Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Մեր Բոլոր Ջանքերը Պէտք Է Կեդրոնացնենք Տարածքներուն Վրայ Տնտեսական Կառոյցներ Ձեւաւորելու» Ըսաւ Դաւիթ Լոքեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

lokian_92616

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ի կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ նախարարութեան իրականացուցած ծրագիրները Հայաստանի տարածքին եւ ապագայի հեռանկարները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ձեր նախարարութեան վեցամսեայ գործունէութիւնը:

ԴԱՒԻԹ ԼՈՔԵԱՆ.- Բաւական ծաւալուն հարցում մը կ՛առաջադրէք: Նախ ըսեմ, որ նախարարութիւնը փոխուեցաւ իր գործառոյթով եւ կառուցուածքով, երբ ձեւաւորեցինք համախոհութիւն, եւ ես նշանակուեցայ նախարար: Նախապէս մեր նախարարութիւնը միացած էր արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, կը համակարգէր կառավարման խնդիրները տարածքներուն վրայ եւ կը զբաղէր արտակարգ իրավիճակներու հարցերով: Աշխարհի փորձը ցոյց կու տայ, թէ այն երկիրը, որ տարածքներու լուրջ անհամաչափութիւն ունի, գիւղական բնակավայրերու հետ կապուած խնդիրներ կ՛ունենայ: Մեր երկրի տարածքը եթէ նկատի առնենք, բնական է, որ ունենանք տարածքներու կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն: Ուրեմն ՀՅԴ այս առաջարկը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ  յուրախութիւն մեզ` նոյն ձեւաչափով ալ ընդունուեցաւ նախարարութեան ձեւաւորումը:

Որոշ ժամանակ նախարարութիւնները իրարմէ առանձնացնելու գործընթացով զբաղեցանք, նոյն ատեն երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող հրատապ խնդիրները շատ արագ ձեւակերպեցինք եւ դրինք ընթացքի մէջ: Առաջին խնդիրը, որ այս ժամանակահատուածին մէջ իրականացուցինք, Հայաստանի տարածքներու զարգացման ռազմավարութեան մշակումն էր եւ կառավարութեան կողմէ անոր ընդունումը. այսինքն երկիրը չունէր փաստաթուղթ, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականացնէ զարգացման գործընթացը Երեւանէն դուրս, ուր համախառն ներքին արտադրութեան մէկ անձի ինկող բաժինով  երկուքուկէս անգամ աւելի փոքր է, քան Երեւանը, եւ պատահական չէր, որ տարիներով, երբ սփիւռքահայերը կը ժամանէին եւ կը շրջէին Հայաստան, կ՛ըսէին` դուրս եկէք Երեւանէն եւ կը տեսնէք, թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւն եւ աղքատութիւն կայ Հայաստանի մէջ: Տարածքներու զարգացման հասկացողութիւնը 70-ական թուականներէն սկսեալ փորձուած է եւրոպական երկիրներու մէջ: Այսօր Եւրոպայի մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն կը տեսնէք ամէնէն ծայրամասի բնակավայրին եւ մայրաքաղաքին միջեւ:

Մեր նախարարութեան ռազմավարութեան հիմքը դրած ենք ոչ միայն ենթակառուցուածքներու, ճամբաներու, ջուրի, կազի խնդիրներ, այլեւ տնտեսական գործառոյթներու տեղափոխում` դէպի մարզեր, դէպի հեռաւոր շրջաններ: Յստակ է, որ առանց պետութեան միջամտութեան այս խնդիրները չեն լուծուիր, որովհետեւ առեւտուրը շատ դժուար կ՛երթայ ծայրամաս, երբ իր վրայ ճնշող բազմաթիւ ազդակներ կան. հետեւաբար առեւտուրին պէտք է տալ առաւելութիւն, պէտք է ստեղծել նպաստաւոր միջավայր, որպէսզի գործատէրը իր միջոցները տեղաւորէ ծայրամաս, օրինակ` Ամասիայի, Նոյեմբերեանի կամ Տաւուշի շրջան,  որ  սահմանամերձ է եւ հեռու: Ի դէպ, ռազմավարութեան ձեւակերպումներուն մէջ մեզի շատ օգտակար դարձան Եւրոպական Միութեան մասնագէտները. կարելի է ըսել, որ պատրաստուած փայլուն փաստաթուղթերը կառավարութիւնը ընդունած է, եւ մենք անցած ենք արդէն երկրորդ փուլ` տարածքային ծրագիրներու եւ ճանապարհային քարտէսի կազմում, այսինքն` իւրաքանչիւր տարածքի մէջ պետութիւնը ի՞նչ պէտք է ընէ, ի՞նչ պիտի տանի այնտեղ, որպէսզի մինչեւ 2025 թուական կարելի ըլլայ ապահովել շուրջ 100 հազարի հասնող աշխատատեղեր` ծայրամասային տարածքներուն մէջ:  Սա այն հիմնական հասկացողութիւնն է, որ պիտի ապահովէ երկրին ժողովրդագրական խնդիրները, այսինքն հեռաւոր, լեռնային, սահմանամերձ տարածքներէն ժողովուրդը կը գաղթէ արտերկիր, կամ  կը տեղափոխուի Երեւան եւ յարակից շրջաններ, իսկ մեր ծրագիրներուն նպատակն է ժողովուրդը պահել եւ ապահովել աշխատանքով ու վճարումով:

Յայտնեմ, որ եւրոպական փորձագէտներու օժանդակութեամբ եւ մեր մասնագէտներուն հետ  կ՛աշխատինք ստեղծել իւրաքանչիւր տարածքի համար տնտեսական ծրագիրներ: Ենթադրենք, որ կը խօսինք Ամասիայի մասին, որ ամէնէն հեռու, ամէնէն աղքատ եւ նօսր բնակեցուած Շիրակի բնակավայրերէն մէկն է. մենք պիտի առաջարկենք այնտեղ որոշակի թղթածրար, թէ ինչո՛վ պէտք է զբաղի ժողովուրդը, ի՛նչ ձեռնարկութիւններ պէտք է հաստատուին այնտեղ, այդ ձեռնարկութիւններու սարքաւորումները ո՛ր երկիրներուն մէջ կը վաճառուին, ի՛նչ արժէք ունին, ինչպէ՛ս ապագայ ձեռնարկատէրը ձեռք պիտի բերէ այդ սարքաւորումները` պետական օժանդակութիւն ունենալով: Այս առումով, ունինք 30 մշակուած ծրագիրներ, որոնք կ՛ենթադրեն`  սարքաւորումներ, արժէք, շուկայի խնդիր, մէկ խօսքով` արտադրութեան ամբողջ շղթան մինչեւ վաճառք, որպէսզի ներկայացուի մասնաւոր առեւտուրին եւ գործատէրը առաւելութիւնները հաշուի առնելով` երթայ ծայրամաս:

Հ.- Դուք որքա՞ն յոյս ունիք, որ մշակուած այս ծրագիրները 2025-ին կը դառնան իրականութիւն` երկրի առկայ պայմաններուն մէջ:

Դ. Լ.- Գիտէք` ես աշխատանքի մէջ յամառ եմ: Եթէ տեսնեմ, որ այս ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ կան, նախ կը փորձեմ զանոնք յաղթահարել, ապա կը բարձրաձայնեմ այդ դժուարութիւնները, որոնք թոյլ չեն տար ծրագիրներու իրականացման, բայց յայտնեմ նաեւ, Հայաստանի նախագահը եւ կառավարութիւնը ողջունած են այս խնդիրը, հետեւաբար ծրագիրները չեն կրնար չիրականանալ, այլընտրանք չկայ: Ի դէպ, ըսեմ, որ բաւական լուրջ օժանդակութիւն ունինք տարբեր նուիրատու կազմակերպութիւններէ` Ամերիկայի միջազգային զարգացման գործակալութենէն, Շուէտի զարգացման գործակալութենէն, Եւրոմիութենէն, Ասիական դրամատունէն, որոնք պատրաստակամօրէն դրամաշնորհներ տրամադրած են այս գործունէութիւններու իրականացման համար եւ պիտի շարունակեն գործընթացը մինչեւ 2025 թուական:

Մեր լուծած երկրորդ մեծ խնդիրը Հայաստանի համայնքներուն տրուող պետական օժանդակութիւնը ճշդել, հասցէագրելն է, որպէսզի բնակավայրերը, համայնքները հաւասարաչափ կարենան օգտուիլ պետութեան տուած օժանդակութենէն. մեր աղքատ երկիրը մօտ 100 միլիոն տոլար իւրաքանչիւր տարի իր պիւտճէէն կը յատկացնէ իր համայնքներուն, որպէսզի համայնքները կարենան որոշակի գործառոյթներ իրականացնել: Գումարներու բաժանումը մեր երկրին մէջ 1999 թուականէն սկսած կը կատարուէր մէկ գործընթացով, որ հաշուի չ՛առներ տուեալ բնակավայրին տեղը, դիրքը, պայմանները, բնակչութեան կազմը եւ այլ խնդիրներ. ուղղակի թուակազմին  հետ կապուած գումար կը տրամադրէր համայնքին, որ վերջինս կարենայ գոյատեւել: Մենք դրինք նոր օրէնք, որ վերջերս ընդունուեցաւ. ֆինանսական համահարթեցման մեր օրէնքի հիմնական առանցքը կը դառնայ ոչ միայն բնակչութեան թիւը, թէ որքա՛ն մարդ կ՛ապրի այդ համայնքին մէջ, այլ` պայմանները եւ հեռաւորութիւնը, օրինակ` մեր երկրի բնակչութեան հիմնական մասը կեդրոնացած է Երեւան: Առանց ատոր ալ շատ թէ քիչ հարուստ քաղաք է Երեւանը, բայց նորէն ալ պետութենէն կը ստանայ համապատասխան գումար` ինքզինք պահելու համար: Թերեւս ասիկա է պատճառներէն մէկը, որ Երեւանի մէջ այսօր մանկապարտէզներու կրթաթոշակ չկայ, իսկ ամէնէն ծայրամասի գիւղին մէջ բնակիչները ստիպուած են ամսուան մը համար 5000 դրամ վճարել, որ երեխան մանկապարտէզ երթայ:

Մենք որոշեցինք նկատի առնել որոշ պայմաններ, որպէսզի  ճիշդ ու արդար բաժնուին  այդ գումարները. օրինակ` մայրաքաղաքէն դէպի տուեալ համայնքին հեռաւորութիւնը, մարզկեդրոնէն համայնքին հեռաւորութիւնը եւ այլն. այս պայմանները նկատի առնելով` շատ աւելի մեծ գումար պէտք է յատկացուի ծայրամասի համայնքներուն, քանի որ համայնքը շատ ծախս ունի: Երկրորդ հասկացողութիւնը, որ դրինք, բարձր լեռնայնութիւնն է: 1700 մեթր բարձրութեան վրայ գոյատեւող գիւղին մէջ 6 ամիսէն 8 ամիս ջեռուցում կ՛իրականացուի, իսկ Երեւանի կամ Մեղրիի մէջ` երկու կամ երեք ամիս: Նախապէս երկուքին կը վճարէինք նոյն սկզբունքով, բայց ներկայիս բարձր լեռնային տարածքները կը ստանան աւելի շատ նիւթական միջոցներ, որովհետեւ ծախսերը աւելի մեծ են:

Յաջորդ պայմանը, որ դրած ենք, 0-16 տարեկան երեխաներու թուաքանակն է համայնքին մէջ եւ` 65-էն բարձր տարիք ունեցող մարդոց թուաքանակը, այսինքն, եթէ երեխաներու թիւը մեծ է տուեալ համայնքին մէջ, համայնքը աւելի գումար պէտք է ստանայ պետութենէն, եթէ ծերերու թիւը մեծ է, դարձեալ լրացուցիչ գումար պէտք է ստանայ, որպէսզի կարենայ ընկերային արդարութիւնը պահել: Հինգ հիմնական համայնքներու մէջ մենք այս օրէնքը կրցանք իրականացնել մեծ դժուարութեամբ:

Ներկայիս սկսած ենք մեծ գործառոյթ մը, որ կը կոչուի համայնքներու խոշորացում: Այս գործառոյթը մեծապէս արդիւնաւէտ եղած է շատ մը երկիրներու մէջ: Մենք ունինք շուրջ 1000 համայնքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր գիւղապետը, աւագանին, պաշտօնեաները, որոնք կը վճարուին համայնքէն, բայց գործառոյթ եւ ծառայութիւն մատուցելու պարագային, փոքր համայնքները բան չեն իրականացներ իրենց ժողովուրդին համար: Մենք խմբաւորեցինք իրարու մօտ եղող համայնքները, որոնք ունին ծագումնաբանական, լեզուական, աշխարհագրական ընդհանրութիւններ, եւ զանոնք միացնելով` վերածեցինք մէկ համայնքի: Այս պարագային գիւղը բան չկորսնցուց, իրենց պիւտճէները վերածուեցան մէկ ընդհանուր պիւտճէի եւ տարածքը կառավարուեցաւ մէկ աւագանիով: Այսպիսի երեք խոշորացման ծրագիր իրականացուցինք եւ պիւտճէներու հաշուարկման ժամանակ տեսանք, որ նուազագոյն 40 տոկոսով ֆինանսական տնտեսում ապահոված ենք, եւ տուեալ համայնքը գումարը օգտագործած է ճանապարհ, մանկապարտէզ վերանորոգելու, լուսաւորումի եւ այլ խնդիրներ կարգի բերելու:

Այս երեւոյթը շատ ընդհանրացած է Եւրոմիութեան երկիրներու մէջ, օրինակ` Լաթվիան իր 600 համայնքները վերածած է շուրջ 100-ի, այսինքն ամէն հինգը միացուցած է մէկի մէջ: Նշեմ, որ խոշորացուող համայնքներուն համար մեծ օժանդակութիւն ստացեր ենք նուիրատու կազմակերպութիւններէն, որպէսզի խոշորացուող համայնքներու ենթակառոյցները ամբողջութեամբ ապահովենք: Մենք կը տրամադրենք իրենց ինքնաթափ մեքենաներ, հողամշակումի եւ գիւղական կարիքներ հոգալու սարքաւորումներ, որպէսզի համայնքը լուծէ իր միջհամայնքային կարիքները, ապահովէ դէպի արօտներ տանող ճանապարհները, կարենայ իր որոշակի գործառոյթները իրականացնել, ոչ թէ սպասէ, որ 20 տարի ետք պետութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ գալ եւ իրենց ճանապարհներուն համար գործառոյթ իրականացնէ: Յաջորդ մեծ ծրագիրը, որ մեր նախարարութիւնը սկսած է իրականացնել,  ծայրամասային քաղաքներու զարգացման խնդիրն է:

