19 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» ցուցահանդէսին բացումը` Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ: Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը եւ ուրիշներ:
Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեան ներկաներուն ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղելէ ետք աւելցուց. «Ցուցահանդէսէն զատ, այսօր նաեւ սկիզբ պիտի դնենք ծրագրի մը «Հայաստանի հաշմանդամներու Փիւնիկ» միութեան հետ համագործակցաբար: Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկի այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ բաց դաս` յախճապակիի եւ կաւագործութեան վերաբերեալ: Ասիկա շատ պարբերական բնոյթ պիտի կրէ ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ: Կ՛ուզէի նաեւ նշել, որ շնորհիւ ծրագրի մը, որ կրկին մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ կ՛իրականացուի, սահմանամերձ համայնքներէն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն` Մատաղիսէն, Թալիշէն եւ Մարտակերտէն, այսօր այստեղ եկած են նաեւ միջին դասարաններէն շուրջ 80 աշակերտներ»:
Կոստանդեան իր ելոյթը եզրափակելով խօսքը փոխանցեց այս ցուցահանդէսի համադրող Նայիրի Խաչատուրեանին. Ան ներկայացուց, թէ ինչո՛ւ նոյնինքն Կուտինայի յախճապակին յատկապէս կը ցուցադրուի այստեղ, ո՛ւր կը գտնուի Կուտինան եւ շարք մը այլ մանրամասնութիւններ:
«Ինչպէս գիտենք, Կոմիտասը ծնած եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլիսէն մօտ 300 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կուտինա քաղաքին մէջ: Կուտինայի հայ համայնքին մշակութային բնորոշիչներ դարեր շարունակ եղած են հայ վարպետներու ձեռքի աշխատանքները: Կուտինայի խեցեգործները կը զբաղէին նաեւ յախճապակեգործութեամբ», նշեց Խաչատուրեան:
Ան նաեւ յայտնեց, Կուտինայի յախճապակիի նշումներէն պահուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու տարբեր թանգարաններու մէջ` Ֆրանսա, Յունաստան, Բրիտանիա, Պրիւքսէլ, Թուրքիա, Վենետիկ եւ այլուր: