Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

25 Ուշագրաւ Փաստ Հայաստանի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Բրիտանական հեղինակաւոր «Թելեկրաֆ» պարբերաթերթի զբօսաշրջային բաժինը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով յատուկ էջ մը նուիրած է անոր` ներկայացնելով Հայաստանի մասին 25 ուշագրաւ փաստերը: «Արմէնփրես»-ը ներկայացուցած է յօդուածը` որոշ յապաւումներով:

1.- Աշխարհի գինեգործական հնագոյն երկիրը:

1_93016

Այս իրականութիւնը կը հաստատեն մասնագէտները, 2011 թուականին անոնք Արենի գիւղի քարանձաւին մէջէն յայտնաբերած են գինիի արտադրութեան հնագոյն արտադրամասը:

2.- Առաջին ժողովուրդն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը:
Թէեւ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ ներկայիս գոյութիւն չունեցող հայկական թագաւորութեան մէջ, Յիսուսի մահէն անմիջապէս ետք, սակայն միայն 4-րդ դարուն ընդունուեցաւ որպէս պետական կրօն: Ատիկա տեղի ունեցաւ աւելի կանուխ, քան աշխարհի որեւէ այլ երկիրի մէջ:

3.- Երկիրը ունի բազմաթիւ եկեղեցիներ:

3_93016

Հազարամեայ վանքերէն մինչեւ քանդուած տաճարներ…Հայաստանը լի է քրիստոնէական հաւատքի վայրերով, հետեւաբար պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ երկիրը կոչուած է «եկեղեցիներու երկիր»: Կարելի չէ առանձնացնել երկրի լաւագոյն տաճարը, սակայն մեր ամէնէն սիրելիներէն է 9-րդ դարու Տաթեւի վանքը` շատ հրաշալի կառոյց մը, աննկարագրելի գեղեցիկ բնութեան մէջ:

4.- Դպրոցներուն մէջ ճատրակը դասանիւթ կը նկատուի:
Այս մէկը թերեւս կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ հայերը այդքան ճարպիկ են այս բնագաւառին մէջ: Տղոց հաւաքականը յաղթած է Եւրոպայի ախոյանութեան (1999), աշխարհի խմբակային ախոյանութեան (2011) ճատրակի ողիմպիականին (2006, 2008, 2012), իսկ աղջկանց հաւաքականը յաղթած է Եւրոպայի ախոյանութեան (2003):

5.- Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ 1,5 միլիոն հայ մահացած է:

5_93016

1915 թուականին օսմանեան կառավարութիւնը կազմակերպեց 1,5 միլիոն հայերու համակարգուած ոչնչացում, որ յայտնի է որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն: Թուրքիան` Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, կը ժխտէ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է, սակայն 28 երկրի կառավարութիւն, ներառեալ` Բրիտանիան, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, կատարուածը ճանաչած են որպէս ցեղասպանութիւն:

6.- Արտասահմանի մէջ աւելի մեծաթիւ հայեր կը բնակին, քան` Հայաստանի մէջ:
1915 թուականի իրադարձութիւնները ստիպեցին միլիոնաւոր հայեր գաղթելու արտասահման, ուր անոնք հզօր համայնքներ հիմնեցին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:

7.- Երկրի աշխարհահռչակ անունները:

12_93016

Հայաստանը Շերի, Անտրէ Ակասիի, Սերժ Թանգեանի, Գարտաշեաններու պատմական հայրենիքն է:

8.- Հայերը կը կարծեն, որ գիտեն, թէ ո՛ւր է Նոյեան Տապանը:

8_93016

Հայաստանի մէջ կը հաւատան, որ Նոյեան տապանը Արարատ լերան գագաթին հանգչած է:

9.- Երկրի ազգային խորհրդանիշը Թուրքիոյ մէջ կը գտնուի:
Ձիւնածածկ Արարատ լեռը Հայաստանի ազգային խորհրդանիշն է, եւ բազմաթիւ հայերու կողմէ ընդունուած է որպէս սուրբ լեռ: Այն այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ աշխարհագրական տարածքին մէջ:

10.- Անիկա ունի աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը:

10_93016

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը աշխարհի հնագոյն բնակուած քաղաքներէն է` ստեղծուած Հռոմէն 29 տարի առաջ:

11.- Մայրաքաղաքը յայտնի է «Վարդագոյն քաղաք» անունով:
Երեւանը վարդագոյն է` այդ գոյնը ունեցող հրաբխային ծագումի քարին պատճառով, անով կառուցուած է քաղաքի շինութիւններուն մեծ մասը:

12.- Չըրչիլ կը սիրէր հայկական քոնեակը:

11_93016

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Եոսիֆ Ստալինը բազմիցս հայկական քոնեակ ղրկած է Ուինսթըն Չըրչիլին` Բրիտանիոյ վարչապետին, որուն սէրը քոնեակի նկատմամբ երբեք գաղտնի չէ եղած:

13.- Հայկական քոնեակը օգտագործուած է Եալթայի գագաթնաժողովին:
Խրիմի մէջ Չըրչիլի, Ստալինի եւ Ֆրենքլին Ռուզվելթի հանդիպման ժամանակ առատօրէն օգտագործուած են հայկական քոնեակն ու գինին:

14.- Հայաստանի մէջ է աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղին:

14_93016

Տաթեւի յայտնի ճոպանուղին արձանագրուած է «Կինէս»-ի աշխարհի մրցանիշերու գիրքին մէջ` որպէս ամէնէն երկարը (5752 մ):

15.- Երկիրը իրողական պատերազմի մէջ է:
Հայաստանի եւ դրացի Ազրպէյճանի միջեւ երկար տարիներէ իվեր յարաբերութիւնները լարուած են, իրողական պատերազմի մէջ են:

16.- Այստեղ կարելի է նաեւ դահուկել:

16_93016

Հայաստանի մէջ դահուկել սահելու հիմնական վայրը Ծաղկաձորն է:

17.- Այստեղ թռչուններու շատ տեսակներ կան:
Այս երկրի մէջ են Եւրոպայի թռչուններու 530 տեսակներէն 345-ը, ընդգրկելով` բազէներ, կարապներ ու արծիւներ:

18.- Ժողովուրդը սեպի պէս ամուր է:
Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն Հայաստան շահած է մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալ, բոլորն ալ կա՛մ ըմբշամարտի, կա՛մ ծանրաբարձրութեան են: Այսքանով ամէն ինչ ըսուած է:

19.- Անոնք կը սիրեն Շաքիրան:
Մեծաթիւ հայեր ոգեւորուած էին` լսելով, որ քոլոմպիացի երգչուհին Ազրպէյճանի մէջ իր համերգին ատեն հակառակ դարձուցած էր իր ազգային դրօշակը` վերածելով զայն Հայաստանի դրօշակի:

20.- Երկրի հացը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մաս կը կազմէ:

13_93016

Ճաշի սեղանը հազուադէպ կարելի է տեսնել առանց հայկական խոհանոցի հիմնաքարը նկատուող հացին` լաւաշի, որ 2014 թուականէն սկսեալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած է:

21.- Այստեղ է Կովկասի ամէնէն մեծ լիճը:

21_93016

Սեւանայ լիճը աննկարագրելի գեղեցկութիւն ունի, յատկապէս` վանքէն դիտուած:

22.- Երկրի կիներ ամէնէն հմայիչն են աշխարհի վրայ:
44 հազար ամերիկացի տղամարդոց մասնակցութեամբ կատարուած հարցազրոյցէն յստակացած է, որ հմայիչ կիները նկատուած են հայերը: Արդիւնքներուն վրայ, անշուշտ, ազդած է Քիմ Գարտաշեանը:

23.- Ֆութպոլի մէջ անոնք այդքան ալ յաջողակ չեն:

24.- Այստեղ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան երեք վայր կայ:
Անոնք են` Հաղբատի ու Սանահինի վանական համալիրները, Էջմիածնի տաճարն ու եկեղեցիները եւ Զուարթնոց հնագիտական տաճարը, ինչպէս նաեւ` Գեղարդի տաճարն ու Ազատ գետի հովիտը:

25.- Այստեղ կայ յուշարձան` նուիրուած հայկական այբուբենին:

 

Գինիներ, Վանքեր. Այս Երկուքով Հետաքրքրուողը
Պէտք Է Հայաստան Այցելէ
«Տեր Շթանտարտ»-ի Անդրադարձը

 

vank3_93016

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին հրաւէրով Հայաստան այցելութենէն ետք գերմանական «Տեր Շթանտարտ» օրաթերթի լրագրող Քրիստիան Շախինկերը յօդուած մը հրապարակած է Հայաստանի մասին` ներկայացնելով հայկական շարք մը զբօսաշրջային ուղղութիւններ:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնած են, որ Վիեննայի մէջ տպագրուող եւ գերմանախօս երկիրներու շուրջ 67 հազար օրինակով տարածուող «Տեր Շթանտարտ» օրաթերթի լրագրողը Հայաստանի մէջ ամէնէն աւելի գրաւուած է քրիստոնէական մշակոյթի խորունկ արմատներով ու հիւրընկալութեան դարաւոր աւանդութիւններով:

vank1_93016

«Գինիներ, վանքեր. երկուքով հետաքրքրուած անձը պէտք է Հայաստան այցելէ», գրած է ան եւ` յիշեցուցած, որ 2007-ին այստեղ գտնուած է հնագոյն գինեգործական արտադրամասը: Իսկ Արենիի մէջ յայտնաբերած 6000-ամեայ հնձանը որակած է որպէս «Վայր մը, ուր կը բախէին երկու ժամանակային իրականութիւններ»:

vank2_93016

Հայաստանի մէջ քրիստոնէական հաւատքի մասին գրած է. «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ արուեստին մէջ խաչելութեան դաժան տեսարաններ չկան: Անոր փոխարէն` այստեղ խաչքարերու վրայ կարելի է նկատել արմատ ձգած ծառեր, կենաց ծառը` որպէս պտղաբերութեան խորհրդանիշ, վրան` նուռ»:

vank_93016

Քրիստիան Շախինկերը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է Երեւանի «լուսաւոր ժամանցը», «անվերջ շարժասանդուղներով ու արուեստի նմուշներով Կասկատ համալիրը» եւ «շատրուանային ամէնօրեայ համերգներով Հանրապետութեան հրապարակը»: Ան գրած է Նորավանքին, Խնձորեսկի օրօրուող կամուրջին, աշխարհահռչակ հայկական քոնեակին ու երկրի զարմանահրաշ բնութեան մասին: «Իսկ ով որ ըսէ ինծի, թէ ինչպէս կը կոչուէր քաղցրեղէնի յայտնի խանութը, որ շոգեկառքի ձեւով կը պտտէր, անոր կը խոստանամ հոնի օղի», այսպէս ամփոփած է իր յօդուածը հանրայայտ «Տեր Շթանտարտ»-ի լրագրողը` զայն ամբողջացնելով ցանկով այն թռիչքներուն, որոնցմով կարելի է Հայաստան հասնիլ:

Հայաստանի մասին « Տեր Շթանտարտ»-ի յօդուածին յաջորդած մեկնաբանութիւններուն մէջ գերմանալեզու ընթերցողները քննարկած են  մեր երկրին պատկանող տարբեր դրուագներ` նկատելով, որ հանգիստը այս երկրին մէջ շատ ապահով է, յիշած են համեղ ուտելիքներն ու ափսոսանք յայտնած են, որ յօդուածին մէջ չի խօսուիր Տաթեւի վանքին, ամէնէն երկար ճոպանուղիին, Մատենադարանին ու Էջմիածնին մասին: Ընթերցողներէն մէկը գուշակած է յօդուածը գրողին տուած հարցումին պատասխանը ու շեշտած է, որ կը սպասէ խոստացուած հոնիի օղին:

Գերմաներէնէն հայերէն թարգմանութեան աջակցած է Լիանա Եղիազարեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>