Այսօր հանրապետութեան մէջ որպէս քաղաք Երեւանը կը պատկերացնենք, իսկ նախկին մեծ քաղաքները` Վանաձոր, Կապան, Գիւմրի ժողովուրդին մէջ հետաքրքրութիւն չեն ստեղծեր` փողոցային լուսաւորութեան բացակայութեան, ճանապարհներու աւերուածութեան, զբօսայգիներու չգոյութեան եւ այլ պատճառներով: Ասիական դրամատան հետ բանակցելով` ունեցանք առաջին չորս ծրագիրները` Գիւմրիի, Վանաձորի, Ջերմուկի եւ Դիլիջանի ենթակառոյցները հիմնովին զարգացնելու: Եւս հինգ քաղաքներու ծրագիրներ արդէն մշակուած են` Աշտարակ, Սեւան, Ստեփանաւան, Արտաշատ եւ Ծաղկաձոր: Ծրագիրներու նպատակը իւրաքանչիւր բնակավայրի համար գրաւիչ կառուցուածք ստեղծելն է, օրինակ` Վանաձորի համար անպայման ճոպանուղի ունենալ, քանի որ Խորհրդային  Միութեան օրերէն աշխատանքը սկսած է, բայց չէ աւարտած: Աշտարակի ձորի շրջանին մէջ ունենալ հին Աշտարակ քաղաքի որոշակի հատուած. վերականգնել սեփական տուներ, ջրաղաց, կամուրջ, եկեղեցի եւ դարձնել գողտրիկ զբօսաշրջային հմայիչ կեդրոն, որ Աշտարակի համար կրնայ շատ նպաստաւոր դառնալ: Ի միջի այլոց Եւրոպայի զարգացման եւ հեռակառուցման դրամատան միջոցով մօտ 23 միլիոն տոլար տրամադրած ենք Գիւմրի քաղաքի զարգացման ծրագիրի գործադրութեան համար: Համոզուած ենք, որ երկրի զարգացման համար կարեւոր հասկացողութիւն պիտի դառնան բազմակեդրոն քաղաքները, որոնք պիտի սպասարկեն իրենց շրջակայքի գիւղական բնակչութեան, պիտի վաճառեն ապրանք եւ պիտի աշխատին: Քաղաքը պիտի դառնայ հիմնական կապող օղակը պետութեան հետ, ոչ թէ Երեւանը մնայ միակը, եւ մարդիկ հեշտութեամբ տեղափոխուին եւ աշխատանք գտնեն Երեւան:

Շատ կարեւոր ծրագիր մը ունինք, որ արդէն ընթացքի մէջ է: Հայաստանի  մէջ պիտի սկսինք 46 նոր դպրոցներու կառուցման` Ասիական դրամատան միջոցներով, շուրջ 80-90 միլիոն տոլար պիւտճէով: Դպրոցները մեծ ամրութիւն ունեցող կառոյցներ պիտի ըլլան, որոնք այլ պարագաներու պիտի ծառայեն որպէս ապաստարաններ: Առաջին եօթը դպրոցները սկսած ենք արդէն. երկուքը` Երեւանի մէջ, մէկական դպրոց` Վանաձորի, Կապանի, Գաւառի մէջ եւ կը շարունակենք միւս նախագիծերու պատրաստման աշխատանքները, որպէսզի այս ծրագիրը կեանքի կոչենք եւ շուրջ 32 հազար երեխաներու համար ապահովենք կրթութեան լաւագոյն պայմանները: Առաջնահերթութիւն է մեր երկրին համար կրթութիւն իրականացնել բոլոր յարմարաւէտութիւններով, որպէսզի կարելի ըլլայ մակարդակի բարձրացում ապահովել, որովհետեւ մարդկային դրամագլուխը ամէնէն արժէքաւորն ու հիմնականն  է Հայաստանի մէջ:

Հ.- Հասարակութիւնը որքանո՞վ ծանօթ է նախարարութեան գործունէութեան:

Դ. Լ.- Հասարակութիւնը ծանօթ է այնքան, որքան կը լսէ, թէ կառավարութիւնը ընդունեց այս ծրագիրը, Ազգային ժողովը վաւերացուց այս կամ այն վարկը: Մէկ խօսքով, կրնամ ըսել, որ ժողովուրդը ամբողջապէս չէ տեղեկացուած մեր ծրագիրներուն մասին: Մենք կը մտածենք իրազեկել բնակչութիւնը, երբ սկսի ծրագիրի գործադրութիւնը, որ ամէն բան տեսանելի ըլլայ: Անձնապէս այս սկզբունքով կ՛աշխատիմ եւ չեմ ցանկար երկու տարի ետք սկսող ծրագիրի մը մասին այսօր խօսիլ ու յայտնել հասարակութեան: Բայց այն, որ պետութիւնը լուրջ աղբիւրներ կը կեդրոնացնէ զարգացման ուղղութիւնները շրջաններ տեղափոխելու, արդէն փաստ է: Եւս մէկ օրինակ` Հայաստանի մէջ չունիք աղբահանութեան բնական գործընթացներ, կառոյցներ, եւ իւրաքանչիւր համայնք իր աղբը կը կուտակէ` ըստ իր յարմարութեան, որ ժամանակի ընթացքին կենսոլորտի ապականութեան եւ առողջապահական խնդիրներ կրնայ յառաջացնել: Մենք նոր սկսած ենք աղբավայրերու կառուցման ծրագիր մշակել: Չի կրնար երկիրը զբօսաշրջութեան զարգացման ընդհանուր սկզբունքներ եւ ռազմավարութիւն ունենալ, եթէ զբօսաշրջիկը դուրս գալով Երեւանէն` տեսնէ ծխացող աղբավայրերը կամ աղբի կոյտերը: Մենք պատրաստեր ենք Հայաստանի կոշտ կենցաղային կառոյցներու ռազմավարութիւն, որ մօտ օրէն պիտի ընդունուի կառավարութեան կողմէ: Ասոր զուգահեռ, սկսած ենք երկու մեծ աղբավայրերու կառուցում, մէկը Երեւան` Նուպարաշէն, միւսը` Սեւանի աւազան, որ Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերը համատեղ շահագործեն զայն եւ որպէս զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոններ` ունենան եւրոպական չափանիշներով աղբավայր:

Երկու ծրագիրները արդէն սկսած են, եւրոպացի մասնագէտներ կ՛աշխատին, ֆինանսաւորուած է Եւրոպայի Վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան կողմէ: Զուգահեռ, մենք Ասիական դրամատան հետ ուսումնասիրութիւն մը կ՛ընենք Շիրակի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ աղբավայր ունենալու մասին եւ այսպէս ամբողջ երկրին մէջ կը նախատեսենք ունենալ առաւելագոյնը 6 աղբավայրեր, որոնք բոլոր չափորոշիչներով եւրոպական են:

Ես այն կարծիքը ունիմ, որ մենք շատ վատատես ենք ընդհանուր իրականութեան նկատմամբ: Բազմաթիւ ծրագիրներ ընթացքի մէջ դրուած են, օրինակ` մենք ծրագիրներ ունինք կրթութեան նախարարութեան մէջ, բազմաթիւ ծրագիրներ` երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու մէջ, բայց մենք երկրին մէջ չենք կրցած ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ հասարակութեան մէջ:

Խնդիրը կը կայանայ անոր մէջ, որ դուն կրնաս ունենալ լաւ ճանապարհներ, լաւ դպրոցներ, լաւ աղբավայր, բայց աշխատելու տեղ եւ եկամուտ չունենաս. բնականաբար դժգոհ պիտի ըլլաս ապրած երկրէդ: Ահա այստեղ  կը յանգի խնդիրը: Մենք առաջնահերթութիւն ունինք մեր երկրին մէջ ապահովելու առաւելագոյն չափով աշխատատեղեր: Առեւտուրը մեր երկրին մէջ պէտք է ձերբազատի շարք մը խանգարող հանգամանքներէ եւ ծաւալի: Մենք պէտք է խուսափինք ներածումներու մեծ հոսքէն եւ փորձենք երկրին մէջ արտադրել թէկուզ փոքր ծաւալի ապրանքներ: Մեր երկիրը փոքր ծաւալային միաւորներով կ՛արտադրէ, եթէ աշխարհի հետ համեմատենք: Տեսէք` Վանաձոր քաղաքին մէջ թատրոն ալ կայ, մանկապարտէզ ալ, զբօսայգիներ, բայց նորէն մարդիկ կը գաղթեն, որովհետեւ աշխատանք չունին: Մարդոց ապրուստը գեղեցիկ կառոյցներով եւ ենթակառոյցներով չ՛ապահովուիր: Ապրելու հիմնական խնդիրը կը լուծուի աշխատանքով եւ եկամուտով:

Մեր երկրի բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղենք եւ կեդրոնացնենք տարածքներուն վրայ տնտեսական կառոյցներ ձեւաւորելու: Պետութիւնը պէտք է ուղղակի մասնակցութիւն ունենայ, գործատէրին օգնէ ճանապարհի, ջուրի, կազի, ելեկտրական ուժի եւ այլ խնդիրներուն մէջ, որոշակի առաւելութիւններ տայ, վարկային աղբիւրներ տրամադրէ. օրինակ` Թուրքիան զերօ տոկոսով վարկ կը տրամադրէ, որպէսզի Կարս, Արտահան նահանգներուն մէջ զարգանայ տնտեսութիւնը: Ան ընտրած է անասնապահութիւնը որպէս գերակայ ճիւղ եւ զերօ տոկոսով վարկեր կը յատկացնէ անասնապահութեան ոլորտին համար: Այս մէկը շարժառիթ եւ խթան կրնայ դառնալ, որ մենք նոյնը ընենք: Առեւտուրը չի կրնար զարգանալ 10-էն աւելի տոկոսադրոյքով: Մեր երկրին մէջ մենք պէտք է գրաւիչ ըլլանք, որ եթէ փորձենք գործատէրերուն առաջարկել Հայաստանի այս կամ այն տարածքին վրայ առեւտուր կամ գործարք, շուտով ընդառաջէ եւ չհաշուէ փոքր երկիր ըլլալը, ճանապարհներու դժուարութիւնը, լրացուցիչ ծախսերը:

Երկիր մը գրաւիչ ըլլալու համար նախ պէտք է ըլլայ շատ կայուն, որ ցնցող դէպքեր չպատահին: Մեր երկրին մէջ պէտք է բացառենք անկայունութիւնը, անկախ, թէ ի՛նչ հարցէ կը ծագի. բոլոր խնդիրները պէտք է լուծենք այսօրուան ժամանակներուն բնորոշ քաղաքակիրթ մեթոտներով: Եթէ փորձենք այսօրուան իրականութեան մէջ մեր խնդիրները լուծել զինուած եւ յեղափոխութիւններով, շարժառիթ ստեղծած կ՛ըլլանք զբօսաշրջութիւնը նուազեցնելու եւ Հայաստանէն առեւտուրը հեռացնելու:

Խնդիրները բռնի ճանապարհով լուծելու եղանակը վտանգաւոր է, որովհետեւ կրնայ յաւերժական դառնալ. օրինակ` իշխանութեան եկողը նոյն բռնութեամբ պիտի իշխանափոխութեան ենթարկուի, եւ հետզհետէ երեւոյթը կը դառնայ տուեալ երկրի դրոյթ, ինչպէս որ շատ երկիրներու մէջ կը տեսնենք, ուր ամէն տարի իշխանափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ. այդ երկիրները որպէս կանոն` կը դառնան ամէնէն աղքատ, դժուար ապրող եւ ամէնէն օտարուած երկիրները: Մեր երկիրը, որ ունի լուրջ թշնամիներ, որոնց հետ չի կրնար իր ազգային խնդիրները կարգաւորել, պէտք չէ ներքին անկայունութիւններ ապրի, որքան ալ մենք դժգոհութիւն ունենանք այսօրուան, երէկուան կամ վաղուան իշխանութենէն, մենք պէտք է որդեգրենք իշխանափոխութեան օրինական ձեւերը: Եթէ խանգարող հանգամանքներ կան, եկէք` բոլորով պայքարինք, որպէսզի ընտրութիւնը դառնայ հիմնական գործիքը իշխանափոխութիւն իրականացնելու, ոչ թէ` զէնքով ու գնդացիրով: Ես համոզուած եմ, որ ներքին անկայունութիւնը երկիրը կործանման տանող ճանապարհներէն մէկն է:

