Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մենք Բոլորս Հալէպահայեր Ենք

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

6-րդ տարին թեւակոխելով եւ աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր սուրիահայութեան սիրտը համարուող մեր բոլորին երազային Հալէպը կը հարուածուի:

Հալէպը անցնող շաբաթներուն կրեց ու կը շարունակէ կրել ամէնէն զօրաւոր հարուածները:

Հակառակ անոր որ վերջին շրջանին Սուրիոյ տագնապի հորիզոնին վրայ խաղաղութեան յոյսեր կ՛երեւէին, Հալէպը ստացաւ ահաբեկչական ծանր հարուածներ, ունեցանք կորուստներ, նահատակներ, վիրաւորներ, ծանր վիրաւորներ, նիւթական ծանր վնասներ:

Ժողովուրդը անմխիթար եւ անպաշտպան կը զգայ: Յուսահատական պահեր կ՛անցընեն տղաքը: Հեռաձայնային կամ բջիջային կապերով կը լսենք վախի ու լացի ձայներ:

Ահաբեկչական խմբաւորումներու մերձակայքը գտնուող շրջանները մնայուն թիրախ դարձած են:

Այսօր Հալէպի մէջ կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ ապրիլ համայքի մէկ նկատառելի թիւ մը:

Ճգնաժամային այս օրերուն սփիւռքի թէ հայրենի մամուլէն անպատասխանատու գրութիւնները աւելի շփոթ եւ կասկած կ՛արթնցնեն մնացողներուն մէջ:

Իւրաքանչիւր գաղութ իր կարելի սահմաններուն մէջ իր ներդրումը եթէ բերէ, աւելի լաւ է, քան թէ հեռուէն իմաստուն խօսքեր բաժնեն:

Փաստօրէն գաղթողներու մեծ հոսանք մը գոյութիւն ունի: Սակայն մնացողներուն ուժ եւ կորով ներշնչելը բոլորիս գործն է:

Ընդհանրապէս ծանր հարուածներէ ետք քաոսային վիճակ մը կը ստեղծուի: Այդ վիճակին հանդարտեցման եւ ղեկավարման գործը միայն գաղութին ղեկավարութեան կը պատկանի: Աւելի մեծ վնասներ կրնայ պատճառել: Բոլոր մակարդակներու վրայ համահայկական զօրակցական ճիգ մը պէտք է, որպէսզի աւելի լաւ եւ տոկուն մնայ մեր բոլորիս Հալէպը:

Նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը անհրաժեշտ է:

Բոլոր գաղութները պէտք է այս իմաստով շարժին:

Վերջ ի վերջոյ պէտք չէ մոռնանք, որ բոլորս ալ հալէպահայեր ենք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>