպառնան աղարտել ժառանգութիւնդ, մեր նորահաս սերունդները անջատել-խզել ու օտարացնել հարուստ ժառանգութենէդ: Ականատես ենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ փարոսիդ լոյսը նսեմացնելու ձգտող անփոյթ վերաբերմունքներու, որոնք կ՛ըլլան կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ եւ… տգիտաբար, յաճախ նաեւ` «արդիականութեան հետ քայլ պահելու» պատճառաբանութեամբ: Դուն, որ գործակիցներուդ հետ դժուարագոյն դարաշրջանի մը մէջ թարգմանողներու եւ գիր-պատմութիւն կերտողներու սերունդներ ստեղծեցիր, ոսկեղէն դար մը կերտեցիր ու ժառանգ թողուցիր արծաթեայ եւ Զարթօնքի դարաշրջաններ արարողներուն, հիմա, Արագածի լանջին ընկողմանած` արդեօք ինչպիսի՞ տագնապներ կ՛ապրիս, երբ ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլաս անունդ կրող ուղղագրութեան, մայրենիի՛ն խեղաթիւրման, գիրքի-գիրի մշակոյթէն հեռացնող հոսանքներու: Կը մեղանչեն պետական այրեր, հայրենի եւ սփիւռքեան մտաւորականի կոչումին արժանացած վաստակաւորներ, խմբագիրներ, արուեստագէտներ, ծնողներ ու մինչեւ իսկ` դաստիարակի պատմուճանով զգեստաւորուածներ:
Ինծի ու բազմաթիւ բախտակիցներու նուէր տրուած շքանշանին մասնիկներուն մէկ մեծ բաժինն ալ ա՛յս պարտքը կը դնէ կրողներուս ուսերուն. կրկին ու կրկին մրճահարել քու աւանդներուդ ու ժառանգութեանդ անեղծ պահպանման պահանջը, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ հարստացումը, որոնց դէմ վստահաբար առարկութիւն պիտի չունենաս: Արդեօք ինչպիսի՜ հրճուանքով հետեւած ես Նարեկացիներէն, Շնորհալիներէն մինչեւ Աբովեաններով, Րաֆֆիներով, Վարուժաններով, Տէրեաններով, Չարենցներով, Թէքէեաններով, Օշականներով, Սեւակներով ու Յակոբեաններով արարուած մեր մշակութային ծառուղիներուն ծաղկումին, պտղաբերման, ի տես ի՛սկապէս արժանաւոր ու վաստակ կերտած ժառանգորդներուդ, որոնք մէկական շքանշան են մեր ժողովուրդի կուրծքին:
Ահա թէ ինչպէ՛ս ու ինչո՛վ արժանի պիտի ըլլանք յետին աշակերտներդ ըլլալու կոչումին, մերօրեայ դեսպաններդ դառնալու առաքելութեան, մեզի շնորհուած շքանշանին:
6-էն 11 հոկտեմբեր 2016