Այսօր մենք ունինք խնդիր, որ դարձեր է աշխարհի մեծագոյն տիրութիւններու ամէնօրեայ քննարկման նիւթը` Ղարաբաղի խնդիրը: Հայ ազգը իրաւունք չունի անկայունութեամբ թուլնալ, ամէնէն փոքր պատերազմին չդիմանալ եւ կորսնցնել այն ամբողջը, որ հազարաւոր զոհերով, միլիոնաւոր մարդոց տանջանքներով, զրկանքներով այսօր հայկական է: Այս տեսակէտէն ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք չէ կորսնցնենք մեր յոյսը, որ Հայաստանի մէջ լաւ օրեր պիտի չգան: Շատ կարեւոր է ասիկա փոխանցել մեր հայրենակիցներուն, որոնք  ցրուած են աշխարհի տարածքին  եւ ունին մեծ կարողութիւններ, մասնագիտական լուրջ փորձ, որպէսզի ուղղակի իրենց խորհուրդներով օժանդակեն Հայաստանին` առաջ շարժելու: Մեր ներուժը որպէս ազգի` մեծ է, բայց օգտակար գործողութեան տեսակէտէն զերոյի կը հաւասարի, որովհետեւ չէ կեդրոնացած, չէ նպատակաուղղուած: Բազմաթիւ հայրենակիցներ ունինք, որոնք տեղեկացուած ալ չեն, թէ Հայաստանին ի՛նչ անհրաժեշտ է, ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է օգտակար դառնալ:

Ինծի համար հարիւրերորդական են այդ նուիրատուութիւնները, դրամահաւաքները, որոնք ժամանակաւոր եւ քիչ արդիւնաւէտ երեւոյթներ են: Սփիւռքի գերակայ խնդիրը պէտք է ըլլայ զարգացած եւ մտաւորական ուղեղներու  խորհուրդները: Պէտք է մասնագէտները քննարկեն Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները, իրենց կարծիքները տան, նոյնիսկ գիտութեան ուղղութեամբ տրուած ֆինանսաւորումները մենք պէտք է փոխանցենք մեր հայ սփիւռքահայ մասնագէտներուն, եթէ ունինք տուեալ ոլորտին մէջ, եւ թող իրենք ըսեն` կ՛արժէ՞ ֆինանսաւորել տուեալ ծրագիրը, թէ՞ ոչ: Մենք շատ լաւ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք սփիւռքի հետ, որոնց գործնականացումը քիչ արդիւնաւէտութիւն ունի: Իրօք շատ կը փափաքիմ, որ սփիւռքահայ մասնագէտը, գործարարը իր ներդրումը ունենայ Հայաստանի մէջ:

Տարիներ են պէտք, որ կարենաս ձեռնարկութիւն մը ստեղծել, մինչ շատ մը սփիւռքահայերու համար ատիկա արդէն կեանքի աշխատանք է, անգիր գիտեն եւ շատ հեշտութեամբ կրնան այդ ձեռնարկութիւնը արդիւնաւէտութեամբ ստեղծել Հայաստանի մէջ, առանց մեծ ծախսերու: Ահա այսպէս հայրենիքին օգնած կ՛ըլլանք: Ասիկա ո՛չ այսօրուան, ո՛չ ալ վաղուան իշխանութեան է, ասիկա ժողովուրդին է, երբ մարդ կ՛ունենայ աշխատելու տեղ, մնայուն եկամուտ, կապուած կ՛ըլլայ իր մայր հողին ու ջուրին:

Ես յոյսով եմ ապագայի նկատմամբ, թէեւ տնտեսական զարգացման համար ժամանակը յարմար չէ, եւ այդ քաղաքական երեւոյթները անպայման տեղ մը կը դանդաղեցնեն ծրագիրներու իրականացումը, անշուշտ խօսքը կը վերաբերի մեծ  ընտրութիւններուն, որ աշնան պիտի սկսի, բայց կարեւորը այն է, որ որոշակի ուղղութիւններով երկիրը կրցած է գտնել ճանապարհներ եւ արդէն միջոցներ կը տրամադրէ, որպէսզի զարգացում տեղի ունենայ իր սահմաններուն մէջ. կը մնայ աշխատիլ, պարզապէս կայունութիւն ապահովել եւ ակնկալել մեր եղբայրներուն մտքի օժանդակութիւնը մեզի:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>