ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Այո՛, անցող մէկուկէս տարուան ընթացքին մեզի ներկայացան ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու մէկէ աւելի առիթներ, որոնց մէկ մասը օգտագործուեցաւ, իսկ միւս մասն ալ անհասկնալիօրէն անտեսուեցաւ:
Անցեալ տարի, հարիւրամեակի օրերուն, Լոս Անճելըսի հայութիւնը աննախընթաց կերպով հաւաքական ուժ ցուցաբերեց, երբ աւելի քան 160 հազար հոգիով իր մասնակցութիւնը բերաւ պահանջատիրական ցոյցին: Ոչ ոք կ՛ակնկալէր նման թիւ: Այդ օր այդ հսկայ բազմութիւնը, օրինակելի կարգապահութեամբ, իր ձայնը լսելի դարձուց ամբողջ աշխարհին: Կ՛ըսենք` օրինակելի կարգապահութեամբ, որովհետեւ այդ օր թրքական «հակացոյց» մըն ալ կազմակերպուած էր, որուն բացայայտ նպատակն էր գրգռութիւն յառաջացնել, ստեղծել բախումնային հակազդեցութիւն, յատկապէս` երիտասարդ ու տաքարիւն ցուցարարներուն հետ, որպէսզի մամուլին ուշադրութիւնը շեղէ հայկական արդար պահանջատիրութենէն ու պաստառներուն վրայ օտար հանրութեան ներկայացուի ոչ թէ արդարացի պահանջատէրի, այլ` «խռովարար հայու» կերպար:
Աւելորդ է ըսել, որ թրքական այդ փորձը քանի մը վայրկեանէն արդէն ձախողած էր` շնորհիւ ոչ միայն մեր ժողովուրդի առողջ բնազդին, այլեւ հայ ցուցարարներու այն արտասովոր թիւին, որ ինքնին ուժ է: Ուժ մը, որ կարելի չէր անտեսել: Ուժ մը, որուն վրայ պէտք էր գուրգուրալ եւ աճեցնել ու զայն աւելիով հունաւորել ու նպատակասլաց դարձնել:
Մեր համոզումով եւ ինքնաքննադատութեան կարգով, այդ օրէն մէկուկէս տարի անց, տակաւին տեսանելի չէ այդ դրականօրէն ահարկու ուժը Լոս Անճելըսի հայութեան կառավարման մէջ ներգործօն ազդակի վերածելու վարքագիծ ու մտածողութիւն: Փաստը այն է, որ երբ հասաւ «փորձութեան ժամը», այսինքն` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, այդ ուժին համապատասխան զօրաշարժ, հակազդեցութիւն եւ ապրում չտեսանք մեր ապրած քաղաքին մէջ:
Դարձեալ, մնալով Լոս Անճելըս, Հայաստանի վերանկախացումի տօնի 25-ամեակին առիթով, այդ տօնին համազօր ի՞նչ հրապարակային-ժողովրդային նախաձեռնութիւն կազմակերպուեցաւ: Ո՛չ մէկ: Ի վերջոյ, տօները առիթներ են, որպէսզի ամրապնդուի ժողովուրդին ազգային հաւաքական կամքը, հայրենասիրութիւնը: Սեպտեմբեր 2-ին, Հայաստանի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հրապարակային հաւաք` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման առիթով: 21 սեպտեմբերին, պետական որոշումով տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք եւ հայկական զինուժի ցուցադրութիւն` ի շարս համերգներու եւ այլ ձեռնարկներու:
Նոյն առիթով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, համերգ` բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ: Հրաւիրուած էին նահատակ զինուորի մը ծնողները, որոնք բեմ բարձրանալով` ոչ միայն իրենց կսկիծը, այլ իրենց հպարտութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին:
Մէկ խօսքով, վերանկախացման 25-ամեակը բազմաթիւ վայրերու մէջ առիթ հանդիսացաւ հրապարակային ձեռնարկներով մեր ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու:
Աններելիօրէն լուռ մնաց Լոս Անճելըսը` իբրեւ համայնք ու կազմակերպութիւններ: Սեպտեմբեր 17-ին իր կազմակերպած համերգ-ցուցահանդէսով մը (քանի մը տասնեակ հոգիի մասնակցութեամբ), «ամօթխած» բացակայութիւն էր մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ինչպէս այդ օրերուն մէկէ աւելի յօդուածներով վերլուծած էր այս յօդուածագիրը, ստեղծեց ազգային- հայրենասիրական ու մարտունակ այնպիսի ոգի մը, որ իր կարգին աննախընթաց էր:
Այդ ոգին դիմափոխեց ամբողջ Հայաստանը, ու այլեւս պետական ղեկավարութեան կ՛իյնար այդ ոգին պահպանել, հունաւորել ու զայն մեր ազգային ապահովական համակարգին միաձուլէր: Բառացիօրէն ըսած էինք, որ պետական ղեկավարութիւնը այլեւս պէտք է գործով փաստէ, որ ինք արժանի է կառավարելու այս դիմափոխուած նոր տեսակի Հայաստանը:
Դժբախտաբար այդ օրերուն Հրազդանի մէջ կայացած տեղական ընտրութիւններուն պարզուած ախտավարակ երեւոյթները ցոյց տուին, որ ոչ ոք հետաքրքրուած է նորաստեղծ ոգիին պահպանումով: Ընտրակաշառքը բացէ ի բաց գործեց, ու այդ ձեւով ալ լրջօրէն հարուածեց ազգային հաւաքական բիւրեղացումի առաջնորդող այդ ոգիին: Մատը մատին զարնող ալ չեղաւ Հրազդանի այդ թաղային «հեղինակութիւններուն» ըսելու, որ, տղա՛ք, ի՞նչ կ՛ընէք, ձեր ընտրակաշառքով հարամ մի՛ ընէք մեր նահատակ հերոսներուն թափած արիւնը:
Մէկ խօսքով, պետական կառավարող օղակները բացարձակապէս չգիտակցեցան, որ Հրազդանի այդ օրինակը կրնայ ժխտական վարակ հանդիսանալ ու վերածուիլ համեղ ճաշի պնակին մէջ ինկած ճանճին:
Ահաւոր է հակասութիւնը: Մէկ կողմէ ճակատին վրայ բառացիօրէն մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակող ու նահատակուող զինուոր, մէկ կողմէ թշնամի հրասայլեր եւ ուղղաթիռներ խորտակելու բազում հերոսական արարքներ, իսկ միւս կողմէ ու անմիջապէս ասոնց յաջորդող օրերուն` ընտրակաշառքով ընտրութիւն: Չեմ գիտեր, թէ այդ ընտրակաշառքով «ընտրուողը» (ինքնին ազգային դաւաճանութեան համազօր արարք) խղճի ի՞նչ հանգստութեամբ հիմա կը նստի իր պաշտօնական աթոռին, այս յօդուածագրին համար անլուծելի հանելուկ է:
Փաստը կը մնայ այն, որ ո՛չ Հայաստանի պետական մարմինները, ո՛չ ալ սփիւռքը կրցան տէր կանգնիլ յետպատերազմեան այս ժողովրդային վճիտ ներուժին, դրամագլուխին: Ո՛չ սփիւռքը կրցաւ քայլ պահել հայրենաբնակ իր եղբայրներուն ցուցաբերած ոգիին ու մտածողութեան հետ, ո՛չ ալ պետական մարմինները կրցան համապատասխան դասեր քաղել, առնուազն` իրենց վերաբերումին մէջ նոր որակ մտցնելու, կամ ինքնամաքրուելու իմաստով. յատկապէս ինչ կը վերաբերի իրենց վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան, կառավարման մեթոտաբանութեան:
Երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ դրական ներգործութիւն կրնար ստեղծուիլ, եթէ պետական- պաշտօնական դիրքի չարաշահումով դղեակներ կառուցած այսինչը յայտարարէր ու գործով ցոյց տար, թէ իրապէս զղջացած է: Չգտնուեցաւ նաեւ մէկը, բարոյական այն հեղինակութիւնը, որ մտերմաբար իր քով հրաւիրէր այդ խաւէն այսինչը, ու զայն համոզէր, որ հիմա՛ է առիթը քաւելու իր մեղքը` յաչս ժողովուրդին ու պետութեան:
Այո՛, ինքնաքննադատութեան կարգով, թերին սրբագրելու սրտցաւութեամբ, անգամ մը եւս պէտք է խօսինք Հայաստանէն մինչեւ Լոս Անճելըս վատնուած առիթներուն մասին, ու ոչ թէ դափնիներու վրայ խոր-խոր քնանանք:
Լոս Անճելըս
6 Հոկտեմբեր 2016