Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքահայ Եւ Հայաստանցի Գործիչներու Մասնակցութեամբ

mamlo-asoulis1_92416

«Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ 24 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ասուլիս` «Հայաստանի անկախութեան 25 տարիները. ձեռքբերումներ եւ չլուծուած խնդիրներ. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները. երկրի ներկան եւ դէպի զարգացում տանող բարեփոխումները. ապագան եւ անվտանգութեան երաշխիքները» խորագիրով:

Բանախօսներն էին ամերիկահայ գրող, հասարակական գործիչ, «Քալիֆորնիա Քուրիր» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ  հրատարակիչ Յարութ Սասունեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, պատմաբան, փրոֆեսօր, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժնի նախագահ Էդիկ Մինասեան, արեւելագէտ-թուրքագէտ, Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Ռուբէն Սաֆրաստեան ըսաւ, որ 25 տարին թէեւ երկար ժամանակաշրջան չէ, բայց անիկա հայ ժողովուրդին համար եղած է շատ յագեցած: «Առաջին հանգամանքը այն է, որ 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանը որպէս ինքնիշխան պետութիւն կայացման գործօն եղաւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ: Կայացանք որպէս մէկ պետութիւն, որ յստակ եւ հաստատակամօրէն օգնութեան ձեռք մեկնեց նաեւ Արցախի կայացման: Նշեմ, որ այս 25 տարիներուն ընթացքին եղան դժուարութիւններ, բայց ունեցանք նաեւ ներքին կեանքի կայուն զարգացում, թերութիւններ եւ յաջողութիւններ, սխալ է ըսել` լաւ էր թէ վատ, տակաւին ակնկալութիւններ ունինք անկախութեան սերունդներէն»:

Շահան Գանտահարեան նախ խօսեցաւ երկար ժամանակ անկախութիւն չունենալու մասին: Ըստ անոր, 25 տարուան անկախութեան գործօնը հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ նաեւ Սփիւռքի վրայ, որ երկար ատեն զրկուած եղած էր անկախ հայրենիքի հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունենալու հնարաւորութենէն:

Անկախութիւնը ազդած է նաեւ պետական եւ քաղաքական միացեալ գործունէութիւն ծաւալելու առումով: «Սփիւռքի մէջ միշտ շեշտուած  եղած է ձուլումի վտանգը, եւ անկախութեան ձեռք ձգելն ու պահպանելը այն հզօր գործօնն էր, որ ապահովեց կապը հայրենիք-սփիւռք հետագայ հզօրացման:

Սփիւռքեան հայեացքով 25-ամեակի իրագործումներէն, Շահան Գանտահարեան նկատեց սփիւռքահայերու քաղաքացիութիւն շնորհելու սահմանադրական իրաւունքը, որ հզօր գործօն դարձաւ ինքնութեան համար` հայրենիքի պատկանելիութեան իրաւադրոյթ ամրագրելով:

Կեդրոնանալով միջինարեւելեան ճգնաժամերուն վրայ` Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ սփիւռքահայը անմիջականօրէն զգաց հայրենի պետականութեան զօրակցութիւնը:

Էդիկ Մինասեան խօսեցաւ քառորդ դարու ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն մասին. «Այս անկախութիւնը ձեռք ձգեցինք իսկապէս դժուարին պայմաններու մէջ: 1990-ական թուականներէն արդէն կար պետականութեան պահպանման, գոյատեւման, անկախ գործելու խնդիրը: Երկիրը կը գտնուէր շրջափակումի մէջ, անցած էինք աւերիչ երկրաշարժի մէջէն: Այս բոլոր դժուարութիւններէն ետք 1990 թուականին անկախութեան հռչակագիրը մեր պետականութիւնը, ինքնութիւնը կերտելու, զարգացնելու հիմք հանդիսացաւ»:Մինասեան նաեւ խօսեցաւ ձեռքբերումներուն մասին` ընդգծելով, առաջին կարգին, անկախ պետական կառավարման համակարգի առկայութիւնը` իր թերութիւններով հանդերձ: Յաջորդ մեծագոյն նուաճումը հերոսական պայքարի շնորհիւ Արցախի ազատագրումն էր: Մինասեան կարեւոր նկատեց ազգային բանակի ստեղծման գործօնը, որ անցած է դաժան փորձութիւններով ու դարձած է այն մարտական բանակը, որ այսօր վստահօրէն կ’ապահովէ մեր անվտանգութիւնը:

Յարութ Սասունեան 25-ամեայ նուաճումներուն մէջ առանձնացուց Արցախի անկախութիւնը:

Ան թերութիւններուն հիմնականը նկատեց արտագաղթը, տնտեսական վատ վիճակը` նշելով, որ դժուար թէ ժողովուրդը այս պայմաններուն կարենայ դիմանալ, որովհետեւ Հայաստանը երկկողմանի շրջափակման մէջ է, եւ, հակառակ ասոր, հայ ժողովուրդը կրցած է յաղթահարել, գոյատեւել եւ տնտեսական աճ արձանագրել, ինչ որ ձեռքբերում կրնանք համարել: Ան նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռք-Հայաստան կապի սերտացման նպատակով գործադրուող բոլոր ջանքերուն:

Ան յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը առիթ կու տայ ձեռքբերումներու եւ ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէ:

Ասուլիսի վերջաւորութեան լրագրողները իրենց հարցումները ուղղեցին բանախօսներուն: Տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ քննարկում:

«Կազփրոմ Արմէնիա»-ն Համակարգիչներ Տրամադրած Է Արցախի Կրթական Հաստատութիւններուն

1008gazprom

«Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը անգամ մը եւս բարեսիրական ծրագիր իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` համակարգիչներ տրամադրելով կրթական հաստատութիւններուն:

«Կազփրոմ Արմէնիա»-էն յայտնած են, որ այս տարի Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համադրաբար մշակուեցաւ ծրագիր մը, որուն համաձայն, 20 կրթական հաստատութիւններ, որոնց կարգին` չորս մանկապատանեկան եւ ճատրակի դպրոցներ` ստացան համակարգիչներ եւ համապատասխան պարագաներ:

Իսկ Ստեփանակերտի Ե. Չարենցի անուան թիւ 7 հիմնական դպրոցին մէջ բացուած է համակարգչային դասարան, որուն համար «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը տրամադրած է 11 համակարգիչ:

Համակարգչային դասարան բացուած է նաեւ Քաշաթաղի Գողթանիկ համայնքի միջնակարգ դպրոցին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի կրթական ոլորտի պատասխանատուները նշած են, որ «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութեան այս նախաձեռնութիւնը շատ անհրաժեշտ  եւ կարեւոր է կրթական հաստատութիւններուն համար, քանի որ այսօր ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարկումը առանցքային դերակատարութիւն ունի ուսուցման գործընթացքին մէջ:

«Այս տարի նուէր ստացանք «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութենէն, որ մեծ պատրաստակամութեամբ տրամադրեց համակարգիչներ, որոնցով կը համալրուի դպրոցներու նիւթական արհեստագիտական հիմքը: Շատ կարեւոր է, որ համակարգիչներ եւ համապատասխան պարագաներ ստացան ո՛չ միայն Ստեփանակերտի ուսումնական հաստատութիւնները, այլ նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը գիւղական համայնքներու դպրոցները», յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Էրիք Գրիգորեան:

Նոր Բնակարաններ` Ազատամարտիկներուն, Արուեստի Գործիչներուն, Բազմազաւակ Ընտանիքներուն

1008newappartments

Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնած են, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ընդառաջ, Երեւանի աւագանիի որոշումով, նոր բնակարաններու բանալիներ յանձնուած են ապրիլ 1991-ին Շահումեանի շրջանի Գետաշէն գիւղին մէջ հերոսաբար զոհուած ազատամարտիկ Արթուր Կարապետեանի,  Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու ինքնապաշտպանական, ազատագրութեան մարտերու եւ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան, «Սասունցի Դաւիթ» աշխարհազօրային ջոկատի անդամ, վիրաւոր ազատամարտիկ Վիրաբ Սարգսեանի ընտանիքներուն, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի եւ միջազգային չորս մրցոյթի դափնեկիր, «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ պատուոյ շքանշանակիր, «Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանի ասպետ, Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Սվետլանա Նաւասարդեանին, ութ անչափահաս երեխաներ ունեցող Արթուր Սաֆարեանի եւ Լուսինէ Բակունցի ընտանիքներուն:

Անհատոյց օգտագործման իրաւունքով բնակարաններ տրամադրուեցան նաեւ բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք ունեցող 4 ընտանիքներու: Նկատի առնելով արցախեան ազատամարտին ունեցած ներդրումը, հայ ազգագրական ու հայրենասիրական երգերու ստեղծման եւ տարածման մէջ ունեցած զգալի աւանդը, ինչպէս նաեւ բնակարանային պայմաններու խիստ կարիք ունենալը, Երեւանի քաղաքապետը նոր բնակարանի բանալիներ յանձնած է նաեւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գուսան Հայկազունիին:

Շնորհաւորելով նոր բնակարաններու տանտէրերը` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ շարունակական պիտի ըլլան:

«Ուրախ եմ ողջունելու ձեզ Երեւանի քաղաքապետարանի հիւրընկալ յարկի տակ եւ առիթը օգտագործելով` շնորհաւորելու Երեւանի 2798-ամեակին առիթով: Արդէն քանի մը տարի է, հանրապետութեան նախագահի առաջարկով, աւանդութիւն դարձած է զոհուած եւ հաշմանդամ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, մեր ճանաչցուած ու վաստակաշատ արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներուն նաեւ «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ծիրին մէջ նոր բնակարաններ նուիրելը: Իբրեւ Երեւանի քաղաքապետ ի` այս իրագործումը ինծի համար իսկապէս ամէնէն հաճելի պարտականութիւններէն մէկը կը համարեմ, եւ վստահ եղէք, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները պիտի դառնան շարունակական, եւ մենք պիտի ընենք մեր կարելին, որպէսզի ձեզ յուզող հարցերուն օր առաջ լուծումներ գտնենք: Իսկ մինչ այդ կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորդ` նոր բնակարանամուտին առիթով: Առողջ վայլեցէք ձեր բնակարանը», ընդգծած է քաղաքապետը:

Փարիզի Քաղաքապետը Մասնակցեցաւ «Էրեբունի-Երեւան-2798»-ի Տօնակատարութիւններուն

anne-hidalgo_101216

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երեւան` գլխաւորելով Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութեամբ մը: Պատուիրակութիւնը  հանդիպումներ ունեցաւ տնտեսական եւ կրթական ոլորտի իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Յայտնենք, որ Փարիզի քաղաքապետը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Երեւանի քաղաքապետին հետ: Ան այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, Կոմիտասի անուան թանգարան, մասնակցած է նաեւ «Էրեբունի-Երեւան-2798» տօնակատարութեան հանդիսաւոր արարողութեան:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկի Մետալները` Յակոբ Եւ Լիւդովիկա Այնթապլեաններուն

1006aintablian1

Սեպտեմբեր 28-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած էին ամերիկահայ նշանաւոր սրտաբան, Հայ-ամերիկեան մշակութային միութեան նախագահ, բժշկական գիտութեանց դոկտոր, յայտնի բարերար, «Մեսրոպեան ուխտ» միութեան նախագահ Յակոբ Այնթապլեանը եւ անոր կինը` ճարտարապետ Լիւդովիկա Այնթապլեանը:

Ողջունելով եւ ներկայացնելով հիւրերուն` նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ ծնած, Իտալիոյ մէջ կրթութիւն ստացած մեր սիրելի հայրենակիցը աւելի քան 50 տարի ծառայած է ամերիկեան առողջապահական ոլորտին մէջ` իր մասնագիտական բարձր կարողութիւններով կեանք պարգեւելով հազարաւոր հիւանդներու, այդ թիւին մաս կը կազմէին նաեւ հայեր: Ան նշանաւոր սրտաբան ըլլալով հանդերձ, միեւնոյն ժամանակ նուիրուած է ազգային հարցերու եւ բոլոր կարելի միջոցներով ձգտած է օգտակար դառնալ հայութեան ինչպէս սփիւռքի մէջ, այնպէս ալ` Հայաստանի: Դոկտոր Այնթապլեանը Հայաստան եկած է ղարաբաղեան շարժման դժուար օրերուն, 1988 թուականի ահեղ երկրաշարժէն ետք բազմաթիւ բարեգործական աշխատանքներ  իրականացուցած է: Անոր մտահոգութիւններուն մաս կազմած են նաեւ հայոց լեզուի անաղարտութեան եւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան հարցերը, որոնց լուծման ուղղութեամբ ներկայիս աշխատանքներ կը տանի նաեւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկին հետ»:

Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց նաեւ տիկին Այնթապլեանին` շեշտելով ինչպէս ճարտարապետութեան, այնպէս ալ բարեգործութեան ոլորտին մէջ անոր ներդրումը, շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս այն բանին համար, որ մնայուն սատար կը հանդիսանայ ամուսնոյն, յատկապէս` անոր ազգային եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Իր խօսքի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան հայապահպանութեան ասպարէզին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար տէր եւ տիկին Այնթապլեանները պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալներով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանուշ Յակոբեանին` գնահատանքին համար, դոկտոր Այնթապլեան ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք այն մտայնութեամբ, որ օր մը պէտք է վերադառնանք Հայաստան եւ նոյն համոզումով մեր կարելին կ՛ընենք Հայաստանի համար: Առաքելութիւններէն մէկն ալ հայերէնն է: Օտարաբանութիւնը պէտք է դուրս մղենք մեր լեզուէն: Որքան մեր լեզուն մաքուր ըլլայ, այնքան մեր կերպարը մաքուր պիտի ըլլայ: Մենք շատ հարուստ բառամթերք ունինք, եւ հայերէն ջինջ բառերը չօգտագործելով` անոնք կը ժանգոտին բառարաններու մէջ: Ես կարելիս պիտի ընեմ` յանուն հայերէնի անաղարտութեան»:

Ամփոփելով հանդիպումը` նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ իրենց նշանակալի գործերով Այնթապլեան ամուսինները իրենց մնայուն ներկայութիւնը հաստատեն Հայաստանի մէջ եւ շարունակեն իրենց հայեցի աշխատանքները:

Սեւանայ Լիճին Մակարդակը Նախորդ Սեպտեմբերի Վերջին Հետ Բաղդատելով` 30 Սանթիմեթր Աւելի Է

Սեւանայ լիճի մակարդակը, նախորդ տարուան սեպտեմբերի վերջին օրուան հետ բաղդատելով, այս տարի բարձր է 30 սանթիմեթրով:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Հայ-հիդրոմետ» ծառայութենէն յայտնած են, որ 29 սեպտեմբեր 2016-ի դրութեամբ Սեւանայ լիճը ծովու մակարդակէն 1900 մեթր 57 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ է` նախորդ տարուան նոյն օրուան 1900 մեթր 27 սանթիմեթրի փոխարէն: Ոռոգման նպատակներով այս տարի Սեւանայ լիճէն բաց ձգուած է 167 միլիոն 135 հազար խորանարդ մեթր ջուր: Իսկ լիճ մուտք գործած է 113 միլիոն 501 խորանարդ մեթր ջուր, որուն 94 միլիոն 816 հազարը` Արփա-Սեւան ջրատարով, 18 միլիոն 615 հազարը` ստորերկրեայ հոսքի միջոցով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, թէ՛ Արփա-Սեւան ջրատարի մուտքերը, թէ Հրազդանի հունով ջուրի բացթողումները դադրեցուած են:

Գեղարքունիքի մարզպետարանի աշխատակազմի գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան վարչութեան բնապահպանութեան բաժինի մասնագէտներուն նախատեսութեամբ, մինչեւ յառաջիկայ տարուան գարնանային վարարումները եւ Արփա-Սեւանով սպասուող ջրային պաշարներու մուտքը Սեւանայ լիճին մակարդակը պիտի մնայ գրեթէ նոյն սահմաններուն մէջ, սակայն անկէ ետք արդէն պիտի սկսի լիճի մակարդակի նոր բարձրացում, որ կրնայ գերազանցել նոյնիսկ 1901 մեթրը: Ցուցանիշ մը, որ չէ արձանագրուած 1962 թուականէն ի վեր, երբ Սեւանը գտնուած է 1900 մեթր 80 սանթիմեթր մակարդակի վրայ եւ հետագայ տարիներուն սկսած է նուազելու` մինչեւ 2000 թուականին արձանագրուած 1896 մեթր, 50 սանթիմեթրի սահմանները, որուն հետ բաղդատելով` արդէն այժմ ունինք լիճի մակարդակի շուրջ 4 մեթր բարձրացում:

Հայագիտական Ամպիոն` Ուրուկուէյի Պետական Համալսարանին Մէջ

chair-of-armenian-studies_10416

Երեւանի պետական համալսարանի պաշտօնական կայքին համաձայն, Ուրուկուէյի պետական համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոն պիտի հաստատուի: Երեւանի պետական համալսարանն ու Ուրուկուէյի համալսարանը համագործակցութեան պայմանագիր կնքած են արդէն:

Ուրուկուէյի համալսարանի նախագահ, հայազգի փրոֆեսէօր Ռոպերթօ Մարկարեանի համաձայն, վերջերս հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւնները բաւական աշխուժացած են, ինչ որ շատ ողջունելի է:

«Մեծապէս տպաւորուած եմ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ճատրակի դասաւանդման մեթոտներէն եւ կ՛ուզեմ զանոնք կիրարկել նաեւ Ուրուկուէյի մէջ», աւելցուցած է ան:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան հակիրճ կերպով Ռոպերթօ Մարկարեանին ներկայացուցած է համալսարանի հիմնադրութեան պատմութիւնը, անդրադարձած է գիտական, կրթական գործունէութեան, միջազգային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ` զարգացման հեռանկարներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles