Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Հայաստան Քայլ Կը Պահէ Ժամանակակից Արհեստագիտութեանց Հետ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արագօրէն փոխուող ժամանակակից աշխարհին մէջ արդիականացումը եւ արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելը դարձած են անխուսափելի: Իւրաքանչիւր անհատ, հասարակութիւն, միութիւն, կառոյց եւ երկիր պարտաւոր են որդեգրել արհեստագիտութեան վերջին զարգացումները, թափ տալ անոնց եւ, ինչո՞ւ ոչ, ներդրում ունենալ նորութիւններու ստեղծման մէջ, միշտ թարմացած մնալու համար: Հայաստան այս առումով ձեռնածալ չէ մնացած եւ կը փորձէ զանազան մարզերու մէջ նեգրաւել արհեստագիտական զարգացումներ եւ կը նուաճէ ձեռքբերումներ` տարբեր արհեստագիտութիւններու մակարդակի վրայ:

Ն.

Եուքոմ-Ի Աջակցութեամբ Կողբ Գիղին Մէջ
Նոր «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոն Կը Կառուցուի

ucom_93016

Հայաստանի մէջ վերջերս սկսաւ «Կողբ-ԹՈՒՄՕ» նախագիծի գործադրութիւնը: Շնորահանդէսի ընթացքին  «Կողբ» հիմնադրամի տնօրէն Արթուր Աբովեան եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան  ներկայացուցին «Թումօ-Կողբ» նախագիծիՆ մանրամասնութիւնները: Ըստ անոնց, Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ պիտի կառուցուի առնուազն 600 ուսանողի համար նախատեսուած նոր «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, որ պիտի ծառայէ նաեւ սահմանամերձ Նոյեմբերեան, Բերդաւան եւ այլ շրջաններու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

Կեդրոնի կառուցումը պիտի սկսի նոյեմբերին, իսկ ուսումնական հոլովոյթը` 2018 թուականին: Կրթական ծրագիրը պիտի չտարբերի Երեւանի, Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի «Թումօ»-ներուն մէջ գործադրուող ծրագիրէն, իսկ դասաւանդող անձնակազմը եւ միջազգային մասնագէտները պիտի շարունակեն փոխանակել իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները նաեւ այստեղ:

«Վերջին տարիներուն «Եուքոմ» հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ կրթական համալիր ծրագիներ դպրոցական տարիքի երեխաներու համար: Քաջ գիտակցելով զանազան բնակավայրերու մէջ անոնց անհամաչափ կարելիութիւնները, մենք ուշադիր ենք յատկապէս բարձր արհեստագիտութիւններու սահմանափակ մատչելիութեամբ բնակավայրերու նկատմամբ: Իբրեւ հայկական ընկերութիւն` «Եուքոմ» այսօր բոլոր ջանքերը կ՛ուղղէ հայրենիքի, հայ մարդու եւ մասնաւորապէս` հայ պատանիներու զարգացման», ըսաւ «Եուքոմ»  ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հայկ Եսայեան:

«Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան ըսաւ. «Օրեր առաջ նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը: Այս նախաձեռնութիւնը նոր քայլ մըն է մեր պետութեան անկախութեան ամրապնդման ուղղութեամբ»:

 

Հայաստանի «ՔԷՆՏԼ»-ի Գիտնականները
Սարքեր Կ՛արտադրեն Գերմանական
«ՏԷՍԻ» Արագացուցիչին Համար

Հայաստանի «ՔԷՆՏԼ»-ի գիտնականները, ըստ ապսպրանքի, սարքեր կ՛արտադրեն գերմանական «ՏԷՍԻ» արագացուցիչին համար: Այս մասին լրագրողներուն վերջերս ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան:

Եւրոպայի ամէնէն մեծ գիտական կեդրոններէն մէկուն այդպիսի վստահութիւնը ցոյց կու տայ բարձր մակարդակը հայ գիտնականներու, որոնք կրնան բարձրագոյն ճշգրտութեան սարքեր ստեղծել:

Գիտնականներուն համար աշխատավարձը երկրորդական է, եւ կը վարձատրուին սարքերով: «Օրինակ` կէս միլիոն եւրոյի ապսպրանք կատարած են եւ կ՛ըսեն ` աւելի լաւ է այդ գումարին դիմաց մեզի աշխատանքի համար նոր սարքեր ուղարկէք», նշեց Յարութիւնեան:

 

«Էրիքսոն»-ի Նորագոյն «4ճի+» -ը
Հայաստանի Մէջ

Ողիմպիական մետալներ նուաճած Հայաստանի մարզիկներու մեծարման յատուկ ձեռնարկին ընթացքին, ողիմպիական ախոյեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան  յայտնեց, որ «Եուքոմ» ընկերութիւնը  Հայաստանի մէջ բացումը կը յայտարարէ  այս տարուան ամէնէն սպասուած «4Ճի+» ցանցին: «Էրիքսոն» ընկերութեան ամէնէն վերջին` «Էրիքսոն ռետիօ սիսթեմ» ապրանքային դասակարգի եւ «Անթենա ինթիկրէյթըտ ռետիօ»-ն, իր տեսակին մէջ ամէնէն լաւ համակարգերուն շարքին  դասուող գերարդիական բազմաչափանիշ  սարքերը վերջապէս գործել սկսան Երեւանի մէջ:

«Եուքոմ» ընկերութեան «4Ճի+», կամ ժամանակակից «Էլ.Թի.Ի.» ցանցը նախատեսուած է Հայաստանի մէջ տուեալներու  փոխանցման նկատմամբ օրէ օր աճող պահանջը բաւարարելու, աւելի լաւ որակ ու մեծ արագութիւններ ապահովելու եւ օգտագործման աւելի լայն կարելիութիւններ առաջարկելու համար:

Այս նորագոյն արհեստագիտութեան ներդրման ծրագիրի շրջանակներուն մէջ նաեւ կը նախատեսուի գործարկել «Էրիքսոն էքսփըրթ անալիթիքս» ծրագրային լրակազմը, որ «Եուքոմ»-ին կարելիութիւն կ’ընձեռէ բարելաւել բաժանորդային փորձառութիւնը, իրականացնել բաժանորդներու գոհունակութեան վերաբերեալ կանխատեսումներ եւ անմիջապէս ձեռնարկել գոհունակութեան մակարդակի բարելաւման  ուղղուած քայլեր: Այս համապարփակ ծրագրային լրակազմի միջոցով «Եուքոմ»-ը կրնայ ճիշդ ժամանակին ստանալ վերլուծական տուեալներ, որոնք կրնան կիրարկուիլ բաժանորդներու փոփոխուող պահանջները բաւարարելու եւ վերջիններուս գոհունակութիւնը խթանելու համար: Այս լուծումներու շնորհիւ «Եուքոմ»-ի «4Ճի+» ցանցը ոչ միայն կ՛ըլլայ ամէնէն արագ գործող ցանցերէն մէկը Կովկասի մէջ, այլ նաեւ կը բաւարարէ վերջնական օգտագործողներու աճող ակնկալութիւնները:

«Եուքոմ»-ի կողմէ ներդրուած այս առաջատար արհեստագիտութիւնը կը գործէ նաեւ հեռահաղորդակցութեան այնպիսի զարգացած շուկայ ունեցող երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են` Հիւսիսային Ամերիկան, Քորէան, Ճափոնը, Չինաստանի որոշ շրջանները եւ, անշուշտ, եւրոպական շարք մը երկիրներ:

«Հպարտ ենք ծանուցելով այս մեծապէս նորարարական ցանցի բացումը Հայաստանի մէջ: Այժմ մեր բաժանորդները  կարելիութիւն կ’ունենան օգտուելու երկվայրկեանի մը մէջ մինչեւ 250 մեկապայթ  արագութեամբ լայնաշերտ համացանցային կապէն,  ինչպէս կ՛ընեն աշխարհի ամէնէն առաջատար հեռահաղորդակցութեան շուկաներու սպառողները: Նկատի առնելով մեր բաժանորդներու օրէ օր աճող ակնկալութիւնները` այժմ մենք ուրախ ենք, որ կրնանք անոնց առաջարկել ա՛լ աւելի լաւ փորձառութիւն, եւ համաքայլ ընթանալ աշխարհի առաջատար ընկերութիւններու հետ»,  նշեց «Եուքոմ»  ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն  Հայկ Եսայեան:

Ծրագիրը կարելի  եղաւ իրականացնել «Էրիքսոն Նիքոլա Թելսա» ընկերութեան աջակցութեամբ:

«Հպարտ ենք, որ «Եուքոմ» ընկերութեան հետ Հայաստան կը բերենք գերարդիական «Էլ.Թի.Ի.»  արհեստագիտութիւնը, որ տակաւին չէր ներդրուած տեղական շուկային մէջ: Այս ներդրումով «Էրիքսոն» եւ «Եուքոմ» ընկերութիւնները կ՛ընդարձակեն  շարժական լայնաշերտ համացանցային  կապի ծածկոյթը Հայաստանի մէջ եւ արագ ու յուսալի համացանցի կապի ծառայութիւններ կը մատուցեն աւելի մեծ թիւով բաժանորդներու: Ասիկա կարեւոր քայլ էր մեզի համար Հայաստանի մէջ, եւ մենք ուրախ կ՛ըլայինք շարունակելով աջակցիլ հայկական շարժական կապի շուկայի հետագայ զարգացման»,  նշեց «Էրիքսոն Նիքոլա Թելսա» ընկերութեան նախագահ Կորտանա Քովաչեւիչ:

Ըլլալով «Էլ.Թի.Ի.»  ցանցի համաշխարհային առաջատարը` «Էրիքսոն» ընկերութիւնը «Եուքոմ»-ի բաժանորդներուն կ’առաջարկէ «4Ճի+» ցանցի միջոցով մատուցուող ամէնէն բարձր որակի ծառայութիւններէն  օգտուելու կարելիութիւն: Այսպիսի կարելիութիւն «Էրիքսոն» կ՛ընձեռէ` շնորհիւ իր մասնագիտական մեծ խումբին եւ միջազգային լայն փորձառութեան (աւելի քան 200 «Էլ.Թի.Ի» «ՌԱՆ» ծառայութիւններու մատուցման պայմանագիրներ` շուրջ 100 երկիրներու մէջ, գործող աւելի քան 500,000 ձայնասփիւռային կայաններ): «Էրիքսոն» ներկայ է փոխանակումի, երթեւեկութեան  բարձր սպառում ունեցող բոլոր երկիրներու, որոնց շարքին  Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ, եւ «Էլ.Թի.Ի.» արհեստագիտութիւններ կը մատակարարէ աշխարհի տասը ամէնէն մեծ բջջային գործարկուներուն:

 

2019-ին Տեղեկատուական Արհեստագիտութեանց
Միջազգային Քոնկրեսը` Հայաստանի Մէջ

wcit_93016Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց  միջազգային քոնկրեսը` ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամէնէն մեծ  իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

«Այս տարուան 3-5 հոկտեմբերին Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Պրազիլի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց  միջազգային քոնկրեսին: Շնորհիւ ի գործ դրուած ջանքերու եւ մեր յաջողութիւններուն` 2019 թուականին քոնկրեսը տեղի պիտի ունենայ  Հայաստանի մէջ: Ասիկա անշուշտ Հայաստանի համար մեծ յառաջընթաց է», մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վերջերս ըսած էր Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էմիլ Տարասեան:

Քոնկրեսը կը կազմակերպուի  երկու տարին անգամ մը` տարբեր երկիրներու մէջ, ներգրաւելով համաշխարհային տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան  արհեստագիտութեանց մարզի  աւելի քան 3000 ներկայացուցիչներ: Քոնկրեսի կազմակերպիչն է Տեղեկատուական արհեստարագիտութեանց  եւ ծառայութիւններու համաշխարհային միութիւնը, որ կը ներառէ այս մարզի շուրջ 80 ընկերութիւններ եւ համաշխարհային տեղեկատուական արհեստագիտութեանց  շուկայի 90 առ հարիւրը:

 

Գիտութեան Նկատմամբ Հայաստան
Աւելի Ուշադիր Է 2005-էն Ի Վեր

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ  գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան մամլոյ  ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով գիտութեան կարեւորման` նշեց, որ գիտութեան նկատմամբ իշխանութիւնները սկսած են աւելի ուշադիր ըլլալ 2005 թուականէն սկսեալ: Ան յիշեցուց, որ խորհրդային տարիներուն Հայաստան  նկատուած է զարգացած գիտական ենթակառոյցներ ունեցող եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ իրականացնող պետութիւն:

«Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծախսուող գումարներուն գրեթէ 70 առ հարիւրը կը ծախսուէր կիրառական նշանակութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւններու վրայ: Հակառակ ատոր` պէտք չէ մեղադրել իշխանութիւնները, որոնք մինչեւ 2005 թուականը յատուկ  ոչինչ ըրած են գիտութեան մարզին մէջ, քանի որ այդ ժամանակները այնպիսին էին, որ չկային գիտութեան հարցերով զբաղելու ժամանակ եւ դրամական միջոցներ:

«1 հոկտեմբեր 2007-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ  գիտութեան նախարարութեան կազմին մէջ ստեղծուեցաւ  նոր կառոյց` Գիտութեան պետական խորհուրդ: Այս խորհուրդին ստեղծումը  անհրաժեշտութիւն էր եւ հիմնական նպատակն է գիտութեան զարգացման ուղղուած ընդհանուր քաղաքականութեան մշակումը», ըսաւ ան եւ նշեց, որ մինչ այդ գիտութեան կառավարման երեք մեքանիզմներ կը գործէին` ակադեմական, ճիւղային եւ համալսարանական, սակայն այդ երեք համակարգերու  միասնական կառավարման հիմնարկ չկար:

Ըստ Սամուէլ Յարութիւնեանի, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրական բարեփոխումները ունին 9 տարուան  պատմութիւն, որուն ընթացքին բաւական աշխատանք կատարուած է:

«Հիմնականին մէջ Գիտութեան պետական խորհուրդի եւ  պետութեան վարած քաղաքականութեան մօտեցումները ուղղուած էին անոր, որ խորհրդային համակարգէն ինչ որ մնացած էր, յաջողէինք ատիկա պահպանել ու զարգացնել եւ կարելի եղածին չափ արագ գիտական ամբողջ համակարգը համարկել եւրոպական եւ  համաշխարհային գիտակրթական տարածքին», ըսաւ ան:

 

Աշխարհի Մեծագոյն Հեռադիտակը
Սկսաւ Գործել

telescope_93016

Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն  հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ:

Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը: «Արեսիպօ» աստղադիտարանը մինչ այդ աշխարհի մեծագոյնը  կը նկատուէր: Նոր հեռադիտակի աշխատանքի առաջին իսկ ժամերուն ստացած են ազդանշաններ, որոնք կու գան  Երկրէն աւելի քան 1300 լուսային տարուան հեռաւորութենէ:

Չինական հեռադիտակին ստեղծման համար հինգ տարի պահանջուած է: Ատիկա կառուցելու համար 180 միլիոն տոլար ծախսուած է: Հեռադիտակը հիմնական  գիտութիւններու եւ տիեզերքի հետազօտման մարզին մէջ Չինաստանի իրականացուցած մեծ եւ կարեւոր նախագիծերէն մէկն է: Աստղադիտարանը Չինաստանի հարաւը կը գտնուի, ատիկա կառուցելու համար իշխանութիւնները գրեթէ 8 հազար գիւղացիներ տեղահանած են:

Չին աստղագԷտներու տրամադրութեան տակ հզօր գործիք յայտնուած է անջրպետի հեռաւոր շրջաններուն հետեւելու, թերեւս նաեւ` այլմոլորակային բանականութիւն փնտռելու համար:

«Նոր հեռադիտակին վերջնական նպատակն է բացայայտել այն օրէնքները, որոնցմով կը զարգանայ տիեզերքը: Տեսականօրէն եթէ մենք ազդանշան ստանանք այլ մոլորակային քաղաքակրթութենէ, ատիկա կ’անցնի այն ալիքային ազդանշաններով, որոնք մենք արդէն հիմա կը ստանանք աստղերէ», յայտնեց Չինաստանի գիտութիւններու հիմարկի աշխատակից Ցզիան Լէին, որ կը ղեկավարէ Աստղագիտական դիտարկումներու ազգային հիմնարկը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>