Յուլիս ամսուն Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան
90-ամեակի համախմբումը, որուն գլխաւոր պատգամախօսն էր մելգոնեանցի, վաստակաշատ ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանը, որուն խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ:
«Եթէ կ՛ուզես, որ մարդիկ քեզ լսեն, այն ատեն գլուխէդ խօսէ, իսկ եթէ կ՛ուզես, որ մարդիկ քեզ զգա՛ն, այն ատեն սրտէդ խօսէ»:
Եւ իբրեւ նախկին մելգոնեանցի, իբրեւ Մելգոնեանի նախկին ուսուցիչ, եւ այս կախարդական մթնոլորտին մէջ, կրնաք վստահ ըլլալ, թէ ուրկէ պիտի գայ իմ խօսքս: Ամէն բանէ առաջ արտօնեցէք, որ ձեր բոլորին կողմէ ջերմօրէն շնորհաւորեմ երազային այս համախմբումը մտայղացող եւ ապա առարկայացնող յանձնախումբը, օգնականները Լոս Անճելըսի եւ հոս` Կիպրոսի մէջ, այլ մանաւանդ, ի մասնաւորի Արսինէ Շիրվանեանը, անխո՛նջ Արսինէն, խոշոր պրաւօ՛ մը տամ իրենց եւ բարի երթ ու շարունակութիւն մաղթեմ իրենց ծրագրի մնացեալ բաժնին համար:
Ապա սրտագինս կ՛ողջունեմ աշխարհացրիւ մելգոնեանցիներու այս խումբը` նախկին պաշտօնակիցներ, դասընկերներ, աշակերտներ, որոնք դրականօրէն ընդառաջելով կազմակերպիչներու կոչին, ահա երախտագիտութեամբ, ցնծութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ յուզումով, ամէնաերէց սերունդներէն մինչեւ վերջին աւարտականները, այս հաստատութեան պարարտ սեւ հացը ճաշակած, անոր կրոտ ծանր ջուրը ըմպած եւ անոր այս սուրբ հողը համբուրած երանելիներս կը փորձուինք հաղորդուիլ ութօրեայ այս յիշատակի արարողութիւններով:
Անտարակոյս պատմութիւն կ՛ապրինք բոլորս այսօր, երբ այս շէնքերու եւ ծառերու շուքին կը վերապրինք մեր անցեալը, ձեռք ձեռքի, կողք կողքի եւ երկիւղածութեամբ կը մրմնջենք մեր աղօթքը սա դամբանին առջեւ, ինչ որ սովոր էինք ընել շաբաթ օրերու մայրամուտին եւ կը վերանորոգենք մեր ուխտն ու հաւատարմութիւնը` իբրեւ բարոյական անբեկանելի պարտք, հանդէպ` մեր անմահանուն բարերարներուն, հանդէպ` լուսոյ այս մեծ վառարանին եւ հանդէպ` կրթարանին տարիներ շարունակ սրտին բաբախում տուած մեր հոգելոյս կամ աչքը լոյս սերմնացաններուն, կրթական մշակներուն:
Կրնա՞ք հաւատալ, որ ձեր ոտքերը այսօր կը կոխեն այն հողին վրայ, ուր կոխեցինք աւելի սե՛ւ մազերով եւ աւելի փոքր թիւ կօշիկներով, ճեմեցինք, վազեցինք, ինկանք, երգեցինք, պարեցինք, սերտեցինք, պատժուեցանք, խաղացինք, սիրեցինք, սիրահարեցանք, շատեր անկէ ետք ալ ամուսնացան հարկա՛ւ, գետնախնձոր եւ սոխ մաքրեցինք, ճերմակեղէն ծալեցինք, աճեցանք եւ մեր պատանութենէն կամաց-կամաց թեւակոխեցինք երիտասարդութիւն:
Այս այն հո՛ղն է, որուն վրայ մեզմէ առաջ, մեզի հետ եւ մեզմէ ետք քալած եղան մեր մեծերը, հսկաները, առասպելական նուիրեալները, որոնք իրենց հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն հետ շաղախեցին իրենց քրտի՛նքը, շո՛ւնչը, վաստա՛կը եւ մեր միտքն ու հոգին հայութեամբ կերտեցին, մեր մշակոյթի գանձարանը մեզի մատուցեցին, մեծ բարերարներու դրա՛մը, նիւթը արժէքի՛, արուեստի՛, գիտութեա՛ն, հեքիաթի՛ վերածեցին եւ սա աղջկանց շէնքի պատին վրայի Մեսրոպեան «36 աննիւթ կոթողներ»-ը մեր լեզուին նշխարհ եւ մեր կեանքի երազը դարձուցին:
Իննսուն տարիներ կը բաժնեն մեզ այն օրէն, երբ բարերարը` Կարապետ Մելգոնեան, իր հոգելոյս եղբօր` Գրիգոր Մելգոնեանի միասնական տեսիլքով գաւազանը կը զարնէր «Ճգնաւորաց քարայրի այս հողին վրայ եւ հիմը կը դնէր «Ծաղկաբլուր»-ին կամ ինչպէս մեր սիրելի ուսուցիչ պրն. Թամամեանը պիտի ըսէր` «Մեր հարազատ հոգետան…»:
Եւ այնուհետեւ ամայի, լերկ, քարքարոտ, օձերու բոյն այս գետինը մարդկային կեանքով եռաց, հայու շունչով ծաղկեցաւ, որպէսզի բարերարները հաւատարիմ մնացած ըլլան իրենց հայրերու եւ նախահայրերու սուրբ աւանդին, սա ծառերը տնկուեցան, սա անտառի նոճիները ցանուեցան այս շէնքերու առաջին բնակիչներու ձեռքով` «Մեր մեռելներուն իբրեւ խաչ», որպէսզի բարերարները սա դամբանին մէջէն իրենց աչքերը ուղղեն դէպի ապագան, դէպի գալիք սերունդները:
Անոնք այս տաճարին լոյսով հալածեցին խաւարը, այս տաճարին գիտութեամբ հալածեցին անգիտութիւնը, այս տաճարին կեանքով հալածեցին մահը եւ այս տաճարին կառուցումով լուծած եղան իրենց վրէժը:
Հարկաւ 80 տարիներ շարունակ այս հաստատութիւնը միմիայն վարդագոյն օրեր չտեսաւ, դժբախտաբար կղզիին քաղաքական անկիւնադարձային հոլովոյթներուն հետ փոթորիկ եւ սեւ օրեր շատ տեսաւ: Կիպրոսի ազատագրական պայքարի կռիւներ, յոյն-թուրք միջհամայնքային բախումներ, բռնկումներ, պետական հարուած, թրքական արշաւանք, այս շէնքերուն բարբարոսային ռմբակոծումը եւ ածխացումը մեր դարաւոր թշնամիին օդանաւերէն, սակայն, մէկ կողմէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հոգածու խնամքին տակ եւ միւս կողմէ Կիպրոսի բարեջան, հայասէր պետութեան եւ յոյն ճակատագրակից ժողովուրդին ասպնջական ու գուրգուրոտ գրկին մէջ Մելգոնեանը ո՛չ թէ տկարացաւ, այլ զօրացաւ եւ զօրացո՛ւց մեզ, ոչ թէ աղքատացաւ, այլ հարստացաւ եւ իրեն հետ հարստացուց մեզ:
Ինչպէս ամէն ծառ գարնան կը ծաղկի, որպէսզի աշնան պտուղ տայ, Մելգոնեանն ալ ամէն աշնան սկսաւ ծաղկիլ, որպէսզի գարնան պտուղ տայ:
Եւ ինչպէ՜ս տուաւ այդ պտուղը:
Մելգոնեանցին երբ առաջին օրը հոս եկաւ, իր մօր փէշերէն փրցուած, ծի՜լ, բողբոջ, անմեղունակ, անգիտակից, այս` իրեն համար բոլորովին խորթ միջավայրը, ունեցաւ կարօտ, լա՛ց, ունեցաւ փափաքներ, երազներ, բայց ո՛չ անոնց առաջնորդող կամք մը, սակայն հետզհետէ, տարիներու թաւալումով, մելգոնեանցին սկսաւ հասուննալ, աճիլ, զարգանալ, բարոյական կենցաղով խմորուիլ ու ճանչնալ կեանքի իրականութիւնները: Մանաւանդ հայրենիքի գաղափարը, հայրենասիրութեան ոգին սկսաւ հոսիլ իր երակներուն մէջէն, ազնուացա՛ւ, հայացա՛ւ, կրթուեցա՛ւ: Սորվեցաւ, որ կեանքի մէջ շատ բան փոփոխական է, ինչպէս` մարդիկ, պայմաններ, սովորութիւններ: Բայց հասկցաւ նաեւ, որ կան բաներ, որոնք չեն փոխուիր, մնայո՛ւն են, ինչպէս լեզու, մշակոյթ, սկզբունք, իտէալ:
Մելգոնեանցին եղաւ մարդկային ներդրում եւ դրամագլուխ, եղաւ զսպանա՛կ, մղում տուաւ իր կեանքին: Իր խաղերուն եւ իր դասերուն զուգահեռ, հրատարակեց թերթ` իր իսկ տպարանին մէջ, վարեց մշակութային եւ ազգային ձեռնարկներ, ունեցաւ երգչախումբ, նուագախումբ, փողերախումբ, թատերախումբ, կազմակերպեց համերգներ, գրական, թատերական երեկոներ, հանդէսներ, արի-արենուշական շարժումներ, մարզական հարուստ կեանք, մարզահանդէսներ, մինչեւ իսկ` Կիպրոսը միջազգային Ողիմպիականին ներկայացնելու պատրաստ մրցանիշ հաստատած մարզիկներ, ո՛չ միայն կղզիին մէջ կղզիացած այս կեանքը, այլ նաեւ գաղութի կեանքը դարձնելով լեցուն, հարուստ, նախանձելի:
Ու անկէ ետք, այս բոլոր փորձութիւնները իր մտքին ու հոգիին մէջ, իր պայուսակներուն, իր ճամպրուկներուն մէջ դնելով` մելգոնեանցին իր հայեացքը ուղղեց աշխարհի չորս անկիւնները, մինչեւ հեռաւոր ափերը` Ամերիկա, Քանատա, Եւրոպա, Աւստրալիա, Հայաստան, Միջին Արեւելք եւ այլ երկիրներ ու բաշխեց լոյս` նոր յանձնառութիւններու անսպառ կամքով: Հայ ժողովուրդի կրթական բարիքներուն, հայադրոշմ դաստիարակութեան համար բազմարդիւն պտղաբերումով գործեց հայութեան նուիրական ծառայութեան դաշտին վրայ` իբրեւ տնօրէն, ուսուցիչ, կրթական մշակ, բանաստեղծ, գրագէտ, երաժիշտ, խմբավար, արուեստագէտ, գիտնական, պատմաբան, բեմադրիչ, դերասան, խմբագիր, հասարակական գործիչ, իբրեւ ճարտարապետ, փաստաբան, բժիշկ, տնտեսագէտ եւ մինչեւ իսկ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր ենթաքարտուղար… Բազմապատիկ տոկոսով հատուցելով ազգին այն, ինչ որ ինք երախտագիտութեամբ իւրացուց այս կրթարանէն:
Այս եղաւ մելգոնեանի իսկական legacy-ն, բարերարներուն կտակը, ժառանգութիւնը:
Մելգոնեանցին սկիզբը հետեւող էր, այո՛, սակայն վերջը դարձաւ առաջնորդող, դիմակ չգործածեց ընկերութեան մէջ, եղաւ թափանցիկ եւ օրինակելի, այնպէս, ինչպէս որ բարերարները կ՛ուզէին կամ կ՛երազէին, որ ան ըլլար:
Իր եսէն վեր նայեցաւ եւ գործեց միմիայն հայ ժողովուրդի հաւաքական եսին համար:
Աշխարհի որ անկիւնն ալ որ գնաց մելգոնեանցին, սա տղոց շէնքի միջնայարկի պատուհանէն կախուած զանգակը թափահարեց իր լեզուակը, որպէսզի յիշեցնէ իրեն հաւատարիմ մնալու իր խոստումներուն մէջ, խոստումներ, զորս տուաւ ամավերջի հանդէսին օրը` իր ստացած վկայականին հետ:
Այս զանգը Մելգոնեանի սիրտն էր, խօսնակն էր, մեր ժամացոյցն էր, հաստատութեան սրտի զարկն էր, խորհրդանշական ներկայութիւն մըն էր եւ կը հասնէր բոլորիս, ուր որ ալ ըլլայինք` դաշտը, հանդիսասրահը, անտառը, խաղավայրը, գրադարանը, այդ զանգը մեզ կը բերէր քով-քովի, քայլերգի համար, աղօթքի համար, հանդէսի համար:
Աշակերտները պարտականութեամբ կը զարնէին այդ զանգը: Ներսէն երկար տախտակէ կոթ մըն ալ ունէր, որ ձեռքով առջեւ ետեւ շարժելով` զանգը կը հնչէր: Ե՛ս ալ տարի մը զարկի այդ զանգը ի պաշտօնէ:
Այդ զանգը աւելի ազդեցիկ հնչեց, քան` սա մայր ճամբայէն անցնող ինքնաշարժներուն շչակը, վերէն թռչող ագռաւներուն կռկռոցը եւ կամ մինչեւ իսկ հերթապահներուն հիմա ալ քաղցր ու յիշատակելի թուող… պոռչտուքը…
Այդ զանգը մէկ օր լռեց միայն: Տարի մը, ապրիլ 1-ի կատակով, տղաքը չարաճճիօրէն փրցուցած, քակած էին անոր լեզուն մէկ գիշեր առաջ… Բոլորս խնդացինք…
Մէ՛կ օր լռեց, խնդացինք: Այսօր տասը տարիէն աւելի է, որ լռած է այդ զանգակը, եւ բոլորս կու լանք անոր համար: Կ՛ողբա՛նք, կը ցաւի՛նք անոր համար:
Չեմ կրնար երեւակայել մելգոնեանցի մը, որ գոհ մնայ այս վիճակէն: Չեմ կրնար հաւատալ, որ գտնուի հայ մը, որ ուրախ ըլլայ այս վիճակէն: Ոչ իսկ կիպրացի յոյները գոհ ըլլան այս վիճակէն, քանի որ անոնք ալ նկատած են եւ` բազմաթիւ առիթներով շեշտած, որ Մելգոնեանը Կիպրոսի ամէնէն կարեւոր կրթական եւ մշակութային կառոյցներէն, հարստութիւններէն մին է ու կը պատկանի Կիպրոսին:
Այդ զանգը շարունակելու է իր շեշտը, իր ելեւէջը, իր համանուագը, ինչ ալ ըլլան պարագաները, Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ի պէս:
Այդ զանգը կարապի իր երգը լացած թող չըլլա՛յ, թող ժանգ չկապէ, այլ հնչէ, ու ալիք առ ալիք անոր ղօղանջը գայ խառնուի սա քարերուն, սա պատերուն, սա ծառերուն, սա արձաններուն, սա հողին եւ թարմ ու թանձր թթուածինի պէս խրի թող մեր թոքերուն մէջ:
Անոր ղօղանջը ես կ՛ուզեմ կտակել մեր զաւակներուն, մեր թոռներուն: Մենք օր մը պիտի լռենք, բայց այս զանգը պէտք է ապրի՛ ու շարունակէ իր առաքելութիւնը, քանի որ ես կը հաւատամ հաստատութեան գոյատեւումին: Իր անցեալի հարուստ բերքը, կտակը, զոր քիչ առաջ յիշեցի, աւելիով կ՛արդարացնէ որպէս վկայութիւն եւ վարձատրութիւն անոր շարունակութիւնը դեռ տասնամեակներ եւս, որովհետեւ կը հաւատամ, որ, ինչպէս այս կրթարանը եղաւ մարդակերտումի խարիսխ անցեալին, կրնայ ըլլալ եւ երաշխի՛ք ապագային` որպէս հայութեան կեդրոն, մշակութային կեդրոն, հայագիտական կեդրոն, մանկավարժական կեդրոն, կը բաւէ, որ սա զանգը շարունակէ իր դերն ու դերակատարութիւնը:
Արդ, սրտառուչ կոչ կ՛ուղղեմ, սրտի ցանկութիւն կ՛աղաղակեմ, ամենայն քաղաքավարութեամբ, ամենայն փափկանկատութեամբ, ամենայն յարգանքով, որ իր հարիւրամեակը տեսնէ Մելգոնեանը, յոբելեանը վայելէ, որպէսզի սա շէնքերը բոյն չդառնան միմիայն մշտական ծիծեռնակներուն, այլ տունը դառնան նոր պարման-պարմանուհիներու, նոր սան-սանուհիներու, որոնք գան ու այս զանգակի ղօղանջին հետ խմբերգեն «Աւետիս հայեր»-ն ու «Անմահ լուսոյ»-ն, հո՛ն, շէնքի մուտքին, «Որքան դիցակերտ»-ը հո՛ն, հանդիսասրահին մէջ, «Տէր ողորմեա»-ն եւ «Սուրբ սուրբ»-ը հո՛ս, սա դամբանին առջեւ, որպէսզի ա՛լ վերջ գտնէ սա մեռելային, տխուր եւ ցաւալի վիճակը դպրոցին, որուն ականատես կ՛ըլլանք մենք ամէն օր, հոս, կիպրացիներս, որպէսզի որբերով սկսած հաստատութիւնը ինքն ալ որբ չմնայ, որբի ճակատագիրը չապրի, որպէսզի մեր պաշտելի բարերարներուն աճիւնները անգամ մը եւս գտնեն, վերագտնե՛ն իրենց յաւիտենական հանգիստը:
Տայ Աստուած, տեսնենք այդ օրհնեալ օրը, եւ ես կը խոստանամ դարձեալ գալու եւ զարնելու այդ զանգակը կամաւորաբար, այնքան ատեն որ հե՛ւք կայ կուրծքիս տակ եւ տրոփ` սրտիս մէջ: