Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Սուրբ Թարգմանչաց Տօնը` Հայ Ազգային Ինքնութեան Լուսաւորիչ Մշակներուն Տօնը

$
0
0

translators-12-10-2015

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ շաբաթ օրը, ահա աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը: Իսկ հոկտեմբերի երկրորդ կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կ’ունենայ Հինգերորդ դարու Թարգմանչաց շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ պատարագ:

Խորքին մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցին երկու տօն նուիրած է հինգերորդ դարու հայոց Թարգմանիչ սուրբերուն: Առաջին տօնը նուիրուած է ուղղակի Ս. Սահակ Պարթեւ ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Հայր թարգմանիչներուն եւ տեղի կ’ունենայ յունիսի վերջը կամ յուլիսի սկիզբը: Իսկ երկրորդը` հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթավերջին նշուող տօնը, նուիրուած է հայերէն գիրերու գիւտը նուաճած մեծ Սուրբերու արժանաւոր աշակերտներուն` Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւն Սքանչելիի, Եղիշէ Պատմիչի եւ Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, Ղեւոնդ Վանանդեցիի եւ մեր միւս թարգմանիչ մատենագիրներուն ու հայ մտքի ռահվիրաներուն:

Թէեւ իբրեւ եկեղեցական տօն սկսաւ Սրբոց Թարգմանչաց ոգեկոչումը, բայց ժամանակի ընթացքին ժողովրդային այնքա՜ն լայն ընդունելութիւն գտաւ եւ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ աւանդ նուաճեց ա՛յն աստիճան, որ նաեւ ազգային ժողովրդային տօն դարձաւ` արժանաւորապէս խորհրդանշելով հայ մշակոյթի եւ դպրութեան օրը:

Երբ 16 դարերու հեռաւորութենէն կը նայինք ու արժեւորման լուսարձակին տակ կ’առնենք հինգերորդ դարու հայոց թարգմանչաց շարժումը, առաջին հերթին ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ ժողովուրդին առանձնայատուկ այն երեւոյթը, որ թարգմանիչներ սրբացնելու եւ անոնց տօն նուիրելու ազգային մտածելակերպն է:

Նոյնիսկ կայ տեսակէտ, ինչպէս կը վկայէ հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան երախտաւորներէն Խորէն Պալեան, ըստ որուն, Հայ առաքելական եկեղեցին ինք չեղաւ նախաձեռնողը Թարգմանչաց սրբացումին: Մեր ժողովուրդը ի՛նք իբրեւ սուրբերու ընկալեց եւ պաշտամունքի առարկայ դարձուց հինգերորդ դարու թարգմանիչները: Իսկ հայաստանեայց եկեղեցին, ի տես ժողովրդային այդ փարումին, սուրբերու կարգին արժանացուց հայ մշակոյթի եւ դպրութեան առաքելատիպ մեր նախահայրերը:

Փաստօրէն եւ ըստ ամենայնի` սոսկ թարգմանիչներ չեղան անոնք` բառին ընթացիկ, օտարներու ստեղծած մարդկային մտքի գլուխ-գործոցները հայերէնի փոխադրելու հասկացողութեամբ: Ոչ ալ, նոյնիսկ, ժամանակի քաղաքակրթական նուաճումները հայացնելու, ազգային մեր լեզուամտածողութեան պատշաճեցնելու թարգմանական իրենց արժանիքին համար միայն սրբացուեցան:

Թարգմանչաց շարժումը շատ ու շատ աւելին էր այդ բոլորէն: Ան հանդիսացաւ ուղղակի հայ գիրերու գիւտը մշակութային արարումով կենսագործելու մեծ երկունք մը եւ, իբրեւ այդպիսին, հետագայ դարերուն եւ յաւերժին բացուելու թռիչքով օժտեց մինչեւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքը ստեղծուած ու զարգացած հայ մշակոյթը: Թարգմանչաց շարժումը թափ տուաւ հայ մշակոյթի վերանորոգման եւ նոր ժամանակներու շունչով վերահաստատման երթին` հայ ազգային ինքնութեան բիւրեղացումն ու մշակումը սեւեռակէտ ունենալով, այլեւ` հայակերտման սուրբ առաքելութիւնը արմատաւորելով:

Պատահական չէր, որ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վռամշապուհ արքային ամբողջական աջակցութիւնը վայելելով` իրենց պատրաստած արժանաւոր աշակերտներու մեծաթիւ հոյլով ձեռնարկեցին, առաջին հերթին, նորաստեղծ հայ գիրերով Աստուածաշունչը թարգմանելու տիտանական աշխատանքին: Աւելի քան երեսուն տարի խլեց հաւաքական այդ աշխատանքը եւ պսակուեցաւ Աստուածաշունչի հայացումով, որ, օտարներու իսկ վկայութեամբ, արժանացաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչումին: Եբրայերէնի, ասորերէնի եւ յունարէնի հմուտ ու բազմակողմանի ճանաչողութեամբ ու հոգեմտաւոր մշակումի բարձրորակ մակարդակով կատարուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան աշխատանքը` զուգահեռաբար հայ թարգմանիչներուն ընձեռելով իրենց ժամանակի գիտութեան եւ ճանաչողութեան յառաջապահ դիրքերուն վրայ յաղթահասակ կանգնելու ինքնազարգացումը:

Հետեւաբար, սոսկ հայերուս ինքնասիրութիւնը շոյելու համար չէ, այլ Աստուածաշունչի հայացման հոգեմտաւոր մեծ նուաճումը եւ, դարեր ետք, անոր լուսապսակը դարձած Նարեկը ըստ արժանւոյն մեծարելու մղումով է, որ օտարը նոյնիսկ վկայեց, թէ Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն հայերէ՛նն է:

Աւելի՛ն. Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը միայն սկիզբն էր երկանց: Հետեւեցան աստուածաբանական իմաստասիրութեան եւ քրիստոնէական գրականութեան ժամանակի գլուխգործոցներուն նոյնքան յաջողակ թարգմանութիւնները, որոնք ենթահողը կազմեցին թարգմանչաց միեւնոյն սերունդին կողմէ ոչկրօնական, մարդկային մտքի տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրուած օտարալեզու նուաճումներուն հայացման, ապա նաեւ` համապատասխանաբար հայկական մեծարժէք գործերու ստեղծումին:

Այդպէ՛ս, հայերէնով իրենց նոր կեանքը ապրեցան ժամանակի յոյն թէ ասորի մեծանուն հեղինակներ, ինչպէս Աթանաս Աղեքսանդրացի եւ Եփրեմ Խուրի Ասորի, Պրոկլ եւ Տիոնիսիոս Թրակացի, Արիսթոթէլ եւ Պղատոն, Փիլոն Եբրայեցի եւ Պորփիւր ու անուանի բազում այլ հեղինակութիւններ:

Անոնց իմաստասիրական, գիտական եւ գեղարուեստական գլուխգործոցներուն հայերէն թարգմանութիւնը եւ հայացումը ո՛չ միայն յատկանշուեցան հարազատութեամբ ու խոր ընկալումով, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւր դարձան թարգմանիչներու ինքնուրոյն ստեղծագործութեանց համար:

Օտարազգի եւ մեծանուն այդ հեղինակներու գործերէն ոմանք, ինչպէս որ կը վկայէ հայոց ազգային մշակոյթի ուրիշ մեծ երախտաւոր մը` Ռաֆայէլ Իշխանեան, այսօրուան մարդկութեան ծանօթ են իրենց հայացուած տարբերակով, որովհետեւ մայրենի լեզուով գրուած բնագիրները կորսուած են… առ յաւէտ:

Թարգմանչաց շարժումը ազգային նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին դպրանոցներու ցանց ստեղծելով ու ընդարձակելով: Հարկ էր պատրաստել ու դաստիարակել հայերէն գիրն ու գրականութիւնը գիտցող ու գործածող նոր սերունդ, որ իր կարգին սեփական ժողովուրդը առաւելագոյն չափով հաղորդ ու մասնակից պիտի դարձնէր թարգմանչաց իրագործած մեծ թռիչքին` հայ մշակոյթի եւ դպրութեան վերանորոգման, հայոց հոգեմտաւոր ինքնահաստատման կենարար երկունքին:

Ինչպէս որ «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ը յատուկ շեշտով կը նշէ հայոց Սուրբ թարգմանիչներուն նուիրուած իր տեղեկանքին մէջ, «Թարգմանչաց շարժումը ծաւալուել է հայ գրերի ստեղծումից անմիջապէս յետոյ` 405 թ.ին, որի նպատակը երկիրը յունական ազդեցութիւնից ազատելն էր` հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գրքերը եւ այլ երկեր հայերէն թարգմանելու, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու, ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով:

«Շարժումը նաեւ պետական շահեր էր հետապնդում. հայոց գրերի ստեղծմամբ Արշակունիների թուլացած գահի պաշտօնական գրագրութիւնը յունարէնից եւ ասորերէնից պէտք է անցնէր հայերէնի, իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցու միջոցով պէտք է նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովրդի ինքնութեան պահպանմանը»:

Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը հետագայ դարերու խաւարին եւ կործանման դիմադրեց իր Թարգմանչաց լոյսով:

Եւ այդ իմաստով, իբրեւ ազգային երախտագիտութեան խորագոյն արտայայտութիւն, հայ ժողովուրդը արժանաւորապէս սրբացուց իր թարգմանիչները:

Հետեւաբար, հայ ազգային ինքնութեան լուսաւորիչ մշակներուն` Սուրբ թարգմանիչներու աւանդով մեր ժողովուրդի այսօրուան եւ վաղուան երթը հունաւորելու եւ վերանորոգելու առիթը կ’ընձեռէ Սրբոց թարգմանչաց տօնը:

Իսկ Թարգմանչաց աւանդով վերանորոգուելու ուղին կը պահանջէ հայապահպանման մեր կռուաններուն ամրապնդումն ու զարգացումը, յատկապէս հայրենիքէ հեռու ապրելու դատապարտուած սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ:

Հայ ազգային ինքնութեան մեր լուսաւորիչ մշակներուն ներշնչումով` հայոց գալիք սերունդներուն պարտք ենք հայակերտումի մեր անփոխարինելի զէնքերուն պահպանումն ու արդիականացումը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>