ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պիտի ըսուի, հաւանաբար, որ այս ժամանակներուն այդքան ալ դիւրին չէ ըլլալ բոլորին բարեկամը: Յատկութիւն մըն է, որ քիչ անձերու վերապահուած է: Իսկ տուեալ պարբերաթերթին` «Դիտակ»-ի պարագային, մատնանշեալ բարեկամութիւնը ունէր տարբեր իմաստ եւ հնչեղութիւն:
Տուեալ ամսագիրին համար բարեկամութիւն հասկացողութիւնը անպայման կրաւորականութիւն չէր ենթադրեր, այլ խօսքով` բոլորին հետ համերաշխ ըլլալու, եոլա երթալու տրամադրութիւն չէր անիկա, այլ դիմացինին գրիչը, մտածումը, տեսակէտը, վերլուծութիւնն ու կեցուածքը ընդունելու պատրաստակամութիւն մըն էր:
Եւ այս առումով «Դիտակ» ձեւով մը համահայկական թերթ մը ըլլալու բնոյթը կը կրէր` հեռու կուսակցական, յարանուանական թէ միութենական հաշիւներէ: Փաստօրէն ամսագիրին էջերուն մենք կը հանդիպէինք ներգաղութային եւ համահայկական լրատուութիւններու, անդրադարձներու եւ յօդուածներու:
Շաբաթներ առաջ, երբ հայ մամուլի էջերուն ընթերցեցինք, թէ «Դիտակ»-ը ա՛լ կը դադրի լոյս տեսնելէ (տպագիր), տեսակ մը տխրութիւն պատեց մեր հոգին, այն առումով, որ ահա հայ գիրն ու մտածումը տարածող միջավայր մը եւս կը շիջի, կը դադրի աշխատելէ, կը յանձնուի պատմութեան գիրկին` զանազան պատճառներով:
Ի դէպ, «Դիտակ»-ը իբրեւ ամսագիր եւ ապա պարբերաթերթ 20 տարի անընդմէջ ծառայեց հայ գիր ու գրականութեան, գաղութահայ կեանքին արձագանգը հանդիսացաւ, իր շուրջ համախմբեց բազում գրիչներ եւ անհատականութիւններ, մօտէն հետաքրքրուեցաւ ազգային ու մարդկային խնդիրներով, փորձեց լոյսին բերել գոյութիւն ունեցող հաւաքական մտահոգութիւնները, ցաւերն ու բացթողումնրը եւ ջանած իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ լուծումներ առաջադրել:
Եթէ երբեք պիտի ուզենք բնորոշել այս ամսագիրին ունեցած դերն ու տեղը հայ կեանքին մէջ ապա կարելի է այսպէս ասած երկու եզրով ընդգծել զանոնք:
«Դիտակ» իր ծնունդէն ի վեր յատկանշուեցաւ հաղորդականութեամբ, այսինքն` լեզուի մատչելիութեամբ, նիւթերու այլազանութեամբ եւ մատուցման եղանակով, «արգիլեալ» թեմաներ արծարծելու իր համարձակութեամբ ու պարզութեամբ եւ այլն:
Աւելի՛ն. ամսագիրը անմիջականութեամբ կը յատկանշուէր, անիկա նաեւ կարողութիւն ունեցաւ հայ ընթերցասէր հասարակութեան ծարաւը յագեցնել (այլազան նիւթերով), ինչպէս նաեւ` տարբեր կազմաւորում եւ խառնուած ունեցող անհատի(ներու) հետաքրքրութիւնը շարժող բազում թեմաներ հրատարակելով:
Մէկ խօսքով, այս ամսագիրը իր տպագրական ճոխութեամբ (պատկերազարդ, գունաւոր, որակեալ էջեր եւ ընդգրկուն նիւթերով) կրցաւ բաց մը լեցնել հայ կեանքի մէջ, երբ նման հրատարակութիւն մը կ՛ենթադրէր նիւթական եւ արհեստավարժ հսկայական կարելիութիւն:
Այլապէս ալ հարկ է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ «Դիտակ» իր ծնունդէն ի վեր յաւակնութիւն չունէր եւ չունեցաւ երբեք ըլլալու գիտական ամսագիր մը, որուն էջերուն հրատարակուէին գրական, գեղարուեստական շունչի, բանասիրական, պատմական թէ այլ բնոյթի ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ: Այդուհանդերձ անոր էջերուն անպակաս էին յարգելի յօդուածագիրներու, մտաւորականներու եւ մասնագէտներու գրութիւնները, որոնք շատ անգամ պատիւ կը բերէին տուեալ ամսագիրին:
Այս իմաստով, յոյժ գնահատելի էին տնտեսագիտական, ընկերային, բժշկական, ազգային-հայրենասիրական, քաղաքական, կրթական, մշակութային առեւտրական, զբօսաշրջային եւ մանաւանդ` գաղութահայ կեանքը յուզող բազում մտահոգութիւններու մասին ներկայացուած լուրջ միտքերը, վերլուծութիւններն ու թղթածրարները:
«Դիտակ»-ի իւրայատկութիւններէն էր հարցազրոյցներու շարքը օտար թէ հայ անձնաւորութիւններու եւ տարբեր բնագաւառի արուեստագէտներու հետ: Այս հարցազրոյցները խորքին մէջ մէկական ատաղձ-ուսումնասիրութիւններ էին եւ կը յատկանշուէին իրենց պարզութեամբ, սակայն ընդգրկուն նիւթերով:
Իսկ ամէնէն պերճախօս երեւոյթը այն էր, երբ ամսագիրի տէր ու տնօրէն Սեմ Րագուպեանի ջանքերով եւ օժանդակութեամբ Լիբանան կը հրաւիրուէին ազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններ:
Այս առումով, տարբեր առիթներու լիբանանահայ գաղութը բախտը ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը բանաստեղծներ Սիլվա Կապուտիկեանի, Գէորգ էմինի, Ժագ Ս. Յակոբեանի, երգիծաբան Արամայիս Սահակեանի եւ վաստակաւոր գրող, մտաւորական եւ երկարամեայ խմբագիրներ Ռոպերթ Հատտէճեանի, որոնց ջերմ հոգիին ու արուեստագէտի կոչումին հրայրքը ապրեցաւ լիբանանահայութիւնը:
Հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր նաեւ այն, որ, ըստ տուեալ պահու թէ ստեղծուած կացութեան, ամսագիրի էջերէն հայ ընթերցողին կը մատուցուէին տարբեր տիպի քաղաքական վերլուծութիւններ: Իսկ նշեալ գրութիւնները թէ՛ խմբագրականի էջով, եւ թէ՛ յօդուածագիրներու կողմէ գրուած, անպայման որ կ՛առնչուէին հայ իրականութեան: Անոնք կը միտէին լուսարձակի տակ առնել բազմաթիւ հարցեր եւ մտահոգութիւններ, դասեր քաղել եւ սատար կանգնիլ ներազգային կեանքի, մթնոլորտի ու միջավայրի բարեփոխութեան:
«Դիտակ»-ը թէեւ կրօնական հակումներ չունէր, սակայն քաջալեր կը հանդիսանար հայ եկեղեցւոյ աշխատանքներուն, առանց դաւանական խտրութեան: Եւ այս մօտեցումին խթան հանդիսացողը Սեմն էր, որ եզակի յարգանք մը կը տածէր հայ կղերին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Ամսագիրի խմբագրութիւնը միշտ ալ թիկունք էր գրողներու` երէց թէ նորահաս սերունդի պատկանող, անոնց գիրքերուն մասին փոքր ծաւալի գրախօսութիւններ եւ անդրադարձներ մատուցելով:
Ծանուցողական իր բաժինով ամսագիրը ընդհանրապէս արհեստավարժ մօտեցում կը ցուցաբերէր: Անոր էջերուն անպակաս էին յատկապէս օտար ընկերութիւններու, արհեստանոցներու, գրասենեակներու թէ խանութներու որակեալ ծանուցումները, որոնք որոշ չափով կ՛ապահովէին ամսագիրի ծախսերը:
Միւս կողմէ, հարկ է ընդգծել, որ «Դիտակ» ամսագիրը հայելին էր իր իսկ խմբագիրին: Սեմ Րագուպեան ազգայինը, ծառայասէր հայը, մամուլի սիրահարն ու յաջողակ ասպարէզի («Սեն Մարք» տարրալուծարաններու ցանցի) սեփականատէրը, իր դրոշմը ունէր ամսագիրին վրայ: Շնորհիւ իր տոկալու եւ յարատեւելու կամքին, ջանասիրութեան եւ մամուլի հանդէպ ունեցած խոր սիրոյն, Սեմ Րագուպեան կրցաւ այսքան տարի լոյսին բերել աւելի քան 100 թիւ ամսագիր, որուն համար ան արժանի է բոլորիս յարգանքին:
Խմբագիրին իսկ խոստովանութեամբ, ամսագիրը իրմէ կը խլէր ժամանակ, ճիգ եւ քրտինք: Աշխատանքը յոգնեցուցիչ էր. կ՛ենթադրէր մեծ պատասխանատուութիւն:
Ճիշդ է ըսուածը, սակայն հաւատացողն ենք, որ Սեմ Րագուպեան չյոգնեցաւ եւ կամ չուզեց փախուստ տալ պատասխանատուութենէ, այլ մամուլ (տպագիր) կոչուած իրականութիւնը դադրեցաւ հայ իրականութեան թէ ընդհանրապէս ժողովուրդներու կեանքին մէջ իմաստ ունենալէ, բազում պատճառներով:
Եթէ երբեք «Դիտակ» ամսագիրը կարողութիւնը ունեցաւ ամբողջ 20 տարի լոյսին գալ հետեւողական եւ արհեստավարժօրէն, յաղթահարեց նիւթական ամէն դժուարութիւն, տարածեց հայ գիրն ու մտածումը, ապա այդ իրականութիւնը կեանքի կոչելու մղիչ ուժն ու նախաձեռնող ոգին հանդիսացաւ տուեալ ամսագիրին խմբագիրը` Սեմ Րագուպեան:
Վարձքդ կատար, Սե՛մ:
25 օգոստոս 2016