ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնական կայքէջը կը յորդի աննախընթաց ներուժով: Կառավարութեան անդամները – թէկուզ, ժամանակաւոր հանգամանքով, արդէն իսկ հրահանգ ունին նոր թափով գործի լծուելու եւ ծրագիրներ կեանքի կոչելու: Ըստ պր. վարչապետի յայտարարութեան, այդ ծրագրերը շուտով պիտի ներկայացուին կառավարութեան նիստին, եւ անոնց հիման վրայ վերջնական ձեւ պիտի ստանայ եւ հրապարակուի կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
«Ակնկալում եմ շատ համարձակ, գործնական քայլեր», ըսած է նորանշանակ վարչապետը կառավարութեան նիստին միաժամանակ` շեշտելով, որ իր դահլիճի անդամները պիտի ըլլան «կառավարման նոր մշակոյթի կրողներ»: Կասկած չկայ, որ այս բառապաշարը ինքնին տպաւորիչ է, եւ պր. վարչապետին դրած խնդիրները` կենսակա՛ն: Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ քատրերէ պիտի բաղկանայ նոր վարչակազմը եւ ի՞նչ թափով պր. վարչապետը պիտի կարողանայ ճամբայ հանել այս նոր վարչամեքենան, եւ թէ` որքա՞ն շուտ պիտի արդիւնաւորուի անոր աշխատանքը:
Այս հարցադրութիւնը յատկապէս այժմէական է այսօր, երբ կը տեսնենք, որ կառավարութեան աշխատանքի զգայուն բեւեռներէն մէկը` էկոնոմիկայի ազգային տնտեսութեան նախարարութիւնը արագ ձեւափոխման կ՛ենթարկուի պր. վարչապետին կողմէ եւ, ըստ էութեան, կը վերածուի ներդրումներու քաջալերման եւ սպասարկման կեդրոնի մը: Յիշեցնենք, որ այս նախարարութիւնը Հայաստանի նախագահին հետ ստորագրուած համախոհական պայմանագրով վստահուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ան դրուած է պատասխանատուութեանը տակ մեր երկրի փայլուն տնտեսագէտներէն` նախարար Արծուիկ Մինասեանի: Նախարարութեան աշխատանքի ծիրը ցարդ ընդգրկած է Հայաստանի տնտեսութեան գրեթէ ամբողջ տարածքը: Ան եղած է քաղաքական ողնայարը մեր երկրի ազգային տնտեսութեան ոլորտին: Այստեղ է, որ ճշդուած են ուղղութիւնները մեր երկրի տնտեսական քաղաքականութեան: Այստեղ է, որ մշակուած է այդ քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը: Ներդրումներու քաջալերումն ու սպասարկումը մէկ կողմնակի երեսն է միայն այդ մեծ եւ տարողունակ գործին:
Իրականութիւնը այն է, որ հակառակ իր եօթնամսեայ ժրաջան եւ այլապէս բազմարդիւն գործունէութեան, նախարարութեան ձեռքերը կաշկանդուած մնացին համակարգային մեծ փոփոխութիւններ կարելի դարձնելու մարզին մէջ: Այս բանին համար պատասխանատու են նախկին վարչապետն ու իր ետին կեցած քաղաքական ուժերը: Լիայոյս էինք, որ նորանշանակ վարչապետին առաջին քայլերէն մէկը հանդիսանար այս նախարարութեան ուժականութիւններու լիարժէք վերականգնումը: Կը թուի, թէ այդ չէ նախատեսութիւնը այսօր: Եւ հարց է, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ տնտեսութեան ամբողջական վերահսկողութիւնը:
Տնտեսութեան ոլորտին մէջ մենաշնորհային համակարգին սիւները խախտելու եւ զայն վճռականօրէն լուծարքի ենթարկելու պատմական գործը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Դաշնակցութեան փլաթֆորմին մէջ: Այս առաքելութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը ստանձնած է Էկոնոմիկայի նախարարութեան պատասխանատուութիւնը: Մեր յստակ ակնկալութիւնն է այսօր, որ վարչապետ Կարապետեանի տնտեսական քաղաքականութիւնը լիովին եւ անվերապահօրէն իւրացնէ այս առաքելութիւնը:
Կ՛ուզենք անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ մենաշնորհային համակարգի լուծարման խնդրին մէջ պր. վարչապետին յայտարարութիւնները այսօր մեծապէս մտահոգիչ կը գտնենք: Սեպտեմբերի 14-ին, Ազգային ժողովին հետ իր անդրանիկ հանդիպման ընթացքին, պր. վարչապետը ըրած է հետեւեալ հաստատումը. «Մոնոպոլիաների մասով` դրանք միշտ չեն վատը: Մոնոփոլիան ինչպէ՞ս է առաջանում. բնոյթից է կախուած` այն բնականո՞ն է, թէ՞ ոչ: Շուկան փոքր է, եւ էֆեկտիւ աշխատանքի դէպքում շուկայի խաղացողներից մէկը կարող է մոնոփոլ դիրք շահել: Բայց եթէ ինքը բնական դաշտում է անում, այլ ոչ թէ` ատմինիսթրաթիւ ռեսուրսի հաշուին, դա այլ բան»:
Թող ներուի մեզի ըսել, որ տնտեսագիտական թէականութիւններով յագեցած այս խօսքերը բոլորովին անտեղի են այս ճգնաժամային հարցի քննարկման մէջ: Անտեղի եւ ապակողմնորոշի՛չ: Պր. վարչապետը քաջ գիտէ, թէ ի՛նչ է բնոյթը Հայաստանի մէջ գործող մենաշնորհային համակարգին: Ան քաջ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս գոյացած է ան եւ գիտէ, թէ ովքե՛ր են բեմին վրայ գործող շահատէրերը: Նաեւ գիտէ, թէ լաւ մենաշնորհներ առհասարակ գոյութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ: ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ ՎԱՏ ԵՆ` ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՉԱՓԱՆԻՇՈՎ: Անոնք կը կեղեքեն երկիրը եւ կ՛իրաւազրկեն ժողովուրդը եւ կը քայքայեն ազգային տնտեսութեան հիմքերը: Երբեմն պետութիւնն ու հասարակութիւնը հարկադրուած են պետականօրէն վերահսկուած ժամանակաւոր մենաշնորհներ ստեղծելու (պատերազմական բացառիկ պայմաններու մէջ), որպէսզի ճգնաժամային պարէնաւորման հարցեր լուծեն, գիտակցելով հանդերձ, թէ ի՛նչ են տուեալ մենաշնորհի վնասները: Մենք այս մենաշնորհներու մասին չէ, որ կը խօսինք: Մենք կը խօսինք ազգային հարստութեան թալանի հիման վրայ ստեղծուած մենաշնորհային կայսրութիւններու մասին, որոնց կազմաւորման ականատեսը եղած է պր. վարչապետի սերունդը Հայաստանի մէջ:
Քաջալերուած պր. վաչապետին այս ելոյթէն Հանրապետական կուսակցութեան թեւին պատկանող որոշ պատգամաւորներ առաջ քաշեցին նաեւ «խոշոր խաղացող»-ի վարկածը` ջանալով տարբերել զայն մենաշնորհային գործարարէն: Հայաստանի տնտեսութեան մէջ այդպիսի տարբերակում գոյութիւն չունի: Գոյութիւն չունի նաեւ «փոքր շուկայ»: Հայաստանի «Խոշոր խաղացող»-ները կը գործեն նախկին Խորհրդային Միութեան «խոշոր շուկայ»-ին մէջ: Հայաստանի «խոշոր խաղացող»-ները խոշոր են, քանի որ անոնք հազար տեսանելի եւ անտեսանելի միջոցներով փակած են Հայաստանի տնտեսութեան մուտքերը այլ ներդրողներու առջեւ եւ յաջողապէս «սեփականաշնորհած»` «խոշոր շուկային» հետ աշխատելու բոլոր ուղիները:
Մեր կարծիքով, պր. վարչապետը սխալ կ՛ընէ իր էութենէն պարպելով այն իսկ նախարարութիւնը, որ կոչուած է այս գործին շարժիչ ուժը ըլլալու: Մեր երկիրը պէտք ունի յստակ արդիւնաբերական քաղաքականութեան (industrial policy), որպէսզի կարողանայ աներկբայօրէն ուղղորդել տնտեսական առողջ, հետեւողական եւ հեռահայեաց աճի գոյացման գործընթաց մը` տնտեսութեան համար: Զայն իրագործելու համար երկիրը նաեւ պէտք ունի տնտեսական համապարփակ վարդապետութեան (doctrine) մը, որ նախարար Արծուիկ Մինասեանի դիպուկ բնորոշումով` «պէտք է մեր տնտեսութեան բոլոր ուղղութիւններով անելիքները եւ տեսլականը ուղենշի»: Այս արմատական մօտեցումով է, որ կարելի կը դառնայ տնտեսութեան մեծ տեղաշարժը: Բոլոր այլ նախաձեռնութիւնները ի վերջոյ կ՛ապահովեն տնտեսութեան տեղքայլը միայն:
Եթէ մենաշնորհային համակարգի լուծարման մեծ մարտահրաւէրին ընդառաջելու պատրաստ է պր. վարչապետը, ան չի կրնար ունենալ աւելի հզօր եւ վճռական գործընկեր մը երկրի քաղաքական դաշտէն ներս, քան` Դաշնակցութիւնը: Բոլոր միւս հարցերէն աւելի այս հարցն է որոշիչը իր առաքելութեան: Մեր տնտեսութիւնը պէտք է լայն բացուի իսկական ձեռներէցութեան առջեւ: Ամէն գործարար պիտի գործէ իր սեփական ռիսքերով` փոխանակ իր ռիսքերը փաթաթելու հանրութեան վզին: Մենաշնորհային համակարգի տէրերը մեր երկրի մեծագոյն ձրիակերներն են: Անոնց գոյութիւնը ոչ միայն կը վտանգէ մեր երկիրը, այլեւ բացէ ի բաց կ՛անարգէ մեր հաւաքական արժանապատուութիւնը: Այս դաշտն է, որ երկրի բոլոր արդարախոհ ուժերը վճռականօրէն պիտի մաքրեն ամուր հիմերու վրայ դնելու համար մեր երկրի լինելիութիւնը եւ մեր տնտեսութիւնը բարձրացնելու աշխարհի առաջաւոր տնտեսութեանց մակարդակին:
Սեպտեմբեր 24, 2016
Ուաշինկթըն